Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Հինգ տա­րո­ւան պատ­րաս­տու­թեան աշ­խա­տան­քէ ետք, հա­յազ­գի Ա­րեն Փեր­տե­չի եւ քրտու­հի Է­լա Ա­լիա­մաք հան­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցին «­Կոր­սո­ւած Թռ­չուն­ներ» խո­րա­գի­րով շար­ժա­պատ­կե­րը, որ կը ծա­նու­ցո­ւի իբ­րեւ Թուր­քիոյ մէջ նկա­րա­հա­նո­ւած՝ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին ա­ռա­ջին ֆիլ­մը:

Ան­ցեալ Ուր­բաթ ե­րե­կո­յեան, այս շար­ժա­պատ­կե­րը ա­ռա­ջինն էր որ ցու­ցադ­րո­ւե­ցաւ ԱՐՓԱի 18րդ տա­րե­կան փա­ռա­տօ­նին: Ֆիլ­մի ցու­ցադ­րու­թե­նէն ետք, ներ­կա­նե­րը ա­ռիթ ու­նե­ցան ունկնդ­րե­լու բե­մադ­րիչ­նե­րը եւ հար­ցում­ներ ուղ­ղե­լու ա­նոնց:

Թուր­քիոյ մէջ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ուղ­ղա­կի կամ ա­նուղ­ղա­կի առն­չո­ւող շար­ժա­պատ­կե­րի մը պատ­րաս­տու­թիւ­նը յան­դուգն ձեռ­նարկ է ան­շո՛ւշտ: Այդ մա­սին ակ­նար­կելն իսկ ա­ւե­լորդ է, եւ վստա­հա­բար բե­մադ­րիչ­նե­րը չեն ակն­կա­լեր, որ ի­րենց աշ­խա­տան­քը գնա­հա­տո­ւի յանդգ­նու­թեան հար­թու­թեան վրայ:

«Ա­նա­տո­լու»ի մէջ 1915ի Ապ­րիլն է. հայ­կա­կան գիւ­ղի բնա­կիչ­նե­րը կը տօ­նեն Ս. Զա­տի­կը: Պա­տե­րազմ է. ըն­տա­նի­քի հայ­րը տա­րո­ւած է ճա­կատ. մեծ հօր, մեծ մօր եւ մօր խնամ­քին տակ են եր­կու ե­րե­խա­ներ՝ Մա­րիամն ու Պե­տօն, ո­րոնք ի­րենց ման­կա­կան հէ­քիա­թա­յին աշ­խար­հը ստեղ­ծած են։

Ի­րա­պէ՛ս հրա­շա­լի է շար­ժա­պատ­կե­րի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­մը, նկա­րա­հա­նու­մը, Մա­րիամն ու Պե­տօն մարմ­նա­ւո­րող ե­րե­խա­նե­րուն խա­ղար­կու­թիւ­նը: Այ­սու­հան­դերձ (ե­րա­նի ա­զա­տո­ւէինք այս «այ­սու­հան­դերձ»նե­րէն), Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան, Մեծ Ա­ղէ­տին կող­քով անց­նող պա­տում մըն էր ներ­կա­յա­ցո­ւա­ծը: Տա­րագ­րու­թիւ­նը պէտք էր են­թադ­րել լքո­ւած գիւ­ղի մը նկար­նե­րով, բնա­կա­րա­նին մէջ որ­սի հրա­ցան պա­հող մեծ հօր ձեր­բա­կա­լու­թեամբ եւ ըն­տա­նի­քի միւս ան­դամ­նե­րուն ան­յայ­տա­ցու­մով: Գիւ­ղին մէջ ա­ռան­ձին մնա­ցած ե­րե­խա­նե­րուն վի­ճա­կո­ւած փոր­ձա­ռու­թիւն­ներն ալ ո՛չ այն­քան մա­հա­ցու մի­ջա­վայ­րի մը մէջ տե­ղի կ­՛ու­նե­նա­յին, եւ ա­նոնց վե­րա­միա­ցու­մը «ա­պա­հով Հա­լէպ հա­սած» ի­րենց տա­րա­գիր մօր հետ կը փա­կէր վա­րա­գոյ­րը՝ ա­հա­ւոր ող­բեր­գու­թիւն­նե­րու աշ­խար­հը դուրս ձգե­լով հան­դի­սա­տե­սին տե­սա­դաշ­տէն:

Յա­մե­նայն­դէպս, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին ֆիլ­մե­րու դա­րա­կը կը հարս­տա­նայ եւ կար­ծէք մօտ է ժա­մա­նա­կը, երբ ող­բեր­գու­թեան տա­րո­ղու­նակ ներ­կա­յա­ցու­մը գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բարձր մա­կար­դա­կով պի­տի կա­տա­րո­ւի: «­Կոր­սո­ւած Թռ­չուն­նե­րը» այդ յոյ­սը կու տայ:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ