Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altՀե­տաքրք­րու­թեամբ կար­դա­ցի Ա­մե­րի­կա­յի մէջ լոյս տես­նող «Ար­մի­նիըն Ո­ւիք­լի»ի մէջ, վեր­ջերս, անգ­լե­րէ­նով «­Կը փնտռեմ» խո­րա­գի­րով հրա­տա­րա­կո­ւած յօ­դո­ւած-թղթակ­ցու­թիւն մը: Յօ­դո­ւա­ծին միտք բա­նին վեր առ­նել է այն հսկա­յա­կան ջան­քե­րը, զորս ան­հատ­ներ եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ յա­ռաջ տա­րին Հա­յոց Ցե­

ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք՝ կոր­սո­ւած հայ­կա­կան ըն­տա­նիք­նե­րը գտնե­լու եւ միա­ւո­րե­լու հա­մար:

Այդ աշ­խա­տան­քը միայն ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ան­մի­ջա­պէս ետ­քի ժա­մա­նա­կաշըր­ջա­նին հա­մար չէր: Այլ՝ եր­կար տա­րի­նե­րու վրայ շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ: Կը յի­շեմ պա­տա­նե­կան տա­րի­ներս, երբ կը հան­դի­պէի հայ­կա­կան թեր­թե­րու մէջ նմա­նօ­րի­նակ «­Կը փնտռեմ» յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րու: Ե­թէ բա­ւա­կան ան­ձեր գտան ի­րենց հա­րա­զատ­նե­րը շատ տա­րի­ներ ետք եւ ա­ռանց յու­սա­հա­տե­լու, սա­կայն մեծ մնաց թի­ւը ա­նոնց, ո­րոնք մնա­ցին կոր­սո­ւած… նա­հա­տակ:

Հա­յը այ­սօր ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ կը յի­շէ այդ բո­լոր «փնտռե­լու» ջան­քե­րը եւ աշ­խա­տանք­նե­րը, սա­կայն այ­սօր ան­ցած է այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը: Բայց եր­բեք զա­նոնք «մոռ­նա­լով»: Այլ, ինչ­պէս 100ա­մեա­կի նշա­նա­բա­նը յստակ է, հա­յը այ­սօր կը «յի­շէ» այն բո­լո­րը, որ կորսն­ցուց.- Մար­դը, միտ­քը եւ հո­ղը: Բայց յի­շե­լով՝ նաեւ կը «պա­հան­ջէ» այդ բո­լո­րը, ո­րով­հե­տեւ այն, ինչ որ կորսն­ցուց հա­յը, իր ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւնն է:

Ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը՝ իւ­րա­քան­չիւր նա­հա­տակ հա­յու, եւ տա­կա­ւին` հայ­կա­կան ստեղ­ծա­գործ միտ­քին (գիր, գրա­կա­նու­թիւն, մշա­կոյթ, ա­րո­ւեստ եւ ա­ւե­լին): Եւ վեր­ջա­պէս ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը՝ հո­ղին, որ պի­տի պար­գե­ւէր բա­րե­բեր կեանք, ի մի խմբե­լով հա­յու­թիւ­նը ամ­բողջ, որ այ­սօր աշ­խար­հով մէկ տա­րա­ծո­ւած է սփիւռ­քի ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րուն մէջ: Եւ այս բո­լո­րը կը յի­շէ հա­յը:

Յի­շե­լու այս ի­րո­ղու­թիւ­նը Պո­յա­ճեան եւ Գ­րի­գո­րեան կը վե­րագ­րեն հա­յուն ապ­րած պատ­մա­կան փոր­ձա­ռու­թեան. «Ապ­րե­լով ցե­ղաս­պա­նու­թեան ար­հա­ւիր­քը եւ ցա­ւը, հա­յուն վե­րապ­րու­մը դար­ձաւ գերբ­նա­կան ուժ մը: Վե­րապ­րող­ներ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ցա­ւը եւ ա­նոր հո­գե­բա­նա­կան բար­դոյթ­նե­րը փո­խան­ցե­ցին յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն` իբ­րեւ ապ­րե­լու յոյս եւ ներշն­չում»: Եւ այս ապ­րե­լու «յոյ­սը» եւ «ներշն­չու­մը», ի­մա՛ ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը, զոր այ­սօր տա­կա­ւին հա­յը կը կրէ իր մէջ եւ կը յի­շէ: Կը յի­շէ «յոյ­սով», «ներշն­չու­մով» եւ վա­ղո­ւան տես­լա­կա­նով:

Եւ այդ տես­լա­կա­նին մէ­ջէն նաեւ կը պա­հան­ջէ զայն: Կը պա­հան­ջէ հա­յուն միտ­քը` իր մշա­կու­թա­յին ժա­ռանգն ու հո­ղը:

Ա­տա­լեան կը վեր­լու­ծէ.- «Երբ հայ­կա­կան հո­ղը դա­տար­կո­ւե­ցաւ իր ժո­ղո­վուր­դէն, ա­նոր մշա­կու­թա­յին բո­լոր լծակ­նե­րը` դպրոց, վանք, ա­րո­ւես­տի կո­թող եւ պատ­մա­կան վայ­րեր` կոր­ծա­նո­ւե­ցան օս­մա­նեան կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ: Հա­յը կրցաւ պա­հել միայն այն, որ կու գար իր հա­ւա­քա­կան յու­շե­րէն: Եւ յու­շե­րուն մէջ կար իր լե­զուն, բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը, եր­գը եւ ող­բեր­գա­կան ճա­կա­տա­գի­րը` իբ­րեւ հա­յուն եւ ի­րեն մնա­ցած մշա­կոյթ»:

Եւ հա­յը այս ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան հաս­կա­ցո­ղու­թիւնն է, որ այ­սօր կը պա­հան­ջէ: Եւ որ ի­րեն փո­խան­ցո­ւե­ցաւ իր «յու­շե­րուն» ընդ­մէ­ջէն: Եւ որ հա­յը կը պա­հէ զա­նոնք` «յու­շե­րը», մին­չեւ այ­սօր եւ ա­ռանց հո­ղի կռո­ւա­նին…

Այս տրա­մա­բա­նու­թեամբ Հայ Դա­տը, ի­մա՛` պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը, կա­րե­լի չէ դի­տել միայն իր քա­ղա­քա­կան ոսպ­նեա­կէն: Պա­գա­լեան կը հաս­տա­տէ, որ «­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ ա­նոր ժխտու­մը թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ, կը կեր­տեն հա­յուն հա­ւա­քա­կան ինք­նու­թիւ­նը: Ազ­գա­յին, հա­մազ­գա­յին, կրօ­նա­կան, գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան, քա­ղա­քա­կան, ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան եւ սերն­դա­կան տար­բե­րու­թիւն­նե­րով հան­դերձ, Ցե­ղաս­պա­նու­թեան այս ինք­նու­թիւ­նը կը դառ­նայ հա­սա­րակ յայ­տա­րա­րը` միաց­նե­լով բո­լո­րը»: Մինչ Յով­հան­նի­սեան Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը կը նկա­տէ «հա­յուն ինք­նու­թեան հա­ւա­տար­մու­թեան պահ­պա­նու­մը»: Եւ այս ի­մաս­տով, ե­թէ հա­յուն ինք­նու­թիւ­նը քա­ղա­քա­կան է, բայց նաեւ նոյն­քան ազ­գա­յին, մշա­կու­թա­յին, կրօ­նա­կան եւ ըն­կե­րա­յին: Վեր­ջա­պէս, իր կեան­քը ապ­րե­լու ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւնն է, ո­րուն հա­մար հա­յը կը կե­նայ իբ­րեւ պա­հան­ջա­տէր:

Բայց կայ նոյն կա­ցու­թեան միւս տար­բե­րա­կը, եւ այդ ալ` թրքա­կան ժխտո­ղա­կան կե­ցո­ւածքն է: Եւ ա­նոր վա­րած «մա­շե­ցու­մի» ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը

Է­լի Ո­ւի­սըլ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ժխտե­լը կ­՛ո­րա­կէ իբ­րեւ «կրկնա­կի սպա­նու­թիւն»: Ա­ռա­ջի­նը` «ֆի­զի­քա­կա­նը» իսկ երկ­րոր­դը` «յի­շա­տա­կը»:

Ռի­չըրտ Ֆալք` թրքա­կան ժխտո­ղա­կան կե­ցո­ւած­քը Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նկատ­մամբ կը կո­չէ «չա­րա­շուք»` «պատ­մու­թեան ա­ռանց­քին մէջ ե­զա­կի ի­րա­վի­ճակ» մը, ուր «պե­տա­կան եւ կան­խամ­տա­ծո­ւած ա­մէն ջանք ի գործ կը դրո­ւի ջնջե­լու Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճշմար­տա­ցիու­թիւ­նը հա­մաշ­խար­հա­յին զգաս­տու­թե­նէն»:

Այլ խօս­քով` «մա­շե­ցու­մի» եւ «մա­շեց­նե­լու» ռազ­մա­վա­րու­թիւն մըն է, ուր հա­րիւր եր­կար տա­րի­ներ, թրքա­կան պե­տա­կա­նու­թիւ­նը հե­ռա­կայ կար­գով, օգ­տա­գոր­ծե­լով իր բո­լոր հա­մաշ­խար­հա­յին լծակ­նե­րը եւ օ­ղակ­նե­րը, կը հե­տապն­դէ:

Այս ի­րա­վի­ճա­կէն մեկ­նե­լով է, որ Հայ Դա­տը հա­յուն հա­մար կը դառ­նայ «ինք­նու­թիւն»… Եւ կ­՛անց­նի քա­ղա­քա­կան սահ­ման­նե­րէն ան­դին: Հա­յուն այս ինք­նու­թիւ­նը, որ մին­չեւ այ­սօր ան պա­հած է «յու­շե­րուն» ընդ­մէ­ջէն: Ա­ռանց իր ար­մա­տին, ո­րուն հա­մար հա­յը կը պայ­քա­րի: Վե­րա­տի­րա­նա­լո՛ւ հրա­մա­յա­կա­նով:

Բայց պատ­մու­թեան այս փոր­ձին մէջ կայ այլ վկա­յու­թիւն… Եւ ե­թէ այ­սօր ա­րագ ակ­նարկ մը նե­տենք Հա­յաս­տա­նէն մին­չեւ սփիւռ­քեան մէն մի ան­կիւն, ուր հա­յը «յի­շեց եւ պա­հան­ջեց», եւ ի մաս­նա­ւո­րի Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած չոր­րորդ ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դի գի­տակ­ցու­թեամբ եւ մաս­նակ­ցու­թեամբ, ա­պա հարց պէտք է տալ, թէ «ար­դեօք տեղ կը հաս­նի՞ մա­շե­ցու­մի այս ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը»:

Եւ առ­կայ է այ­սօ­րո­ւան ի­րա­վի­ճա­կը: Եւ այդ` թրքա­կան «մա­շե­ցու­մի» քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը (ի­մա՛ Փե­րին­չէ­քը)` ընդ­դէմ հայ­կա­կան «ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան» պա­հան­ջա­տի­րու­թեան (ի­մա՛` Զո­ւի­ցե­րիա): Եւ այս «պայ­քա՛ր» է: Ոչ թէ զէն­քի ու զէն­քով, այլ՝ ի­րա­ւուն­քի եւ ի­րա­ւուն­քով: Եւ հա­յուն հա­մար` վե­րա­տի­րա­նա­լու իր «ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան»: Եւ այս պայ­քա­րին ու հա­կա­մար­տող կող­մե­րուն եւ կե­ցո­ւածք­նե­րուն մէջ կան եւ պի­տի ըլ­լան ա­ռանցք­նե­րու զար­գա­ցում­նե­րու վե­րի­վայ­րում­ներ: Թեր ու դէմ այս պայ­քա­րին մէջ կան ու պի­տի ըլ­լան «նո­ւա­ճում­ներ» ու «տեղ­քայ­լեր»:

Փե­րին­չէք ընդ­դէմ Զո­ւի­ցե­րիոյ գոր­ծով Մար­դու Ի­րա­ւունք­նե­րու Եւ­րո­պա­կան Դա­տա­րա­նին եւ ա­նոր ո­րո­շում­նե­րուն հո­լո­վոյ­թը պէտք է դի­տել նաեւ այս պրիս­մա­կէն: Ե­թէ կան այդ ո­րո­շու­մին մէջ յօ­դո­ւած­ներ, ո­րոնք «յա­ջո­ղու­թիւն» էին հա­յուն, եւ տա­կա­ւին ոչ այդ­քան «նպաս­տա­ւոր» կարգ մը այլ տար­բե­րակ­ներ, բայց այս բո­լո­րը պէտք է դի­տել այս «պայ­քա­րին» հա­մընդ­հա­նուր ի­րա­կա­նու­թեան մէ­ջէն: Եւ պէտք է պատ­րաստ ու զգաստ ըլ­լալ այդ բո­լոր տար­բե­րու­թիւն­նե­րուն դի­մաց: Ա­խոր­ժե­լի ըլ­լայ թէ ոչ:

Թուր­քը իր պե­տա­կա­նու­թեամբ պի­տի շա­րու­նա­կէ իր «մա­շե­ցու­մի» ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը` մա­շեց­նե­լով հա­յուն «յու­շե՞­րը»: Ու ա­նոր հետ հա­յուն ի­րա­ւունք­նե՞­րը: Ապ­րած ու ի­րա­ւուն­քով կեր­տած «յու­շե՞­րը»: Եւ հա­յը միւս կող­մէ պի­տի շա­րու­նա­կէ իր «ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան» պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը:

Փե­րին­չէք ընդ­դէմ Զո­ւի­ցե­րիա գոր­ծը մէկ օ­ղակն է թրքա­կան «մա­շե­ցու­մի» ռազ­մա­վա­րու­թեան` ընդ­դէմ հայ­կա­կան «ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան» պա­հան­ջա­տի­րու­թեան:

Բայց հա­յուն հա­մար կայ մէկ յստակ ի­րա­կա­նու­թիւն:

Հա­յը վճռած է շա­րու­նա­կել իր պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը: Կեան­քին, միտ­քին եւ հո­ղին:

Ե­թէ այ­սօր կը «յի­շենք» նա­հա­տակ­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք հա­մո­զո­ւե­ցան, թէ հա­յուն ար­ժա­նա­պա­տիւ կեան­քով է, որ հա­յը պի­տի շա­րու­նա­կէ ապ­րիլ: Իսկ վե­րապ­րող­նե­րը այդ «ցա­ւը» ի­րենց մէջ սեղ­մե­ցին` իբ­րեւ ապ­րող ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւն գա­լիք սե­րուն­դին: Եւ մենք` «գա­լիք» սե­րուն­դը եւ տա­կա­ւին «ե­կող­նե­րը», այս ար­ժա­նա­պա­տիւ կեան­քը վե­րա­ծած ենք պա­հան­ջա­տի­րու­թեան:

Այս «ար­ժա­նա­պա­տիւ» կեանքն է, որ պի­տի ու պէտք է շա­րու­նա­կէ տո­կալ «մա­շե­ցու­մի» բո­լոր ռազ­մա­վա­րու­թիւն­նե­րուն դէմ:

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ