Print
Category: Յօդուածագրութիւն

 Նոր ­Տա­րո­ւան եւ ­Մեր ­Տի­րոջ՝ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի Ս. Ծնն­դեան տօ­նե­րուն առ­թած հո­գե­կան ցնծու­թեամբ, սի­րով եւ օրհ­նու­թեամբ կ­՛ող­ջու­նենք մեր ժո­ղո­վուր­դի բո­լոր զա­ւակ­նե­րը` մաղ­թե­լով, որ 2016 տա­րին իր հետ բե­րէ հա­մայն հա­յու­թեան փա­փաք­նե­րու եւ նպա­տակ­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցում ու յա­ջո­ղու­թիւն:

Սի­րե­ցեալ ժո­ղո­վուրդ՝

Փառք կու տանք Աս­տու­ծոյ, որ տա­րի մը եւս բո­լո­րե­ցինք մեր ազ­գա­յին-հա­ւա­քա­կան եւ ան­հա­տա­կան-ըն­տա­նե­կան կեան­քե­րուն մէջ։ ­Մեր ­Տէ­րը մե­զի ա­ռիթ տո­ւաւ տա­րի մը եւս ապ­րե­լու, ա­րա­րե­լու, ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու, մեր շուր­ջին­նե­րը ու­րա­խաց­նե­լու եւ ա­տով իսկ ու­րա­խա­նա­լու։

Տա­րի­նե­րը պայ­մա­նա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թիւն­ներ են ժա­մա­նա­կի յղաց­քին մէջ, մար­դու կող­մէ սահ­մա­նո­ւած, ե­ղա­նակ­նե­րու, ա­միս­նե­րու, օ­րե­րու, վայր­կեան­նե­րու եւ երկ­վայր­կեան­նե­րու բաժ­նո­ւած։ Եւ անց­նող ու գա­ցող ժա­մա­նա­կի իւ­րա­քան­չիւր չափ ան­վե­րա­դարձ է, գնա­յուն է ու յա­ճախ նաեւ եր­կար տա­րա­ծա­կա­նու­թեան վրայ կոր­սո­ւող եւ փո­շիա­ցող...

Մեր կեան­քե­րուն մէջ ըլ­լայ հա­ւա­քա­կան թէ՛ ան­հա­տա­կան մա­կար­դակ­նե­րու վրայ կան դէպ­քեր, ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ եւ ի­րա­գոր­ծում­ներ, ո­րոնք հա­մե­մա­տա­բար կը դի­մա­նան ժա­մա­նա­կի պար­տադ­րած մո­ռա­ցու­թեան պայ­քա­րին։ ­Կը յի­շո­ւին սե­րուն­դէ սե­րունդ. կը դառ­նան հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղու­թիւն եւ կ­՛ո­գե­կո­չո­ւին յա­ւուր պատ­շա­ճի։

Անց­նող տա­րին թէեւ մեծ ցա­ւի, այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ նաեւ այդ ցա­ւը ան­հա­տա­պէս թէ ազ­գո­վին յաղ­թա­հա­րե­լու խորհր­դա­նի­շե­րը կը պար­փա­կէր իր մէջ։ ­Տա­րին ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեակն էր, որ Ո­գե­կո­չու­մէն ան­դին յատ­կան­շո­ւե­ցաւ շատ կա­րե­ւոր ու յի­շա­տա­կե­լի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րով, սկսեալ ցե­ղաս­պա­նու­թեան մեր նա­հա­տակ­նե­րու սրբա­դա­սու­մէն մին­չեւ քա­ղա­քա­կան յաղ­թա­նակ­ներ եւ մին­չեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի վե­րա­կանգ­նու­մի ճամ­բուն վրայ կա­յա­ցած խոր­հուրդ­ներ։ 

Տա­րին յի­շար­ժան է նաեւ այն ա­ռու­մով, որ մեր ­Սուրբ Ա­թո­ռը՝ հա­ւա­տա­րիմ իր ա­ռա­քե­լու­թեան եւ ­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կոս­նե­րու թո­ղած կտա­կին, հա­մայն աշ­խար­հին ներ­կա­յա­ցաւ ի­րա­ւա­կան պա­հան­ջա­տի­րու­թեամբ` ­Թուր­քիա­յէն պա­հան­ջե­լով ­Սի­սի ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դար­ձը իր բուն ի­րա­ւա­տի­րոջ։ ­Հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղու­թեան ա­մէ­նէն ցայ­տուն դրսե­ւո­րումն էր ա­նի­կա, որ բո­լո­րիս յու­շեց մեր պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րը տա­նե­լու ա­ւե­լի կազ­մա­կերպո­ւած, ա­ւե­լի ու­ժե­ղած եւ ա՛լ ա­ւե­լի, մա­նա­ւանդ ա­ւե­լի միաս­նա­կա­նա­ցած։ Եւ մենք ազ­գո­վին հա­մո­զո­ւե­ցանք ան­գամ մը եւս, որ միաս­նա­կան աշ­խա­տանքն է միայն, որ կրնայ ա­ռաջ­նոր­դել ի­րա­գոր­ծում­նե­րու եւ յաղ­թա­նակ­նե­րու։ 

2015ին շա­հո­ւած այդ միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը ամ­րապն­դե­լու եւ մեր ­Դա­տին ու հայ­րե­նի­քի հզօ­րաց­ման հա­մար ար­դիւ­նա­ւէտ աշ­խա­տե­լու մեկ­նարկ պի­տի ըլ­լայ 2016ը։ Իսկ 2016ը յո­բե­լի­նա­կան է մեր ան­կախ ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 25ա­մեա­կով։ Թէ՛ մեր գա­ղու­թին մէջ եւ թէ՛ ա­մէ­նու­րեք հա­մայն հա­յու­թիւ­նը միեւ­նոյն միաս­նա­կան ո­գիով պի­տի տօ­նա­կա­տա­րէ մեր հայ­րե­նի­քի վե­րան­կա­խա­ցու­մը՝ անոր մէջ գտնե­լով մե­ծա­մեծ խոր­հուրդ­ներ։ 

Մենք պե­տու­թիւն ու­նե­ցող ժո­ղո­վուրդ ենք. եւ մեր զոյգ հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու 25ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը հա­մայն աշ­խար­հին պի­տի փաս­տեն, որ մենք յաղ­թած ժո­ղո­վուրդ ենք։ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած, յա­րու­թիւն ա­ռած, վե­րա­կանգ­նած եւ եր­կիր ու պե­տու­թիւն վերս­տին կեր­տած ան­մահ ժո­ղո­վուրդ։

Փոր­ձու­թիւն­նե­րը, պա­տե­րազմ­ներն ու տագ­նապ­նե­րը ան­պա­կաս էին անց­նող տա­րո­ւան ըն­թաց­քին։ Այս ե­րե­ւոյթ­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կեն ներ­կա­յու­թիւն ըլ­լալ Աս­տուծ­մէ եւ Աս­տո­ւա­ծա­յին ա­րար­չա­գոր­ծու­թիւ­նե­րէն հե­ռա­նալ փոր­ձող աշ­խար­հին մէջ։ ­Մենք ի­րա­ւունք չու­նինք ընկր­կե­լու։ 

Ո՛չ միայն պի­տի չընկր­կինք, այլթեւ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս պի­տի նշենք հա­յոց զոյգ հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու` ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 25ա­մեա­կը։ Այ­սօր մենք ու­նինք եր­կու ­Հան­րա­պե­տու­թիւն. ա­ռա­ջի­նը պի­տի հզօ­րաց­նենք, դարձ­նենք 21րդ ­դա­րու ար­դի պե­տու­թիւն, իսկ երկ­րոր­դին պի­տի ա­պա­հո­վենք մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չում։ ­Մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը շատ են. սա­կայն մեր ո­գին` հար­ցե­րը դի­մա­կա­լե­լու ու ճիշդ ճամ­բով ըն­թա­նա­լու եւ լու­ծում­նե­րու յան­գե­լու վճռա­կամութիւնը ամուր է բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րէն ա­ւե­լի։

Ա­ղօ­թող ենք, որ ա­մե­նա­բարձ­րեալն Աստուած իր շուքն ու հո­վա­նին ան­պա­կաս ը­նէ մեր ազ­գին վրա­յէն, որ­պէս­զի յա­րու­թիւն ա­ռած մեր ժո­ղո­վուր­դը ­Լու­սա­ւոր­չեան Ուխ­տով, ­Նա­րե­կեան հա­ւատ­քով, ­Վար­դա­նա­նց Ո­գիով, ­Սար­դա­րա­պա­տեան Կամ­քով եւ մա­նա­ւանդ Ք­րիս­տո­նա­վա­յել կեն­ցա­ղով շա­րու­նա­կէ իր եր­թը վառ պա­հե­լով իր ազ­գա­յին-հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղու­թիւ­նը, ի պան­ծա­ցումն ­Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ ի փառս հայ­րի­նի­քին ու հայ ժո­ղո­վուր­դին:

Ա­մա­նոր է եւ ­Սուրբ Ծ­նունդ: ­Նո­րո­գո­ւած պէ՛տք է ըլ­լան մեր հո­գի­նե­րը եւ պատ­րաստ՝ ­Սուրբ Ծ­նուն­դի նշու­մով կեան­քին նա­յե­լու դէ­պի յա­ւեր­ժու­թիւն ձգտու­մով, երկ­րա­ւո­րը երկ­նա­յի­նին ծա­ռա­յեց­նե­լու հա­ւատ­քով։

Շ­նոր­հա­ւոր ­Նոր ­Տա­րի, Ք­րիս­տոս Ծ­նաւ եւ ­Յայտ­նե­ցաւ։


­Հայ­րա­կան սի­րոյ ջերմ ող­ջու­նիւ
Ա­ղօ­թա­րար՝
­Խո­րէն Արք. ­Տող­րա­մա­ճեան
Ա­ռաջ­նորդ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց