Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altՀինգ­շաբ­թի՝ 29 ­Հոկ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ւօ­տուն, «­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի Օ­դա­յին ­Գի­ծե­րու» (MEA) ինք­նա­թի­ռը մօտ եր­կու ժա­մո­ւան թռիչ­քով մեզ հաս­ցուց ­Պէյ­րութ։ ­Դեռ ­Ռէ­ֆիք ­Հա­րի­րի օ­դա­կա­յա­նէն սկսանք շնչել այս իւ­րա­յա­տուկ քա­ղա­քի կա­­խար­­դա­­­կան ձգո­­ղու­­թիւ­նը։ Կ­՚ե­րե­­ւի ա­ռա­­ջին հեր­­թին տպա­­ւո­րո­ւած էինք օ­դա­­

կա­յա­­նի բազ­­մու­թեան զա­­նա­զա­­նու­­թե­­­նէն։ ­Խառ­­նի­­­ճա­ղանճ եր­­թե­­­ւե­կու­­թիւն մը կը տի­­րէ ­Պէյ­­րու­թի փո­­ղոց­­նե­­­րուն մէջ։ ­Ճա­­շա­րան­­նե­­­րը ընդ­միշտ բազ­­մա­­­մարդ են։ Ան­­մի­­­ջա­պէս աչ­­քի կը զար­­նեն փո­­ղոց­­նե­­­րու եզ­­րին կու­­տա­­­կո­ւած աղ­­բա­­­կոյ­­տե­­­րը։ ­Ճա­­շա­րան­­նե­­­րու եւ սրճա­­րան­­նե­­­րու մէջ յատ­­կա­­­պէս կի­­նե­րու քա­­շած շուն­չով կլկլա­­ցող նար­­կի­­­լա կամ շի­­շա­նե­­րը, ա­նոնց ար­­ձա­­­կած թանձր մու­­խը, այս բո­­լո­րով գո­­յա­ցած հա­­մայ­­նա­­­պատ­­կե­­­րը խիստ հրա­­պու­­րիչ են։

­Հա­­յա­նուն մեծ ա­ռեւ­­տու­րի կեդ­­րոն­նե­­րը, խա­­նութ­նե­­րը կամ ար­­հես­տա­­նոց­­նե­­­րը իս­­կոյն մեր ու­­շադ­րու­­թեան կը բա­­խին։ Ան­­ցար­գել­նե­­րով շրջա­­պա­տո­ւած են ­Հըզ­պուլ­լա­­հի թա­­ղա­մա­­սե­րը։ ­Պուրճ ­Հա­­մու­­տի նեղ­­լիկ փո­­ղոց­­նե­­­րը շրջե­­լու պա­­հուն տե­­ղա­ցի­­ներ բա­­ցատ­­րու­թիւն կու տան քա­­ղա­քա­­կան պա­­տե­րազ­­մի տա­­րի­նե­­րուն այս թա­­ղի սահ­­ման­նե­­րուն մա­­սին։ Ք­րիս­­տո­­­նեայ թա­­ղա­մա­­սե­րու ա­մէն ան­­կիւ­նա­­դար­­ձին կը յայտ­նո­ւին շքեղ ե­կե­­ղե­ցի­­ներ։ Իս­­լամ թա­­ղա­մա­­սե­րը զար­­դա­րո­ւած են ա­րա­­բա­կան ո­ճի մզկիթ­­նե­­­րով։ Այս բո­­լո­րը միաս­­նա­­­բար կը գո­­յաց­­նեն ­Մի­­ջին Ա­րե­­ւել­­քի այս ե­զա­­կի քա­­ղա­քին իւ­­րա­­­յա­տուկ պատ­­կե­­­րը։

Ա­ռա­­ջին քա­­նի մը ժա­­մե­րու այս տպա­­ւո­րու­­թե­­­նէն ետք կ­՚ուղ­ղո­ւինք դէ­պի հա­­մեր­­գի սար­­քո­ւած վայ­­րը՝ «­Ֆո­­րում ­Տը ­Պէյ­­րութ»։ ­Քա­­ղա­քի այս հսկայ շի­­նու­­թիւ­նը ի­րա­­կա­նու­­թեան մէջ միայն չորս պա­­տե­րէ կը բաղ­­կա­­­նայ։ ­Տա­­րած­­քը վար­­ձող­ներ ի­րենք կը դա­­սա­ւո­­րեն այդ տա­­րած­­քը օգ­­տա­­­գոր­­ծե­­­լու յար­­մա­­­րու­­թիւ­նը։ «­Գո­­հար»ի հա­­մերգ­նե­­րու կազ­­մա­­­կեր­­պիչ­ներն ալ մեծ ճար­­տա­­­րու­­թեամբ կազ­­մած էին 60 մեթ­­­ր­ եր­­կա­­­րու­­թիւն ու­­նե­­­ցող բե­­մա­հար­­թակ մը եւ 2200 հան­­դի­­­սա­կա­­­ն­ ընդգր­կող թրի­­պու­­նա։ Ա­ռա­­ջին հեր­­թին ու­­շագ­րաւ էր խիստ կազ­­մա­­­կեր­­պո­ւա­ծու­­թիւ­նը։ ­Բազ­­մա­­­թիւ ե­րի­­տա­սարդ­ներ դահ­­լի­­­ճի մուտ­քէն կը դի­­մա­ւո­­րէին հան­­դի­­­սա­տես­­նե­­­րը, ո­րոնք հա­­մեր­­գի բարձր ո­րա­­կին հա­­մա­պա­­տաս­­խան շքե­­ղու­­թեամբ ա­լիք առ ա­լիք կը մօ­­տե­նա­­յին ըն­­դու­նա­­րան։

Ող­­ջոյն՝ Ա­րամ ­Խա­­չա­տու­­րեա­նով

Խիստ ճշդա­­պա­հու­­թեամբ, յայ­­տա­­­րա­րո­ւած ժա­­մուն սկսաւ հա­­մեր­­գը։ «­Գո­­հար» խում­բի նա­­խորդ բո­­լոր հա­­մերգ­նե­­րուն նման, այս ան­­գամ ալ, մնջա­կա­­տար ­Համ­­լէթ ­Չո­­պա­նեան ե­կաւ բե­­մի կար­­ծե­ցեալ վա­­րա­գոյ­­րը բա­­նա­լու։ ­Դար­­ձեալ «­Գո­­հար»ի հա­­մերգ­նե­­րու ա­ւան­­դու­թիւնն է՝ յայ­­տա­­­գի­րը սկսիլ Ա­րամ ­Խա­­չա­տու­րեա­նի «­Գա­­յա­նէ» պա­­լէէն վալ­­սի պա­­րե­ղա­­նա­կով։ Տ­պա­­ւո­րիչ էր գո­­յա­ցած պատ­­կե­­­րը իր ճո­­խու­­թեամբ, քա­­նի որ բե­­մին վրայ այդ պա­­հուն տեղ գրա­­ւած էր 66 նո­ւա­գա­­ծու­­ներ եւ 61 եր­­գիչ-երգ­չու­­հի­­­նե­րէ բաղ­­կա­­­ցած երգ­չա­­խում­բը։

Այս հսկայ կազ­­մը կ­՚ըն­­կե­­­րակ­­ցէր 16 մե­­նա­կա­­տար­­նե­­­րու։ Իսկ այս պա­­հուն բե­­մա­յար­­դա­­­րու­­մի ճար­­պիկ մտայ­­ղա­­­ցու­­մով մը բե­­մը կը վե­­րա­ծո­ւի Ե­րե­­ւա­նի օ­փե­­րա­յի դահ­­լի­­­ճին։ ­Բիւ­­րե­­­ղեայ ջա­­հեր կա­­խո­ւած են ա­ռաս­­տա­­­ղէն, իսկ ոս­­կե­­­զօծ նախ­­շե­­­րով օ­թեակ­­նե­­­րը մեզ կը տա­­նին ար­­քա­­­յա­կան ապ­­րու­մի։

­Չորս օ­րե­­րու ի­րե­­րա­յա­­ջորդ հա­­մերգ­նե­­րու ըն­­թաց­քին հնչե­­ցին Ա­լեք­­սանտր Ա­ճէ­­մեա­նի, ­Գու­­սան ­Շե­­րա­մի, ­Գու­­սան ­Շա­­հէ­նի, Էտ­­կար ­Կան­­ճու­մեա­նի, ­Գու­­սան Ա­շո­­տի, ­Ռա­­ֆաէլ Աբ­­րա­­­հա­մեա­նի, Էլ­­վի­­­նա ­Մա­­կա­րեա­նի, Ար­­մէն ­Ման­­դա­­­կու­­նեա­նի, ­Խա­­չա­տուր Ա­ւե­­տի­սեա­նի, ­Տիգ­­րան ­Չու­­խա­­­ճեա­նի, ­Սա­­յաթ ­Նո­­վա­յի, ­Պետ­­րոս ­Զէյ­­թուն­ցիի, Ա­լեք­­սէյ ­Հէ­­քի­մեա­նի, ­Ցօ­­ղիկ ­Հա­­րո­յեա­նի, ­Ռո­­պէրթ Ա­միր­­խա­­­նեա­նի, Ա­րամ ­Սա­­թեա­նի, ­Յով­­հան­նէս ­Պա­­տա­լեա­նի, ­Հայ­­րիկ ­Ղա­­զա­րեա­նի, Ա­շոտ ­Բե­­կո­յեա­նի, ­Գու­­սան ­Հայ­­կա­­­զու­­նի, ­Գու­­սան ­Ռազ­­վա­­­րի, ­Գու­­սան ­Մե­­խա­կի, ­Գէորգ ­Մա­­նա­սեա­նի, Ար­­մէն ­Մար­­տի­­­րո­սեա­նի, ­Կե­­րա­սիմ ­Պետ­­րո­­­սեա­նի, ­Կո­­մի­տաս ­Վար­­դա­­­պե­տի, ­Մա­­րի­նէ Ա­լէ­­սի, ­Բար­­սեղ ­Կա­­նա­չեա­նի, Ար­­տէ­­­մի Այ­­վա­­­զեա­նի, Գ­րի­­գոր Ե­ղիա­զա­­րեա­նի, ­Գաբ­­րիէլ Ե­րա­­նեա­նի, Ա­շուղ ­Մի­­ջա­զի, ­Միհ­­րան ­Տա­­մա­տեա­նի, Ա­լեք­­սանթր Ս­պեն­­տիա­րեա­նի, Ա­լեք­­սանթր ­Տո­­լու­­խա­­­նեա­նի, ­Գէորգ Է­մի­­նի, ­Սա­­սուն ­Պաս­­կե­­­ւի­չեա­նի, ­Ժո­­րա ­Յա­­րու­­թիւ­նեա­նի, ­Ներ­­սիկ Իս­­փի­րեա­նի ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծու­թիւն­նե­­րէն եւ ժո­­ղովր­դա­­կան ե­րաժշ­տու­­թե­­­նէն ընտ­րո­ւած հա­­րիւր եր­­գեր։

­Հայ ե­րաժշ­տու­­թեան յօ­­րի­նում­նե­­րու մէջ ար­­տա­­­կարգ հարս­տու­­թիւն մըն են նաեւ եր­­գե­­­րու խօս­­քե­­­րը։ Ար­­դա­­­րեւ «­Գո­­հար»ի հա­­մերգ­նե­­րը բա­­ցի ե­րաժշ­տա­­կան վա­­յելք մը ըլ­­լա­­­լէ հա­­յե­րէն գրա­­կա­նու­­թեան բա­­ցա­ռիկ խնջոյ­­քի մը կը վե­րա­ծո­ւին։

­Հայ ե­րաժշ­տու­­թեան նոր աստ­ղը՝ ­Նա­­թա­լի ­Գալս­տեան

«­Գո­­հար»ի հա­­մերգ­նե­­րը մեր ե­րաժշ­տու­­թեան կը պար­­գե­­­ւեն նաեւ նոր աստղ մը՝ խմբա­­վար ­Նա­­թա­լի ­Գալս­տեան։ ­Գալս­տեան ա­ւար­­տած է Ե­րե­­ւա­նի ­Կո­­մի­տա­­սի ա­նո­ւան ե­րաժշ­տա­­նո­ցի տե­­սա­բա­­նու­­թեան եւ խմբա­­վա­րա­­կան բա­­ժի­նը։ ­Վա­­րած է ­Հա­­յաս­­տա­­­նի Ե­րաժշ­տա­­կան Ըն­­կե­­­րու­­թեան Ա­րամ ­Տէր-­Յով­­հան­նի­սեա­նի ա­նո­ւան երգ­չա­­խում­բը։ ­Հե­­տե­ւած է Ե­րե­­ւա­նի ­Պե­­տա­կան Ե­րաժշ­տա­­նո­ցի Օ­փե­­րա­յին-­Սիմ­­ֆո­­­նիկ ­Նուա­գա­­խում­բի խմբա­­վա­րու­­թեան մաս­­նա­­­գի­տա­­կան դա­սըն­­թացք­նե­­րուն։ Ան 2012էն ի վեր «­Գո­­հար» ե­րաժշտա­­կան խում­բին մաս կը կազ­­մէր իբ­­րեւ խմբա­­վար ­Սե­­պուհ Աբ­­գա­­­րեա­նի օգ­­նա­­­կան։ Աբ­­գա­­­րեա­նի մա­­հէն ետք ­Գալս­տեան ստանձ­նեց խմբա­­վա­րի պաշ­­տօ­­­նը եւ իր կա­­րո­ղու­­թիւնն ալ փաս­­տեց ­Պէյ­­րու­թեան հա­­մեր­­գա­­­շա­րով։

­Վե­­րեւ նշած էինք «­Գո­­հար» ե­րաժշ­տա­­կան խում­բի ա­մուր կա­­ռոյ­­ցը։ Այդ կա­­ռոյ­­ցի սիւ­­նե­­­րը կը հան­­դի­­­սա­նան գե­­ղա­րո­ւես­­տա­­­կան ղե­­կա­վար Գ­րի­­գոր ­Գու­­զի­­­կեան, գոր­­ծա­­­դիր տնօ­­րէն Ար­­զու­ման ­Յով­­հան­նի­­սեան, պա­­րու­­սոյց ­Սու­­սան ­Մի­­քա­յէ­լեան եւ երգ­չա­­խում­բի օգ­­նա­­­կան խմբա­­վար ­Ռու­­զան­նա ­Շահ­­պա­­­րո­նեան։

«­Գո­­հար» կը սի­­րէ իր ա­նու­­նին ներ­­քեւ օգ­­տա­­­գոր­­ծել «­Բո­­լոր ժա­­մա­նակ­­նե­­­րու լա­­ւա­գոյն հա­­յրէն­­ներ» են­­թա­­­խո­րա­­գի­րը։ Ի­րա­­ւա­ցի է այդ բա­­ցատ­­րու­թիւ­­նը, քա­­նի որ հան­­դի­­­սա­տե­­սը այս մեծ խում­բի կա­­տա­րում­նե­­րով կը հա­­ղոր­­դո­ւի ի­րեն հա­­մար շատ հո­­գե­հա­­րա­զատ ե­րաժշ­տու­­թեան։ ­Սա­­կայն այդ ծա­­նօթ ե­րաժշ­տու­­թիւ­նը ունկնդ­րին կը մա­­տու­­ցո­ւի ամ­­բող­ջո­­վին նոր ե­ռան­­դով ու ո­գիով։ Այս նո­­րը ա­պա­­հո­վող հիմ­­նա­­­կան գոր­­ծօ­­­նը ծա­­նօթ ե­ղա­­նակ­­նե­­­րու նոր գոր­­ծի­­­քա­ւո­­րումն է։ ­Խում­բը այս ո­լոր­­տէն ներս ալ ու­­նի ե­րեք ա­մուր սիւ­­ներ՝ հան­­րա­­­ծա­նօթ եր­­գա­­­հան ­Մե­­լիք ­Մա­­վի­սա­­քա­լեան, Անդ­րա­­նիկ ­Ներ­­սի­­­սեան եւ ­Սու­­րէն ­Խա­­չա­տու­­րեան։

Ան­­ցեա­լի ­Համ­­լէթ ­Գէոր­­գեա­նի, ­Ռա­­յի­սա Մկր­տի­­չեա­նի, ­Վա­­հան Գ­րի­­գո­րեա­նի եւ այ­­լոց նման ծա­­նօթ մե­­նա­կա­­տար­­նե­­­րու տեղ, սերն­դա­­փո­խու­­թեամբ կազ­­մի մէջ ե­կած են՝ ­Սեր­­կէյ ­Սարգ­սեան, Էլ­­յա ­Թաշ­­ճեան, Ա­րաք­­սիա Ա­միր­­խա­նեան, ­Գէորգ ­Խա­­չա­տու­­րեան, Գ­րի­­գոր Աբ­­րա­­­հա­մեան, ­Մէ­­րի Մն­ճո­­յեան, ­Դա­­ւիթ ­Խա­­չա­տու­­րեան, ­Լիան­­նա ­Թե­­ւո­սեան, ­Սար­­գիս Ա­ղա­­մա­լեան, Էտ­­կար ­Դա­­նիէ­լեան, ­Մար­­գար Ե­ղիա­զա­­րեան, ­Մո­նի­քա ­Մա­­նու­­չա­­­րո­վա, Ար­­մէն ­Դա­­ւի­թեան, ­Յաս­­միկ ­Թո­­րո­սեան, ­Վար­­դան ­Պա­­տա­լեան եւ ­Հայկ ­Տիգ­­րա­­­նեան։ ­Հա­­մեր­­գա­­­շա­րը մե­­նա­կա­­տար­­նե­­­րուն հա­­մար ալ փոր­­ձի դաշտ մը հան­­դի­­­սա­ցաւ ուր­կէ մեծ յա­­ջո­ղու­­թեամբ դուրս ե­կան բո­­լորն ալ։

­Չորս հա­­մերգ­նե­­րուն ալ երկ­րորդ բաժ­­նին մէջ ծան­­րակ­շիռ էին ազ­­գայ­նա­­շունչ ֆե­տա­յա­կան եր­­գե­­­րը։ ­Յայտ­նի է, որ ծրա­­գի­րը մշա­­կող­­նե­­­րը նկա­­տի ու­­նե­­­ցած են սփիւռ­քա­­հա­յու­­թեան, յատ­­կա­­­պէս ալ լի­­բա­նա­­նա­հա­­յու­­թեան ազ­­գա­­­յին նա­­խա­սի­­րու­­թիւ­նը։ ­Սա­­կայն դահ­­լի­­­ճի վե­­րա­բե­­րու­­մը դի­­տե­լով կա­­րե­լի է հա­­մո­զո­ւիլ, որ այդ հա­­մո­զու­­մը քիչ մը չա­­փա­զան­­ցո­ւած էր։ Ի վեր­­ջոյ այս եր­­գե­­­րը ի­րենց բա­­ռե­րով մերթ ընդ մերթ ալ ի­րո­­ղու­­թիւն մը պար­­զե­­­լէ ա­ւե­­լի, ցան­­կու­թիւն մըն է, որ կը դրսե­­ւո­րեն։ «­Քեզ յաղ­­թել չի լի­­նի իմ քաջ ­Գե­­տա­շէն» եր­­գած պա­­հուն տո­­գո­րո­ւիլ կա­­րե­լի է ան­­շուշտ, բայց պէտք է պահ մը մտա­­ծել, թէ ­Գե­­տա­շէ­­նը ո՞ւր է այ­­սօր, ­Հա­­յաս­­տա­­­նի սահ­­ման­նե­­րէ նե՞րս, թէ՞ դուրս։ ­Հասկ­նա­­լի է, նա­­խակր­թա­­րա­նի ու­­սա­­­նո­ղը խրա­­խու­­սե­­­լու հա­­մար անհ­րա­­ժեշտ է քա­­ջա­գոր­­ծու­թիւն­նե­­րու ա­ռաս­­պել­ներ հիւ­­սել, բայց բո­­վան­­դակ ժո­­ղո­վուր­դը նման ա­ռաս­­պել­նե­­րով որ­­քա՞ն պի­­տի լո­­լո­զենք։ Ի վեր­­ջոյ մե­­նա­կա­­տա­րը իր կուռ ձայ­­նով կը գո­­ռայ՝ «Է հէ՜յ ոտ­­քի հայ ժո­­ղո­վուրդ», բայց ժո­­ղո­վուր­դը անդր­դո­ւե­լի կը մնայ իր ա­թոռ­­նե­­­րուն նստած։ Երկ­րորդ փոր­­ձին մե­­նա­կա­­տա­րը ձայ­­նի շեշ­­տը ալ ա­ւե­­լի կը զօ­­րաց­­նէ ձեռ­­քի շար­­ժու­մով ալ ժո­­ղո­վուր­դը ոտ­­քի կայ­­նե­­­լու հրա­­ւի­րե­­լու հա­­մար, ափ­­սոս, հան­­դի­­­սա­տե­­սը կրկին ան­­հա­­­ղորդ կը մնայ։

­Յան­­կարծ միջ­­նա­­­դա­րեան զի­­նո­ւոր­­ներ կը խու­­ժեն դահ­­լիճ։ Ա­նոնք կը պատ­­կե­­­րաց­­նեն ­Կի­­լի­կեան թա­­գա­ւո­­րու­­թեան բա­­նա­կը։ ­Սա­­կայն վա­հան­նե­րուն վրայ գոր­­ծո­ւած խա­­չե­րով կը նմա­­նին եւ­­րո­­­պա­ցի խա­­չա­կիր ար­­շա­­­ւող­նե­­­րուն։ ­Նոյն պա­­հուն ե­րի­­տա­սարդ­նե­րը ­Կի­­լի­կեան թա­­գա­ւո­­րու­­թիւ­նը խորհր­դան­­շող դրօ­­շակ­­ներ բաժ­­նած են ժո­­ղո­վուր­դին։ Այդ ալ ծա­­նօթ տե­­սա­րան է։ «­Գո­­հար»ի նա­­խորդ հիւ­­րա­­­հա­մերգ­նե­­րուն ալ պարզուած էր նոյն պատ­­կե­­­րը։

­Պատ­­կա­­­նե­լու­­թեան գի­­տակ­­ցու­թիւ­­նը

Այս ա­ռու­­մով կա­­րե­լի է ը­սել, որ «­Գո­­հար երգ­չա­­խումբ եւ սիմ­­փո­­­նիկ նո­ւա­գա­­խում­բը» պատ­­կա­­­նե­լու­­թիւն­ներ ու­­նի։ Ան նախ կը պատ­­կա­­­նի ­Հա­­յաս­­տա­­­նի երկ­րորդ մեծ բնա­­կա­վայ­­րին՝ ­Կիւմ­րի քա­­ղա­քին։ Իր նա­­խա­սի­­րու­­թիւնն է պատ­­կա­­­նիլ ­Կի­­լի­կիոյ թա­­գա­ւո­­րու­­թեան։ Ին­­չո՞ւ չէ, «­Գո­­հար» սե­­փա­կա­­նու­­թիւնն է նաեւ ­Տի­­կին ­Գո­­հար ­Խա­­չա­տու­­րեա­նի։ ­Չէ՞ որ ան հիմ­­նո­ւած է ի յար­­գանս ի­րեն։ ­Բայց այդ յար­­գան­քը մա­­տու­­ցող­նե­­րը, այ­­սինքն ­Տի­­կին ­Գո­­հար ­Խա­­չա­տու­­րեա­նի որ­­դի­­­նե­րը, յատ­­կա­­­պէս ալ ­Յա­­րութ ­Խա­­չա­տու­­րեան, «­Գո­­հար»ի սե­­փա­կա­­նու­­թիւնն է։ Այս նշա­­նա­ւոր գոր­­ծա­­­տէ­րը բա­­ռին բուն ի­մաս­­տով եւ մեծ մար­­դու վա­­յել հա­­մես­­տու­թեամբ ծա­­ռան է այս խում­բին։ ­Գի­­տակ­­ցու­թեան բարձր դրսե­­ւո­րում մըն է այս։ ­Գիտ­­նալ կա­­տա­րած բա­­րե­գոր­­ծու­թեան իս­­կա­­­կան ի­մաս­­տը եւ գեր­­մարդ­կա­­յին աշ­­խա­­­տու­­թիւն տա­­նիլ, ստեղ­­ծո­ւած գոր­­ծին ա­մե­­նա­բարձր կա­­տար­­նե­­­րը նո­ւա­ճե­­լու հա­­մար։ ­Մենք հա­­մերգ­նե­­րու տե­­ւո­ղու­թեամբ հե­տե­ւե­լով իր աշ­խա­տու­թեան, հա­մոզո­ւե­ցանք որ ­Յա­րութ ­Խա­չա­տու­րեան հա­սա­րակ նուի­րա­տո­ւի մը, բա­րե­րա­րի մը սահ­մա­նու­մէն շատ ա­ւե­լի վեր, նո­ւի­րեալ գոր­ծի­չի մը վե­րա­բե­րու­մով կը սա­տա­րէ «­Գո­հար»ին եւ կ­՚ակն­կա­լէ այդ նո­ւի­րու­մին ար­դա­րա­ցու­մը։ Ե­րա­նու­թեամբ հաս­տա­տենք, որ խումբն ալ ար­ժա­նի կեր­պով կ­՚ար­դա­րաց­նէ իր­մէ ակն­կա­լո­ւա­ծը, մեծ ո­գի եւ գի­տակ­ցու­թիւն ջամ­բե­լով բո­վան­դակ հա­յաշ­խար­հին։

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ - «Ա­կօս»