Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Ա­տե­նէ մը ի վեր կու­զէի հրա­պա­րա­կել հե­տա­գայ ա­ռա­ջարկ­նե­րը, բայց միշտ կը յե­տաձ­գէի երկմ­տե­լով, որ ա­նոնք թիւ­րի­մա­ցու­թեամբ կըն­կա­լո­ւին եւ կա­ռա­ջաց­նեն զգայ­նու­թիւն­ներ՝ ար­դէն իսկ զգայ­նո­տու­թեամբ յոր­դուն գա­ղու­թա­յին մեր կեան­քին մէջ։
Հի
­մա սա­կայն, ա­ռա­ջարկ­նե­րուս առն­չո­ւող ան­մի­ջա­կան պա­րա­գա­նե­րու տակ  չգտնո­ւե­լով, կրնամ հան­գիստ ներ­կա­յաց­նել զա­նոնք, ա­պա­հով ըլ­լա­լով որ ա­նոնք պի­տի չնկա­տո­ւին իբ­րեւ սլաք՝ ո­ րոշ

հաս­ցէի (նե­րու) ուղ­ղո­ւած: Թող որ մատ­նան­շո­ւած­նե­րը ընդ­հան­րա­կան բնոյթ ու­նին ար­դէն: Տա­րի­նե­րու սո­վո­րու­թիւն, ո­րուն կրող­նե­րը դար­ձած ենք բո­լորս, նե­րա­ռեալ նաեւ ես ինքս, ա­ռա­ջար­կողս:

1. Հի­նէն, գրե­թէ ա­ւան­դու­թեան կարգ ան­ցած է, որ հրա­պա­րա­կա­յին հան­դէս­նե­րը, պաշ­տօ­նա­կան-պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղով­նե­րը կամ հա­մա­գու­մար­նե­րը «ող­ջու­նե­լու» հա­մար հրա­ւի­րո­ւին միու­թեանց, կազ­մա­կեր­պու­թեանց ու ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ո­րոնք ի­րենց խօս­քը կը սկսին ա­ռան­ձին-առան­ձին ու­ղերձ կա­տա­րե­լով հոն գտնո­ւող միւս ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն՝ հա­մա­պա­տաս­խան վե­րադ­րա­կան­նե­րով.- «գե­րաշ­նորհ», «պա­տո­ւար­ժան», «գեր­յար­գե­լի», «ար­ժա­նա­պա­տիւ», եւ այլն, եւ այլն:

Իմ ըմբռ­նու­մով բա­ւա­րար է, որ այդ ու­ղեր­ձը կա­տա­րէ հրա­ւի­րող վար­չու­թեան խօս­նակ-ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը միայն: Տար­բեր շրթնե­րէ, բայց միեւ­նոյն տիտ­ղոս­նե­րու շա­րու­նա­կա­կան կրկնու­թիւ­նը, բա­ցի ան­տե­ղի ու տաղտ­կա­լի ժա­մա­վա­ճա­ռու­թիւն  ըլ­լա­լէ, կը դարձ­նէ նաեւ զա­ւեշ­տա­լի՝ ու­ղեր­ձը ար­տա­սա­նողն ու ու­ղեր­ձի հաս­ցէն: Ով գի­տէ, թե­րեւս նաեւ կան­հանգս­տաց­նէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ«ներ»ը: Ե­թէ ան­պայ­ման անհ­րա­ժեշտ կը նկա­տո­ւին «ող­ջոյ­նի խօսք»ե­րը (ըստ իս՝ ա­ւե­լորդ, բա­ցի կա­րե­ւոր ու բա­ցա­ռիկ պա­րա­գա­նե­րէ) եւ կա­րե­լի չէ ա­նոնց­մէ ձեր­բա­զա­տո­ւիլ, կա­րե­լի է սա­կայն խու­սա­փիլ կրկնու­թիւն­նե­րէ եւ զգու­շա­նալ, որ ա­նոնք խտա­ցուած ըլ­լան եւ չու­նե­նան բա­նա­խօ­սու­թեան մը կշիռն ու ծա­ւա­լը: Ան­պատ­շաճ չէ, եւ կրկնու­թիւն­նե­րը նո­ւա­զա­գոյ­նի ի­ջեց­նե­լու ազ­դու մի­ջոց է, ե­թէ «ող­ջոյն»ի այդ խօս­քե­րուն հա­մար յա­ռա­ջա­գու­նէ ճշդո­ւի 3-5 վայր­կեա­նի սահ­մա­նա­փա­կու­մը:

2. Ըն­թա­ցիկ դար­ձած է «նա­խա­գահ» բա­ռին գոր­ծա­ծու­թիւ­նը հան­դէս մը կամ ժո­ղով մը վա­րո­ղին հա­մար: Ու­նինք «հան­դի­սա­վար», «ժո­ղո­վա­վար», «ա­տե­նա­վար» բա­ռե­րը, ո­րոնք ա­ւե­լի պատ­շաճ են եւ ճշգրիտ ի­մաս­տը կար­տա­յայ­տեն այդ պաշ­տօն­նե­րուն հա­մար:

3. Պատ­մա­կան տա­րե­դար­ձե­րու կամ այլ ա­ռիթ­նե­րով կազ­մա­կեր­պո­ւած հրա­պա­րա­կա­յին ձեռ­նարկ­նե­րու յայ­տա­րա­րու­թեանց մէջ, բա­նա­խօ­սին հա­մար յա­ճախ կը հան­դի­պինք հե­տե­ւեալ ձե­ւա­կեր­պու­մին.- «Օ­րո­ւան պատ­գա­մը պի­տի փո­խան­ցէ...»: Իմ ըմբռ­նու­մով «պատ­գամ» կու տան ազ­գըն­տիր հե­ղի­նա­կու­թիւն­ներ (կա­թո­ղի­կոս, հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ, վար­չա­պետ, եւ այլն) յա­տուկ պա­րա­գա­նե­րու եւ ստեղ­ծո­ւած կա­ցու­թիւն­նե­րու մէջ: Վար­չու­թեան մը կող­մէ նշա­նա­կո­ւած բա­նա­խօս մը ինչ­պէ՞ս, ի՞նչ հան­գա­ման­քով եւ ո­րո՞ւ պատ­գամ տա­լու ի­րա­ւունք կրնայ ու­նե­նալ: Բա­նա­խօ­սը կը նշա­նա­կո­ւի օ­րո­ւան ի­մաս­տը բա­ցատ­րե­լու, խոր­հուր­դը վեր­ծա­նե­լու, վեր­լու­ծում­ներ կա­տա­րե­լու, իր մտա­ծում­նե­րը յայտ­նե­լու, թե­րեւս նաեւ ա­ռա­ջարկ­ներ ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար:

Բա­ռե­րը ի­մաս­տազր­կե­լով չէ, որ կը յա­ջո­ղինք տպա­ւո­րու­թիւն գոր­ծել կամ պատո­ւած ըլ­լալ բա­նա­խօս մը:

4. Յա­ճախ կը հան­դի­պինք հրա­պա­րա­կում­նե­րու՝ ա­ղօ­թող­նե­րու եւ ա­ղօթ­քի պա­հե­րէ: Հարկ չկայ ը­սե­լու, որ ա­ղօթ­քը էա­պէս անձ­նա­կան խնդիր  է՝ ներ­հա­յե­ցո­ղա­կան ու նո­ւի­րա­կան, Աս­տու­ծոյ հետ հա­ղոր­դակ­ցե­լու սրբա­զան ու խորհրդա­ւոր պահ մը, որ կը պատ­կա­նի բա­ցա­ռա­պէս ա­ղօ­թո­ղին միայն, ան­ձեռնմ­խե­լի է եւ զոր, իբ­րեւ այդ­պի­սին, խո­րա­պէս ու ա­մե­նայն եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ պէտք է յար­գել: Հ­րա­պա­րա­կու­մը կը պար­պէ ա­ղօթ­քը միս­թիք բո­վանդ­կու­թե­նէն եւ զայն կը վե­րա­ծէ ցու­ցադ­րա­կան ու սա­ռած պատ­կե­րի մը ան­հո­գի ար­տա­յայ­տու­թեան: Ա­ւե­լի՛ն , ա­մէն ինչ որ կը հրա­պա­րա­կո­ւի, կը նշա­նա­կէ թէ կը դրո­ւի հան­րու­թեան դա­տաս­տա­նին, են­թա­կայ կը դառ­նայ քննարկ­ման՝ դրա­կան կամ ժխտա­կան տե­սա­կէ­տէ: Այս պա­րա­գան կը պար­տադ­րէ, որ ըլ­լանք ա­ւե­լի զգոյշ ո­րե­ւէ տե­սա­կի մեր հրա­պա­րա­կում­նե­րուն մէջ: Ալ ուր մնաց, երբ խօս­քը ա­ղօթ­քի մա­սին է, ո­րու բնոյ­թը եւ ա­ղօ­թո­ղին եր­կիւ­ղա­ծու­թիւ­նը կար­գի­լեն ար­դէն, որ ա­նոնք ա­ռար­կայ դառ­նան դա­տու­մի ու դա­տաս­տա­նի կամ քննարկ­ման:

Ան­շուշտ ա­ղօթ­քի հրա­պա­րակ­ման դէմ կա­տա­րո­ւած այս ա­ռար­կու­թիւ­նը չի տա­րա­ծո­ւիր ե­կե­ղե­ցա­կան տօ­նախմ­բու­թեանց, հա­ւա­քա­կան ուխ­տագ­նա­ցու­թեանց կամ ազ­գա­յին-կրօ­նա­կան բար­քե­րու եւ ա­ւան­դու­թեանց վե­րա­բե­րող ա­րա­րո­ղու­թեանց վրայ, ո­րոնց ընդ­հան­րա­կան բնոյ­թը օգ­տա­կար կը դարձ­նէ նոյ­նիսկ, որ ա­նոնք հրա­պա­րա­կո­ւին, որ­պէս­զի հե­ռա­ւոր կամ ներ­կայ չե­ղող հա­ւա­տա­ցեալ­ներ հա­ղորդ մնան ա­նոնց խոր­հուր­դին:

Առ այժմ՝ այս­քան: Թե­րեւս շա­րու­նա­կո­ւի ա­ռա­ջարկ­նե­րու այս շար­քը՝ այլ մար­զե­րու վե­րա­բե­րեալ, նա­յած թէ ի՞նչ ո­գիով պի­տի ըն­կա­լո­ւին վե­րոգ­րեալ­նե­րը, ո­րոնք կը մի­տին ո­րոշ պատ­շա­ճու­թիւն­ներ վե­րա­կանգ­նե­լու փոր­ձի մը: Հա­մո­զիչ ըլ­լա­լու պա­րա­գա­յին՝ կոր­դեգ­րո­ւին, ե­թէ ոչ՝ խնդիր չկայ, ծուռ-շի­տակ կը շա­րու­նա­կենք սո­վո­րու­թիւ­նը՝ ըստ ա­ռաջ­նոյն:

Մ.