Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altՎա­հան Թէ­քէեան բա­նաս­տեղ­ծը փառք մըն է ար­դի հայ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մէջ:
Զիս կը յի­շեց­նէ յոյն աշ­խար­հահռ­չակ մեծ բա­նաս­տեղծ Գոնս­տան­տի­նոս Գա­վա­ֆի­սը, որ գրե­թէ տա­րե­կից էր հայ բա­նաս­տեղ­ծին եւ կը ստեղ­ծա­գոր­ծէր Ե­գիպ­տո­սի Ա­ղեք­սանդ­

րիա յու­նա­հոծ քա­ղա­քին մէջ:
Կ­՛ար­ժէ, յար­մար ա­ռի­թով մը, այս եր­կու նշա­նա­ւոր բա­նաս­տեղծ­նե­րուն գրած քեր­թո­ւած­նե­րը բաղ­դա­տա­կան վեր­լու­ծու­մի են­թար­կել ու զայն հրա­տա­րա­կել մեր մա­մու­լին մէջ:
Հե­տաքրք­րա­կան ճիգ մը կը նկա­տեմ այս մէ­կը:
Եր­կու­քին հա­մար ալ, ո­րա­կեալ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը ապ­րում էր, զգա­ցում եւ ճշմար­տու­թիւն:
Ան­ցեա­լի ու ներ­կա­յի ի­րա­կան կեան­քը ներ­կա­յաց­նող ար­տադ­րու­թիւն, շար­ժում ու կեանք:
Ա­թէն­քի նա­խակր­թա­րա­նի ան­մո­ռա­նա­լի ու­սու­ցիչս, գրող Սօս-­Վա­նին, հա­յե­րէ­նի դա­սա­ւան­դու­թեանց ըն­թաց­քին, զգա­ցու­մով ու մեզ խան­դա­վա­ռե­լով կը կար­դար Թէ­քէեա­նի կարգ մը քեր­թո­ւած­նե­րը, ո­րոնք սիրց­նել կու տա­յին բա­նաս­տեղ­ծը:
Մեր պա­տա­նի հո­գի­նե­րուն մէջ նաեւ հա­յա­սի­րու­թիւն կը դրոշ­մէին:
Իր «­Հա­շո­ւե­յար­դար»ը մեծ տպա­ւո­րու­թիւն թո­ղած էր ին­ծի, ինչ­պէս «Ե­կե­ղե­ցին Հայ­կա­կան»ը, «­Հա­յու Հո­գին» եւ այլ ազ­գայ­նա­շունչ քեր­թո­ւած­նե­րը:
Տա­րի­ներ ետք, Վե­նե­տի­կի «­Մու­րատ-­Ռա­փա­յէ­լեան» վար­ժա­րա­նին մէջ, ա­ւե­լի խո­րա­ցանք մեծ բա­նաս­տեղ­ծի գոր­ծին մէջ, ո­րուն ազ­գա­յին ու մարդ­կա­յին շունչ ներշն­չող քեր­թո­ւած­նե­րը գոց կը սոր­վէինք ու ա­ռիթ­նե­րով զա­նոնք կ­՛ար­տա­սա­նէինք: «Ինչ որ գնաց ու­րի­շին վե­րա­դար­ձաւ ա­նուշ­ցած: Ու զօ­րա­ցած հո­գիիս մէջ մնա­լու յա­ւի­տեան»:

Եւ իս­կա­պէս, կը մտա­ծէի այն ա­տեն (հի­մա ալ նոյ­նը կը մտա­ծեմ), կեան­քի ի­մաս­տու­թիւ­նը կը թե­լադ­րէ մե­զի, թէ կա­րի­քա­ւո­րին օգ­նե­լով, հո­գե­պէս ա­ւե­լի հա­րուստ կը զգանք:

Բա­րե­սի­րա­կան ա­րար­քէն բխող գերբ­նա­կան զգա­ցում մըն է այս մէ­կը, որ կապ չու­նի օգ­նու­թեան հաս­նող ան­հա­տին անձ­նա­կան փա­ռա­սի­րու­թիւն­նե­րուն, ակն­յայտ պա­տիւ­նե­րուն, շքեղ մե­ծա­րանք­նե­րուն եւ ստա­ցած մե­տալ­նե­րուն հետ, ո­րոնք ըստ իս, սնա­մէջ են ու ան­կա­րե­ւոր ու չեն յա­րա­բե­րո­ւիր ճշմա­րիտ հարս­տու­թեան հետ, որ նե­րաշ­խար­հա­յին, մարդ­կա­յին ու ան­բիծ զգա­ցում մըն է ար­դա­րեւ: Այս իս­կա­կան բա­րե­սի­րա­կան ա­րար­քը ա­ւե­լի զգալ կը նշա­նա­կէ, քան ըլ­լալ:

Ար­դէն ճշմա­րիտ հարս­տու­թիւ­նը զգա­լուն մէջ կը կա­յա­նայ, ոչ թէ ցու­ցա­մոլ ար­տա­քին ե­րե­ւոյթ­նե­րուն մէջ, ո­րոնք ա­նի­մաստ են ու մո­խիր:

Այժմ, վերջ­նա­կա­նա­պէս Հա­յաս­տան հաս­տա­տո­ւած ենք, տիկ­նոջս հետ, ու ա­զատ ժա­մե­րուս, խա­ւա­քար­տէ տու­փե­րուս մէջ դի­զած հին թուղ­թերս աչ­քէ կ­՚ան­ցը­նեմ ու կը ջա­նամ զա­նոնք դա­սա­ւո­րել, մտո­վին դէ­պի ետ ճամ­բոր­դե­լով ու հո­գե­կան բա­ւա­րա­րու­թիւն զգա­լով:

Ին­ծի հա­մար հո­գե­հա­ճոյ զբա­ղում մըն է ը­րածս, որ եր­բեմն քա­նա­կը դի­տե­լով, ան­հա­ւա­տա­լի կը թո­ւի, որ զիս մտո­վին եւ զգա­ցում­նե­րով դէ­պի ան­ցեալս կը տա­նի...:

Թէ­քէեա­նը եւ ու­րիշ նոյ­նար­ժէք ու ո­րա­կա­ւոր հայ եւ օ­տար բա­նաս­տեղծ­ներ ու ար­ձա­կա­գիր­ներ, եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր (եւ մին­չեւ օրս), մե­ծա­պէս ազ­դած ու խան­դա­վա­ռած են զիս ու եր­բեմն ալ բնա­ծին մտո­րում­ներս սպի­տակ թուղ­թին մրո­տել տո­ւած:

Հոս, հայ­րե­նա­կան Ու­շի գիւ­ղիս մէջ, կեա­նքիս դան­դաղ մայ­րա­մու­տին, կեան­քիս մէջ հա­ւա­տա­ցած­նե­րուս զու­գըն­թաց ու նպա­տա­կաս­լաց կեանք մը ապ­րե­լով հան­դերձ, ձմրան անն­պաստ օ­րե­րուն, երբ ար­տիս մէջ չեմ աշ­խա­տիր, գրա­դա­րա­նիս մէջ ամ­փո­փո­ւած, մերթ ընդ մերթ, դեղ­նո­տած հին թուղ­թերս վերս­տին աչ­քէ կ­՛ան­ցը­նեմ (ո­մանք կի­սա­ւարտ են, իսկ ու­րիշ­նե­րուն վրայ միայն յղա­ցում­ներս նո­թագ­րած եմ), անն­շան հպում­ներ կը կա­տա­րեմ, եր­բեմն կ­՛ամ­բող­ջաց­նեմ ու զա­նոնք կը մե­քե­նագ­րեմ հա­մա­կար­գի­չիս սպի­տակ պաս­տա­ռին վրայ եւ ա­ռանց յա­ւակ­նու­թեան (մեծ բա­ներ չեն ա­նոնք) կը ղրկեմ մա­մու­լին:

Ինչ որ կու տաս ու­րի­շին

Ինչ որ կու տաս ու­րի­շին

կեանքդ ա­նով կը լե­ցո­ւի.

անձդ միայն խնկե­լով

ա­պեր­ջա­նիկ դուն կ­՛ապ­րիս:

Հարս­տու­թիւն նիւ­թա­կան

ո­մանք ի սպառ կը դի­զեն

ու սինլ­քոր կեան­քեր­նին

դէ­պի փոս կը քաշք­շեն:

Չեն հա­ւա­տար բա­րու­թեան

ու ինք­նա­գոհ դի­զած­նին

ի­րենց ե­տին ձգե­լով

ընդ­միշտ կ­՛եր­թան, կ­՛ան­հե­տին:

Բա­րի գոր­ծեր երբ ը­նես

ու­րախ կեանք մը դուն կ­՛ապ­րիս,

լոյս կը շո­ղայ հոգ­ւոյդ մէջ

ու եր­ջա­նիկ «կը մեկ­նիս»:

Ինչ որ կու տաս ու­րի­շին,

լաւ ի­մա­ցիր, չ­՛ան­հե­տիր,

նոյ­նիսկ մա­հէդ ալ ան­դին

մար­դոց սրտին մէջ կ­՛ապ­րիս:

Մար­գար Շա­րապ­խա­նեան