Սուրիոյ տագնապի սրման տարիներուն ՏԱՀԷՇի ընդլայնման մասին բազմիցս հնչեցին նախազգուշական արտայայտութիւններ: Լուսարձակի տակ առնուեցաւ յատկապէս Թուրքիոյ վարչակարգին լռելեայն գործակցութիւնը ՏԱՀԷՇի հետ: Նոյնիսկ թրքական լրատուամիջոցներ փաստերով ներկայացու
ցին Թուրքիոյ ճամբով ՏԱՀԷՇի սուրիական քարիւղի ապօրինի վաճառքին մասին, ապա նաեւ թրքական իշխանութիւններուն նշեալ արմատական ծայրայեղականներուն զէնք հայթայթելու, անոնց վիրաւորները թրքական հիւանդանոցներու մէջ բուժելու մասին հիմնաւորեալ տեղեկութիւններ:
Իրադարձութիւններուն հետեւողը պիտի պարզէ, թէ ահաբեկչութեան դէմ կոչերով հանդէս եկող Թուրքիան իրականութեան մէջ ահաբեկչութեան ծնունդին սատարող ու զայն Ֆինանսաւորող գլխաւոր երկիրներէն մէկն է: Անոր համար ՏԱՀԷՇը սուրիական թոհուբոհին մէջ երկրի քանդումին, սուրիական վարչակարգի տապալման, ինչպէս նաեւ քրտական գործօնին դէմ օգտագործելի խաղաքարտ մըն է:
Սուրիական կողմեր բազմիցս կը շեշտէին, թէ Թուրքիա դերակատար է ՏԱՀԷՇի եւ ընդհանրապէս ահաբեկչական շարժումներու ընդլայնման մէջ ու փաստերով կը պարզէին, թէ Միջին Արեւելքի մէջ ահաբեկչական շարժումը տեղայնական բնոյթէն դուրս պիտի գայ ու հասնի արեւմտեան երկիրներ: Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Մ.Ա.Կ.ին ուղղուած իր բազմաթիւ նամակներով կոչ կ՛ուղղէր «ցամքեցնելու» նման շարժումներու ֆինանսաւորման աղբիւրներն ու պատժելու անոնց հոսքը դիւրացնող երկիրները: Արեւմուտքն ու Ա.Մ.Ն. սակայն անտարբեր կը ձեւանային Թուրքիոյ երկդիմի քաղաքականութեան նկատմամբ:
Վրայ հասաւ գաղթականներու հարցը եւ Թուրքիա կատարելապէս օգտագործեց մարդկային այս ցաւոտ երեւոյթը եւս` դիւրացնելով գաղթականներուն հոսքը դէպի արեւմտեան երկիրներ, անոնց հետ արտահանելով նաեւ ահաբեկիչներ:
Գաղթի ճամբուն խեղդամահ մանուկներուն պատկերները շահարկուեցան ու աղէտալի երեւոյթները Թուրքիոյ քաղաքական թէ տնտեսական հաշուարկներուն ծառայեցին: Այսօր Թուրքիա մեծ գումարներ կը պահանջէ եւրոպական երկիրներէ, իբրեւ թէ սուրիացի գաղթականներուն աւելի լաւ պայմաններ ստեղծելու համար, մինչ այլ երկիրներ գաղթականներ կ՛ընդունին առանց խաղաքարտի վերածելու գաղթի երեւոյթը:
Թուրքիան անպատիժ ձգելու այս անտարբերութիւնը գլխաւոր պատճառներէն մէկը հանդիսացաւ ահաբեկչական ալիքի ընդլայնման:
Այստեղ տեղին է նշել Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ Քսաններու Խմբակի երկօրեայ վեհաժողովի աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը, ուր կը շեշտուէր ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման «ցամքեցման» կարեւորութիւնը: Վեհաժողովին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յստակօրէն նշեց, որ «Ահաբեկչութիւնը կը ֆինանսաւորեն 40 երկիրներ, որոնց շարքին Քսաններու Խմբակի վեհաժողովին մասնակից երկիրներ»:
Մատնանշումը յստակ էր: Կը մնայ լուսարձակի տակ պահել ահաբեկչութեան դէմ պայքար յայտարարող, բայց խորքին մէջ զայն սնուցանող երկրին քողարկուած քաղաքականութիւնը: Այն երկրին, որ Եւրոպա մուտք գործելու իր նկրտումներուն ճամբայ կը հարթէ անոր ապահովութեան խախտման նպաստելով, ապա ցաւակցողի դերը խաղալով:
Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքները առաւել եւս կը շեշտեն միջազգային ընտանիքին կողմէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ ահաբեկչութեան նիւթապէս սատարող պետութիւնները պատժելու հասարակաց մօտեցումի մը որդեգրման կարեւորութիւնը:
Տարածաշրջանին մէջ յատկապէս Թուրքիոյ կործանարար դերին վերջ տալու այլ ելք չկայ: Անպատիժ մնալով Թուրքիան պիտի շարունակէ սնուցանել հաւատադրժողական ահաբեկչութիւնը:
ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ - «Գանձասար»