1910ին, երբ մեծ մայրս Սիրվարդը ծներ է Արաբկիրի Տասքուսա գիւղը, չէր գիտեր, որ հինգ տարի ետք պիտի կորսնցնէր քոյր-եղբայրները՝ մահուան ճամբաներուն վրայ, անապատին մէջ: Ոչ ալ իր մայրը՝ Հայկանուշը, հարս եկած՝ հեռաւոր Ակն քաղաքէն, միտքէն կ՛անցընէ՞ր, որ պիտի կորսնցնէր քոյր-եղբայրները եւ նոյն ձեւով
մայրն ու հայրը: Մեծ պապս՝ Թովմասը, երբ ջութակ կը նուագէր տօներուն՝ Արաբկիրի մայր եկեղեցիին մէջ, նոյնպէս չէր մտածեր, որ 15 Սեպտեմբեր 1957ին, քաղաքապետութիւնը ուժանակով պիտի պայթեցնէր 13րդ դարու կառոյց այդ տաճարը: Ինծի կ՛ըսէր.- «Մեր եկեղեցին 3000 հոգի կրնար ընդունիլ: Մեծ մօրդ մկրտութեան՝ շուրջի գիւղերէն ալ ժողովուրդ հաւաքուեցաւ. այն ատեն Արաբկիրը 11.000էն աւելի հայութիւն կը հաշուէր»:
Տէր Զօրի այրող աւազներուն մէջ անյայտ ու անհետ կորսուած ազգականներ, կորսուած քոյր-եղբայրներ. հասա՞ն որեւէ տեղ, ո՞ղջ են. եթէ փրկուեցան՝ ո՞ւր են...: Մեռա՞ն. ո՞ր հողը ծածկեց զիրենք... ո՞ւր վառես մոմ մը իրենց հոգիին...: Հարցումներ՝ ասոնք, պահուած հարազատներուս հոգիին խորը, անոնց՝ որոնք յաջողեցան բոպիկ եւ սովահար հասնիլ Պոլիս, Գում-Գաբուի Հայոց Պատրիարքարանը, գաւառներէն փրկուած անհամար գաղթականներու այդ ապաստանարանը:
Հոն, Գում-Գաբուի ապաստանեալները կը գտնէին զիրենք պաշտպանող երդիք մը եւ կտոր մը հաց - առաջին դարման մը իրենց տառապանքին:
Քիչ ժամանակ ետք, որբերուն համրանքը կ՛աճէր՝ հազարներով: Հայկական կազմակերպութիւնները կը բանային խոհանոցներ՝ զանոնք կերակրելու համար. կը հայթայթէին հագուստեղէն: «Ի՜նչ որբ...,- կը կանչէր Հայկանուշ մամիկս,- մեր աղջիկներն են, մեր որդիներն են, մե՛ր զաւակները»: Այսպէ՛ս, ամէն Կիրակի, ամբողջ տարի մը, կերակուրներ կ՛երթային իրենցմէ՝ Պոլսոյ որբանոցներուն:
1917ի սկիզբը, ա՛լ ձուլուած Գում-Գաբուի համայնքին, մերինները կը մասնակցէին «անապատի որբերուն համար» կազմակերպուող հանգանակութիւններուն: Իրենց զրկանքին մէջ, անոնք կը հաւաքէին ինչ որ կրնային՝ իրենց «զաւակներուն» համար: Այդ օրերէն միակ յիշատակ, փրկուած՝ գրքի մը մէջ պահուելով, թուղթէ կրծքանշան մըն է, 98 տարեկան, պարզ վերնագրով մը՝
«ՓՐԿԵՑԷ՛Ք ԱՆԱՊԱՏԻ ՈՐԲԵՐԸ»
Մեծ մայրս կ՛ըսէր.- «Երբ ժողովուրդ մը չ՛ուզեր մեռնիլ, չի մեռնիր»: Կրծքանշանը, մեծ պապիս օձիքէն, անցեր է իր որդիին՝ Գառնիկի ձեռքը, որ ծներ է Գում-Գաբու՝ 1922ի շուրջ, եւ յետոյ՝ իր ձեռքէն՝ հասեր է իմ ձեռքս: Իր մահէն քանի մը տարի առաջ, Գառնիկ պապս զիս կանչեց՝ ինծի յանձնելու համար ընտանեկան աւանդները: Ո՛չ ոսկի լիրաներ, ո՛չ զարդեղէն ու ադամանդ. այլ՝ հին լուսանկարներ, հին գրութիւններ:
«Մեր ժառանգութիւնը,- ըսաւ ինծի,- մեր պատմութիւնն է»:
Իսկ Սիրվարդ մեծ մայրս կը շարունակէր.- «Թէ մայրդ անգամ մտքէդ հանես, քու մայր լեզուդ չմոռնաս»:
* * *
Այսօր, «Ազատ Օր»ի օգնութեամբ, կրծքանշանը հասած է եւ կը ցուցադրուի Ցեղասպանութեան թանգարանը, Հայաստան: Ջուրը իր ճամբան գտաւ:
Նուէրս թո՛ղ ըլլայ ի յիշատակ Սիրվարդին, Արուսին եւ Գառնիկին՝ Հայկանուշի եւ Թովմասի զաւակներուն. ազգականներուս՝ որոնք փրկուեցան, որպէսզի ես ծնիմ եւ ըլլամ...:
ՀԵՐԱ ԾՈՒՐՈՒ