Հարուածը բոլորին է:
Ինչ որ պատահեցաւ Ուրբաթ՝ Նոյեմբեր 13ին, լոյսերու քաղաքի սրտին մէջ, կը ներկայացնէ իսկական պատկեր մը, որուն մասին շատ բան կարելի է գրել, սակայն առանց հասնելու արմատական լուծումի եւ եզրակացութեան:
Մէկ բան կարելի է նշել, թէ ինչ որ մօտաւորապէս եօթանասուն տարի առաջ բռնատէր Հիթլէր (գէթ իր փառքի օրերուն) չէր համոզուած ու յանդգնած կատարել, Իսլամական Պետութեան համար «երդուեալ» երիտասարդներ ամենայն պաղարիւնութեամբ եւ հանգստութեամբ կատարեցին:
Իրենց համար այդ քաղաքակրթուած աշխարհի սրտին մէջ թափուած արիւնը, պարզ աղբիւրէն հոսող առատ անգոյն եւ անհամ ջուրն էր, որմով կրնային յագեցնել իրենց ծարաւը:
Զգացական եւ յուզումնային այս տողերը անտեղի է շարունակելը, մանաւանդ որ խնդրոյ առարկայ հոսանքի ետին կանգնող անձերուն համար ո՛չ մէկ նշանակութիւն պիտի ունենան:
Անցնինք հարուածի ետին կանգնող անցուդարձերուն եւ դրդապատճառներուն:
Յստակ է, թէ վերջին շաբաթներուն Իսլամական Պետութիւն կամ Տահէշ կոչեցեալ կազմակերպութեան գործելաձեւը փոխուած է: Իր տիրապետած տարածաշրջանէն ներս, ան սկսած է ենթարկուիլ հետեւողական յարձակումներու եւ սկսած է կորսնցնել հողեր: Ամէնէն աւելի կարեւորը, ամիսներ առաջ եզիտիներու բնակավայրը, իրենց պաշարած Սինճար լեռն է, որ Իսլամական Պետութեան երկու կարեւորագոյն քաղաքներուն՝ Ռաքքայի եւ Մուսուլի միջեւ հսկող բանալի ճամբան է եւ այդ շրջաններէն ներս արտադրուած քարիւղի հայթայթման բանալի ուղին: Սինճարի անկումով եւ վերագրաւումով, բաւական մը պիտի դժուարանայ նիւթական եկամուտ ապահովող այս քարիւղի առեւտուրը, որ անշուշտ կը կատարուի Թուրքիոյ մեղսակցութեամբ:
…Նոյնինքն այն երկրին, որ Փարիզի դէպքէն հազիւ 24 ժամ ետք հիւրընկալեց ու կազմակերպեց «Քսան Մեծ»երու ապարդիւն եւ անիմաստ վեհաժողովը:
Երկու հարիւրէ աւելի զոհ խլած Փարիզի դէպքէն 24 ժամ առաջ, նոյնքան ահաւոր ահաբեկչական արարք մը պատահեցաւ Պէյրութի, կրկին նոյնինքն Իսլամական Պետութեան «երդուեալ» երիտասարդներու կողմէ՝ թիրախ ունենալով Սուրիոյ մէջ իրենց դէմ ճակատող Հըզպալայի կեդրոնատեղին...
Իսկ միայն Փարիզի դէպքէն ետք վերջնականապէս հաստատուեցաւ ու փաստուեցաւ, թէ Հոկտեմբեր 31ին, Շարմ ել Շէյխէն Սենթ Փեթըրզպուրկ մեկնող օդանաւին ջախջախումը հետեւանքն էր խափանարարական արարքի:
Այս եղելութիւնները ցոյց կու տան, թէ Իսլամական Պետութիւնն ու անոր ետին կանգնող ահաբեկչական հոսանքները հետզհետէ աւելի կը գործեն իրենց հողէն դուրս:
Արդեօք այս մէկը կարելի՞ է վերագրել այն բանին, թէ անոնք իրենց վերջին ուժն ու կարողութիւնը գործի կը լծեն: Մէկ բան կարելի է եզրակացնել, թէ այս բոլոր պատահածները, որոնք կատարուեցան Սուրիոյ շուրջ գումարուած Վիեննայի վեհաժողովի նախօրեակին, եղան ի նպաստ ներկայ ղեկավարութեան՝ Ասատի վարչակազմին: Նոյնիսկ ամէնէն աւելի ծայրայեղ «արեւմուտքցի»ն համոզուած կը թուի ըլլալ, թէ Իսլամական Պետութիւնը կը մնայ առաջնահերթ «չարիք»ը, իսկ ներկայ ղեկավարութիւնը՝ նոյնիսկ յարմար կարելիութիւն մը... 18 ամսուայ փոխանցման իշխանութիւն մը ստեղծելու համար:
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»