Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­altԳա­ցին, նո­րէն գա­ցին: ­Զի­րենք ճամ­բու դնող­նե­րը թաց աչ­քե­րով վե­րա­դար­ձան, իւ­րա­քան­չիւ­րին ու­ղե­ղին մէջ մր­­ճա­հա­րող մի­եւ­նոյն հար­ցու­մը` «­Մենք ալ եր­թա՞նք, ի՞նչ ը­նենք…»:

Այս քա­նիե­րո՞րդ ըն­տա­նիքն է, որ ե­րե­սը դէ­պի ա­րեւ­մուտք կը դարձ­նէ: ­Գոր­ծա­տե­ղի­նին գրաւ­ո­ւե­ցաւ, տու­ներ­նին քա­նի ան­գամ փամ­փուշտ մտաւ, ա­պա­կի­նե­րը ջարդ­ո­ւե­ցան…: Ս­տիպ­ո­ւած ե­կան Ե­րե­ւան, տա­րիէ մը ա­ւե­լի մնա­ցին ու ե­լան–­գա­ցին: Ո՛չ, չվե­րա­դար­ձան ­Հա­լէպ, ո՞ւր վե­րա­դառ­նան, ինչ­պէ՞ս վե­րա­դառ­նան, չէ՞ որ բո­լոր ազ­գա­կան, ըն­կեր, բա­րե­կամ­նե­րու հետ ող­ջա­գուր­ո­ւե­ցան ու ­Հա­յաս­տան ե­կան:

Ե­կան, տուն վար­ձե­ցին, ի­րենց ­Հա­լէ­պի տան կէ­սին չափ, ամ­սա­կան 300 տո­լա­րի: ­Շա­տեր ը­սին յար­մար է. ի­րենք հաշ­ո­ւե­ցին, որ այդ գու­մա­րը ինն­սուն հա­զար սուր­ի­ա­կան կ­՛ը­նէ, չէ՞ որ տո­լա­րը 300էն գնե­ցին: Այս գու­մա­րով ­Հա­լէպ ըն­տա­նիք մը եր­կու ա­միս կր­­նայ ապ­րիլ, ան ալ շատ լաւ:

–    ­Մոռ­ցի՛ր, ­Հա­լէ­պին վրա­յէն գիծ քա­շէ, սուր­ի­ա­կա­նի հա­շո­ւով ե­թէ պի­տի ծախ­սես, քի­թէդ բեր­նէդ կու գայ. մոռ­ցի՛ր:

–    ­Բայց ինչ­պէ՞ս մոռ­նալ, խնայ­ո­ւած մի քա­նի հա­զա­րը ին­չի՞ կը բա­ւէ, ե­թէ…

–    Ի՞նչ ե­թէ…

–    Ե­թէ գործ չգտ­­նես…

–    Ի՞նչ կ­՛ը­սես, ես ան­գործ չեմ մնար, մի՛ վախ­նար, իմ մաս­նա­գի­տու­թեամբ…

­Մէկ տա­րի­էն ա­ւե­լի գործ փնտ­­ռեց, չգ­­տաւ, ան­գործ մնաց, հե­տը բե­րած դրա­մը սկ­­սաւ նօս­րա­նալ:

–    Ե­թէ այս­պէս շա­րու­նա­կո­ւի, քա­նի մը ա­մի­սէն կը սնան­կա­նանք: Ի՞նչ ը­նենք:

–    Ի՞նչ կ­՛ը­նեն ձեր կա­ցու­թեան մէջ ե­ղող­նե­րը:

–    ­Դի­մե­ցէ՛ք ­Գա­նա­տա:

–    ­Գա­նա­տա՞…, ի՞նչ գործ ու­նինք ­Գա­նա­տա:

–    ­Հա­լէպ չէք կր­­նար վե­րա­դառ­նալ, դեռ նոյն ան­տա­նե­լի վի­ճակն է:

–    ­Գա­նա­տա գա­ցող­նե­րը գոհ են:

–    ­Հա­պա մեր տու­նը՞, խա­նու­թը՞…

–    ­Մոռ­ցէ՛ք, այս պա­տե­րազ­մը դեռ շատ եր­կար կը տե­ւէ, գա­ցէք փրկ­­ո­ւե­ցէք:

­Դի­մե­ցին, գա­ցին: ­Հի­մա ե­տեւ­նէն պի­տի չխօ­սի՞ն` «­Հա­յաս­տա­նը տա­րան­ցիկ, կան­գա­ռի եր­կի՞ր է, կու գաք, որ այս­տե­ղէն ալ ու­րիշ տե՞ղ եր­թաք, ո՞ւր է ձեր հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը…»:

Այս մէկ տա­րին քիչ չէր քա­շած­նին, վրան ալ պա­խա­րա­կում` «Ո՞ւր է ձեր հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը»…: Ա­սի­կա պարզ խօսք չէ, ա­սի­կա դա­նա­կի հար­ո­ւած է մեր սր­­տին… մենք, որ մեր հայ­րե­նա­սի­րու­թեամբ միշտ հպար­տա­ցած ենք, ըն­տա­նի­քով, բո­լորս դպ­­րո­ցա­կան, միու­թե­նա­կան, ե­կե­ղե­ցա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու մէջ ե­ղած ենք ու ­Հա­յաս­տա­նով հպար­տա­ցած, ­Հա­յաս­տան գա­լով եր­ջան­կա­ցած, որ վեր­ջա­պէս մեր ե­րա­զը ի­րա­կա­նա­ցաւ… ­Հի­մա մե­զի հայ­րե­նալ­քու­թեամբ մի՛ ամ­բաս­տա­նէք ու դա­տա­պար­տէք, հասկ­ցէք մեզ, մեր վի­ճա­կը…: Ի՞նչ կր­­նա­յինք ը­նել, քիչ մըն ալ դի­մա­նա­յինք, պի­տի սկ­­սէ­ինք ա­սոր­–ա­նոր ձեռք բա­նալ»…:

Կ­՛եր­թան, բայց մէկ աչ­քով կը խն­­դան ու մէկ աչ­քով կու լան:

­Հոն ի՞նչ կեանք կը սպա­սէ ի­րենց… ա­նո­րո­շու­թիւն. «­Չէ՜, ինչ ալ ըլ­լայ, պա­տե­րազ­մը վեր­ջա­նա­լէն ետք ետ կու գանք ­Հա­լէպ. ­Հա­լէ­պին աչ­քը սի­րեմ»:

­Սի­րէ՛, ին­չը կ­՛ու­զես սի­րէ, բայց գիտ­ցիր որ ովկ­ի­ա­նո­սը անց­նո­ղը, դժ­­ո­ւար թէ վե­րա­դառ­նայ:

Աստ­ո­ւած իմ, այս ի՜նչ օ­րե­րու ձգե­ցին մեզ:

­Հո­գի­նիդ սի­րեմ, մի՛ այ­պա­նէք մեզ:

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ