Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altՆՈՐ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆ - 1960-1970

1963 թո­ւա­կա­նի Նո­յեմ­բեր-­Հոկ­տեմ­բեր ա­միս­նե­րուն Պէյ­րու­թի մէջ կը գու­մարուի Հ.Յ.Դ. 18րդ Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը, որ 1947ին սկիզբ ա­ռած կազ­մա­կեր­պա­կան կեան­քի ամ­բողջ շրջան մը փա­կող ժո­ղո­վը ե­ղաւ:
­Հայ Դա­տի հե­տապնդ­ման պայ­քա­րի ծի­րէն ներս, թէ՛ ներ­քին հո­ղե­րու եւ թէ՛ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան հար­ցով Խորհր­դա­յին Միու­թե­նէն պա­հան­ջա­տէր ներ­կա­յա­նա­լով ու այս վեր­ջի­նին հաս­տա­տած կար­գե­րուն դէմ գա­ղա­փա­րա­կան ան­հաշտ պայ­քա­րի իր ուղ­ղու­թիւ­նը շա­րու­նա­կե­լով հան­դերձ՝ այս Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը ե­կաւ հաս­տա­տե­լու, որ հա­մայ­նա­վա­րա­կան ծա­ւա­լա­պաշ­տու­թեան դէմ Ա­րեւ­մուտ­քի մղած պայ­քա­րը եւ այդ ծի­րէն ներս մեր հաս­տա­տած գոր­ծակ­ցու­թիւն­նե­րը սկսած են ստա­նալ ուղ­ղա­կի եւ ինք­նանպա­տակ հա­կա­հա­մայ­նա­վար պայ­քա­րի բնոյթ, ինչ որ խո­տոր կը հա­մե­մա­տի Դաշ­նակ­ցու­թեան գա­ղա­փա­րա­կան  եւ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի ա­ւանդ­նե­րէն  բխող ռազ­մա­վա­րա­կան ուղ­ղու­թեան հետ եւ առ այդ անհ­րա­ժեշտ է, ըստ այնմ սբագ­րու­թիւն­ներ մտցնել ու­ղե­գի­ծին մէջ:

Հայ կեան­քի ուղ­ղու­թեամբ եւս նոյն ո­գին տա­րա­ծե­լով՝ Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը կ­՚ո­րո­շէ որ­դեգ­րել հայ ազ­գա­յին կու­սակ­ցու­թեանց հետ ազ­գա­յին-միու­թե­նա­կան մար­զե­րէն ներս գոր­ծակ­ցու­թեան սկզբուն­քը, ա­ւելց­նե­լով, որ Խորհր­դա­յին հա­կակշ­ռէն ա­նոնց դուրս գա­լու պա­րա­գա­յին՝ նաեւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծակ­ցու­թիւն պէտք է ու­նե­նալ: Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի կա­րե­ւոր շար­ժում­նե­րէն մէ­կը ե­ղաւ հա­մազ­գա­յին ու մի­ջազ­գա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թեամբ պատ­րաս­տո­ւիլ Ե­ղեռ­նի յիս­նա­մեա­կին: 1965ի Ապ­րիլ 24ին, Ե­րե­ւա­նի մէջ 100 հա­զար հա­յոր­դի­նե­րու պա­հան­ջա­տի­րա­կան պոռթ­կու­մը, հա­յու­թեան բո­լոր գաղ­թօ­ճախ­նե­րուն մէջ  ծա­ւա­լած բո­ղո­քի ցոյ­ցերն ու ե­լոյթ­նե­րը Հայ Դա­տի պայ­քա­րի ճամ­բուն վրայ ան­կիւ­նա­դարձ մը կազ­մե­ցին կու­սակ­ցու­թեան հա­մար: Ե­ղեռ­նի յիս­նա­մեա­կէն ետք, մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ շու­տով կը ծա­ւա­լի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ուղ­ղու­թեամբ ծա­ւա­լուն գոր­ծու­նէու­թիւն:
1967ին Պէյ­րու­թի մէջ տե­ղի կ­՚ու­նե­նայ 19րդ Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը, որ Հայ Դա­տի լուծ­ման գծով կ­՚ո­րո­շէ պա­հան­ջա­տէր ներ­կա­յա­նալ թէ՛ Թուր­քիոյ եւ թէ՛ մեծ պե­տու­թեանց: Ժո­ղո­վը կ­՚ո­րո­շէ նաեւ ի­րար­մէ զա­տո­րո­շել Խորհր­դա­յին Միու­թիւնն ու Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նը, իւ­րա­քան­չիւ­րին նկատ­մամբ յա­տուկ դիր­քո­րո­շում ճշդե­լով: 

ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՀԵՏԱՊՆԴՄԱՆ ՇՐՋԱՆ - 1970-1980

1972 ի Դեկ­տեմ­բե­րին, Վիեն­նա­յի մէջ կը գու­մա­րո­ւի Հ.Յ.Դ. 20րդ Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը, որ ի­րա­պէս կը դառ­նայ պատ­մա­կան եւ ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին ժո­ղով մը: Ժո­ղո­վը յստա­կօ­րէն մեր­ժեց Ա­րեւ­մուտ­քին կամ Ա­րե­ւել­քին ա­պա­ւի­նե­լու քա­ղա­քա­կան ա­մէն ուղ­ղու­թիւն եւ շեշ­տը դրաւ հա­յու­թեան հա­ւա­քա­կան ու­ժը կեր­տե­լու եւ ա­նոր ա­պա­ւի­նե­լու ռազ­մա­վա­րու­թեան վրայ: Միա­ժա­մա­նակ, Թուր­քիոյ դէմ Հայ Դա­տի գծով պայ­քա­րը սաստ­կաց­նե­լու ո­րո­շում տուաւ: Միւս կող­մէ, Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ազ­գա­յին կու­սակ­ցու­թեանց հետ քա­ղա­քա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան եզ­րեր ա­ռա­ջաց­նե­լու ո­րո­շում ա­ռաւ, միշտ նա­խա­պայ­ման դա­ւա­նե­լով ա­նոնց յանձ­նա­ռու­թիւ­նը՝ Հայ Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ի սպաս գոր­ծե­լու:
1975ի Հոկ­տեմ­բե­րին սկիզբ ա­ռած ու­ժա­կան պայ­քա­րով հայ­կա­կան գո­յա­մար­տը թե­ւա­կո­խեց նոր հանգ­րո­ւան մը, մին­չեւ 80ա­կան թո­ւա­կան­նե­րու կէ­սը, լայն ար­ձա­գանգ ձգե­լով թէ՛ մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լին եւ հան­րու­թեան մօտ, եւ թէ՛ հայ զան­գո­ւած­նե­րուն վրայ:
1975ի գար­նան բռնկած Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մը պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թեամբ ամ­բողջ նոր հանգ­րո­ւան մը բա­ցաւ Դաշ­նակ­ցու­թեան պատ­մու­թեան մէջ: Ամ­բողջ 15 տա­րի թէ՛ գա­ղու­թի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան դիր­քե­րուն վրայ դաշ­նակ­ցա­կան տղոց հսկո­ղու­թիւ­նը, թէ՛ գա­ղու­թի ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան դիր­քե­րէն կու­սակ­ցու­թեան մղած կռիւ­նե­րը եւ թէ՛, յատ­կա­պէս, Ս­փիւռ­քի բա­բա­խուն սիր­տը եւ հայ­րե­նա­մերձ կա­րե­ւոր ամ­րո­ցը հան­դի­սա­ցող Լի­բա­նա­նի հայ գա­ղու­թի ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րուն եւ կազ­մա­կերպ հի­մե­րուն կառ­չած մնա­լու Դաշ­նակ­ցու­թեան դիր­քո­րո­շու­մը ան­կեղծ զի­նո­ւո­րի նոր դափ­նեպ­սա­կով վե­րա­նո­րո­գե­ցին յե­ղա­փո­խա­կան սե­րունդ­նե­րու կու­սակ­ցու­թիւ­նը:

ՆՈՐ ՊԱՅՔԱՐԻ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ - 1980-1990 

1982-88 ժա­մա­նա­կաշըր­ջա­նին, լի­բա­նա­նեան քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մի քաո­սին մէջ, յե­տին հա­շիւ­ներ ո­րո­նող­նե­րու կող­մէ սկիզբ ա­ռաւ հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան պայ­քա­րի շղթայ մը, ուր նենգ հա­շիւ­նե­րու զոհ գա­ցին կու­սակ­ցու­թեան ընտ­րա­նիէն կու­սակ­ցա­կան եւ մար­տա­կան ղե­կա­վար ըն­կեր­ներ: 
80ա­կան թո­ւա­կան­նե­րու Հ.Յ.Դ. Ընդ­հա­նուր ժո­ղով­նե­րը, 22րդը (1981 Դեկ­տեմ­բեր, Փա­րիզ), 23րդը (1985, Ա­թէնք), 24րդը (1988, Ա­թէնք) հիմ­նա­կան գի­ծե­րու մէջ վե­րա­հաս­տա­տե­ցին Հ.Յ.Դ. 20րդ Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին որ­դեգ­րո­ւած քա­ղա­քա­կան ու­ղե­գի­ծը: 24րդ Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը ճշդեց սկզբունք­նե­րը Ար­ցա­խեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան՝ «­Դէ­պի եր­կիր» նա­յե­լու եւ այդ ուղ­ղու­թեամբ գոր­ծե­լու:    
80ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն նոր թա­փով Հայ Դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րու դրօ­շա­կի­րը դար­ձան Հ.Յ.Դ. ան­մի­ջա­կան հո­վա­նիին տակ գոր­ծող Հայ Դա­տի աշ­խար­հաս­փիւռ յանձ­նա­խում­բե­րը, ո­րոնց քա­րոզ­չա­կան աշ­խա­տան­քին շնոր­հիւ հա­յու­թեան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան գծով ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցան կա­րե­ւոր յա­ռաջ­խա­ղացք­ներ:

ԱՐՑԱԽԵԱն ԱԶԱՏԱՄԱՐՏԻ ՇՐՋԱՆ - 1990-2000  

1990 թո­ւա­կա­նի Օ­գոս­տոս 8ին, 70ա­մեայ տա­րագ­րու­թե­նէ ետք, Հ.Յ.Դ. Բիւ­րոն հա­ղոր­դագ­րու­թեամբ մը կը բա­ցա­յայ­տէ կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ:
­Հետզ­հե­տէ թէ­ժա­ցող ար­ցա­խեան մար­տե­րուն մէջ կը նե­տո­ւի կու­սակ­ցու­թիւ­նը, դառ­նա­լով այն կազ­մա­կեր­պող եւ ո­գեշն­չող ու­ժը, որ իր շուր­ջը հա­մախմ­բեց մարտըն­չող ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու ջո­կատ­նե­րը:
Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տի ըն­թաց­քին նա­հա­տա­կի փա­ռապ­սա­կով հա­յոց պատ­մու­թեան է­ջե­րուն վրայ ի­րենց ա­նուն­նե­րը ար­ձա­նագ­րե­ցին դաշ­նակ­ցա­կան բա­զում զի­նո­ւո­րագ­րեալ­ներ, ա­ւե­լի քան 300 գա­ղա­փա­րա­կից նա­հա­տակ ա­զա­տա­մար­տիկ­ներ:
1992ի Յու­նի­սին Ե­րե­ւա­նի մէջ սկսաւ Հ.Յ.Դ. 25րդ Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը, որ սա­կայն խա­փա­նո­ւե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հին կող­մէ, ու շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ ա­ւե­լի ուշ Փա­րի­զի մէջ:
1994ի Դեկ­տեմ­բեր 8ին, Հա­յաս­տա­նի օ­րո­ւան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն ա­պազ­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ընդ­դի­մա­ցող Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ար­գի­լո­ւե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի մէջ, ո­րուն յա­ջոր­դեց ղե­կա­վար ըն­կեր­նե­րու ձեր­բա­կա­լու­թիւն­ներն ու բան­տար­կու­թիւն­նե­րը:
Ե­րեք տա­րի­նե­րու վրայ եր­կա­րող կա­սե­ցեալ իր վի­ճա­կով, կու­սակ­ցու­թիւ­նը շա­րու­նա­կեց ժո­ղո­վուր­դի շա­հե­րու հե­տապն­դու­մը եւ շա­րու­նա­կեց ընդ­դի­մա­նալ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ա­պազ­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան: 1995ի Նո­յեմ­բեր-­Դեկ­տեմ­բե­րին Պէյ­րու­թի մէջ գու­մա­րուե­ցաւ Հ.Յ.Դ. 26րդ Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը: 1996ին, Հ.Յ.Դ. իբ­րեւ լիի­րաւ ան­դամ կը վե­րա­միա­նայ Ըն­կեր­վար Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նին (Socialist International): 1998ի Յու­նո­ւար-­Փետ­րո­ւա­րին Պէյ­րու­թի մէջ կա­յա­ցած 27րդ (ար­տա­կարգ) Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը վե­րամ­շա­կեց Հ.Յ.Դ. Ծ­րա­գիրն ու Կազ­մա­կան Կա­նոն­նե­րը:
1998ին, Հ.Հ.Շ.ա­կան վեր­նա­խա­ւի ան­կու­մով, Հ.Յ.Դ. վե­րա­դար­ձաւ քա­ղա­քա­կան բեմ: 1999ի Մա­յիս 30ին կա­յա­ցած Հ.Հ. Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ 8 պատ­գա­մա­ւոր: 

ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ԿՌՈՒԱՆՆԵՐՈՒ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ - 2000-2015

2000 ի Յու­նո­ւա­րին Ե­րե­ւա­նի մէջ, գու­մա­րո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. 28րդ Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը, իսկ Հ.Յ.Դ. 29րդ Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վը գու­մա­րո­ւե­ցաւ 2004 Փետ­րո­ւար 6-17, Ծաղ­կա­ձոր, Հա­յաս­տան:
2003 թո­ւա­կա­նի Մա­յիս 25ին տե­ղի ու­նե­ցած  Հ.Հ. եր­րորդ գու­մար­ման Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն Հ.Յ.Դ. շա­հե­լով ընտ­րող­նե­րու ձայ­նե­րու 12 տո­կո­սը՝ խորհր­դա­րա­նէն ներս ու­նե­ցաւ 11 պատ­գա­մա­ւոր: 
­Նոյն թո­ւա­կա­նի Յու­լիս 11ին խորհր­դա­րա­նի եր­կու ու­ժե­րու՝ Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան եւ Օ­րի­նաց Երկ­րի հետ Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ստո­րագ­րեց Կոա­լի­ցիոն (միակ­ցու­թիւն-coalition) յու­շա­գիր: Ըստ կոա­լի­ցիոն յու­շագ­րի պա­հանջ­նե­րուն՝ Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի նա­խա­գա­հի տե­ղա­կա­լի պաշ­տօ­նը վստա­հո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան, իսկ կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ կու­սակ­ցու­թեան վստա­հո­ւե­ցան  ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան, գիւ­ղատն­տե­սու­թեան, աշ­խա­տան­քի ու սո­ցիա­լա­կան ա­պա­հո­վու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րը:
2007 թո­ւա­կա­նի Մա­յիս 12ին տե­ղի ու­նե­ցած ընտ­րու­թիւն­նե­րուն Հ.Յ.Դ.ի ցան­կով ընտ­րո­ւե­ցան 16 պատ­գա­մա­ւոր: 
2008ի Մա­յիս 21-26, Ծաղ­կա­ձո­րի մէջ տե­ղի կ­՚ու­նե­նայ Հ.Յ.Դ. 30րդ Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վը:

2008ի Յու­նի­սին Ա­թէն­քի մէջ կա­յա­ցած Ըն­կեր­վար Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի 13րդ հա­մա­գու­մա­րին՝ Հ.Յ.Դ.ի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը կ­՚ընտ­րո­ւի Ըն­կեր­վար Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի փոխ-նա­խա­գահ: 2009ի գար­նան Թուր­քիոյ հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ հաս­տա­տե­լու հար­ցի շուրջ տա­րո­ւող քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը եւ նա­խա­պայ­ման­ներ պա­րու­նա­կող ստո­րագ­րո­ւած հայ-թրքա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը ա­նըն­դու­նե­լի նկա­տե­լով՝ Հ.Յ.Դ. յայ­տա­րա­րեց, թէ կա­ռա­վա­րա­կան կոա­լի­ցիա­յի կազ­մէն դուրս գա­լով կը դառ­նայ ընդ­դի­մու­թիւն: Հ­րա­ժա­րա­կան տո­ւին նաեւ կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մի դաշ­նակ­ցա­կան նա­խա­րար­նե­րը:
2012 թո­ւա­կա­նի Մա­յի­սի 6ին կա­յա­ցած ընտ­րու­թիւն­նե­րուն Հ.Յ.Դ. ցան­կով Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի ան­դամ կ­՚ընտ­րո­ւի 5 պատ­գա­մա­ւոր:

2000-2015 ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծին, Հ.Յ.Դ. ան­մի­ջա­կան հո­վա­նիին տակ գոր­ծող Հայ Դա­տի աշ­խար­հաս­փիւռ յանձ­նա­խում­բե­րու, յատ­կա­պէս Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րու Ո­ւա­շինկ­թը­նի, Պ­րիւք­սէ­լի, Ե­րե­ւա­նի, Պէյ­րու­թի եւ Օթ­թաո­ւա­յի գրա­սե­նեակ­նե­րու քա­րոզ­չա­կան լայ­նա­ծա­ւալ աշ­խա­տան­քին շնոր­հիւ հա­յու­թեան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան գծով ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցան նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ եւ Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րու տաս­նա­մեակ­նե­րու վրայ եր­կա­րող ան­խա­փան ճի­գե­րուն շնոր­հիւ շատ մը պե­տու­թիւն­ներ ճանչ­ցան Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: