Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Ար­մա­տա­կան իս­լա­մա­պաշտ­ներ հա­րո­ւա­ծե­ցին Ֆ­րան­սա­յի մայ­րա­քա­ղա­քը։ Եօ­թը վայ­րե­րու վրայ յար­ձա­կում­ներ կա­տա­րո­ւե­ցան։ ­Զոհ դար­ձան ան­մեղ ան­պաշտ­պան քա­ղա­քա­ցի­ներ, ո­րոնք հա­ւա­քո­ւած էին շա­բա­թա­վեր­ջի հա­ճե­լի ե­րե­կոյ մը վա­յե­լե­լու։ ­Կոյր ա­հա­բեկ­չու­թիւն։ Ձ­րի, ո­չին­չի հա­մար սպաննուած ժո­ղո­ վուրդ։

ՏԱՀԷՇ տէր կանգ­նե­ցաւ ա­հա­բեկ­չա­կան այս ա­րարք­նե­րուն։ Ո՞վ թաք­նո­ւած է ՏԱՀԷ­Շի ե­տին։ Ո՞վ թաք­նո­ւած է Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թիւն կո­չե­ցեալ ոճ­րա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան ե­տին։ ­Գաղտ­նի ու­ժեր չեն։ ­Բո­լո­րին գիտ­ցած­ներն են։ ­Պե­տու­թիւն­ներ, ո­րոնք Եւ­րո­պա­յի մէջ, Ֆ­րան­սա­յի մէջ դես­պա­նա­տու­ներ ու­նին, ա­ռեւտ­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն­ներ ու ձեռ­նար­կու­թիւն­ներ։ Ա­ռա­ջին­նե­րը՝ ­Թուր­քիան եւ Ա­րա­բա­կան ծո­ցի եր­կիր­նե­րէն մի քա­նին, բո­լորն ալ՝ Եւ­րո­պա­յի, Ա­րեւ­մուտ­քի դաշ­նա­կից­նե­րը, գոր­ծըն­կեր­նե­րը։ Ըն­կեր­ներ, ո­րոնք կռնա­կէն ան­դա­դար կը դա­շու­նա­հա­րեն Եւ­րո­պան, եւ­րո­պա­կան ար­ժէք­նե­րը։ Իսկ Ա­րեւ­մուտ­քի ղե­կա­վար­նե­րը կոյր կը ձե­ւա­նան այս կեղ­ծիք­նե­րուն դի­մաց։

Եւ ա­հա՛ ան­հան­դուր­ժե­լին։ Ա­նըն­դու­նե­լի՛ն։ ­Յա­նուն ա­զա­տու­թեան, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու կը մղո­ւին պա­տե­րազմ­ներ Ի­րա­քի եւ ­Սու­րիոյ մէջ։ ­Սատ­տամ տա­պա­լե­ցաւ։ ­Պա­շա­րի դէմ հա­լա­ծան­քը կը շա­րու­նա­կո­ւի։ Եւ ո՞վ է ա­նոր դէմ բուն կռո­ւո­ղը, ո՞վ է գլխա­ւոր հա­կա­ռա­կոր­դը, Ա­րեւ­մուտ­քի բա­րեն­պա­տակ զօր­քե՞­րը, թէ՞ ծայ­րա­յեղ իս­լա­մա­պաշտ ու­ժե­րը։

Ա­յո, ան­հան­դուր­ժե­լի, ա­նըն­դու­նե­լի եւ դժբախ­տա­բար՝ խեղ­կա­տա­կա­յին։ Ե­թէ բե­մա­կան ի­րա­վի­ճակ մը ըլ­լար, շատ պի­տի զո­ւար­ճաց­նէր հան­դի­սա­տես­նե­րը, բայց դժբախ­տա­բար ա­րիւ­նա­լի ի­րա­վի­ճա­կի պատ­կերն է։ Ա­րեւմ­տեան ու­ժե­րը օ­դա­յին ռմբա­կո­ծու­մի կ­՚են­թար­կեն Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թեան դիր­քե­րը, երբ Ա­րեւ­մուտ­քի զի­նա­կից ու­ժե­րը՝ ­Թուր­քիա եւ ­Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա … ­կը սպա­ռա­զի­նեն, կը գան­ձատ­րեն նոյն Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թեան տար­րե­րը, ո­րոնց­մէ կը գնեն կո­ղոպ­տո­ւած քա­րիւղ, բամ­պակ, հնա­գի­տա­կան ար­ժէք­ներ…։ Եւ այս նոյն իս­լամ ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րը կը հա­րո­ւա­ծեն Ա­րեւ­մուտ­քի մայ­րա­քա­ղա­քի խա­ղաղ քա­ղա­քա­ցի­նե­րը։

Եւ որ­պէս հե­տե­ւանք՝ կը կոր­ծա­նին հնա­գոյն քա­ղա­քակըր­թու­թեան ար­ժէք­ներ ներ­կա­յաց­նող քա­ղաք­ներ։ ­Պե­տու­թիւն­ներ՝ Ի­րաք եւ ­Սու­րիա կը քայ­քա­յո­ւին։ ­Տա­սը մի­լիո­նի չափ տե­ղա­հա­նո­ւած ժո­ղո­վուրդ… ո­րոնց­մէ եր­կու մի­լիոն սու­րիա­ցի­ներ ­Թուր­քիոյ մէջ պա­տանդ կը պա­հո­ւին Եւ­րո­պա ղրկո­ւե­լու սպառ­նա­լի­քով։ ­Գեր­մա­նիոյ ­Մեր­քէ­լը վա­խի ազ­դե­ցու­թեան տակ ­Թուր­քիոյ կը խոս­տա­նայ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թիւն եւ 3 մի­լիառ եւ­րո­յի նպաստ։ Եւ այս բո­լո­րը ի սէր ­Պա­շա­րի վար­չա­կար­գը տա­պա­լե­լու։ Ո՞ւր մնա­ցին մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րը, ա­զա­տու­թիւ­նը, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը։

Եզ­րա­կա­ցու­թիւն՝ Եւ­րո­պան ­Թուր­քիոյ դրամ կու տայ։ ­Թուր­քիան կը զի­նէ Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թիւ­նը, որ իր կար­գին կը հա­րո­ւա­ծէ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւ­նը, ­Փա­րի­զը։ ­Ձա­խող, ան­հե­ռա­տես եւ­րո­պա­ցի քա­ղա­քա­գէտ­ներ, իբ­րեւ թէ մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու հա­մար պայ­քա­րող կեղ­ծա­ւոր պե­տա­կան մար­դիկ։ Եւ իբր հե­տե­ւանք՝ ո­չին­չի հա­մար զո­հո­ւած փա­րիզ­ցի ե­րի­տա­սար­դու­թիւն։ Ո­չին­չի հա­մար մի­լիո­նա­ւոր թա­փա­ռա­կան սու­րիա­ցի, ի­րաք­ցի գաղ­թա­կան­ներ։ Ո­չին­չի հա­մար քան­դուած քա­ղա­քակր­թու­թիւն, մարդ­կա­յին պատ­մու­թեան անգ­նա­հա­տե­լի մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­ներ։

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ - «­Նոր ­Յա­ռաջ»