Տարի մը եւս կը բոլորենք, քաղցր ու դառն յուշերու հետքերով: Խանդաղատանքով ու տագնապներով ծանրաբեռնուած օրերը հեւ ի հեւ սահած, սլացած են մեր կեանքէն:
Հեռացող տարին այլեւս գաղտնիք մը չունի մեզի համար, իսկ գալիք նոր տարին, անակնկալներով լիառատ, ծածուկ յուզումներով ու անսպասելի արարքներով բեղուն կը ծաւալի մեր առջեւ:
Կը դիմաւորենք այս նորածին հսկան, բարեփոխուած ապագայ օրերու հեռանկարով, բուռն ցանկութիւններով ու ամէն տարի կրկնուող բարեմաղթութիւններու կաղապարեալ բանաձեւումով:
Նոր Տարին մեզի պիտի ընկերակցի չորս եղանակներու ընթացքին, կախարդական բնանկարներ հրամցնելով: Այս անծանօթ ու անստոյգ ծաւալումին նկատմամբ, մերթ ուրախ եւ մերթ տխուր տրամադրութիւններով, համահունչ առօրեայի մը խուճապը պիտի դիմագրաւենք ըստ մեր զգացումներու ազնուութեան ու բնածին իմաստութեան:
Ի՜նչ զարտուղի ու աներեւակայելի դէպքեր ու հանդիպումներ պիտի վայելենք ներկան անցեալի վերածող այս ժամանակաշրջանին, չե՛նք գիտեր:
Պահ մը թեւածենք երեւակայական աշխարհի մը նրբանցքներէն ներս, անզուսպ զգացումներու հեղառատ հմայքին ու ճախրանքին հետեւելով:
Ո՜րքան հաճելի պիտի ըլլար անդորր ու հեշտալուր դաշնակութեամբ շաղախուած իրերայաջորդ առօրեայի մը վերացական ենթադրութեամբ, մատչելի ու համախոհ մարդոց հետ հրաշք հանդիպումներ ունենալ...:
Օրէ օր գունատած ընկերային կեանքի ապրումներուն առկայ ամայութիւնը փարատող, գերզգայուն հոգիներու հետ բանաստեղծային ու սանձարձակ տրամախօսութիւններ վայելել...:
Ազնիւ, բարեկիրթ ու քաղաքավար քաղքենիի մը կենցաղով թրծուած, անգերազանցելի մտքի մշակներու հետ յափշտակութիւն առթող զուգադիպութիւններու մասնակցիլ...:
Բարոյական սկզբունքներու հաւատարիմ, ընկերային կեանքի ու հայկական ընտանեկան աւանդութիւններուն պատշաճ՝ անշահախնդիր ու անանձնական առաքինութիւններով օժտուած մարդոց հետ ծանօթանալ...:
Ազնիւ ու անխարդախ զգացումներով ծանրակշռուած, քրիստոնէական հաւատքի շունչով օծուն, քնարերգական ներաշխարհի մէջ ապաստանեալ, ժանեակէ շղարշի նման փափուկ ու հմայիչ ներդաշնակութեամբ հայաբարբառ՝ ոճի, խօսքի ու գիրի նուիրեալ մշակներու հետ անպարոյր ու բազմաբեղուն զրոյցներ ունենալ... որքա՜ն երանելի պիտի ըլլար Աստուա՛ծ իմ...:
Յանկարծ ուժգին հնչող դրան զանգով կը սթափիմ հեզամրմունջ մտորումներէս. նամակացրուիչն է, որ ըստ սովորութեան Նոր Տարուան օրացոյցները կը վաճառէ թաղեցիներուն, յապաղումէս ջղայնացած երիտասարդը ալ աւելի երկար ու արագ կը հնչեցնէ զանգը՝ կառչելով ցանկապատին:
Կը մտածեմ այս վերացական հանդիպումներու մասին. ըստ ինքեան «թերեւս օր մը...ո՞վ գիտէ» ըսելով՝ կը մեկնիմ երազանքներուս փապուղիէն. մինչեւ յաջորդ ամանոր...
Սիրելի հայորդիք, վայելէ՛ք անմոռանալի հանդիպումներ, փաղաքշանք ու փայփայանք յառաջիկայ 365 օրերու ընթացքին. զուսպ ու անկեղծ մարդոց կողմէ:
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ երանելի Սուրբ Ծնունդ։
ՍԻԼՎԻ-ՍՐԲՈՒՀԻ ՄԱՐԱԶԵԱՆ