Print
Category: Յօդուածագրութիւն

alt9 Դեկ­տեմ­բե­րը այ­սու­հե­տեւ կը նշուի իբ­րեւ հայ­կա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին կող­մէ որ­դեգ­րո­ւած Մ.Ա.Կ.ի օ­րա­ցոյ­ցին նե­րա­ռո­ւած յա­տուկ օր:

Այս տա­րո­ւան 11 Սեպ­տեմ­բե­րին Մ.Ա.Կ.ի Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վին կող­մէ ըն­դու­նո­ւած բա­նա­ձե­ւը, ո­րուն նա­խա­գի­ծը ներ­կա­յա­ցու­ցած էր Մ.Ա.Կ.ի մօտ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, 9 Դեկ­տեմ­բե­րը կը հռչա­կէր Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու Զո­հե­րու Յի­շա­տա­կի Ո­գե­կոչ­ման Մի­ջազ­գա­յին Օր:

Ն­ման բա­նա­ձե­ւի ամ­րագր­ման մէջ հայ­կա­կան առն­չու­թիւն­նե­րու ընդգծման փոր­ձը հե­տե­ւեալ մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րուն ա­ռիթ կու տայ:

Նախ՝ ան­շուշտ այն, որ բա­նա­ձե­ւը ներ­կա­յա­ցո­ւած էր Մ.Ա.Կ.ի մօտ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին կող­մէ: Ա­ռա­ջար­կի ներ­կա­յաց­ման ո­րո­շումն ու մա­նա­ւանդ են­թա­հող գտնե­լը դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­ռու­մով նա­խա­պատ­րաս­տա­կան եր­կա­րա­տեւ աշ­խա­տանք­նե­րու ար­դիւնք էր: Ե­րե­ւա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ բա­նա­ձե­ւին հա­մա­հե­ղի­նակ դար­ձած էր 84 պե­տու­թիւն:

Ա­պա՝ Մ.Ա.Կ.ի մօտ Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, ա­ռա­ջար­կո­ւող բա­նա­ձե­ւը Սեպ­տեմ­բեր 11ի Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին ներ­կա­յաց­նե­լու ըն­թաց­քին, խօ­սած էր իր «պարտ­քի զգա­ցու­մին» մա­սին: Յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցա­նե­լով Ռա­ֆա­յէլ Լեմ­քի­նի, որ ստեղ­ծած էր ցե­ղաս­պա­նու­թիւն եզ­րը, դես­պա­նը ը­սած էր.- «­Մի­ջազ­գա­յին օ­րը կը վե­րա­կանգ­նէ ան­ցեա­լին ան­տար­բե­րու­թեան մատ­նո­ւած զո­հե­րու ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը: Մի­լիո­նա­ւոր մար­դոց կեան­քի ան­ձեռնմ­խե­լիու­թեան ժխտու­մը ծայ­րա­գոյն ա­նար­դա­րու­թիւն է:

Ժխ­տո­ղա­կա­նու­թիւ­նը կը խո­ցէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը վե­րապ­րած­նե­րու սե­րունդ­նե­րը: Մենք կը խօ­սինք մեր փոր­ձէն մեկ­նած»:

Ընտ­րո­ւած օ­րը` Դեկ­տեմ­բեր 9ը, 1948ին Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Յան­ցա­գոր­ծու­թեան Կան­խար­գիլ­ման եւ Պատ­ժու­մին մա­սին Մ.Ա.Կ.ի Ուխ­տա­գի­րի ըն­դուն­ման օրն է: Փաստ է, որ եզ­րի բա­ցատ­րա­կա­նին մէջ հե­ղի­նա­կը, բնու­թագր­ման իր հիմ­նա­ւո­րում­նե­րուն շար­քին, ներ­կա­յա­ցու­ցած էր Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան օ­րի­նա­կը:

Հայ­կա­կան առն­չու­թիւն­նե­րու այս ընդգ­ծու­մը կա­րե­ւոր է, քա­նի որ բա­նա­ձե­ւը կը խօ­սի բո­լոր ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րուն մա­սին: Ըն­կա­լու­մը այս պա­րա­գա­յին կը վե­րա­բե­րի թէ՛ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան (100), թէ՛ Օ­շո­ւի­ցի ա­զա­տագր­ման (40), թէ՛ Քամ­պո­տիոյ Կար­միր խմեր­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­ցած սպան­դի (40) ա­մեակ­նե­րուն, բայց նաեւ Ռո­ւան­տա­յի, Ս­րեպ­րե­նի­ցա­յի, Պոս­նիոյ եւ Հեր­ցե­կո­վի­նա­յի զո­հե­րուն յի­շա­տա­կին:

Հայ­կա­կան մար­տա­վա­րա­կան մօ­տե­ցու­մը լիար­ժէք յա­ջո­ղած էր Սեպ­տեմ­բեր 11ին: Բա­նա­ձե­ւը ոչ միայն միա­ձայ­նու­թիւն չէր ստա­նար, այլ նաեւ կը խա­փա­նո­ւէր, ե­թէ հայ­կա­կան բնո­րո­շու­մը նե­րա­ռո­ւած ըլ­լար:

Հայ­կա­կան կող­մէն հեր­թա­կան՝ 9 Դեկ­տեմ­բե­րի մի­ջազ­գա­յին օ­րո­ւան նշու­մը ա­ւե­լիով կ­՛ընդգ­ծէ օ­րո­ւան որ­դեգ­րու­մի հայ­կա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան ի­րո­ղու­թիւ­նը եւ ա­ւե­լիով կը նե­րա­ռէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կը:

Նո­րա­ցո­ւած խոր­հուր­դով ա­ռա­ջին 9 Դեկ­տեմ­բեր ըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռով է, հա­ւա­նա­բար, որ հայ­կա­կան քա­րոզ­չա­քա­ղա­քա­կան դաշ­տին մէջ ո­րոշ կրա­ւո­րա­կա­նու­թիւն ե­րեւ­ցաւ բո­լոր ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու զո­հե­րուն յի­շա­տա­կի մի­ջազ­գա­յին օ­րուան նկատ­մամբ: Քա­ղա­քա­կան մօ­տե­ցու­մը, գոր­ծադ­րո­ւած մար­տա­վա­րա­կա­նին նմա­նո­ղու­թեամբ, կը յու­շէ աշ­խոյժ ո­գե­կո­չում այս ա­ռի­թով:

Տար­բեր պե­տու­թիւն­նե­րու մայ­րա­քա­ղաք­նե­րուն մէջ հայ­կա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, բայց նաեւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու են­թար­կուած այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, այ­սինքն բա­նա­ձե­ւին հա­մա­հե­ղի­նա­կու­թիւն ա­պա­հո­վե­լու քայ­լե­րուն նման, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կի օ­րո­ւան մի­ջազ­գայ­նա­ցու­մը նոր բարձ­րա­կէ­տեր կրնայ ա­պա­հո­վել այս ձե­ւով: Իւ­րա­քան­չիւր երկ­րի Մ.Ա.Կ.ի գրա­սե­նեակ­նե­րուն մօտ եւս հեր­թա­կան 9 Դեկ­տեմ­բե­րին յղո­ւե­լիք յու­շա­գիր, միայն դրա­կան ար­ձա­գան­գում եւ գործ­նա­կան մաս­նակ­ցու­թիւն կրնայ ա­պա­հո­վել: Մի­ջազ­գա­յին ո­րե­ւէ ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւն բնա­կա­նա­բար հա­մա­պա­տաս­խան դրսե­ւո­րում կ­՛ու­նե­նայ Մ.Ա.Կ.ի Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վին կող­մէ որ­դեգ­րո­ւած բա­նա­ձե­ւին եւ հռչա­կո­ւած օ­րո­ւան խոր­հուր­դին:

9 Դեկ­տեմ­բե­րը 100ա­մեա­կի կա­րե­ւոր ձեռք­բե­րում­նե­րէն է: Ա­նոր ո­գե­կո­չու­մը եւս, որ­դեգր­ման ե­ղա­նա­կին հե­տե­ւո­ղու­թեամբ, մեր նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը եւ այ­լոց միա­նալն ու զօ­րակ­ցի­լը կ­՛ըլ­լայ ան­պայ­ման:

«Ազ­դակ»