Ֆեթհիյէ Չեթինի «Անխուսափելի ճամբորդութիւն մը» (An Inevitable Journey) յօդուածը լոյս տեսած է «Հայրենիք»ի ամգլերէն բաժնին՝ «Արմինեըն Ուիքլի» շաբաթաթերթի 2015 Դեկտեմբեր 2ի թիւին մէջ: Ֆեթհիյէ Չեթին իրաւաբան է եւ Մարդկային Իրաւանց պաշտպան: Հեղինակն է հանրածանօթ «Մեծ Մայրս» եւ « Թոռները» (Այշէ Կիւլ Ալթընայի հետ) գործերուն:
Հեղինակը իր այս յօդուածը իբր բանախօսութիւն կարդացած է թրքերէն լեզուով (անգլերէնի թարգմանուած` A. Bolcakanի կողմէ) Նոյեմբեր 14ին, Տիթրոյթի մէջ, տեղի ունեցած Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպած մեծարանքի հանդիսութեան ընթացքին, ուր Չեթին ստացած է «Ազատութեան» շքանշանը:
Սիրելի եւ յարգարժան ղեկավարներ ու անդամներ Ամերիկայի Հայ Ազգային Մարմնի, եւ պատուարժան հիւրեր,
Կ՚ուզեմ ըսել որ մեծ առանձնաշնորհում մըն է ինձ համար այսօր ձեր հետ գտնուելու, եւ այսպիսի իմաստալից ու կարեւոր շքանշանի մը՝ «Ազատութեան Շքանշան»ին արժանի դառնալու համար:
Եւ ես պատւուած կը զգամ արժանի համարուելու, մասնաւորաբար ա՛յս տարի, Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի յիշատակութեան առթիւ: Խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլորիդ, որ նման պատիւ եւ առանձնաշնորհում ընծայեցիք ինծի: Նոյն ատեն կը զգամ ամօթն ու տարակերպութիւնը, եկած ըլլալով երկրէ մը, որ ազատ չէ նման «Ազատութեան Շքանշան» մը ստանալու:
Կու գամ երկրէ մը, ուր մարդիկ ազատ չեն զգար: Երկրէ մը՝ ուր որեւէ ազատութեան պահանջ կը ճզմուի արեամբ եւ բռնութեամբ: Երկրէ մը՝ ուր բռնադատութիւնը օրինաւորացուած է, եւ դարձած՝ գռեհիկ: Կու գամ երկրէ մը՝ ուր մարդոց մարմինները պետութեան ռումբերուն պայթումէն պատառ-պատառ կը սփռուին ամէն կողմ, երախաներուն մարմինները կը ծակծկուին իշխանութեան փամփուշտներէն, եւ՝ լրագրողներուն կեանքերը կը դարձուին անտանելի:
Կու գամ երկրէ մը, ուր երկար տարիներ, արիւնածարաւ եւ չար բռնութիւնը զգացուած է կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ: Եւ այսօր, երկրին քաղաքագէտներուն մեծամասնութիւնը, այս բոլորը կ՚ընդունի իբրեւ ժամանակակից հարցեր: Հարցեր որոնք պիտի փոխուին, երբ երկրին կառավարութիւնը փոխուի: Կառավարութիւնները կու գան ու կ՚երթան, եւ մենք, ահա հարիւր տարիէ ի վեր, դեռ կ՚ապրինք այս բռնութիւնը ամենասաստիկ կերպով:
Ամէն պարագայի, մենք բռնադատութիւնն ու անոր կազմաւորման արմատները խնդրական հարց չենք դարձուցած: Ո՛չ ալ լիովին եւ բաւարար կերպով քննած ենք արդիւնքները դար մը առաջ պատահած այդ հզօրագոյն եւ չար բռնադատութեան:
Ինչպէս որ յայտնի է, ցեղասպանութիւնը ոչ միայն կը կործանէ գոյութիւն ունեցող ընկերութիւնը ամէնէն անգութ եւ տաժանելի կերպով, այլ նաեւ կը կաղապարէ կազմութիւնը նոր ընկերութեան մը, պատուած վախի, ատելութեան, ամօթի եւ բռնադատութեան զգացումներով: Ցեղասպանութինը մարդոց մարմինները աւերելու կողքին կը փշրէ նաեւ անոնց իմացողութինը:
Ահաւոր բռնութեան մը պատճառած արմատական կործանումը նկարագրելու համար, Հաննա Արէնտդ ակնարկելով հանրածանօթ «աշխարհի վերջը» արտայայտութեան, կ՚ըսէ.- «Մարդոց նախապէս ապրած կեանքը հիմնովին կը փոխուի եւ կ՚այլափոխուի երեւակայական աշխարհի մը»: Այս նոր աշխարհին մէջ ամէն ինչ տակն ու վրայ դարձած կ՚ըլլայ: Ճշմարտութիւնն ու սուտը տեղափոխուած՝ մէկը միւսին տեղն առած կ՚ըլլայ: Այն, ինչ որ արտառոց էր ու արիւնածարաւ, կը դադրի բացառութիւն մը ըլլալէ եւ կը դառնայ նոր հաստատուած տրամաբանութիւն մը: Այն ինչ որ անցեալին անգութ էր եւ արտառոց, կը դառնայ կանոնաւոր:
Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, որ իր էութիւնը կը հիմնաւորէ ցեղասպանութեան գազանութեան եւ բռնաբարութեան վրայ, կը շարունակէ իր գոյութիւնը վախ ու սպառնալիք սփռելով, եւ իր շուրջ սպառելի ու անհետացման ենթակայ եղող կեանքեր ստեղծելով:
Երէկ՝ հայերուն կեանքերն էին սպառելի: Իսկ այսօր՝ քիւրտերը, կիները, միասեռականները եւ հակառակորդ խմբակցութեան անդամներն են, որ այդ նոյն ճակատագրին կ՚արժանանան:
Քանի որ այս մթնոլորտը կործանում եւ խոց կը վերստեղծէ, եւ կը քաջալերէ պետութեան որդեգրած բռնութեան, անգթութեան եւ ատելութեան քաղաքականութիւնը, մենք տարիներով այս պարուրաձեւ բռնադատութեան մէջ կ՚ապրինք: Եւ քանի որ բռնութիւնը երկրին շարունակական քաղաքականութիւնը դարձած է, ոճիր մը գործելը եւ բռնութիւնը ի շահ երկրին գործադրելը վարձատրութեան վարք մը դարձած է, պատիժ մը ըլլալու փոխարէն:
Մենք այս պարուրաձեւ բռնութենէն պէտք է ազատինք: Յստակ է, որ ասիկա թուրք ընկերութեան՝ ըլլայ «թուրք»ին, ըլլայ «քիւրտ»ին, թէ մնացեալ միւս բոլորին, առաջնակարգ խնդիրն է: Պէտք չէ մոռնալ, որ անցեալը բաղկացուցիչ մէկ մասն է ներկային:
Ինչպէս որ Արէնտդը կը յիշեցնէ մեզ, եթէ չարիքը մէյ մը կրած ըլլանք, բացարձակապէս պատճառ մը չկայ, որ կրնայ արգելք հանդիսանալ անոր կրկնութեան:
Փորձառութիւնները կ՚արձանագրուին մարդուս գիտակցութեան մէջ, եւ անոնք անցեալի մասին եղած ըլլալուն չափ ապագայի մասին ալ են: Հետեւաբար՝ այս պարուրաձեւ բռնութենէն դուրս գալու միակ միջոցը բռնութիւն ստեղծող քաղաքականութեան ընթացքը քննարկելն է: Ընթացք մը՝ որ տարբեր ձեւերով կը կրկնուի ամէն օր: Քննարկումը պէտք է ըլլայ հարցաքննելով արմատները մեր պետութեան, մեր ազգին, մեր ինքնութեան, որոնք հիմնուած են ցեղասպանութեան վրայ: Մենք մեզ հարցնելու ենք մեր մեծ հայրերուն ըրածներուն մասին...:
Մենք դեռ միայն սկիզբն ենք այս դժուար ճամբորդութեան: Ճամբորդութիւն մը՝ մենք զմեզ ու մեր ինքնութիւնը մանրազննութեան ենթարկելու համար: Սկսա՛ծ ենք այս ընելու՝ եւ այլեւս անկարելի է ետդարձը:
Դժուա՛ր ճամբորդութիւն մըն է, բայց՝ անխուսափելի:
Իմ ճամբորդութիւնը սկսաւ մեծ մօրս պատմութիւնը իմանալով: Իր պատմութիւնը ինը տարեկան աղջկայ մը մասին էր, որ ականատես եղած էր անգթութեան, գազանութեան, ջարդի, կողոպուտի եւ ահռելի ցաւերու:
Ան ողջ մնացած էր իր մօրմէն յափըշտակուած ըլլալուն պատճառով՝ խզուելով իր ճանչցած ու վստահած աշխարհէն: Նետուած էր այնպիսի մարդոց մէջ, որոնք սպաննած էին իր սիրելիները, կամ՝ մարդոց, որոնք դիտողնե՜ր եղած էին այդ գազանութիւնները պատահած ատեն: Այս կը նշանակէ, որ ան պիտի կորսնցնէր իր լեզուն, իր կրօնքը, իր անունն ու իր ձայնը: Ան իր պատմութիւնը չպատմած՝ ես ոչինչ գիտէի մեր պատմութեան ամօթալի էջերուն մասին:
Այն, ինչ որ սորվեցայ այդ օր՝ ցնցում, բարկութիւն եւ ըմբոստութիւն ստեղծեց մէջս: Բայց քանի որ այդ հարցը հանրութեան մէջ չէր արծարծուեր, նոյնիսկ անձնական շրջանակի մէջ չէր արտայայտուեր, ես, այն ատեն, քաղաքական կապակցութիւնն ու գիտակցութիւնը չունէի ըմբռնելու այս բոլորը:
Մեծ մայրս թԷեւ տասնեակ մը տարիներ լուռ էր մնացեր, բայց՝ ոչի՛նչ մոռցեր էր: Չէ՛ր մոռցեր անունները իր մօր, հօր, մեծ հօր, գիւղին եւ նոյնիսկ գիւղապետին անունը եւ անոնց փորձառութիւնները: Կարծես այս բոլոր բաները, տարիներու ընթացքին, ինքնիրեն կրկնելով՝ փորձեր էր չմոռնալ, որպէսզի օր մը իր պատմութեան մասին կարենար խօսիլ: Ինձ համար ամէնէն ազդու բանը՝ ա՛յս էր:
Այն, ինչ որ տեղեկացայ մեծ մօրմէս՝ սկսայ բաժնել իմ մտերիմներուն հետ, եւ յետոյ՝ մասնաւորաբար իմ ընկերվարական ընկերներուս հետ: Իմ ուշադրութիւնս գրաւեց այն իրողութիւնը, որ գրեթէ բոլորն ալ նոյնպիսի պատմութիւններ ունէին, եւ մարդոց ձայները փսփսուքի կը վերածուէին, երբ իրենց պատմութիւնները կը բաժնէին ուրիշներուն հետ: Լռութիւնը՝ միայն մեծ մայրերու լռութիւն չէ՛ր: Այլ՝ ամբո՛ղջ ընկերութեան:
Բայց երիտասարդ էինք եւ հետամուտ աշխարհը փոխելու՝ խորհելով, որ ուրիշ աշխարհ մը կարելի է ստեղծել: Մօտէն կը հետեւէինք, թէ ինչ կը պատահի Չիլէի, Արժանթինի եւ Անկոլայի մէջ, եւ բարձրաձայն լոզունգներ կը պոռայինք:
Բայց մէյ մը, երբ կը սկսէինք խօսելու մեր երկրին մէջի եւ մեր աչքերուն առջեւ տեղի ունեցած պատահարներուն մասին, մէկս միւսին ականջին կը սկսէինք փսփսալ, նոյնիսկ երբ նեղ շրջանակի մէջ ըլլայինք: Այս պատճառով է, որ իմ առաջին հարցումս եղաւ.- «Ինչո՞ւ այս լռութիւնը», եւ սկսայ զբաղիլ այս ու նման նոր եւ դժուար հարցերով:
Ի՞նչ պատահեցաւ 1915ին. ի՞նչ պատահեցաւ հայ ժողովուրդին: Ի՞նչ է Ցեղասպանութիւնը, եւ ի՞նչ կը նշանակէ յետապրող մը ըլլալ: Մեծ մայրս, եւ ուրիշ երախաներ ու կիներ, որոնք մեծ մօրս պէս նոյն ճակատագիրն ունեցան, ինչպէ՞ս ողջ մնացին: Եւ ինչո՞ւ այս երախաներուն եւ կիներուն մասին պաշտօնական պատմութեան գիրքերուն մէջ ո՛չ մէկ յիշողութիւն կայ: Ցեղասպանութեան հետեւանքն եղող կործանումն ու խոցը, ինչպիսի՞ արդիւնք կրնան ունենալ մեր վրայ:
Բռնաբար իսլամացման, ձուլման, ուրացման եւ յիշողութեան ջնջումի քաղաքականութիւնը ցեղասպանութեան բաղադրիչ մասե՞րն են: Արդեօք ցեղասպանութիւնը բան մըն էր, որ սկսաւ ու վերջացա՞ւ 1915ին: Այսօ՛ր ի՞նչ են անոր հետեւանքները: Ցեղասպանութիւնը ինչպէ՞ս կը կազմաւորէ մեզ:
Ես գիտեմ՝ Ցեղասպանութեան ատեն մեծ մօրս ո՛ւր ըլլալը: Բայց գիտե՞մ իմ ոչ-հայ մեծ հայրերուս ո՛ւր ըլլալը: Կեանքիս բոլոր երեւոյթներուն մէջ, արդեօք հայկական մաս մը չկա՞յ: Ի՞նչ է արժէքը այն ինքնութեան եւ առանձնաշնորհման, որ ինձ տրուած է: Այն, ինչ որ գիտենք՝ սահմանափակուած է մեզի ըսուածներով: Կարելի՞ է փոխանցել ցեղասպանութիւնը: Ողջ մնացողները ինչպէ՞ս կրցան ապրիլ իրենց վախերով եւ խոցերով: Կարելի՞ է բուժել վէրքերը, որպէսզի ցեղասպանութենէն յետոյ կարելի ըլլայ ամբողջութիւն մը դառնալը:
Այդ ինչպիսի՞ քաջութեան, ուժի եւ վերակենդանացման կարողութիւն պիտք է ունենալ, որ մէկը կարենայ ողջ մնալ այդքան վէրքերէ եւ խոցերէ տառապելէ յետոյ: Կրնա՞նք արդեօք ապագան բարելաւել: Եւ՝ ինչի՞ կարիքն ունինք այդ ընելու:
Կրնամ հետեւեալը ըսել ձեզի: Գիտակից տարրերը թուրք ընկերութեան, մասնաւորաբար երիտասարդները, սկսած են այս հարցումներն ու աւելին ընելու: Եւ թիւը այս տարրին սկսած է բազմանալ:
Երկար յապաղումէ մը յետոյ ըլլալով հանդերձ, 1915ը սկսած է քննուիլ, գիրքեր սկսած են հրատարակուիլ, ֆիլմեր պատրաստուիլ, եւ ակադեմական հետաքրքրութիւնը սկսած է օրէ օր շատնալ: Բաւարա՞ր է ասիկա: Անշուշտ ո՛չ, որովհետեւ դեռ շատ ընելիք կայ, եւ երկար ճամբայ ունինք կտրելիք: Թէեւ նոր ենք սկսեր, բայց հսկայ ճեղք մը բացեր ենք, եւ՝ նախադուռն ալ անցեր:
Այս հարցումներուն պատճառով բացուած միջոցին մէջ նորանոր հարցումներ ընելը ստիպողական եւ անխուսափելի կը դառնայ: Որովհետեւ հասած ենք ճամբուն վերջաւորութեան, որ բեռնաւորուած է պատմութեան ուղեգոյգով: Բռնութեան ամենօրեայ գործունէութիւնները կը հաստատեն, որ այս ճամբան անել ճամբայ մը դարձած է:
Ցեղասպանութեան ճանաչումը պարտաւորութիւն մըն է թէ՛ Թուրքիոյ պետութեան եւ թէ՛ թուրք ընկերութեան համար:
Կարեւոր է Ցեղասպանութեան ճանաչումը՝ զոհերուն արժանապատուութիւնը իրենց՝ ցեղասպանութեան զոհերուն վերադարձնելու համար, անոնց կորուստներուն հատուցում կատարելու համար, արդարութիւնը ապահովելու համար, վէրքերը բուժելու համար, եւ համագոյ ըլլալու համար երկրի մը մէջ, ուր բռնութիւն չկայ: Ամօ՛թ կը զգամ քաղաքացին ըլլալու երկրի մը, որ դեռ կ՚ուրանայ Ցեղասպանութիւնը, եւ՝ ոչ միայն Պոլսոյ կեդրոնը հողադամբան մը կը կառուցանէ արիւնածարաւ մարդասպաններուն համար, այլեւ՝ զայն կ՚անուանէ «Ազատութեան Կոթող» անունով...։
Այս շքանշանը կը ձօնեմ Ցեղասպանութեան բոլոր զոհերուն. յարգանքով կը ձօնեմ մեր բոլոր մեծ հայրերուն ու մեծ մայրերուն, որոնք իրենց կեանքերը կորնցուցին Ցեղասպանութեան ընթացքին. հիացմունքով կը ձօնեմ քաջութիւնն ու ուժը ունեցող մեր վերապրողներուն: Բոլորը թող խաղաղութեան մէջ հանգչին:
Եւ վերջապէս կը յուսամ, որ պիտի ընդունիք այս խոստումը, որ ահա կ՚ընեմ բոլորիդ ներկայութեան: Վստահ կրնաք ըլլալ, սիրելի՛ բարեկամներ, վստա՛հ եղէք, որ բարոյական այն քաջալերանքը, զոր ցուցաբերեցիք այսօր իմ հանդէպ, պիտի մղէ ինձ, որ շարունակեմ պահանջել արդարութի՛ւնը, ճշմարտութի՛ւնը եւ ազատութի՛ւնը ամէն գնով: Պահանջել՝ այնքան ատեն, որ կրնամ պայքարիլ, պահանջել՝ այնքան ատեն, որ ողջ եմ:
Կը խոստանա՛մ:
թարգմանեց՝ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸՍԸՐԼԵԱՆ
8 Դեկտեմբեր 2015