Ամէն ինչ իր ժամանակին կատարելու իմաստութիւնը միշտ գնահատուած է, սակայն մարդիկ միշտ ուշացումի թերութեամբ յանցաւոր նկատուած են: Ժամանակը չէ՛ անշուշտ յանցաւորը, այլ մարդիկ իրենք, որովհետեւ յաւիտենական ժամանակը Աստուած վստահած է ու յանձնած բանականութեան տէր մարդուն, որպէսզի իր
կեանքին համապատասխան՝ տնօրինէ զայն ու օգտուի անոր ընձեռած հնարաւորութիւններէն:
Ուշացումը ընդհանրապէս անախորժութիւն պատճառող երեւոյթ է, նոյնիսկ եթէ այդ ուշացման պատճառով կանխուած են երբեմն դժբախտութիւններ: Ուշացման վրայ առաջին ակնարկով, դրական տպաւորութիւն չենք ստանար: Սակայն երբ այդ ուշացման հետեւանքով ստոյգ դժբախտութիւն մը բախտով հեռանայ մեզմէ, այն ատեն ակամայ կը գնահատենք ուշացումը, որ ըստինքեան ժխտական երեւոյթ է:
Ժամադրութիւն յարգելու առաքինութիւնը ունեցողներ գովեստներու կ՛արժանանան: Երբեմն ազգային նկարագիրի բնոյթ կը տրուի այս երեւոյթին: Օրինակ, կ՛ըսեն, թէ այսինչ ազգի զաւակներ սովորութիւն ունին բնա՛ւ չուշանալու իրենց ժամադրութիւններուն, այլ՝ պարտաճանաչ կ՛ըլլան ըսուած ժամէն ալ աւելի կանուխ հասնելու որոշուած վայրը ու այնտեղ կը սպասեն: Մեր ազգի պարագային, դժբախտաբար, մեր իսկ կողմէ տրուած վկայութիւնը այն է, թէ մենք միշտ կ՛ուշանանք մեր ժամադրութիւններուն, ընդհանրապէս որոշուած վայրը հասնելով որոշուած ժամէն բաւական ուշ: Սա ընդհանրացուած տեսակէտ է անշուշտ, եւ բացառութիւնները բոլոր ժողովուրդներու պատկանող մարդոց պարագային ալ յարգելի են:
Ուշացումները հիմնաւորուած պէտք է ըլլան բանաւոր պատճառաբանութիւններով: Այստեղ «բանաւոր» բառը իր ստուգաբանական իմաստէն անկախ, «հիմնաւոր» նշանակութիւն ունի:
Ընդհանրապէս, երբ ուշանանք մեր ժամադրութեան, ամէնէն սովորական դարձած երթեւեկութեան խճողումի պատճառաբանութենէն սկսեալ մինչեւ երբեմն երեւակայական եւ աւելի՛ «ծանրակշիռ» պատճառաբանութիւններ կու տանք, պարզապէս արդարացնելու համար մեր ուշացումը:
Սուտը, անշուշտ, բռնազբօս պատճառաբանութեան ամէնէն «հարազատ» ու «մտերիմ» ընկերն է, որ բուրգի նման կը սկսի կառուցուելու պատճառաբանող մարդուն լեզուին վրայ, հաւատացնելու համար այն անձին, որ գուցէ մէկ ժամ իրեն սպասած է որոշուած վայրը: Սուտին բուրգը շուտ փուլ կու գայ, սակայն: Այդ անհիմն կառոյցը փուլ բերող մուրճը, սուտ խօսող մարդու սեփական աչքերու ոսպնեակին մէջէն կ՛արտացոլայ: Ինչքան ալ «տագնապ»ով իրարու ետեւէ շարէ ու հասցնէ իր ուշացման պատճառաբանութիւնները, սուտ խօսողը չի՛ կրնար թաքցնել իր աչքերէն հոսող անվստահութիւնը, որ մուրճի հարուածներու նման ծանրօրէն կը բախուի իր իսկ կառուցած սուտի բուրգին ու փուլ կը բերէ զայն:
Ուշացումները միայն անհատական մակարդակի վրայ չեն ըլլար: Ազգեր, պետութիւններ եւ կրօններ նաեւ ուշացումի թերութեամբ կը մեղադրուին: Ազգային որոշումներ քաղաքական դիրքորոշումներ, կամ կրօնական հայեացքներ եւս ճի՛շդ ժամանակին պէտք է կատարուին, կանխելու համար մարդկութեան կեանքին մէջ ի յայտ եկող բազմաթիւ դժուարութիւններ:
Վերջապէս այն պատասխա-նատուութիւնը, զոր ստանձնած են վերոյիշեալ հաւաքականութիւններու ղեկավարները, պէտք է միշտ զգօն պահէ զիրենք, նկատի ունենալով, որ հազարաւորներու հոգեկան եւ ֆիզիքական ապահովութիւնը իրենց առած որոշումներէն կախեալ է մեծ մասամբ:
Կրօններուն առաքելութիւնը կամ պարտականութիւնը միայն հոգեւոր ոլորտին մէջ ծառայելը չէ՛, ինչպէս յաճախ կը բնորոշուին անոնք, կամ գէթ այդ տպաւորութիւնը կը թողուն իրենց մասին մտածողներուն վրայ: Յատկապէս քրիստոնէական կրօնքին հետեւորդներու պարտաւորութեանց մէջ մարդասիրական բաժինը շատ շեշտուած է: Քրիստոնէութեան հիմնադիրին՝ Յիսուսին վարդապետութիւնը աւելի՛ շօշափելի դարձաւ Իր ունկնդիրներուն ու հետեւորդներուն, երբ Ան գործնական մօտեցումով, մարդասիրական ու ընկերային ծառայութիւններով հիմնաւորեց Իր պատուէրները, անոնց առաջին գործադրողը անձամբ Ի՛նք ըլլալով: Ուստի՝ յաճախ զԻնք շրջապատող մարդոց ֆիզիքական առողջութեան եւս բժիշկը հանդիսանալով, Յիսուս զայն միացուց հոգեւոր բժիշկի Իր դերակատարութեան, հոգի եւ մարմին ամբողջական միութեան ու առողջութեան կարեւորութիւնը գերազանցօրէն ընդգծելով:
Մարդասիրական առաքելութեան առաջին ու գլխաւոր կէտը իրարու համար աղօթելու նուիրական պարտականութիւնն է: Սա ո՛չ միայն նոյն կրօնքին պատկանողներուն համար կարեւոր պատուէր է յատկապէս ներկայ ժամանակներուն, այլ՝ նաեւ տարբեր կրօններու հետեւորդներուն միջեւ հոգեկան աներեւոյթ կապի զգալի արտայայտութիւն կը դառնայ: Նման ձեռնարկ անկասկած կրնայ նուազեցնել աշխարհի մէջ տիրապետող դարձած ատելութիւնը, յատկապէս տարբեր կրօններու հետեւորդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հաւատալիքներու զանազանութենէն պատճառուող: Երբ սովորութիւն դարձնես աղօթել հաւատքիդ չպատկանող մարդուն համար, նոյնիսկ անոր՝ զոր չես ճանչնար անձնապէս, այդ պահուն սիրտիդ խորը իտէալ սէրն է որ ծնունդ կ՛առնէ: Սէր, որուն մասին շա՜տ քարոզներ լսած ես անցեալին եւ կը լսես գրեթէ ամէն օր, գրեթէ ամէն տեղ եւ գրեթէ ամէն մարդու շրթներէն: Սէր, որ առանց ճանչնալու իր առարկան, կը սիրէ զայն, այնպէս ինչպէս կրօններու հետեւորդներ առանց տեսած ըլլալու իրենց Աստուածը, զԱյն հոգեւին սիրել կը դաւանին հրապարակայնօրէն եւ երբեմն այնքան ինքնավստահութիւն բուրելով իրենց չորս դին:
Մահասփիւռ ժամանակներու ամէնէն դրական քայլը աշխարհի կողմէ միահամուռ կեցուածքի որդեգրումն է՝ ատելութիւնը ատելու եւ Սէրը սիրելու… Սակայն աշխարհը ուշացաւ այս կարեւոր պատուէրը իրականացնելու գործնական քայլեր առնելու վճռական իր որոշման մէջ եւ պատճառ դարձաւ անմեղ մարդոց սպանդին: Աշխարհի ուշանալուն գինը անմեղ կեանքեր վճարեցին ու դեռ պիտի վճարեն տարբեր երկիրներու եւ քաղաքներու մէջ, ձիւնագնդակի նման աճող անհանդուրժողութեան հետեւանքով:
Աշխարհը ուշացաւ կրօնաբարոյական իր դասաւանդութիւնները արագացնելու «կրթական» կարեւոր համակարգը կազմելուն մէջ ու առաւելաբար զբաղեցաւ ժողովրդավարական կարգերու հաստատումով՝ մեկուսացնելով կրօնքին այնքան կենսական լծակը:
Քաղաքակիրթ աշխարհը, ժողովրդավարութեան մէջ տեսնելով մարդկային իրաւանց անհրաժեշտ բոլոր տարրերը, կրօնքի ուսուցումները արդէն իսկ ներառուած համարեց իր ստեղծած ժողովըրդավարութեան համակարգին մէջ:
Սակայն, մարդկային ընկերութիւնը փորձառաբար տեսաւ, թէ՝ կրօնական ուսուցումները անջատելուն հետեւանքով մեծ վտանգներ կը դիմագրաւէ աշխարհը: Իսկ իր այս ուշացումը արդարացնելու համար, աշխարհը զայրոյթով լեցուած, անարդարութեան զոհ համարելով իր այնքան ժողովրդավար մտածելակերպը, որդեգրեց այլ տարբերակ, որ «արիւնով արիւն լուալ»ու այլընտրանքն է:
Աշխարհ չի՛ կրնար ուրանալ իր ուշացած ըլլալը: Անոր զայրոյթը անիմաստ է, վախը անտեղի, որովհետեւ տհաճ բոլոր երեւոյթներուն պատճառները բացայայտուած կ՛ըլլային, եթէ ան ուշացած չըլլար…
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ