«Զոկպի» Հետազօտական կեդրոնի (Zogby Analytics) կողմէ Նոյեմբեր 9ին, առաջին անգամ ըլլալով, իրականացուած հեղինակաւոր ամերիկեան հարցախոյզը ցոյց կու տայ ամերիկեան հասարակութեան գիտելիքներու մակարդակն ու կարծիքը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախի վերաբերեալ: Բացառապէս
տողերու հեղինակին տրուած հարցախոյզի արդիւնքներուն անճշդութիւնը կը տատանի 3,1 տոկոսի սահմաններուն մէջ:
Այն հարցումին, թէ արդեօք տեղեա՞կ էք, որ տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութիւն, զարմանալիօրէն հարցման մասնակիցներուն միայն 34,8 տոկոսը դրական պատասխան տուած է. 49,6 տոկոսը ըսած է «ո՛չ», իսկ 15,6 տոկոսը` «գաղափար չունիմ»:
Կ՛ակնկալէինք, որ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն շատ աւելի բարձր տոկոսը տեղեակ ըլլար Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, յատկապէս Հարիւրամեակի այս տարուան ոգեկոչման մեծ ձեռնարկներէն ետք: Այն փաստը, որ ամերիկացիներուն կէսը երբեք չէ լսած 1,5 միլիոն հայերու ցեղասպանութեան մասին, ցոյց կու տայ, որ անհրաժեշտ են մեծ ջանքեր՝ հանրութեան դաստիարակութեան համար:
«Զոկպի» Հետազօտական կեդրոնը իր հարցման մէջ ծաւալուն տեղեկատուութիւն կը տրամադրէ մասնակիցներուն անձնական տուեալներուն մասին: Ահա քանի մը հետաքրքրական մանրամասնութիւններ.
- Մինչ արական սեռի մասնակիցները վերոնշեալ հարցումին վերաբերեալ իրենց իմացութեամբ կը բաժանուին հաւասարապէս, կանանց մօտ այդ գծով խիստ անհաւասարակշռութիւն կայ. Հայոց Ցեղասպանութեան մասին անտեղեակ կանանց թիւը երկու անգամ կը գերազանցէ տեղեկացուածներու թիւը.
- Պատասխանողներուն մօտ կէսը հաւասարապէս անտեղեակ է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին` անկախ կուսակցական պատկանելութենէ: Ազատականները քիչ մը աւելի տեղեկացուած են, քան չափաւորականները եւ պահպանողականները: Զարմանալի է, որ «Թէյի Կուսակցութեան» (Tea Party) եւ «Գրաւէ Ուոլ Սթրիթը» (Occupy Wall Street) շարժման համակիրներու մեծամասնութիւնը իրազեկ է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:
- Համալսարաններու շրջանաւարտներուն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իրազեկուածութիւնը աւելի բարձր է, քան չաւարտածներունը:
- Հայոց Ցեղասպանութեան մասին առաւել տեղեկացուած է 25-34 տարիքային խումբը, իսկ ամենաքիչ` 35-53 տարիքային խումբը:
- Սպանախօս ամերիկացիները աւելի քաջատեղեակ են Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, քան «սպիտակները». ամենաքիչ տեղեկացուածները ափրիկեան-ամերիկացիներն ու ասիական ծագում ունեցող ամերիկացիներն են:
- Կաթողիկէները աւելի տեղեակ են Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, քան բողոքականները:
- Արեւմտեան ափի ամերիկացիները աւելի տեղեակ են Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, քան արեւելքի մէջ ապրող անոնց հայրենակիցները, իսկ ամէնէն անտեղեակները Ա.Մ.Ն.ի կեդրոնական եւ հարաւային նահանգներու մէջ ապրող ամերիկացիներն են:
- Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ամէնէն շատ գիտեն ամենաբարձր եկամուտներ ունեցող (100 հազար տոլար եւ աւելի) ամերիկացիները, իսկ ամենաքիչը` անոնք, որոնք ունին 35-50 հազար տոլարի տարեկան եկամուտ:
Ընդհանուր առմամբ, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին առաւել տեղեկացուած ամերիկացին` տղամարդ է, աջակողմեան կամ ձախակողմեան թեւի գործիչ, համալսարանի շրջանաւարտ, 25-35 տարեկան, սպանախօս, կաթողիկէ, կ՛ապրի Արեւմտեան ափին եւ ունի աւելի քան 100 հազար տոլարի տարեկան եկամուտ։ Իսկ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ամէնէն անտեղեակ ամերիկացին` իգական սեռի ներկայացուցիչ է, գլխաւոր կուսակցութիւններու անդամ, բարձրագոյն կրթութիւն չունի, 35-53 տարեկան է, ափրիկեան-ամերիկացի կամ ասիական ծագում ունեցող, բողոքական, կ՛ապրի կեդրոնական կամ հարաւային նահանգներու մէջ եւ ունի 35-50 հազար տոլարի տարեկան եկամուտ:
Ահա՛ Ցեղասպանութեան ու Արցախին առնչուող միւս ութ հարցումներուն պատասխանները.
- Ամերիկացիներուն 46,5 տոկոսը կողմ է, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պէտք է կոչ ընէ Թուրքիոյ հրապարակայնօրէն ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը. 16,1 տոկոսը դէմ է, իսկ 37,4 տոկոսը չի գիտեր:
- 39 տոկոսը կողմ է, որ «Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսը պէտք է բանաձեւ ընդունի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին… եթէ նոյնիսկ ատոր հետեւանքով խզուին դիւանագիտական յարաբերութիւնները Միջին Արեւելքի գլխաւոր ռազմավարական դաշնակիցին հետ»։ 22,5 տոկոսը դէմ է, իսկ 38,5 տոկոսը չի գիտեր:
- 63,2 տոկոսը կողմ է, որ «Եթէ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցը կը նախաձեռնէ ծրագիր մը` բնակչութիւնը իր սեփական երկրին մէջ ոչնչացնելու, հալածելու կամ տեղահանելու համար, ապա Ա.Մ.Ն. պէտք է դադրեցնէ տնտեսական եւ (կամ) ռազմական օժանդակութիւնը այդ դաշնակիցին»։ 10,5 տոկոսը դէմ է, իսկ 26,3 տոկոսը չի գիտեր:
- 20,1 տոկոսը կը կարծէ, որ երբ որեւէ երկիր ցեղասպանութիւն կ՛իրականացնէ, ապա ան պէտք է «գումարային» հատուցում վճարէ։ 11,8 տոկոսը կ՛ըսէ, որ ան պէտք է հատուցէ՝ զաւթած «հողերը» վերադարձնելով, իսկ 10,7 տոկոսը` «մէկ այլ խորհրդանշական արարքով»։ 9,4 տոկոսին համաձայն` «ոչ մէկ հատուցում պէտք է կատարէ», իսկ 48 տոկոսը չի գիտեր:
- 31,3 տոկոսը կը կարծէ, որ Մ.Ա.Կ.ը պէտք է որոշէ, թէ ի՞նչ հատուցում պէտք է տրուի ցեղասպանութեան իրագործման պարագային։ 23,8 տոկոսը կ՛ըսէ, որ ատիկա պէտք է որոշէ Միջազգային Քրէական Դատարանը, 12,1 տոկոսը` Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսը, 3 տոկոսը` Amnesty Internationalը, 2,5 տոկոսը` Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը, 0,8 տոկոսը` Հռոմի Պապը, իսկ 26,5 տոկոսը չի գիտեր:
- 37,9 տոկոսը կը կարծէ, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է «տնտեսական պատժամիջոցներ» կիրարկեն ընդդէմ այն երկրին, որ «կը հրաժարի ճանչնալէ եւ պատասխանատուութիւն կրելէ մարդկութեան դէմ գործած իր յանցագործութիւններուն համար»։ 16,4 տոկոսը կ՛ըսէ, որ Ա.Մ.Ն. պէտք է «քաղաքական-դիւանագիտական ճնշում» գործադրէ, 8,6 տոկոսը` «էմպարկօ», 2,6 տոկոսը` Ա.Մ.Ն. պէտք է պատերազմ յայտարարէ. 4,5 տոկոսը` «ոչինչ ընէ», իսկ 30 տոկոսը չի գիտեր:
- 38,3 տոկոսը կողմ է, որ «Միացեալ Նահանգները պէտք է միջամտեն, եթէ Ատրպէյճան փորձէ արտաքսել (Արցախի) էթնիկ քրիստոնեայ հայերը, որոնք դարեր շարունակ հոն կ՛ապրին». 21,8 տոկոսը դէմ է, իսկ 39,9 տոկոսը չի գիտեր:
- 40,4 տոկոսը կողմ է, որ եթէ յանկարծ Ատրպէյճան յարձակի Արցախի վրայ, ապա Միացեալ Նահանգներ պէտք է կոչ ընեն Իսրայէլին, որ ժամանակակից զէնքեր կը վաճառէ Պաքուին, խզէ իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի հետ. 16,9 տոկոսը դէմ է, իսկ 42,7 տոկոսը չի գիտեր:
Իր տեսակին մէջ առաջին այսօրինակ հարցախոյզը կրնայ ծառայել որպէս կարեւոր ուղեցոյց ամերիկահայ համայնքին համար` իմանալու, թէ ո՞ւր կեդրոնացնէ իր դաստիարակչական ճիգերը եւ լոպպիստական աշխատանքները:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ - «Քալիֆորնիա Քուրիըր»