Բանը մարմին եղաւ ու մեր մէջ բնակեցաւ (եւ անոր փառքը տեսանք՝ Հօրմէն միածնի փառքին պէս) շնորհքով ու ճըշմարտութիւնով լեցուն։ Աւետարան ըստ Յովհաննու 1.14
30 Դեկտեմբեր 2015
Սիրելի հայրենակիցներ,
Կ՚ողջունեմ Ձեզ Քրիստոսի անունով եւ սիրով։
Պատմութեան ընթացքին դէպքեր եւ դէմքեր կան, որ մարդկութեան կեանքը կը յեղաշրջեն։
Աստուծոյ Որդիին՝ Քրիստոսի մարդեղութիւնը, աշխարհի պատմութեան ընթացքին իւրայատուկ կեդրոնական դէպքն է, որ Աշխարհ յեղաշրջուեցաւ անով։
Աստուած՝ տիեզերքի եւ մարդկութեան ստեղծիչը, այցելեց մարդկութիւնը հրաւիրելու հաշտութեան իր Ստեղծիչին հետ, որմէ հեռացած էր եւ մերժած անոր կամքը։ Այցելեց բարձրացնելով մարդկային արժէքը, սիրելով եւ ներելով, հաշտեցուց մարդը ինք իրեն հետ եւ իր եղբօր/քրոջ հետ։
Անսահմանը սահմանութիւն հագուեցաւ, յաւիտենականը մարդկային ժամանակին եւ վայրին հետ նոյնացաւ, ընկերացաւ մարդկութեան ուրախութեան եւ ցաւին, խնդաց եւ լացաւ, բժշկեց հիւանդը, սիրեց անտեսուածը։
Ազգեր որդեգրեցին Քրիստոնէական սկզբունքներ, Աստուածաշունչը դարձաւ առաջնորդութեան, կշիռի եւ ուխտի Խօսքը։ Այդ ազգերուն կարգին Հայը եղաւ առաջիններէն ընդունելու Քրիստոնէական հաւատքը եւ անով մեր ազգը լուսաւորուեցաւ, ձերբազատուելով կուռքերէ, դարձաւ Աստուածապաշտ։ Հայուն միտքը ու հոգին լուսաւորուեցաւ։ Պայքարեցաւ եւ զոհուեցաւ հաւատքին համար։
Այսօր, ինչ որ կը պատահին աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ՝ պատերազմներ, ոճիրներ, գաղթականութիւն, անբարոյականութիւն, անարդարութիւն եւայլն՝ արդեօք հետեւանքը չե՞ն Քրիստոսի Խօսքին մերժուելուն, անոր իշխանութեան եւ գործադրման բացակայութեան։ Եւ ոչ թէ միայն աշխարհի չորս կողմը, այլեւ մեր շուրջը, ընտանեկան, ընկերային եւ հաւաքական կեանքը քայքայումի ենթարկուած չե՞ն այս նոյն պատճառով։ Այս բոլորը որովհետեւ անգամ մը եւս մարդը կը շինէ եւ կը պաշտէ նոր կուռքեր եւ միշտ կը փորձէ իր եսը կեդրոն պահել։
Տօնական շնորհաւորութիւններէն անդին, Տէր Յիսուսի աշխարհ գալուստը հրաւէր եւ կոչ է մարդկութեան եւ մեր բոլորին, որ անգամ մը եւս մեր կեանքերուն կեդրոնը եւ գլուխը դարձնենք Աստուած եւ անոր կենաց Խօսքը մեր առօրեայ կեանքին, մտածելակերպին եւ ապրելակերպին մէջ։ Մեր մաղթանքներուն հետ միացնենք նաեւ մեր ուխտը եւ ջանքը ընդունելու այն, ինչ որ Քրիստոս մեզի տուաւ հաւատարիմ ըլլալու անոր, որպէսզի այս տօնական օրերու մաղթանքները չըլլան միայն սովորական խօսքեր եւ իմաստէ զուրկ այն իմաստէն, որ Քրիստոսի ծնունդը կ‘ընդգրկէ։
Աղօթքս եւ կոչս է, որ Աստուծոյ այս պարգեւը, Յիսուս մանուկին խոնարհ ծնունդը եւ իր հետ բերած սէրը, խաղաղութիւնը եւ փրկութիւնը մեր հայ ազգին՝ անհատական, ընտանեկան եւ հաւաքական կեանքին մէջ կեդրոնական մտածելակերպի եւ ապրելակերպի վերածուի։
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ ծնունդ
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, Ձեզի մեզի մեծ Աւետիս
Վերապատուելի Վիգէն Վ. Չոլաքեան