Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Ա­մա­նո­րի տօ­նին առ­թիւ, սո­վո­րու­թիւն դար­ձած է ընտ­րել տա­րո­ւան քա­ղա­քա­գէ­տը, տնտե­սա­գէ­տը, ա­րո­ւես­տա­գէ­տը, մար­զի­կը եւ դեռ շար­քը եր­կար է: Ն­մա­նօ­րի­նակ ընտ­րու­թիւն կամ մրցանք, տա­րի­նե­րէ ի վեր ստեղ­ծո­ւած սո­վո­րու­թիւն է­…իսկ ներ­կայ հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցած օ­րե­րուն, հա­ւա­նա­բար շա­հա­բեր չա­փա­զան­ցու­թիւն կամ հա­սու­թա­բեր ա­ւե­լոր­դա­բա­նու­թիւն:

Բ­նա­կա­նա­բար այս տա­րե­վեր­ջի մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նը, մեր հայ­րե­նի­քէն ներս ալ ընդ­հան­րա­ցած է:

­Սա­կայն, այս ստեղ­ծո­ւած եւ եր­բեմն շին­ծու նկա­տո­ւած տա­րո­ւան լա­ւա­գոյ­նին կամ տա­րեշր­ջա­նի անձ­նա­ւո­րու­թեան կա­րե­լի է այլ կեր­պա­րանք, այլ ըն­թացք տալ եւ մոռ­ցո­ւած կամ լու­սանց­քի տակ առ­նո­ւած ան­ծա­նօթ տի­պար­ներ, ան­յայտ հա­յոր­դի­ներ նկա­տել տա­րո­ւան մար­դը:

­Հա­ւա­նա­բար, ե­թէ տե­ղե­կաց­նենք թէ, Ե­րե­ւա­նաբ­նակ ­Կա­րէն ­Յա­րու­թիւ­նեա­նը կը պատ­կա­նի այդ փա­ղան­գին եւ կա­րե­լի է զինք նկա­տել այս տա­րո­ւան հե­րո­սը, ա­ռա­ջին հեր­թին, հարց պի­տի տանք թէ ո՞վ է այս մար­դը, կամ ա­ւե­լի ճիշ­տը ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է զա­նա­զել այս մէկ ­Կա­րէն ­Յա­րու­թիւ­նեա­նը, միեւ­նոյն ա­նունն ու մա­կա­նու­նը կրող , եւ հա­ւա­նա­բար քա­նի մը հա­տին պա­րա­գա­յին ալ, միեւ­նոյն տա­րի­քը բո­լո­րած ­Կա­րէն­նե­րուն հետ: Այս տա­րո­ւան հե­րո­սը՝ ­Կա­րէն ­Յա­րու­թիւ­նեա­նը կը տար­բեր միւս­նե­րէն: 42 տա­րե­կան այս Ե­րե­ւա­նաբնակ ըն­տա­նի­քի հայ­րը, այն ­Կա­րէնն է ո­րուն եր­կու զա­ւակ­նե­րէն մէ­կը՝ քսա­նա­մեայ Ար­շա­կը, զո­հո­ւե­ցաւ, ե­րեք այլ հա­յոր­դի բա­նա­կա­յին­նե­րու կող­քին, ան­ցեալ ­Մար­տին, յետ ա­զե­րի բա­նա­կի մէկ ա­նակն­կալ յար­ձա­կու­մին:

Իր կար­գին նա­խա­պէս հայ­րե­նի բա­նա­կին ծա­ռա­յած, ­Կա­րէն ­Յա­րու­թիւ­նեան 15 տա­րիէ ի վեր, վե­րա­դար­ձած էր տուն, իր ըն­տա­նե­կան պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կա­տա­րե­լու եւ կո­ղա­կի­ցին ու ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­նե­րուն հետ, կեան­քը շա­րու­նա­կե­լու:

Սա­կայն, ­Կա­րէն ­Յա­րու­թիւ­նեա­նի կեան­քը շատ ա­ւե­լի դժո­ւա­րա­ցաւ, եւ իր զա­ւա­կին մա­հո­ւան գոյ­ժէն ետք, ան չկրցաւ հա­մո­զո­ւիլ պա­տա­հա­ծին: Իր մէջ հետզ­հե­տէ զար­գա­ցաւ վրէժխնդ­րու­թեան բուռն մար­մա­ջը:

­Նոյ­նիսկ, ­Կա­րէն այ­ցե­լեց իր զա­ւա­կին եւ ա­նոր զի­նակից­ներ՝ Ե­դո­ւար­դի, ­Յա­կո­բի եւ ­Սա­մո­ւէ­լի սպա­նու­թեան վայ­րը, Ար­ցա­խի սահ­մա­նա­մերձ խիտ ան­տառ­նե­րուն մէջ:
­Կա­րէն ­Յա­րու­թիւ­նեա­նի մէջ յստա­կա­ցած էր կա­տարուե­լի­քը՝ ա­պառ­նին:

Ան ո­րո­շեց վե­րա­դառ­նալ ռազ­մա­ճա­կատ, հոն ուր ա­ւե­լի մօ­տիկ պի­տի զգայ, ազ­գին հա­մար զո­հո­ւած իր որդ­ւոյն:

­Կա­րէն ­Յա­րու­թիւ­նեա­նի պա­հան­ջածն ու փա­փա­քա­ծը, պարզ եւ «կա­թիլ մը մեղ­րէ» յա­ռա­ջա­ցած վի­ճա­բա­նու­թե­նէ մը ծա­գած ո­ճիր չէ, ո՛չ ալ ա­նոր յա­ջոր­դող՝ վրէժ ու վեն­տե­թա մը: Ընդ­հա­կա­ռա­կը, ա­նոր հա­մար յստակ է թէ ազ­գա­յին շա­հե­րը կրնան վտան­գո­ւիլ եւ ան մտադ­րած է ա­մէն գնով պաշտ­պա­նել իր հայ­րե­նի­քը:

­Կա­րէն ­Յա­րու­թիւ­նեան, ա­մե­նայն ինք­նավս­րա­հու­թեամբ դի­մած է վերս­տին միա­նա­լու հա­յոց բա­նա­կին եւ մեկ­նե­լու ճա­կատ:

­Կա­րէն եւ իր­մէ ա­ռաջ իր առ­ջի­նեկ զա­ւա­կը՝ Ար­շա­կը կրնա­յին միա­նալ երկ­րէն հե­ռա­ցող­նե­րու այդ հո­սան­քին: ­Սա­կայն, ա­նոնց հա­մար տար­բեր

ի­մաստ ու­նի հայ­րե­նի հողն ու հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը:
Ա­հա­ւա­սիկ տա­րո­ւան մար­դը, տա­րո­ւան հե­րո­սը:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»