Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Տ­ղա­նե­րուս հետ այ­սօր ո­րո­շե­ցինք Սի­րա­հար­նե­րի Այ­գի այ­ցե­լել: Ե­րե­ւա­նի յայտ­նի այ­գի­նե­րէն մէկն է Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յի վրայ գտնո­ւող Սի­րա­հար­նե­րու Այ­գին, ո­րուն մէ­ջէն կը հա­տէ մեթ­րո­յին ճամ­բան: Եւ ես աս­ֆալ­տա­պատ փո­ղո­ցէն անց­նե­լու փո­խա­րէն կը նա­խընտ­րեմ մեթ­րօ հաս­նիլ այ­գիի ճամ­բով: Բ­նու­թեան մա­քուր շուն­չը կը զգլխէ եւ զիս ման­կու­թիւն կը փո­խադ­րէ՝ դէ­պի Հա­լէ­պի հան­րա­յին պար­տէզ, զոր «մէշ­դէլ» կը կո­չէինք տե­ղա­կան լե­զո­ւով:

Ա­մառ­նե­րը մօ­րե­նա­կան մեծ մօրս տու­նը մէկ շա­բա­թով հիւ­րու­թեան կ­՚եր­թա­յինք ես եւ քոյրս՝ Ա­նու­շը: Ու ա­մէն ա­ռա­ւօտ ա­ռանց բա­ցա­ռու­թեան լու­սա­բա­ցին հետ մեծ հայ­րիկս մե­զի «մէշ­դել» կը տա­նէր: Մեծ մա­մաս մե­զի հա­մար հա­ցիկ­ներ փաթ­թած կ­՚ըլ­լար ու խնձոր եւ քաղց­րե­ղէն­ներ ա­ռած կ­՚ուղ­ղո­ւէինք հոն: Ման­կու­թեան օ­րե­րուս կը կար­ծէի, որ այդ այ­գին մեծ հայ­րի­կիս սե­փա­կա­նու­թիւնն է: «­Տէ­տէին մէշ­դէ­լը» կը կրկնէինք յա­ճախ, ա­մէն ան­գամ երբ հոն ու­զէինք եր­թալ: Մեծ­նա­լը եր­բեմն ի՜նչ յու­սա­խա­բու­թիւն­նե­րու դուռ կը բա­նայ: Ի՜նչ հե­քիաթ­ներ ա­նա­խորժ ի­րա­կա­նու­թիւն կը դառ­նան մեծ­նա­լէդ յե­տոյ...: Մէշ­դէ­լին մէջ շատ լաւ ժա­մա­նակ կ­՚անց­նէինք, կը խա­ղա­յինք, պա­րան կը ցատ­կէինք, հե­քիաթ­ներ մտիկ կ­՚ը­նէինք...

Հի­մա հոս ալ ման­չուկ­ներս ա­զատ հա­մար­ձակ կը վազվ­զեն, ծա­ռէն թա­փած կա­ղին­ներ կը հա­ւա­քեն, տար­բեր տե­րեւ­նե­րու հա­ւա­քա­ծո­ներ կը կազ­մեն ու ա­ւա­զով բա­ներ կը կա­ռու­ցեն:

Սի­րա­հար­նե­րու Այ­գիին մէջ սի­րող զոյ­գեր շատ կը տես­նես, այ­լա­պէս այ­գին իր կո­չու­մին տէ­րը պի­տի չըլ­լար: Իս­լա­մա­կան երկ­րի մէջ ապ­րե­լով, նման ե­րե­ւոյթ­նե­րու չտես ըլ­լա­լով հան­դերձ, հոս գիր­կընդ­խառ­նու­թիւն­նե­րը խորթ չեն թո­ւիր ին­ծի, քա­նի ի վեր­ջոյ սի­րոյ կը վե­րա­բե­րին: Այ­գին նաեւ հար­սի ու փե­սա­յի լու­սան­կա­րո­ւե­լու բաց տա­ղա­ւար ե­ղած է: Ա­հա հարս մը ա­մէն ան­կիւն տար­բեր շար­ժում­ներ ը­նե­լով կ­՚ան­մա­հաց­նէ իր կեան­քի ա­մե­նա­յատ­կան­շա­կան օ­րո­ւան ժա­մե­րը: Հոս ոչ ոք ու­րի­շի կը խառ­նո­ւի, հա­կադ­րու­թեամբ կը յի­շեմ, թէ ինչ­պէ՞ս շատ ան­գամ կը խու­սա­փէինք Հա­լէ­պի հան­րա­յին պար­տէ­զը եր­թա­լէ, ո­րով­հե­տեւ այ­լազ­գի մը կա՛մ ա­նա­խորժ նա­յո­ւածք­նե­րէն, կա՛մ ան­հա­ճոյ «խօսք զար­նել»նե­րէն պի­տի կաշ­կան­դո­ւէինք:

Սի­րա­հար­նե­րու կող­քին, ա­մէն տա­րի­քի մարդ կայ հոս: Իւ­րա­քան­չիւ­րը ինքն իր զբա­ղու­մը գտած է ար­դէն: Նո­րա­ծին մա­նու­կը կառ­քին մէջ դրած՝ մայ­րը ա­րե­ւուն տակ կը տե­ղա­ւո­րէ զայն, որ­պէս­զի «d» կեն­սա­նիւ­թով օժ­տո­ւի ե­րե­խան: Ան­դին, մե­ծա­հա­սակ կի­ներ ըն­թեր­ցա­նու­թեամբ տա­րո­ւած են, ու­րիշ­ներ ի­րենց զա­ւակ­նե­րը բե­րած են, որ­պէս­զի ա­ւա­զէ ա­ւա­զա­նին մէջ խա­ղան: Շա­տեր ի­րենց լէփ­թօբ­նե­րուն հետ այ­գիի սրճա­րա­նը կը սրճեն:

Նս­տած եմ ման­չե­րուս դի­մաց զե­տե­ղո­ւած նստա­րա­նին վրայ եւ զի­րենք կը դի­տեմ: Հան­գիստ եմ ե­րե­խա­նե­րուս քրքջանք­նե­րը լսե­լով: Հան­գիստ եմ ար­տա­քուստ, իսկ ներք­նա­պէ՞ս... ժա­մա­նա­կա­ւոր հանգս­տու­թիւն է սա: Վայր­կե­նա­կան կամ գու­ցէ ժա­մա­նա­կի մէջ: Մըտ­քե­րուս մէջ խո­րա­սու­զո­ւած ա­նընդ­հատ փնտռտու­քի մէջ եմ, ի՞նչն է փնտռածս այդ ալ ճշգրիտ չեմ գի­տեր: Հա­կա­սու­թիւնն ու եր­կո­ւու­թիւ­նը մտքիս կը տան­ջէ զիս: Կ­՚ու­զեմ հո՛ն ըլ­լալ, բայց չեր­թալ: Կա­րօ­տը կը մա­շեց­նէ հո­գիս, բայց մեր­ժում կայ դէ­պի ետ եր­թա­լու: Մագ­նի­սը իր ու­ժը կորսն­ցու­ցած է: Նոր հո­րի­զոն­ներ փնտռե­լու մար­մաջ կայ մէջս ու ափ­սո­սանք՝ կու­րօ­րէն ապ­րած տա­րի­նե­րուս հա­մար:

Մա­մա, տե՛ս, ծիա­ծան, շո՜ւտ նկա­րէ մա՛մ՝ չան­հե­տա­ցած:

Ն­կա­րե­ցի: Ան­մա­հա­ցաւ այդ ակն­թար­թա­յին գու­նա­զարդ պա­հը: Ու հի­մա առ­ձեռն հե­ռա­ձայ­նիս մէջ նկար­նե­րը դի­տե­լով պահ մը կը խո­րա­նամ ու կը փնտռեմ ի՛մ հոգ­ւոյս ծիա­ծա­նը ու կը գտնեմ զայն ան­ցեա­լի լաւ յու­շե­րուս ընդ­մէ­ջէն: Հո՛ն, ուր եր­ջա­նիկ էինք, կա՛մ այդ­պէս կը կար­ծէինք ե­ղած ըլ­լալ. ան­ցեա­լը շաղ­կա­պո­ւե­ցաւ միա՛յն լաւ յու­շե­րով: Չենք յի­շեր ա­նա­խոր­ժու­թիւն­ներ: Հա­լէ­պին « ե­րա­զա­յին» ըլ­լա­լը զայն լքե­լէ վերջ է, որ ըմբռ­նե­ցինք. կա՛մ գու­ցէ մենք այդ­պէս կ­՚ու­զենք տես­նել ու յի­շել: Ան­ցեա­լի լաւն ու բա­րին է միա՛յն, որ ներ­կա­յի ա­նո­րո­շու­թեան ու մթու­թեան մէջ գոյն կու տայ ու շող կ­՚ար­ձա­կէ, կը ծիա­ծա­նէ:

Կեան­քէն ապ­տակ ստա­ցա­ծի հո­գե­վի­ճակ մը պա­տած է մեզ: Ապ­տակ՝ արթ­նա­ցու­մի, ապ­տակ՝ կեան­քի ճիշդ ըն­կալ­ման: Ամ­բողջ կեանք մը մե­զի կը թո­ւէր, թէ մենք ան­հուն ե­րա­նու­թեան մէջ էինք, որ ան­կա­րե­լի պի­տի ըլ­լար զայն խա­փա­նե­լը, մինչ­դեռ կեան­քը իր միւս ե­րեսն ալ ու­նի ե­ղեր, այդ չպատ­կե­րա­ցու­ցածդ, չսպա­սածդ, ա­տոնք միայն ֆիլ­մե­րու կամ գիր­քե­րու մէջ չեն, ի­րա­կան ալ կրնան ըլ­լալ ե­ղեր, ի­րա­կան են ար­դէն: Սա­կայն որ­քա­նո՞վ պատ­րաստ ենք այս երկ­րորդ ե­րե­սը պարզ հա­յեաց­քով ըն­կա­լե­լու...:

- Մա­մա՛, տե՛ս, բերդ շի­նե­ցի: Ես պի­տի մեծ­նամ, շի­նա­րար դառ­նամ:

Չէ՜, ես պէտք չէ ընկր­կիմ, ի­րա­ւունք իսկ չու­նիմ ընկրկե­լու: Տ­ղաս ե­րազ­ներ կը հիւ­սէ, ի՜նչ ընկր­կիլ, ի՜նչ բան:

Հիաս­թա­փու­թիւն­նե­րը օգ­տա­կար են,- լսած եմ յա­ճախ: Ա­նոնք կը կո­փեն, կը յղկեն անձդ եւ աշ­խար­հա­հա­յեացքդ կը փո­խեն:

Մա­մա, տե­րե­ւը շփէ, հո­տը ա՛ռ:

Իս­կա­պէս ա­նուշ կը բու­րէ: Ա­մէն ինչ ա­նուշ կը բու­րէ, պար­զա­պէս զգալ պէտք է:

ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ - Ե­րե­ւան