Երեքշաբթի՝ 17 Նոյեմբերին, Պոլսոյ Պաշաքշեհիր շրջանին մէջ գտնուող «Ֆաթիհ Թերիմ» մարզադաշտին մէջ, Թուրքիա-Յունաստան ֆութպոլի բարեկամական մրցումի ընթացքին, թուրք համակիրները մերժեցին մէկ վայրկեան յոտընկայս լռութեամբ յարգել Փարիզի մէջ ահաբեկչական յարձակումներու անմեղ զոհերուն յիշատակը: Անոնք հակազդեցին այդ հրաւէրը անարգող գո
ռոցներով եւ բացագանչեցին՝
«Ալլահուաքպար» ու «Նահատակները չեն մեռնիր, հայրենիքը պիտի չմասնատուի»:
Մթնոլորտի առումով՝ Պոլսոյ մարզադաշտը հակապատկերն էր Լոնտոնի «Ուեմպլի» մարզադաշտին, ուր Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի ազգային խումբերու համակիրները միասնաբար երգեցին «Մարսէյէզ»ը, ապա՝ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին արձանագրուած զոհերուն յիշատակը:
Թուրքիան մէկ կողմէ առերեւոյթ մաս կը կազմէ ՏԱՀԵՇի դէմ պայքարի միջազգային դաշինքին, Ուաշինկթընի հետ ձեռնարկած է Սուրիոյ հետ իր սահմանին «փակումը ամբողջացնելու գործողութեան», սակայն միւս կողմէ սերտ յարաբերութիւններ ունի ՏԱՀԵՇի եւ ահաբեկչական այլ խմբաւորումներու հետ. անոնց հետ կը կատարէ քարիւղի առեւտուր, իր սահմանին ճամբով կ՛ապահովէ անոնց զէնքերու, զինեալներու եւ ֆինանսական (ելեւմտական) միջոցներու մատակարարումը:
Թուրքիա-Յունաստան ֆութպոլի բարեկամական մրցումը ի յայտ բերաւ, որ ՏԱՀԵՇի հետ Թուրքիոյ սերտ յարաբերութիւնները միայն պետական մարմիններու մակարդակին վրայ չեն, այլ նաեւ գոյութիւն ունի ՏԱՀԵՇին ու անոր ահաւոր արարքներուն համակրող ու զօրակցող ժողովրդային ենթահող մը, որուն ծնունդը կարելի է վերագրել Թուրքիոյ իշխող իսլամական Արդարութիւն եւ Բագաւաճում կուսակցութեան 13ամեայ ներքին քաղաքականութեան:
Փարիզի յարձակումներու հեղինակներուն եւ ընդհանրապէս ՏԱՀԵՇի զինեալներու տարանցիկ երկրին ազգային խումբին համակիրներուն ժխտական վերաբերմունքը պիտի չվրիպի Ֆրանսայի իշխանութիւններուն եւ ծագումով ֆրանսացի քաղաքացիներուն ուշադրութենէն, մանաւանդ որ, մասնաւորաբար վերջիններուս մօտ ազգայնական զգացումները հասած են իրենց գագաթնակէտին, եւ անոնց հանդուրժողականութիւնը ստացած է լուրջ հարուած:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻՅԵԱՆ