Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարածքին յաճախակի սկսած են դառնալ զինեալ յարձակումները, յատկապէս այնպիսիք, որոնք մեծաթիւ զոհեր կը խլեն: Իւրաքանչիւր նման դէպքի յաջորդող օրերուն կը կատարուին հանրային բուռն քննարկումներ, որոնց հիմնական շեշտը կը դրուի զէնք ունենալու ար
տօնութեանց դիմաց սահմանափակումներ դնելու հրամայականին վրայ, որուն կ՛ընդդիմանան Ամերիկայի Սահմանադրութեան երկրորդ յաւելուածը՝ «Զէնք կրելու անբռնաբարելի իրաւունք»ը, անփոփոխ պահելուն հանդէպ նախանձախնդիր ուժերը:
Այս յաւերժական թուացող եւ բացի աննշան բարելաւումներէն՝ ոչ մէկ շօշափելի արդիւնքի հասնող վէճերէն անդին, շատ քիչ կը խօսուի այն ընկերային-հասարակական վէրքերուն մասին, որոնք վստահաբար աւելի մեծ դեր կը խաղան, իբրեւ՝ մարդը չարութեան ու ոճիրի մղող ազդակներ:
Ամերիկեան իրականութեան մէջ յամեցող ու, հակառակ տասնամեակներու պայքարին, հակառակ կրթական ու մշակութային համակարգուած ճիգերուն՝ խոր արմատներ պահպանող ցեղային խտրականութիւնը, որուն տգեղ դէմքը վերջերս առաւել զգայացունց դրսեւորումներ կ՛ունենայ ոստիկանութիւն-հանրութիւն յարաբերութեանց հարթութեան վրայ, կը հրահրէ խտրականութեան զոհերուն մօտ ատելութիւն՝ նախ ամերիկեան պետական համակարգին, ապա անոր ներկայացուցիչներուն եւ շատ դիւրութեամբ տարածուելով՝ ընդհանրապէս ընկերութեան հանդէպ: Միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կատարելագործուած քարոզչութիւնն ալ վարպետօրէն կ՛ուղղորդէ համակարգին դէմ ընդվզած եւ իրենց շրջապատին հանդէպ բարկութեամբ տոգորուածները՝ դէպի ոճրային անհեթեթ գործողութիւններ:
Թէ՛ տեղական՝ ամերիկեան միջավայրի, թէ՛ համաշխարհային մակարդակով, Միացեալ Նահանգներու պետական համակարգը պարտաւոր է վերանայելու կառուցուածքային ուժ ստացած ու անարդարութիւններ խրախուսող իր քաղաքական եւ ընկերային վարքագիծը՝ իբրեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի առաւել ազդու զէնքի:
Աբօ Պողիկեան «Ասպարէզ»