Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altՆա­խօ­րէին Ֆ­րան­սա­յի դրօ­շի գոյ­նե­րով ծած­կո­ւե­ցաւ նաեւ ­Մա­տե­նա­դա­րա­նը, իսկ քիչ ա­ւե­լի հե­ռու` Ֆ­րան­սա­կան ա­նու­նը կրող հրա­պա­րա­կին վրայ, վա­ռե­ցան հա­զա­րա­ւոր մո­մեր: ­Շա­բաթ օր ե­րե­կո­յեան հա­ւա­քո­ւած էին հա­րիւ­րա­ւոր մար­դիկ` յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցա­նե­լու ա­հա­բեկ­չու­թիւն­նե­րու զո­հե­րու յի­շա­տա­կին: ­Նոյ­նիսկ հնչեց

Ֆ­րան­սա­յի օրհ­ներգ ­Մար­սէ­յէ­զը` կեն­դա­նի կա­տա­րու­մով: Ս­գոյ հա­ւա­քին միա­ցած էր նաեւ նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան:

Ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէն ժա­մեր անց, առ­տու կա­նու­խէն, ­Հա­յաս­տա­նի մօտ Ֆ­րան­սա­յի դես­պա­նա­տան դի­մաց սկսան յայտ­նո­ւիլ ծաղ­կե­փուն­ջեր: Ան­հատ քա­ղա­քա­ցի­ներ, ա­ռան­ձին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­ներ կը շտա­պէին դէ­պի Ֆ­րան­սան ­Հա­յա­ստա­նի մէջ ներ­կա­յաց­նող գլխա­ւոր հաս­տա­տու­թիւ­նը` ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւնն ու ցա­ւակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­լու ֆրան­սա­ցի ժո­ղո­վուր­դին: ­Մար­դիկ դես­պա­նա­տան փոս­տարկղ կը նե­տէին ա­ռան­ձին գրու­թիւն­ներ եւ վշտակ­ցու­թեան խօս­քե­րով ու­ղերձ­ներ:

Իսկ այդ ըն­թաց­քին ֆէյս­պու­քի մէջ սկսաւ լայն ար­շաւ` օգ­տա­տէ­րե­րը ի­րենց դի­մա­պատ­կեր­նե­րը կը ծած­կէին ֆրան­սա­յի դրօ­շի ե­րանգ­նե­րով` իբ­րեւ զօ­րակ­ցա­կան քայլ: ­Սա ալ դար­ձաւ հան­րա­յին մեծ բա­նա­վէ­ճի նիւթ` ոչ միայն ­Հայաս­տա­նի, այ­լեւ մի­ջազ­գա­յին լայն հար­թակ­նե­րու վրայ:

­Շա­տեր կը բո­ղո­քէին, թէ ին­չո՞ւ նման նախա­ձեռ­նու­թիւն չե­ղաւ, երբ նա­խորդ տա­րի ­Քե­նիա­յի մէջ իս­լամ ա­հա­բե­կիչ­նե­րը յար­ձա­կե­ցան հա­մալ­սա­րա­նի վրայ ու գնդա­կա­հա­րե­ցին առ­նո­ւազն 200է ա­ւե­լի քրիս­տո­նեայ ու­սա­նող­ներ, ին­չո՞ւ չե­ղաւ, երբ ա­հա­բեկ­չու­թիւն կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ ­Պէյ­րու­թի մէջ, այս շա­բաթ նաեւ ­Պաղ­տա­տի մէջ ու վեր­ջա­պէս` ին­չո՞ւ չե­ղաւ, երբ անց­նող ե­րեք-չորս տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ­Սու­րիոյ մէջ զո­հո­ւե­ցաւ 350 հա­զա­րէ ա­ւե­լի խա­ղաղ բնա­կիչ։

­Սու­րիոյ թե­ման յատ­կա­պէս շատ նուրբ է փա­րի­զեան ա­հա­բեկ­չու­թիւն­նե­րէն ետք:

Ի վեր­ջոյ, ինչ­պէ՞ս ծնաւ մարդ­կու­թեան նո­րա­գոյն այդ չա­րի­քը:

­Չէ՞ որ ա­նոնց նօսր շար­քե­րուն մէջ, ­Սու­րիոյ ա­ռա­ջին ցոյ­ցե­րուն ու յե­տոյ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թեանց օ­րե­րուն, նոյն մի­ջազ­գա­յին ա­ռաջ­նորդ­նե­րը Ա­սա­տի վար­չա­կար­գին հա­կա­ռա­կորդ­նե­րուն կ­՛ա­նո­ւա­նէին ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ու­ժեր, կը պա­հան­ջէին` ­Սու­րիոյ մէջ Ա­սա­տի հե­ռա­ցու­մը նոյն այդ ու­ժե­րով, կը զօ­րակ­ցէին ա­նոնց, կը հան­դի­պէին ա­նոնց հետ: ­Չէ՞ որ նոյն ա­մե­րի­կեան ծե­րա­կու­տա­կան ­Մակ­քէյ­նի հետ հրա­պա­րա­կո­ւած են այն նոյն իս­լա­մա­կան­նե­րու լու­սան­կար­նե­րը, ա­նոնց շար­քին` Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թեան ա­ռաջ­նորդ Ալ ­Պաղ­տա­տիի հետ: ­Քատ­տաֆ­ֆի դէմ պայ­քա­րող­նե­րը ին­չո՞ւ մէկ վայր­կեա­նի մէջ դար­ձան ա­րեւմտեան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան կրող­ներ, նոյ­նիսկ ­Քատ­տա­ֆիին ա­ռանց դատ ու դա­տաս­տա­նի բզկտող բազ­մու­թիւ­նը քննա­դա­տու­թեան չար­ժա­նա­ցաւ:

­Չէ՞ որ այդ բո­լոր ա­հա­բե­կիչ­նե­րը այն­պէս մէջ­տեղ չե­կան: ­Զա­նոնք սնու­ցե­ցին, ֆի­նան­սա­ւո­րե­ցին, զի­նե­ցին, մար­զե­ցին: Ու այ­սօր բո­լորս կ­՛ող­բանք ­Փա­րի­զի մէջ սպան­նո­ւած 129 ան­մեղ մար­դոց հա­մար: Ողջ աշ­խար­հով կ­՛ող­բանք: Իսկ ո՞վ պի­տի ող­բայ մեր հա­րե­նա­կից այն 70էն ա­ւե­լի հա­լէ­պա­հա­յե­րուն հա­մար, ո­րունք զո­հո­ւե­ցան այս քա­նի մը տա­րի­նե­րուն` նոյն այդ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու դի­պու­կա­հար­նե­րու գնդակ­նե­րէն կամ զի­նեալ­նե­րու ար­ձա­կած ար­կե­րու բե­կոր­նե­րէն:

Ո՞վ պէտք է ող­բայ այն ան­հետ կո­րած կամ զո­հո­ւած մեր քե­սապ­ցի հայ­րե­նա­կից­նե­րուն հա­մար, ո­րոնց բնա­կա­վայ­րը նոյն ա­հա­բե­կիչ­նե­րը գրա­ւե­ցին ար­դէն ­Թուր­քիոյ ա­ջակ­ցու­թեամբ: Այն ­Թուր­քիոյ, ո­րուն իշ­խա­նու­թեան ու Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թեան մի­ջեւ կա­պը կ­՛ար­ձա­նագ­րեն ան­գամ այդ երկ­րին մէջ, ո­րուն անվ­տան­գու­թեան ծա­ռա­յու­թեան պետ ­Հա­քան ­Ֆի­տան դեռ օ­րերս մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան կոչ կ­՛ը­նէր ճանչ­նա­լու Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թիւ­նը, կ­՛ա­ռա­ջար­կէր այդ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման պաշ­տօ­նա­կան գրա­սե­նեակ բա­նալ ­Պոլ­սոյ մէջ, որ ա­նոնց հետ շփում­նե­րը հա­մա­կար­գո­ւած ըլ­լան:

Կ­՛ող­բանք ար­դա­րա­ցիօ­րէն ողջ աշ­խար­հով ­Փա­րի­զի ան­մեղ զո­հե­րուն հա­մար, սա­կայն քա­նի՞ հո­գին կ­՛ող­բայ ճիշդ այս օ­րե­րուն ­Թուր­քիոյ տա­րած­քին, հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան ­Ճիզ­րէ քա­ղա­քին մէջ պե­տա­կան զօր­քին կող­մէ սպան­նո­ւող խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րուն հա­մար կամ այն վայ­րա­գու­թիւն­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք կը կա­տա­րո­ւին հոն:

Եր­կա­կի չա­փա­նիշ­ներ ը­սո­ւա­ծը ա՛յս է, որ հա­մաշ­խար­հա­յին պատ­մու­թեան ո­լո­րան­նե­րուն մէջ միշտ ալ հան­դի­պած է ու միշտ ալ դար­ձած երկ­սայ­րի սուր:

Անց­նող քա­նի մը տա­րի­նե­րու «Ա­րա­բա­կան ­Գա­րուն»ը ա­տոր վառ օ­րի­նակն է:

Երբ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ա­նու­նը կրող ոլ­րա­նետ (boomerang) նե­տե­լով չէին պատ­կե­րաց­ներ, որ ա­տի­կա կը վե­րա­դառ­նայ ... կամ գու­ցէ՞ անգ­րա­գէտ ըլ­լա­լով` չէին հասկ­նար, թէ ոլ­րա­նե­տի գոր­ծը ի՜նչ է:

ԳԵՂԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
- «Եր­կիր ­Մե­տիա»