Print
Category: Յօդուածագրութիւն

ԿԱԶՄԱՒՈՐՄԱՆ ՇՐՋԱՆ - 1890-1900

1890 ի գար­նան ա­միս­նե­րուն, Թիֆ­լի­սի մէջ, բազ­մա­թիւ հան­դի­պում­նե­րէ ետք, ծնունդ կ­­՚առ­նէ Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րի Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը, որ իր շուրջ կը հա­մախմ­բէ ազ­գա­յին-

ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին մէջ նե­տո­ւած շարք մը հայ­կա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­ներ ու խմբա­ւո­րում­նե­րը՝ նպա­տա­կա­կէտ ու­նե­նա­լով ղե­կա­վա­րել թրքա­հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րը: 1890-92, նո­րաս­տեղծ կու­սակ­ցու­թե­նէն կը հե­ռա­նան հնչա­կեան­նե­րը եւ այլ ծայ­րա­յեղ ազ­գայ­նա­կան թե­քու­մով խմբա­ւո­րում­ներ:

1892ի ամ­րան, Թիֆ­լի­սի մէջ կը գու­մա­րո­ւի կու­սակ­ցու­թեան անդ­րա­նիկ Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վը: Այս ժո­ղո­վին է, որ կու­սակ­ցու­թիւ­նը վերջ­նա­կա­նա­պէս կը ստա­նայ Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թիւն ա­նո­ւա­նու­մը եւ կ­­՚օժ­տո­ւի իր ծրագ­րով ու կա­նո­նագ­րով: Ժո­ղո­վը նաեւ կ­­՚որ­դեգ­րէ կազ­մա­կեր­պա­կա­նօ­րէն ա­պա­կեդ­րո­նա­ցեալ դրու­թիւ­նը: Կու­սակ­ցու­թեան պաշ­տօ­նա­թեր­թը կը դառ­նայ «Դ­րօ­շակ»ը:

­­Կու­սակ­ցու­թիւ­նը շու­տով կը տա­րա­ծէ իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը Տա­րօ­նէն մին­չեւ Կ. Պո­լիս: 1892էն ետք, Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի մէջ ար­դէն իսկ կազ­մա­ւո­րո­ւած են Դաշ­նակ­ցու­թեան մար­տա­կան, ֆե­տա­յա­կան ա­ռա­ջին խում­բե­րը: Տա­րօ­նի մէջ ի­րենց խում­բե­րով թշնա­մին կը պա­տու­հա­սեն՝ Ա­րա­բօ, Սե­րոբ Աղ­բիւր, Գէորգ Չա­ւուշ, Անդ­րա­նիկ... իսկ Վաս­պու­րա­կա­նի մէջ Պե­տօ, Վար­դան, Վազ­գէն, Գայլ Վա­հան...

1896ին մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քի ու­շադ­րու­թիւ­նը Հայ­կա­կան Հար­ցին վրայ կեդ­րո­նաց­նե­լու նպա­տա­կով, տե­ղի կ­­՚ու­նե­նայ Պանք Օ­թո­մա­նի գրա­ւու­մը:

1897ին, հայ ան­զէն հայ­դուկ­նե­րու մահուան պատ­ճառ դար­ձած քիւրտ մազ­րիկ ցե­ղը պատ­ժա­կան յար­ձակ­ման կ­­՚են­թար­կո­ւի Դաշ­նակ­ցու­թեան 253 հո­գի­նոց մար­տա­կան գուն­դին կող­մէ: Յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կո­ւած ար­շա­ւան­քը, իբր զգու­շա­ցում, խոր ներ­գոր­ծու­թիւն կ­­՚ու­նե­նայ այլ քրտա­կան ցե­ղա­խում­բե­րու մօտ: 

1898ի ամ­րան Թիֆ­լի­սի մէջ կը գու­մարուի կու­սակ­ցու­թեան երկ­րորդ Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վը, ուր կ­­՚ո­րո­շո­ւի ծա­ւա­լուն թափ տալ ար­տա­սահ­մա­նի մէջ Հայ Դա­տի քա­րոզ­չու­թեան: Նոյն ժո­ղո­վին կը մշա­կո­ւին կու­սակ­ցու­թեան կազ­մա­կան կա­նոն­նե­րը (կա­նո­նա­գիր):

1892-1900 եր­կա­րող ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը հան­դի­սա­ցաւ Դաշ­նակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պա­կան բիւ­րե­ղաց­ման եւ դաշ­նակ­ցա­կան տի­պա­րի կազ­մա­ւոր­ման շրջա­նը: Այս հանգ­րո­ւա­նին ձեւ կ­­՚առ­նէ նաեւ դաշ­նակ­ցա­կան ֆե­տա­յիի կեր­պա­րը:  

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵԼՈՒ ՇՐՋԱՆ - 1900-1910 

1900 ին եւ յա­ջոր­դող տա­րի­նե­րուն, թրքա­կան լու­ծին դէմ հայ­դու­կա­յին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կո­ւին: 1900-1901, Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը մուտք կը գոր­ծէ եւ իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կը ծա­ւա­լէ Կի­լի­կիոյ, Խար­բեր­դի եւ Երզն­կա­յի շրջան­նե­րուն մէջ:

1900ի Հոկ­տեմ­բե­րէն սկսեալ, կու­սակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րէն Ք­րիս­տա­փոր Մի­քա­յէ­լեա­նի ջան­քե­րով, Փա­րի­զի մէջ կը սկսի հրա­տա­րա­կո­ւիլ ֆրան­սե­րէն «Փ­րօ Ար­մե­նիա» հան­դէ­սը, իբ­րեւ մի­ջազ­գա­յին օ­տա­րա­լե­զու բան­բեր Հայ Դա­տին:

1902ին սկիզբ կ­­՚առ­նէ Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տա­նէն դաշ­նակ­ցա­կան զի­նա­տար խում­բե­րու ա­ռա­քե­լու­թի­նը, ո­րուն նպա­տակն էր զէնք եւ զի­նամ­թերք փո­խադ­րել եւ զի­նել ա­րեւմ­տա­հա­յե­րը:
1903ի Յու­լիս-Օ­գոս­տոս ա­միս­նե­րուն, հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցա­կան կա­լո­ւած­նե­րու բռնագ­րաւ­ման ցա­րա­կան հրա­մա­նագ­րին դէմ, Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ոտ­քի կը հա­նէ կով­կա­սա­հա­յու­թիւ­նը: Ցա­րա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ի վեր­ջոյ կը հրա­ժա­րի իր մտադ­րու­թե­նէն: 

1904ի Փետ­րո­ւար-­­Մարտ ա­միս­նե­րուն Սո­ֆիա­յի մէջ կը գու­մա­րո­ւի կու­սակ­ցու­թեան եր­րորդ Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վը, ուր կ­­՚ո­րո­շո­ւի ա­հա­բե­կել Սուլ­թան Հա­մի­տը:

1904ին, թրքա­կան հե­տե­ւո­ղա­կան ճնշում­նե­րուն իբր հա­կա­դար­ձու­թիւն, Սաս­նոյ ժո­ղո­վուր­դը զէն ի ձե­ռին պատ­նէ­շի վրայ է: Ապս­տամ­բու­թեան մղիչ ուժն ու ո­գին Դաշ­նակ­ցու­թիւնն է:

1905ին կը բռնկին հայ-թա­թա­րա­կան բա­խում­նե­րը Բա­քո­ւի մէջ, ո­րոնք շու­տով կը տա­րա­ծո­ւին ամ­բողջ Անդր­կով­կա­սի տա­րած­քին: Շ­նոր­հիւ Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ իր մար­տա­կան ղե­կա­վար­նե­րու յանդգ­նու­թեան, ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան գոր­ծը յա­ջո­ղու­թեամբ կը պսակուի եւ մեծ հա­րո­ւած կը տրո­ւի թշնա­միին:

1905ին, Օս­մա­նեան Թուր­քիոյ պատ­մու­թեան մէջ, իր նա­խըն­թա­ցը չու­նե­ցող Սուլ­թա­նին դէմ Դաշ­նակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պած ռմբա­յին մա­հա­փոր­ձը թէեւ կը ձա­խո­ղի, սա­կայն խոր ազ­դե­ցու­թիւն կը թո­ղու Սուլ­թա­նին եւ ա­նոր հե­տա­գայ գոր­ծու­նէու­թեան վրայ:

1907ին, թրքա­կան ու­ժե­րուն դի­մադ­րե­լու մի­ջո­ցին, կը նա­հա­տա­կո­ւի ֆե­տա­յի հայ­դու­կա­պետ Գէորգ Չա­ւուշ: Թշ­նա­միին մօտ ա­ռաս­պե­լա­կան համ­բա­ւի տի­րա­ցած այս հայ­դու­կա­պե­տին կը տրո­ւի պե­տա­կան-պաշ­տօ­նա­կան թա­ղում:

1907ին, Վիեն­նա­յի մէջ կը գու­մա­րո­ւի Հ.Յ.Դ. չոր­րորդ Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վը: Այս ժո­ղո­վին կ­­՚որ­դեգ­րո­ւի Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տա­նի դա­տի հե­տապն­դու­մը, կը վե­րամ­շա­կո­ւի ծրա­գի­րը, կ­­՚ըն­դու­նուի ըն­կեր­վա­րու­թիւ­նը որ­պէս գործ­նա­կան նպա­տակ եւ կ­­՚ո­րո­շո­ւի մաս­նակ­ցիլ Պարս­կաս­տա­նի յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման: 1907ի վեր­ջե­րը, Դաշ­նակ­ցու­թեան հրա­ւէ­րով, թուրք եւ ոչ-թուրք ընդ­դի­մա­դիր­ներ կը մաս­նակ­ցին «Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան ընդ­դի­մա­դիր տար­րե­րու հա­մա­գու­մար»ին, ուր կ­­՚ո­րո­շո­ւի գա­հըն­կէց ը­նել Սուլ­թա­նը եւ հաս­տա­տել ժո­ղովր­դա­վար կար­գեր:   

1908ի Հոկ­տեմ­բե­րին, Պ­րիւք­սէ­լի մէջ գու­մա­րո­ւած Ըն­կեր­վար Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­լով, Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը կը դառ­նայ այդ կազ­մա­կեր­պու­թեան լիի­րաւ ան­դամ, իբր ըն­կեր­վա­րա­կան ա­րե­ւե­լում ու­նե­ցող կու­սակ­ցու­թիւն: 

1900-1910, Դաշ­նակ­ցու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը աշ­խար­հագ­րա­կա­նօ­րէն ծա­ւա­լե­լով հա­սաւ մին­չեւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ: Այս ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը յատ­կան­շո­ւե­ցաւ ժո­ղովր­դա­կան լայն շրջա­նակ­նե­րուն քա­ղա­քա­կան կազ­մա­ւո­րում տա­լու ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թեամբ: