Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Իմ նա­խորդ յօ­դո­ւա­ծիս մէջ կը շեշ­տէի սոր­վե­լու դժո­ւա­րու­թիւն ու­նե­ցող ե­րե­խա­նե­րու պա­րա­գան, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք ա­մէ­նէն խո­ցե­լի­ներն են մեր ըն­կե­րու­թեան մէջ, եւ յա­ճախ ա­նոնց ձա­խո­ղու­թիւ­նը ի­րենց կը վե­րագ­րո­ւէր (յատ­կա­պէս՝ ծու­լու­թեան), մինչ­դեռ հար­ցը կրթա­կան հա­մա­կար­գին ձա­խո­ղու­թիւնն էր,

որ նկա­տի չէր ու­նե­նար ի­րենց դի­մաց բարձ­րա­ցող խո­չըն­դոտ­նե­րը, ա­ռա­ւել՝ յան­ցա­ւո­րի զգա­ցու­մով կը բեռ­նա­ւո­րէր այդ ան­հատ­նե­րը:

Ա­սոր ա­մէ­նէն ցայ­տուն օ­րի­նա­կը կը վե­րա­բե­րի դժ­-ըն­թեր­ցու­թիւն (dyslexia) ու­նե­ցող ե­րե­խա­նե­րուն: Մենք յա­ճախ չենք անդ­րա­դառ­նար այն պարզ ի­րո­ղու­թեան, որ մինչ խօ­սի­լը շատ բնա­կան ե­րե­ւոյթ է մարդ ա­րա­րա­ծին հա­մար եւ մե­զի հետ զար­գա­ցած է հա­զա­րա­ւոր տա­րի­նե­րէ ի վեր, կար­դա­լը շատ ա­ւե­լի ուշ ձեռք բե­րո­ւած կա­րո­ղու­թիւն մըն է, քա­նի մը հա­զար տա­րի­նե­րու կեանք ու­նե­ցող, մա­նա­ւանդ՝ ե­թէ նկա­տի ու­նե­նանք, որ մին­չեւ քա­նի մը դար ա­ռաջ ան մե­նաշ­նորհն էր մաս­նա­ւոր դա­սա­կար­գի մը եւ 19րդ դա­րէն սկսեալ սկսաւ ժո­ղովր­դա­յին լայն խա­ւե­րու մէջ տա­րա­ծո­ւիլ: Տիս­լեք­սիա ու­նե­ցող ա­շա­կեր­տին հա­մար իս­կա­պէս դժո­ւար է հնչիւ­նը կա­պել հա­մա­պա­տաս­խան տա­ռին հետ: Իսկ նման դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը վեր­ջերս ա­ւե­լի լաւ ձե­ւով սկսած ենք հասկ­նալ MRI մե­քե­նա­նե­րուն մի­ջո­ցաւ, ո­րոնք ցոյց կու տան, որ ի՛նչ կը պա­տա­հի ու­ղե­ղի տար­բեր բա­ժին­նե­րուն մէջ, երբ ա­շա­կե­տը կը փոր­ձէ կար­դալ կամ հասկ­նալ իր դի­մաց գտնո­ւող տե­ղե­կու­թիւ­նը:

Ինչ­պէս նա­խա­պէս նշած էի, ու­սա­նո­ղու­թեան շուրջ 15 առ հա­րիւ­րը սոր­վե­լու դժո­ւա­րու­թիւն­ներ կ’ու­նե­նայ եւ ա­սոնք յա­տուկ դրա­կան մի­ջամ­տու­թեան կը կա­րօ­տին: Ա­սոնց­մէ 10 առ հա­րիւ­րին կա­րե­լի է ա­ւե­լի դիւ­րին օգ­տա­կար ըլ­լալ, իսկ 5 առ հա­րիւ­րը միշտ ալ մաս­նա­ւոր ու­շադ­րու­թեան են­թա­կայ պի­տի ըլ­լայ եւ ա­նոր ան­ցում­նե­րը նա­խակր­թա­րա­նի ա­ռա­ջին շրջա­նէն՝ երկ­րոր­դը, միջ­նա­կարգ, երկ­րոր­դա­կան եւ կեան­քի աս­պա­րէզ՝ պէտք է յա­տուկ ծրագ­րով պատ­րաս­տո­ւի: Ծաղ­կո­ցէն սկսեալ ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րը ճա­կա­տագ­րա­կան են ե­րե­խա­յին ու­սում­նա­կան ա­պա­գա­յին հա­մար, ո­րով­հե­տեւ երբ ան նա­խակր­թա­րա­նի երկ­րորդ շրջա­նը հաս­նի՝ շատ ուշ կ’ըլ­լայ մի­ջամ­տե­լու հա­մար: Իսկ երբ այդ մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րը չըլ­լան՝ 15 առ հա­րիւ­րի տո­կո­սը եւս կ’ա­ւել­նայ: Ան­շուշտ այս հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րուն մէջ նկա­տի ու­նիմ կեդ­րո­նա­ցու­մի դժո­ւա­րու­թիւն ու­նե­ցող կամ գե­րաշ­խուժ ե­րե­խա­նե­րը նաեւ: Հե­տաքրք­րա­կա­նօ­րէն նոյն 15 առ հա­րիւ­րի տո­կո­սա­յին հա­մե­մա­տու­թեան մէջ կ’իյ­նան կար­գա­պա­հա­կան դժո­ւա­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցող ե­րե­խա­նե­րը, եւ այս մէ­կը զար­մա­նա­լի չէ, ո­րով­հե­տեւ այս եր­կու դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը շատ յա­ճախ ի­րա­րու կա­պո­ւած են:

Երբ ա­ռի­թով մը նման դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րու մաս­նա­գէտ դոկտ. Քա­րէն Կա­զի­թին հար­ցու­ցի, թէ ի՞նչ լե­զո­ւով պէտք է կա­տա­րո­ւի այս մի­ջամ­տու­թիւ­նը, ա­ներկ­բա­յօ­րէն պա­տաս­խա­նեց՝ մայ­րե­նի լե­զո­ւով: Գի­տեմ որ մայ­րե­նի լե­զո­ւի յղաց­քը այ­սօր բազ­մա­թիւ նոր սահ­մա­նում­ներ ու­նի, այ­սօ­րո­ւան ըն­կե­րա­յին ի­րա­կա­նու­թեան պատ­ճա­ռաւ,- խառն ա­մուս­նու­թիւն­նե­րէն սկսեալ մին­չեւ եր­կու հայ ան­հատ­ներ, ո­րոնք ի­րենց լե­զուն լաւ չեն գի­տեր կամ նո­ւա­զա­գոյն չա­փե­րով կը գոր­ծա­ծեն՝ տար­բեր կա­ցու­թիւն­նե­րու դի­մաց կը դնեն են­թա­կան, սա­կայն մայ­րե­նի լե­զո­ւի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը նման հար­ցե­րու դար­ման­ման մէջ կը մնայ կեն­սա­կան:

Ան­կախ մեր ազ­գա­յին կամ գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան մտա­հո­գու­թիւն­նե­րէն կամ թե­զե­րէն՝ գի­տա­կան փաս­տե­րը եւս կը շեշ­տեն մայ­րե­նիին կա­րե­ւոր կա­պը մարդ­կա­յին օր­կա­նիզ­մին եւ ման­կա­վար­ժու­թեան մէջ: Տա­կա­ւին այս տա­րի, Մըք-­Կիլ հա­մալ­սա­րա­նի մէջ կը կա­տա­րո­ւէր փոր­ձար­կում մը Չի­նաս­տա­նէն որ­դեգ­րո­ւած ե­րե­խա­նե­րու վրայ, ո­րոնք բնա­կա­նա­բար ի­րենց մայ­րե­նի լե­զուն մոռ­ցած էին, սա­կայն երբ MRI մե­քե­նա­նե­րու մէջ ի­րենց ու­ղե­ղի ըն­դուն­ման բա­ժին­նե­րը կը դի­տո­ւէին՝ ե­րե­ւան կու գար, որ օ­տար լե­զու­նե­րու նկատ­մամբ ու­ղե­ղը հա­կազ­դե­ցու­թիւն չէր ու­նե­նար, սա­կայն տեղ-տեղ կը «լու­սա­ւո­րո­ւէր», երբ ի­րենց մայ­րե­նի Չի­նա­րէ­նը կը լսէին: Ու­ղե­ղը չէր «մոռ­ցած» ե­րե­խա­յին ա­ռա­ջին լե­զուն: Ու­րեմն՝ չեմ զար­մա­նար, որ ման­կա­վար­ժա­կան մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րը կա­տարուին ե­րե­խա­յին մայ­րե­նի լե­զո­ւով:

Ա­մէն պա­րա­գա­յի եր­բեք չենք ան­տե­սեր ըն­կե­րա­յին, տնտե­սա­կան եւ այլ դժո­ւա­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցող ե­րե­խա­նե­րու պա­րա­գան: Ընդ­հա­կա­ռա­կը, ա­սոնք մէկ ամ­բող­ջու­թիւն կը կազ­մեն, ո­րոնց կը գի­տակ­ցի ար­դի ման­կա­վար­ժու­թիւ­նը եւ կը փոր­ձէ լու­ծում­ներ գտնել ա­նոնց հա­մար: Ա­ռա­ւել, երբ նկա­տի ու­նե­նանք ծաղ­կո­ցէն սկսող ա­շա­կերտ­նե­րուն թի­ւը եւ նոյն խում­բե­րուն տո­կո­սա­յին հա­մե­մա­տու­թիւ­նը, ո­րոնք երկ­րոր­դա­կա­նը կ’ա­ւար­տեն՝ կը տես­նենք, թէ ինչ­քա՜ն մեծ թիւ մը հա­մա­կար­գէն դուրս կ’իյ­նան այս կամ այս պատ­ճառ­նե­րով, իսկ ա­նոնց դուրս մնա­լը մեր կա­ռոյց­նե­րէն՝ մտա­հո­գիչ է հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան ի­մաս­տով:

Պէտք է շեշ­տել նաեւ, որ բա­րե­բախ­տա­բար ար­դի ման­կա­վար­ժա­կան մօ­տե­ցում­ներ չեն կեդ­րո­նա­նար միայն լե­զո­ւա­կան եւ թո­ւա­բա­նու­թեան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն վրայ:Օ­րի­նակ Հաո­ւըրտ Կարտ­նը­րի մօ­տե­ցու­մը լե­զո­ւի եւ թո­ւա­բա­նա­կան-տրա­մա­բա­նա­կան խե­լա­ցու­թեան (intelligence) կող­քին կը նե­րա­ռէ երկ­րա­չա­փա­կան, ե­րաժշ­տա­կան, ֆի­զի­քա­կան շար­ժու­մի (խե­լա­ցու­թիւն կո­չենք զա­նոնք, տա­ղանդ թէ շնորհք՝ կա­րե­ւոր չէ, ա­նո­ւա­նու­մը երկ­րոր­դա­կան է), ներ­քին թէ ու­րիշ­նե­րու հետ հար­ցե­րը լու­ծե­լու կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը: Ա­ռաջ­նա­հեր­թը ու­սա­նո­ղին դժո­ւա­րու­թեան եւ ու­նե­ցած «խե­լա­ցու­թեան», ձիր­քին վրայ կեդ­րո­նա­նալն ու զայն զար­գաց­նելն է:

Վե­րա­դառ­նա­լով հիմ­նա­կան հար­ցին՝ հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րէ ներս եւս այս տար­բեր ձե­ւի սոր­վե­լու դժուա­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցող ե­րե­խա­նե­րը ընդգրկելն է, նե­րա­ռող (inclusive), հա­մադ­րա­կան եւ ամ­բող­ջա­կան ծրագ­րի մը պատ­րաս­տու­թեամբ, ինչ որ կը շեշ­տէ նաեւ մեր ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րը՝ կա­րե­ւո­րու­թիւն տա­լու ո՛ր­քան ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րուն, նո՛յն­քան եւ մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րուն, եւ ա­ռանց այս եր­կու­քին հա­մադր­ման վա­ղո­ւան լիար­ժէք ան­հա­տը չի կրնար կազ­մա­ւորո­ւիլ:

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ