Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Մեր օ­րե­րու աշ­խար­հի ղե­կա­վար­նե­րը մար­դոց ընդ­հան­րա­պէս վե­րա­ծած են հան­դի­սա­տե­սի կամ խա­ղի նմա­նող ընտ­րու­թիւն-քո­ւէար­կող­նե­րու, կա­նոն­ներ յար­գող խաղ-թատ­րո­նի: Ան­ցեա­լին աս­տո­ւա­ծա­յին ի­րա­ւուն­քով կ’իշ­խէին ար­քա­նե­րը, կը յա­ւեր­ժա­նա­յին, նաեւ՝ ի­րենց ժա­ռանգ­նե­րով: Ժա­մա­նա­կա­կից ըն­կե­ րու­թիւն­նե­րու մէջ, խա­ղընտ­րու­թեան ըն­ձե­ռած ի­րա­ւուն­քի տե­ւա­բար կրկնու­թեամբ, նոր դի­մա­կի տակ կը շա­րու­նա­կո­ւի նոյն հին խա­ղը:

«­Կա­մօքն Աս­տու­ծոյ» ար­քա­նե­րը խոս­տում­ներ տա­լու հար­կադ­րան­քին տակ չէին գտնո­ւեր: Ներ­կա­յիս ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը, ըլ­լա­լով «ձայն բազ­մաց ձայն Աս­տու­ծոյ», կը հաս­նի նոյն տե­ղը՝ խոս­տում­նե­րով իւ­րաց­նե­լով «ձայն Աս­տու­ծոյ»ն, ճշդո­ւած պայ­մա­նա­ժա­մէն ետք նոյն խոս­տում­նե­րով վերսկ­սե­լու հա­մար խա­ղը:

Նաեւ՝ Հա­յաս­տան եւ սփիւռք­ներ, բե­մի վրայ գտնուող­նե­րը նոյ­ներն են, նոյ­նան­ման­ներ, լուռ հա­մա­ձայ­նու­թեամբ: Ժա­ռան­գա­կան կամ լայն ի­մաս­տով ըն­տա­նե­կան: Հոն են մո­ռաց­ման դա­տա­պար­տո­ւած խոս­տում­նե­րով, կը հե­տապն­դեն ի­րենց շա­հե­րը, ո­րոնց ցու­ցա­կը ե­թէ հրա­պա­րա­կո­ւի ան­գամ, հա­կակշռո­ւած եւ կողմ­նա­պաշտ լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րը զա­նոնք կը թաքց­նեն խօս­քի եւ բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րու ծխա­ծած­կոյ­թին տակ, քա­նի որ ի­րա­պէս «ան­կախ մա­մու­լը» ե­րազ մըն է հայ­կա­կան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ:

Ա­Ջի եւ ՁԱ­Խի թա­րան­թել­լա­յի նո­ւա­գա­խում­բը…

Կարգ մը տե­ղեր կամ կարգ մը պա­րա­գա­նե­րու, կրա­կոց մը կը բա­ւէ լռեց­նե­լու լռել չու­զո­ղը: Ու­րիշ տե­ղեր, ինչ­պէս ան­ցեա­լին ե­կե­ղե­ցին կ’ը­նէր, բա­նադ­րե­լու պէս կը լռեց­նեն, «պա­լա­տա­կան­ներ»ով կը շրջա­պա­տո­ւի վեր­նա­խա­ւը, ինչ­պէս դեռ բո­լո­րո­վին չմոռ­ցո­ւած խորհր­դա­յին աշ­խար­հի մե­նա­տի­րա­կան «նո­մենք­լա­թու­րա»ն, շա­պի­կի պէս կը հագց­նէ պաշ­տօ­նա­կան «ճշմար­տու­թիւն­նե­րը»: Այդ «նո­մենք­լա­թու­րա»ն գ­նաց, ձա­գուկ­նե­րու ծնունդ տա­լէ ետք:

Ֆ­րան­սա­կան ա­ռած մը կ’ը­սէ, թէ «խօս­քը տրո­ւած է մար­դուն, իր մտա­ծու­մը թաքց­նե­լու հա­մար»: Այդ­պէս է են­թա­գա­ղա­փա­րա­բա­նա­կան ճա­ռը (logomachie), այ­սօ­րո­ւան լաւ վա­ճա­ռո­ւող սկզբուն­քին վրայ հիմ­նուած, վա­ղո­ւան սկզբուն­քը կրնայ տրա­մագ­ծօ­րէն հա­կա­ռա­կը ըլ­լալ: Հե­տե­ւա՞ն­քը՝ ամ­բո­խա­վա­րու­թիւն, դա­տար­կա­բան հռե­տո­րու­թիւն, շո­ղո­քոր­թու­թիւն, քծինք՝ որ­պէս­զի վեր­նա­խա­ւին մէջ ա­զատ ա­թո­ռակ մը գտնո­ւի, եւ ա­պա «դա­սա­րան փո­խո­ւի», ինչ­պէս ը­սած էր օր մը, տա­րի­ներ համ­բե­րե­լէ ետք սպաս­ման սե­նեա­կի մէջ գտնո­ւող մը, ոչ թէ սրամ­տու­թիւն փոր­ձե­լով, այլ ակնկա­լու­թիւն մը ի­րա­կա­նա­ցած տես­նե­լով:

Ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը բաղ­կաց­նող­նե­րը, կ’ը­սո­ւի, կը յայ­տա­րա­րո­ւի, կ’են­թադ­րո­ւի, թէ կո­չո­ւած են ծա­ռա­յու­թեան՝ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մը, հա­մայն­քի մը, ժո­ղո­վուր­դի, ազ­գի մը, երկ­րի մը հան­դէպ: Այս վեր­ջի­նի պա­րա­գա­յին կ’ը­սեն հայ­րե­նա­սի­րու­թիւն: Ի­րաւ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը, ե­թէ ծա­ռա­յա­կան դե­րի մէջ չէ, բա­րո­յա­պէս պար­տա­ւոր է լու­սա­բա­նե­լու հան­րա­յին կար­ծի­քը, ցոյց տա­լու հա­մար, թէ այդ հայ­րե­նա­սի­րու­թեան յա­ճախ ին­չե՜ր խառ­նո­ւած են: Ըն­թա­ցիկ դար­ձած է «թա­փան­ցի­կու­թեան» մա­սին հան­րա­յին կար­ծի­քի ու­շադ­րու­թիւ­նը գրա­ւող խօս­քը, ա­նոր «­Փան­տո­րա­յի Տու­փը» չի բա­ցո­ւիր, քա­նի որ ո՛չ ոք պի­տի կա­րե­նայ կա­փա­րի­չը վերս­տին իր տե­ղը դնել եւ տու­փը փա­կել: Բայց քա­նի որ հան­րա­յին կար­ծի­քի յի­շո­ղու­թիւ­նը կարճ է, ը­սել-գրել իր կար­գին խաղ է:

Աղ­մու­կով կը խօ­սո­ւի տնտե­սա­կան փտախ­տի մա­սին, հա­յե­րէ­նի մէջ քա­ղա­քա­ցի (սի­թի­զըն) դար­ձած «կո­ռուպ­ցիա»ն: Ո՛չ ոք կ’ը­սէ, թէ այդ փտախ­տը սոսկ նիւ­թա­կան չէ, հո­գե­կան-ո­գե­կան է:

Հայ­րե­նա­սի­րու­թիւն եւ հան­րա­յին ծա­ռա­յու­թիւն երբ վի­րա­ւոր են շա­հախնդ­րու­թեամբ (բազ­մաբ­նոյթ) եւ (ընդ­հա­նուր բնո­րո­շու­մով) փո­խա­նակ ծա­ռա­յե­լու, դիրք եւ հան­գա­մանք կը ծա­ռա­յեց­նեն (կրկին ընդ­հա­նուր բնո­րո­շու­մով) վաշ­խա­ռո­ւա­կան մի­տում­նե­րու, ըն­կե­րու­թիւ­նը փտախ­տի կը դա­տա­պար­տո­ւի: Վաշ­խա­ռուն միայն մեծ տո­կոս­նե­րով տրո­ւած գու­մա­րը շա­հա­գոր­ծո­ղը չէ, այլ նաեւ ան՝ որ իր դիր­քը կը վե­րա­ծէ հա­սու­թա­բեր կա­լո­ւա­ծի:

Ե­րե­ւոյ­թը հա­մա­տա­րած եւ հա­մաշ­խար­հա­յին նկա­րա­գիր ու­նի:

Եւ­րո­պա­կան երկ­րի մը նա­խա­րար­նե­րը ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն կ’ա­պա­հո­վեն պաշ­տօն­ներ, կար­ծէք հա­մեստ մար­դոց զա­ւակ­նե­րուն մէջ ա­նոնց հա­ւա­սար­նե­րը կամ ա­ւե­լի լա­ւե­րը չկան: Կամ նա­խա­րա­րը իր գրա­սե­նեա­կի պա­տաս­խա­նա­տու կը կար­գէ իր կի­նը: Քա­ղա­քա­պետ մը իր կնոջ հետ հիւ­թա­լի գոր­ծառ­նու­թիւն­ներ կ’ի­րա­կա­նաց­նէ քա­ղա­քի գան­ձը կո­ղոպ­տե­լով, խաղ­քու­թիւ­նը ե­րե­ւան գա­լէ ետք ալ կը դի­մէ ժո­ղո­վուր­դին՝ ա­նոր վստա­հու­թիւ­նը ու­նե­նա­լու հա­մար: Ա­ւե­լի փոք­րիկ­ներն ալ չեն վա­րա­նիր ա­ւե­լի փոքր պաշ­տօն­ներ ճա­րե­լու ի­րենց ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րուն:

Հա­յաս­տա­նի եւ խորհր­դա­յին նախ­կին հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու մէջ, ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րուն կը տրո­ւին հա­սու­թա­բեր պաշ­տօն­ներ, կրկին, ախ­տը կը տես­նո­ւի, բայց ոչ ոք կրնայ կա­սեց­նել, դար­մա­նել: Նոյն փա­ռա­սի­րու­թիւ­նը չեն կրնար ու­նե­նալ նոյն պատ­րաս­տու­թիւ­նը ու­նե­ցող հա­մեստ ըն­տա­նիք­նե­րու զա­ւակ­նե­րը: Ժա­մա­նա­կին, վե­րան­կա­խա­ցու­մէն ետք, բարձ­րա­գոյն մա­կար­դա­կի վրայ գտնո­ւող­ներ, ի­րենց զա­ւակ­նե­րը նշա­նա­կե­ցին ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան կազ­մի մէջ, զա­նոնք զերծ պա­հե­լու հա­մար բա­նա­կի ծա­ռա­յու­թե­նէ: Իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու մա­կար­դա­կին տե­րեւ ան­գամ չշար­ժե­ցաւ եւ մար­դիկ մնա­ցին ի­րենց պա­տո­ւան­դա­նին վրայ:

Ս­փիւռ­քը, որ պե­տու­թիւն չէ, նոյն ախ­տէն կը տա­ռա­պի, ըն­տա­նի­քի ան­դամ­ներ պաշ­տօ­նի կը կո­չո­ւին, կամ հա­ւա­տա­րիմ­ներ, խախ­տե­լով հա­մա­րա­տու-հա­մա­րա­ռո­ւի կար­գը: Ե­րե­ւոյթ­ներ՝ զորս կ’ան­գի­տա­նանք, ան­տե­ղեա­կու­թիւն կը ձե­ւաց­նենք, զանց առ­նե­լով հան­րա­յին բա­րո­յա­կա­նու­թիւ­նը,ethiqueը: Այս բո­լո­րը կա­րե­լի է բնու­թագ­րել որ­պէս ժո­ղո­վուր­դի ծա­ռա­յու­թեան եւ հայ­րե­նա­սի­րու­թեան պի­տա­կի տակ կա­տա­րո­ւած վաշ­խա­ռու­թիւն:

Տա­րի­ներ ա­ռաջ, ֆի­լի­փին­ցի խորհր­դա­րա­նի ան­դամ կին մը մշա­կած էր օ­րէն­քի նա­խա­գիծ մը, ո­րուն հա­մա­ձայն՝ նոյն պե­տա­կան ընտ­րո­վի պաշ­տօ­նին չէին կրնար յա­ւակ­նիլ, նոյն քա­ղա­քին կամ նա­հան­գին մէջ, ե­րես­փո­խա­նի կամ քա­ղա­քա­պե­տի զա­ւակ­նե­րը կամ ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը, որ­պէս­զի այդ քա­ղա­քը կամ նա­հան­գը չդառ­նար ա­ւա­տա­պե­տա­կան կա­լո­ւած՝ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան շղար­շով, նոյն ա­նուն­նե­րու կրկնու­թեամբ:

Եւ դեռ, քիչ վե­րը յի­շո­ւած հան­րա­յին բա­րո­յա­կա­նու­թիւ­նը, ethiqueը, պի­տի պա­հան­ջէր, որ ա­ռանց քրտին­քի ա­նաշ­խատ հարս­տու­թիւն­նե­րը պե­տա­կան կամ պա­տաս­խա­նա­տու ան­ձե­րու, լու­սար­ձա­կի տակ առ­նո­ւէին՝ բո­լո­րին ծա­նօթ auditով, ո­րուն մա­սին Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ մը օ­րին ը­սաւ, երբ հար­ցում ուղ­ղո­ւե­ցաւ ի­րեն այդ մա­սին, թէ «աու­տիդ կ’ա­նենք», բայց ոչ ոք տե­սաւ այդ «աու­տիդ»ը: Սո­վո­րու­թիւն է սպա­սել, որ գայ­թակ­ղու­թիւն մը ի­րա­կա­նու­թեան առ­ջեւ կանգ­նեց­նէ հան­րա­յին կար­ծի­քը, երբ այ­լեւս կա­րե­լի չէ ճկոյ­թի ե­տին պա­հո­ւը­տիլ - խա­ղա­տուն, ա­պա­րանք, իւ­րա­ցում­ներ եւ մա­սամբ նո­րին:

Բո­լոր ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րու մա­կար­դա­կին, թա­ղե­րէն մին­չեւ վե­րին ո­լորտ­ներ, ե­թէ «աու­տիդ» չկա­տա­րո­ւի ան­կախ քննիչ­նե­րու կող­մէ, ար­դիւն­քը չհրա­պա­րա­կո­ւի, «վե­րա­կանգ­նում­ներ»ը բո­լոր մար­զե­րու մէջ կը մնան դա­տար­կա­բա­նու­թիւն­նե­րու մա­կար­դա­կին, եւ ժո­ղո­վուր­դը կը դառ­նայ ամ­բոխ, կը զո­ւար­ճա­նայ տօ­նա­կան օ­րե­րու հրա­վա­ռու­թիւն­նե­րով եւ իր մոռցուող զգա­ցում­նե­րը պահ մը փող-թմբու­կով օ­րօ­րող:

Ազ­գո­վին, ներ­սը եւ դուր­սը, պի­տի ու­զե՞նք, կ’ու­զե՞նք վե­րա­կանգ­նիլ, ը­նել այն­պէս՝ որ ի­րաւ վե­րա­կանգ­նում ըլ­լայ…

Իսկ ե­թէ հա­նենք մեր աչ­քի կա­պանք­նե­րը, պի­տի տես­նենք, որ հան­րա­յին բա­րո­յա­կա­նու­թիւ­նը,ethiqueը, հիւ­սի­սի սառ­ցա­կոյ­տե­րուն տակ թա­ղո­ւած է որ­պէս ժա­ռան­գու­թիւն գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն՝ այն յոյ­սով, որ օր մը ա­նոնք կը գտնեն զայն, ու կը վե­րա­կանգ­նին եւ կը վե­րա­կանգ­նեն, հրա­ժա­րե­լով «շաու»նե­րէ, ինչ­պէս կ’ը­սեն Հա­յաս­տա­նի հա­յե­րը:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ