Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Ա­ւե­լի քան եր­կու տաս­նա­մեակ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը՝ Ե.Ա.Հ.Կ. Մինս­քի Խմ­բա­կի միջ­նորդ­նե­րու գլխա­ւո­րու­թեամբ (ո­րոնք կը ներ­կա­յաց­նեն Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րը, Ֆ­րան­սան եւ Ռու­սիան), կը փոր­ձէ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րել Ար­ցա­խեան հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման հա­մար:

Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու հիմ­նա­կան խո­չըն­դո­տը Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ կրա­կոց­նե­րը չդադ­րեց­նե­լու յա­մա­ռու­թիւնն է, եւ ա­նոր յար­ձա­կում­նե­րուն սաստ­կա­ցու­մը՝ հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ա­մէն վճռո­րոշ հան­դիպ­ման նա­խօ­րէին: Ա­նոր ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կան վար­քա­գի­ծը միան­գա­մայն ա­նըն­դու­նե­լի է բո­լոր ա­նոնց հա­մար, ո­րոնք ներգ­րա­ւո­ւած են խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծին մէջ: Ատր­պէյ­ճա­նը մի­տում­նա­ւոր կեր­պով կը սրէ ի­րա­վի­ճա­կը նման ա­ռիթ­նե­րով, ճնշում գոր­ծադ­րե­լու հա­մար մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան վրայ՝ ստի­պե­լու Հա­յաս­տա­նին, որ­պէս­զի եր­թայ միա­կող­մա­նի զի­ջում­նե­րու Ար­ցա­խի մէջ:

Ա­մէն ան­գամ, երբ ատր­պէյ­ճա­նա­կան ու­ժե­րը կը յար­ձա­կին Ար­ցա­խի եւ Հա­յաս­տա­նի վրայ, Մինս­քի Խմ­բա­կի միջ­նորդ­նե­րը, ա­ւե­լի լա­րե­լով ի­րա­վի­ճա­կը, հեր­թա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը կը տա­րա­ծեն՝ կոչ ը­նե­լով եր­կու կող­մե­րուն դադ­րեց­նե­լու կրա­կը, այդ­պի­սով հա­ւա­սա­րու­թեան նշան դնե­լով մե­ղա­ւո­րի եւ տու­ժո­ղի մի­ջեւ: Բա­ցի այդ, միջ­նորդ­նե­րը կը քո­ղար­կեն ի­րենց ան­պա­տաս­խա­նա­տու յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը՝ պնդե­լով, որ ի­րենք հա­մո­զո­ւած չեն, թէ ո՛ր կող­մը ա­ռա­ջի­նը կրա­կած է:

Հոկ­տեմ­բե­րին, Ա.Մ.Ն. Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Տան ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Էտ Ռոյ­սի (հան­րա­պե­տա­կան) եւ գլխա­ւոր դե­մոկ­րատ Է­լիոթ Էն­կե­լի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ՝ Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Տան 85 ան­դամ­նե­րու ստո­րագ­րու­թեամբ նա­մակ մը ու­ղար­կո­ւե­ցաւ Մինս­քի Խմ­բա­կի Ա.Մ.Ն. հա­մա­նա­խա­գահ դես­պան Ո­ւոր­լի­քին՝ յոր­դո­րե­լով, որ ձեռ­նար­կո­ւին բո­լոր հնա­րա­ւոր քայ­լե­րը, ետ քա­շե­լու դի­պու­կա­հար­նե­րը սահ­մա­նէն, տե­ղա­կա­յե­լու կրա­կոց­նե­րու ուղ­ղու­թիւ­նը ճշտող հա­մա­կար­գեր սահ­մա­նագ­ծի եր­կայն­քով եւ ա­ւելց­նե­լու տա­րած­քը հա­մա­կար­գող­նե­րու թի­ւը:

Այս քայ­լե­րը ըն­դու­նո­ւած էին Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի, Ա.Մ.Ն. Քոնկ­րէ­սի եւ Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ, սա­կայն մեր­ժո­ւած՝ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ, ա­նոր ռազ­մա­տենչ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը թաքց­նե­լու եւ զա­նոնք շա­րու­նա­կե­լու մտադ­րու­թեան պատ­ճա­ռով:

Ն­ման ան­յու­սա­լի պայ­ման­նե­րու մէջ, ե­րեք միջ­նորդ­նե­րը կրնան քննար­կել կրակ-որ­սիչ հա­մա­կար­գե­րու տե­ղա­կա­յու­մը ար­ցա­խեան սահ­մա­նէն ներս՝ յար­ձա­կում­նե­րու աղ­բիւ­րը ար­ձա­նագ­րե­լու հա­մար: Ե­թէ միջ­նորդ­նե­րը չեն ու­զեր նման քայ­լեր ձեռ­նար­կել, ուս­տի Հա­յաս­տա­նը ին­քը պէտք է գնէ ա­մե­րի­կեան Raytheon ըն­կե­րու­թեան ար­տադ­րած կրակ-որ­սիչ հա­մա­կար­գե­րը եւ հա­ւա­քագ­րէ ան­կախ օ­տա­րերկ­րեայ հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն՝ վե­րահս­կե­լու ի­րա­վի­ճա­կը եւ ար­դիւնք­նե­րու մա­սին մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան զե­կու­ցե­լու հա­մար:

Ան­մի­ջա­պէս որ յայտ­նա­բե­րո­ւի կրա­կոց­նե­րուն աղ­բիւ­րը՝ միջ­նորդ­նե­րը պար­տա­ւո­րո­ւած պի­տի ըլ­լան դա­տա­պար­տե­լու յան­ցա­գոր­ծը, հա­կա­ռակ պա­րա­գա­յին ա­նոնք պի­տի խրա­խու­սեն Ատր­պէյ­ճա­նը, սաստ­կաց­նե­լու յար­ձա­կում­նե­րը Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի վրայ:

Այդ ըն­թաց­քին միջ­նորդ­նե­րը պէտք է զգու­շաց­նեն Ատր­պէյ­ճա­նի բռնա­պետ նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւը, որ ե­թէ ան չդադ­րեց­նէ եւ ետ չկանգ­նի սպառ­նա­լիք­նե­րէն եւ Հա­յաս­տանն ու Ար­ցա­խը ռմբա­կո­ծե­լէն` ա­նոնք ստի­պո­ւած պի­տի ըլ­լան Ատր­պէյ­ճա­նի խախ­տում­նե­րը ներ­կա­յաց­նե­լու Մ.Ա.Կ.ի Անվ­տան­գու­թեան Խոր­հուր­դին՝ տնտե­սա­կան պատ­ժա­մի­ջոց­ներ պա­հան­ջե­լով ատըր­պէյ­ճա­նա­կան իշ­խա­նու­թեանց դէմ:

Միջ­նորդ­նե­րը կրնան նաեւ ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս դադ­րեց­նել ի­րենց խա­ղա­ղա­րար ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը՝ ա­ռար­կե­լով, որ Ատր­պէյ­ճա­նի շա­րու­նա­կա­կան կրա­կոց­նե­րը կը խան­գա­րեն հա­կա­մար­տու­թեան լու­ծում գտնե­լու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը: Ան­կաս­կած, հնա­րա­ւոր չէ կռո­ւիլ եւ միա­ժա­մա­նակ... բա­նակ­ցիլ։

Քա­նի որ Ատր­պէյ­ճան պատ­րաստ չէ պա­տե­րազ­մե­լու (ե­թէ ըլ­լար, շա­տոնց սկսած էր, պար­զա­պէս սպառ­նա­լու փո­խա­րէն), ուս­տի ան այ­լընտ­րանք չու­նի, քան հե­տե­ւե­լու միջ­նորդ­նե­րու կո­չին.- Դադ­րեց­նել կրա­կը եւ սկսիլ լրջօ­րէն բա­նակ­ցե­լու: Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սա­ռե­ցու­մը լուրջ նա­հանջ պի­տի ըլ­լայ Ատր­պէյ­ճա­նի հա­մար, քա­նի որ ա­սի­կա միակ ճա­նա­պարհն է, որ­մով ան կրնայ յոյ­սեր տա­ծել ո­րոշ հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ ձեռք բե­րե­լու Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի հետ: Միւս կող­մէ՝ հա­յե­րը ար­դէն հա­սած են ի­րենց նպա­տա­կին` ա­զա­տագ­րե­լով Ար­ցա­խը ատր­պէյ­ճա­նա­կան բռնագ­րա­ւու­մէն եւ ո­րե­ւէ ակն­կա­լիք չու­նին հե­տա­գայ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէն:

Ե­թէ միջ­նորդ­նե­րը չսա­ռեց­նեն բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը, Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կրնայ ո­րո­շել դադ­րեց­նել իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը այդ ա­նար­դիւ­նա­ւէտ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն, ա­տով իսկ յստակ ու­ղերձ յղե­լով Պա­քո­ւին, որ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի հրե­տա­նա­յին ռմբա­կո­ծու­թիւ­նը կը վնա­սէ նոյ­նինքն Ատր­պէյ­ճա­նի սե­փա­կան շա­հե­րուն:

Ե­թէ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը չեն դադ­րե­ցո­ւիր եւ Ատր­պէյ­ճան կը շա­րու­նա­կէ իր յար­ձա­կում­նե­րը, ուս­տի Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կրնայ վեր­ջին հա­շո­ւով պա­տաս­խա­նել «զան­գո­ւա­ծա­յին եւ ան­հա­մա­չափ հա­րո­ւած­նե­րով»,- ինչ­պէս ան բազ­միցս զգու­շա­ցու­ցած է: Թէեւ ո­մանք կրնան մտա­հո­գու­թիւն ար­տա­յայ­տել, որ նման գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը պի­տի յան­գեց­նեն բռնու­թիւն­նե­րու հե­տա­գայ սրո­ւե­լուն, սա­կայն ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ա­տի­կա պի­տի նո­ւա­զեցնէ, ե­թէ ոչ պի­տի կանգ­նեց­նէ սահ­մա­նի վրայ տե­ղի ո­ւնե­ցող ան­թիւ բա­խում­նե­րը, ան­մի­ջա­պէս որ Ատըր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վար­նե­րը հասկ­նան, թէ ի­րենք ա­ւե­լի շատ կը կորսնց­նեն կռո­ւե­լով, քան՝ բա­նակ­ցե­լով:

Ցա­ւա­լի է, որ նա­խա­գահ Ա­լիեւ կը շա­հար­կէ ե­րի­տա­սարդ ատր­պէյ­ճան­ցի զի­նո­ւոր­նե­րու կո­րուս­տը ա­ռա­ջին գծի վրայ` շե­ղե­լու հա­մար իր ժո­ղո­վուր­դին ու­շադ­րու­թիւ­նը երկ­րի մէջ առ­կայ քա­ղա­քա­ցիա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու զանգուա­ծա­յին խախ­տում­նե­րէն, իր կա­ռա­վա­րու­թեան վեր­նա­խա­ւե­րուն մէջ տի­րող փտա­ծու­թե­նէն եւ ա­հա­ւոր տնտե­սա­կան պայ­ման­նե­րէն՝ կա­պո­ւած նո­ւա­զող քա­րիւ­ղա­յին ե­կա­մուտ­նե­րուն հետ:

Ան­ցեալ շա­բաթ ես ա­ռիթ ու­նե­ցայ այս հար­ցե­րէն քա­նի մը հա­տը քննար­կե­լու Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ տար­բեր պաշ­տօ­նեա­նե­րու հետ, երբ Ար­ցա­խի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կա­րէն Միր­զո­յեան Ա.Մ.Ն. մայ­րա­քա­ղա­քի մէջ կը հան­դի­պէր Քոնկ­րէ­սի ան­դամ­նե­րու եւ Ա.Մ.Ն. միջ­նորդ դես­պան Ո­ւոր­լի­քի հետ: Եր­կու ըն­դու­նե­լու­թիւն կազ­մա­կերպո­ւած էր Ար­ցա­խի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի պա­տո­ւին, Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նա­տան եւ Քա­փի­թո­լիու­մի մէջ, վեր­ջի­նիս հա­մա­կազ­մա­կեր­պիչ­ներն էին Ա.Մ.Ն. Քոնկ­րէ­սի հայ­կա­կան հար­ցե­րով զբա­ղող խում­բը, Ա.Մ.Ն. Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բը, Ա­մե­րի­կա­յի Հայ­կա­կան Հա­մա­գու­մա­րը, եւ Ա.Մ.Ն.ի մէջ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան մշտա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւ­նը: Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Տան քա­նի մը ան­դամ, դես­պան Ո­ւոր­լիք եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան ան­ձինք մաս­նակ­ցե­ցան Քոնկ­րէ­սի ըն­դու­նե­լու­թեան՝ զայ­րաց­նե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նու­թիւ­նը, որ ատր­պէյ­ճան­ցի ցու­ցա­րար­նե­րու փոքր խումբ մը ու­ղար­կած էր՝ բո­ղո­քե­լու հան­դիպ­ման դէմ: Նա­խա­գահ Ռոյս ըն­դու­նե­լու­թեան ժա­մա­նակ յայ­տա­րա­րեց, որ ինք խնդրած է դես­պան Ո­ւոր­լի­քին այս շա­բաթ հան­դէս գա­լու Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Տան մէջ Ար­ցա­խեան հա­կա­մար­տու­թեան վե­րա­բերեալ ճե­պազ­րոյ­ցով:

Ա­մե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի մեծ թի­ւով ակ­տի­ւիստ­ներ (գոր­ծիչ­ներ) Ա­մե­րի­կա­յի տար­բեր կող­մե­րէն, նե­րա­ռեալ այս տո­ղե­րուն հե­ղի­նա­կը, ան­ցեալ շա­բաթ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ միա­ցան Ար­ցա­խի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Միր­զո­յեա­նին՝ Ար­ցա­խի հա­մար խա­ղա­ղու­թեան եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ու­ղերձ յղե­լու Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Տան եւ Ծե­րա­կոյ­տի տաս­նեակ ան­դամ­նե­րուն՝ կոչ ը­նե­լով ա­նոնց ճանչ­նա­լու Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թիւ­նը Ատր­պէյ­ճա­նէն:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
- «­Քա­լի­ֆոր­նիա Քու­րիեր»