Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altՉորս հա­րիւր տա­րի Ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պան ա­հով ու սար­սա­փով դի­մա­ւո­րեց նրա (թուր­քին) դժո­խա­յին ար­շա­ւին, մին­չեւ որ 17րդ դա­րում, Վիենն­նա­յի պա­տե­րի տակ, վերջ­նա­կան­պէս կտրեց նրա ա­ռաջ անց­նե­լու յոյ­սը:

Յով­հան­նէս Թու­մա­նեան

 

Կ­’ու­սա­նինք, բա­ներ կը սոր­վինք՝ քննու­թեան մը յա­ջո­ղե­լու հա­մար, կրկնե­լով պա­հան­ջո­ւա­ծը, ո­րոնք կը դառ­նան ար­հեստ կամ թու­թա­կա­յին կար­գա­խօս: Այդ

ճա­հի­ճին մէջ չխրե­լու եւ հոն չմնա­լու հա­մար, կեն­սա­կան է յա­ճա­խել «մեծ»ե­րու դպրո­ցը, մար­դոց՝ ո­րոնք կ’ան­ջա­տո­ւին ըն­թա­ցի­կէն, կը գե­րա­զան­ցեն ան­մի­ջա­կա­նը, ո­րոնք ոչ թէ ի­րենց կօ­շի­կի քի­թին կը նա­յին, այլ գի­տեն հո­րի­զո­նը եւ ան­կէ ան­դի­նը դի­տել:

Ի­րաւ «մեծ»ե­րը ժա­մա­նա­կը կը դրոշ­մեն, կ’ը­սեն՝ ռահ­վի­րայ, ճամ­բա­ցոյց կ’ըլ­լան ի­րենց ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րուն եւ յետ­նորդ­նե­րու: Քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րը ան­մի­ջա­կա­նով կը տա­րո­ւին ընդ­հան­րա­պէս եւ ի­մաս­տուն դառ­նա­լու ժա­մա­նակ չու­նին:

Իսկ ի­մաս­տու­թիւ­նը, այ­սինքն հո­րի­զո­նին եւ ան­կէ ան­դին նա­յե­լու ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէ, որ մար­դիկ ոչ թէ միայն մե­ծա­մեծ հա­մալ­սա­րան­նե­րը եր­թան, այլ՝ «մեծ»ե­րու դպրո­ցը, ո­րոնք միայն դրօ­շա­կի վե­րա­ծո­ւած ա­նուն­նե­րը չեն, այլ կան չմի­ջազ­գայ­նա­ցած մե­ծեր, ո­րոնց խօս­քը կը մնայ ստո­ւե­րի մէջ: Ափ­սո՜ս…

Այս օ­րե­րուն աշ­խարհ ի­րա­րան­ցու­մի մէջ է, իր ա­նու­նը չը­սող տե­սակ մը Եր­րորդ Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մը սկսած է:

Ա­նոր ա­ռաջ­քը կա­րե­լի կ’ըլ­լայ հա­ւա­նօ­րէն առ­նել, ե­թէ «մեծ»ե­րու դպրո­ցէն ստա­նանք ի­մաս­տու­թիւ­նը: Փոք­րիկ հայ ժո­ղո­վուր­դին մեծ բա­նաս­տեղ­ծը, խոր­հե­լով ա­նոր կա­ցու­թեան մա­սին, լու­սա­ւոր միտ­քեր ար­տա­յայ­տած է, ո­րոնց­մէ տե­ղեակ չեն ժա­մա­նա­կա­կից աշ­խար­հի ա­ռաջ­նորդ­նե­րը: Գէթ մենք ե­թէ տե­ղեակ ըլ­լանք, սպաս­ման սե­նեակ­նե­րու մէջ երբ դի­մում­ներ կ’ը­նենք, եր­բեմն գե­ղե­ցիկ բայց ան­հե­տե­ւանք խօս­քեր լսե­լու հա­մար, հայ «մեծ»ե­րու պայ­ծառ միտ­քե­րը կը դնենք ա­նոնց առ­ջեւ:

Այ­սօր մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լը ան­վա­րան կը խօ­սի Թուր­քիոյ երկ­դի­մի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, ա­հա­բեկ­չու­թեան ա­նոր բե­րած ուղ­ղա­կի եւ ա­նուղ­ղա­կի նպաս­տին մա­սին, ոչ միայն մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լը, այլ նաեւ թուրք պար­կեշտ մա­մու­լը: Թր­քա­կան «­Ճում­հու­րի­յէթ» թեր­թի խմբա­գի­րը հա­լա­ծան­քի են­թա­կայ է, փաս­տեր հրա­պա­րա­կած ըլ­լա­լով, որ թրքա­կան գաղտ­նի սպա­սար­կու­թիւն­նե­րը բեռ­նա­կառ­քով Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան զէնք-զի­նամ­թերք տո­ւած են: Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հի որ­դին եւ ու­րիշ­ներ նոյն այդ Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան բռնագրա­ւած նաւ­թա­հո­րե­րու քա­րիւ­ղը կը գնեն եւ կը ծա­խեն, նպաս­տե­լով ա­հա­բեկ­չու­թեան ծա­ւալ­ման:

Մար­դիկ կը լսեն, կը գրեն կը խօ­սին: Կը մնան ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան մա­կար­դա­կին:

Ե­թէ Յով­հան­նէս Թու­մա­նեան կար­դա­յինք, թարգ­մա­նէինք, մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը լու­սա­բա­նէինք ա­նոր խօս­քե­րով, օգ­տա­կար կ’ըլ­լա­յինք Հայ­կա­կան Հար­ցին եւ մի­ջազ­գա­յին խա­ղա­ղու­թեան, զոր կա­րե­լի չէ հաս­տա­տել մի­լիառ տո­լա­րի կա­շառ­քով եւ ինք­նա­խա­բէու­թեամբ Թուր­քիան Եւ­րո­պա հա­մա­րե­լով: Ին­չո՞ւ պատ­մու­թեան դա­սին ունկն­դիր չեն: Ան­մի­ջա­կա­նը կը կուրց­նէ եւ կը խլաց­նէ:

Յով­հան­նէս Թու­մա­նեան, 1913ին, «­Հայ­կա­կան հարցն ու ա­նոր լու­ծու­մը» խո­րագ­րին տակ, գրած է.-

«Էն օ­րո­ւա­նից, որ նա (թուր­քը, Յ.Պ.), ան­հայ­րե­նիք, Ի­կո­նիա­յի հո­վիտ­նե­րից ձի նստեց ու վեր կա­ցաւ ու­րիշ հայ­րե­նիք­նե­րի վրայ ար­շա­ւե­լու, մին­չեւ է­սօր դեռ չի ի­ջել իր ձիուց: Էն օ­րո­ւա­նից, որ մեր­կաց­րեց իր սու­րը ժո­ղո­վուրդ­նե­րը կո­տո­րե­լու հա­մար, մին­չեպ է­սօր դեռ պա­տեան չի դրել, եւ 1453 թո­ւա­կա­նի Մա­յի­սի 29ից, ինչ որ Սուլ­թան Մահ­մուդ 2րդը, ըստ ա­ւան­դու­թեան, իր ա­րիւ­նոտ ձեռ­քը զար­կեց սուրբ Գե­րի­մաս­տու­թեան (Ա­յա Սո­ֆիա­յի) տա­ճա­րի պա­տին, մին­չեւ է­սօր դեռ չի մաք­րո­ւել սուլ­թան­նե­րի ա­րիւ­նա­թա­թախ ձեռ­քը:

«­Թուր­քի վրայ էլ չեն կա­րող յոյս դնել եւ յոյս չեն դնում ոչ կո­տո­րած­նե­րից ա­զա­տուած ու մշտա­պէս կո­տո­րա­ծի տակ ապ­րող հայ ժո­ղո­վուր­դը, որ ան­վերջ կո­տո­րած­նե­րին ու հարս­տա­հա­րու­թիւն­նե­րին հան­դի­սա­տես օ­տար­նե­րը:» (Ընդգծ. Յ.Պ)։

Նաեւ՝ օ­տար­նե­րը:

Այ­սօր ալ կը շա­րու­նա­կո­ւի «իր ձիուց վար չի­ջած թուրք»ի ըն­թաց­քը: Ան հա­սած էր մին­չեւ Վիեն­նա­յի դռնե­րը: Հի­մա, ա­ռանց սահ­մա­նա­փա­կու­մի մուտք պի­տի ու­նե­նայ եւ ան­զէն պի­տի գայ Եւ­րո­պա: Եւ­րո­պան «սա­լամ ա­լէք» կ’ը­նէ, այն միա­միտ հա­ւատ­քով, մի­լիառ տա­լով եւ իր դռնե­րը բա­նա­լով, որ Թուր­քիան իր դաշ­նա­կի­ցը կ’ըլ­լայ, երբ ոչ ո­քի հա­մար գաղտ­նիք է, որ Սու­րիան ա­պա­կա­յու­նաց­նե­լու հա­մար կը գոր­ծակ­ցի Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան, զէնք կը տրա­մադ­րէ, իր հո­ղա­մա­սէն ա­նոնց ա­զատ եր­թե­ւե­կը կը հան­դուր­ժէ:

Ո՞ր մարդ­կա­յին եւ քա­ղա­քակրթա­կան ար­ժէք­նե­րուն հպա­տա­կե­լով, Ա­յա Սո­ֆիան չի վե­րա­դար­ձո­ւիր քրիս­տո­նէու­թեան: Խօ­սի՞նք ա­խո­ռի վե­րա­ծո­ւած հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մա­սին:

Թր­քա­կան կայ­սե­րա­պաշ­տու­թեան հար­ցը ե­թէ չլու­ծո­ւի, պա­տե­հա­պաշ­տու­թեամբ պի­տի շա­հա­գոր­ծո­ւի կրօ­նա­կան մո­լե­ռան­դու­թիւ­նը եւ մի­ջազ­գա­յին ա­պա­կա­յու­նա­ցու­մը պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի:

Քա­ղա­քա­կիրթ աշ­խար­հը տար­րա­կան ող­ջա­խո­հու­թիւն պի­տի ու­նե­նա՞յ ցո­րե­նը ո­րո­մէն զա­տե­լու եւ ըստ այնմ գոր­ծե­լու, մարդ­կու­թեան խնա­յե­լու հա­մար դժբախ­տու­թիւն­ներ:

Վերս­տին կար­դալ Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նի ի­մաս­տու­թիւ­նը:

Ե­թէ քա­ղա­քա­կիրթ աշ­խարհն ալ կար­դա­ր…

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ