Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Ա­հա հրա­ժեշտ կու տանք 2015ին, որ ազ­գա­յին մեր յի­շո­ղու­թեան մէջ պի­տի յա­ւեր­ժա­նայ իբ­րեւ ­­Հա­րիւ­րա­մեա­կի ­­Տա­րին։

Եւ ան­մի­ջա­պէս կը մաղ­թենք, որ անց­նող տա­րին յատ­կո­րո­շած ­­Հայ ­­Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան հա­մա­հայ­կա­կան աշ­խոյժ եր­թը նո՛յն թա­փով շա­րու­նա­կո­ւի նաեւ ե

­կող տա­րո­ւան ըն­թաց­քին։

ժա­մա­նա­կի դա­տաս­տա­նին ա­հա կը յանձ­նենք տա­րի մը, որ հա­մաշ­խար­հա­յին տա­րո­ղու­թեամբ ծան­րակ­շիռ վե­րի­վայ­րում­նե­րով ըն­թա­ցաւ՝ անձ­կու­թեան մատ­նե­լով հա­մայն մարդ­կու­թիւ­նը, աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն։
Եւ կը մաղ­թենք, ­­Դա­նիէլ ­­Վա­րու­ժա­նի «Ան­դաս­տան»ին ներշն­չու­մով՝ որ ա­մէ­նու­րեք «խա­ղա­ղու­թիւն թող ըլ­լայ»։

Չենք մոռ­նար յատ­կա­պէս ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու յան­ցա­գործ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը, որ 2015ի ըն­թա­քին ոչ միայն շա­րու­նա­կեց Ու­րա­ցու­մի եւ պատ­մա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թե­նէ փա­խուստ տա­լու իր դա­տա­պար­տե­լի վար­քա­գի­ծը, այլ նաեւ նոր թափ տո­ւաւ Օս­մա­նեան ­­Կայս­րու­թեան ո­ճով մե­ծա­պե­տա­կան բռնա­կալ ուժ մը դառ­նա­լու իր մո­լե­ռան­դու­թեան՝ ­­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ամ­բողջ շրջա­նի եր­կիր­ներն ու ժո­ղո­վուրդ­նե­րը ա­հա­ւոր ող­բեր­գու­թեանց մատ­նե­լով։

Եւ ան­կաս­կած կը մաղ­թենք, որ նոյ­նինքն թուրք հա­սա­րա­կու­թեան մէջ ծայր ա­ռած դժգո­հու­թեան եւ բո­ղո­քի ա­լի­քը թափ հա­ւա­քէ եւ ազ­դու ուժ դառ­նայ՝ ցե­ղաս­պա­նա­կան վար­քա­գի­ծը շա­րու­նա­կե­լու ­­Թուր­քիոյ ղե­կա­վար­նե­րու կա­մա­կո­րու­թեան վեր­ջա­կէտ դնե­լու համար։

Մեր ե­տին կը ձգենք ա­հա ­­Յու­նաս­տա­նի տնտե­սա­կան ճգնա­ժա­մը իր բարձ­րա­կէ­տին հաս­ցու­ցած 2015 թո­ւա­կա­նը, որ մին­չեւ Եւ­րո­պա­յէն ու աշ­խար­հէն մե­կու­սա­ցո­ւե­լու ան­դո­հան­քին մատ­նեց, բայց վեր­ջին պա­հուն խնա­յեց եւ ել­քի ճեղք մը բաց ձգեց յու­սալ­քու­թեան մէջ մխրճո­ւած յոյն ժո­ղո­վուր­դին (յու­նա­հա­յու­թեամբ հան­դերձ) առ­ջեւ։

Եւ ան­պայ­ման կը մաղ­թենք, որ թէ՛ ժո­ղո­վուր­դով եւ թէ քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թեամբ՝ յոյն հա­սա­րա­կու­թիւ­նը մտա­հան չը­նէ անց­նող դա­ժա՛ն տա­րո­ւան նոյն­քան դա­ժա՜ն դա­սե­րը, որ­պէս­զի այ­սօ­րո­ւան եւ վա­ղո­ւան սե­րունդ­նե­րը այ­լեւս ոտ­քի կո­խան չեր­թան ա­ռանձ­նաշ­նոր­հեալ ու յղփա­ցած ցե­ցե­րու... շա­հա­տա­կու­թիւն­նե­րուն։

Յա­րա­տե­ւե­լու կամք եւ գօ­տի­նե­րու ամ­րապն­դում կը մաղ­թենք յատ­կա­պէս փոքր ա­ծու յու­նա­հա­յու­թեան, որ­պէս­զի իր ազ­գա­յին բո­լոր կա­ռոյց­նե­րով՝ դպրոց­նե­րով, մա­մու­լով ու միու­թիւն­նե­րով ոչ միայն յաղ­թա­հա­րէ տնտե­սա­կան սեղ­մու­մի եւ կազ­մա­լուծ­ման դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը, այ­լեւ ա­ւե­լի պայ­ծառ դի­մա­գի­ծով ու ծա­ռա­յա­կան ո­րա­կով տէր կանգ­նի հա­յա­պահ­պան­ման ու հա­յա­կեր­տու­մի իր ա­ռա­քե­լու­թեան։

Բա­րո՜վ եր­թաս 2015։
Գա­լուստդ թող բա­րի՜ ըլ­լայ 2016։