Անցեալ շաբաթ ներկայ եղանք երկու իրադարձութիւններու, ուր մեծարուեցան սփիւռքահայ երկու գրողներ՝ արձակագիր Մովսէս Պչաքճեան եւ բանաստեղծ Զահրատ։
Նոյեմբեր 3ի կէսօրին, սփիւռքի նախարարութիւնը գրող Մովսէս Պչաքճեանը պատուեց շքանշանով մը։ Մօտ 40 հոգի խռնուած էին սփիւռքի նախարարութեան սենեակներէն մէկուն մէջ, ձուաձեւ սեղանի մը շուրջ։ Մուտք գործեց նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ գրաւեց իր դիրքը սեղանին գլուխը։ Ան խօսեցաւ Մովսէսի ուսուցչական, եկեղեցասիրական եւ գրական գործունէութեան մասին, դրուատեց զայն եւ ապա անոր յանձնեց Ուիլեամ Սարոյեանի անուան նախարարութեան մետալը։ Այս առթիւ խօսք առին Մերուժան Տէր-Գուլանեան, Սուրէն Դանիէլեան, Թորոս Թորանեան, Մարգար Շարապխանեան, Գրիգոր Ջանիկեան, Վահագն Սարգսեան եւ նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան։ Բոլորն ալ շնորհաւորեցին Մովսէսը եւ անդրադարձան իր վաստակին եւ խրախուսեցին զինք, որ շարունակէ գրել։ Վերջաւորութեան խօսք առաւ Մովսէսը, շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին եւ խոստովանեցաւ, որ որոշ ժամանակէ ի վեր դադրած էր գրելէ, առողջական պատճառներով, սակայն հիմա աւելի լաւ կը զգայ եւ պատրաստ է կրկին ստեղծագործելու։
Կը զարմանամ, որ ոչ ոք կ’անդրադառնայ Մովսէսի իւրայատուկ լեզուին եւ արտայատչական ոճին, որ ըստ ինձ, իր ամէնէն յատկանշական առաւելութիւնն է...
Հաւաքէն ետք, մտանք նախարարի աշխատասենեակը, որ փոքր թանգարանի մը տպաւորութիւնը կը ձգէ։ Սփիւռքի տարածքին իր շրջագայութիւններու ընթացքին նախարարի ստացած յուշանուէրները դասաւորուած են պատերուն վրայ, սեղանիկներու վրայ եւ նոյնիսկ պատերուն տակ։ Այս յուշանուէրներու աշխարհագրութիւնը այնքան այլազան է, որ ինքնաբերաբար կը տխրինք։ Աշխարհի զանազան անկիւնները ծուարած հայերը, այսպէս թէ այնպէս, տակաւին կը կառչին իրենց ինքնութեան...
Նոյեմբերի 5ին, Գրողներու Միութեան Տան մէջ տեղի ունեցաւ պոլսահայ յայտնի բանաստեղծ Զահրատի ծննդեան 90ամեակին նուիրուած միջոցառում մը, մէկ տարի ուշացումով։ Բանաստեղծի կնոջ` Անայիսի ներկայութիւնը ապահովելու համար եղած է այս ուշացումը։ Յոբելեանը կազմակերպուած էր Գրողներու Միութեան եւ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ։
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Գրողներու Միութեան Տան մեծ սրահին մէջ։ Բեմին խորքը փակցուած Զահրատի նկարը մտածել կու տայ ինծի, որ իսկապէս վայելուչ եւ գեղադէմ եղած է ան։
Ձեռնարկը տեւեց երկուքուկէս ժամ։ Ոմանք չսպասեցին անոր աւարտին սրահը լքելու համար։ Ափսոսացինք, որ մեր ժամանակակից բանաստեղծները, գրաքննադատներն ու մտաւորականները ներկայ չէին։ Սրահը մեծաւ մասամբ լեցուած էր երիտասարդներով, հաւանաբար բանասիրականի ուսանողներ։ Զահրատը լայն ճանաչում ունի հոս եւ լաւ համբաւ կը վայելէ։ Արդե՞օք, Գրողներու Միութենէն օտարացումով կարելի է բացատրել այս բացակայութիւնը։ Միայն Պոլիսէն յատուկ այս առիթով եկած յայտնի ասմունքող` Սիլվա Կոմիկեանի Զահրատի բանաստեղծութիւններուն մեկնաբանութիւնը լսելու համար իսկ, կ՛արժէր ներկայ ըլլալ։ Ան թափանցած է բանաստեղծի գործին էութեան եւ պարզ ու հաղորդական ոճով կենդանացուց Զահրատի բանաստեղծութիւնները։
Հանդիսավարը եւ գլխաւոր բանախօսը Գրողներու Միութեան քարտուղար Պետրոս Տէմիրճեանն էր, որ արժեւորեց բանաստեղծի վաստակը եւ անդրադարձաւ անոր իւրայատկութիւններուն։ Խօսք առին Գրողներու Միութեան նախագահ էդուարդ Մելիտոնեան, սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, երաժըշտահան Տիգրան Մանսուրեան, գրող եւ թարգմանիչ Արեւշատ Աւագեան, հալէպահայ գրող Թորոս Թորանեան եւ գրականագէտ Սուրէն Դանիէլեան։
Իր սրտի խօսքը ըսաւ նաեւ գրողի կինը` Անայիս Եալտըզճեան, որ Պոլիսէն Երեւան ժամանած էր այս առիթով։ Ամէն անգամ, որ կը հանդիպիմ մահացած գրողի մը այրիին, որ իր կեանքի նպատակակէտը դարձուցած է իր հանգուցեալ ամուսնոյն ստեղծագործութիւնները միշտ կենդանի պահելը, կը յուզուիմ։ Նման երեւոյթներ շատ են մեր ժամանակակից իրականութեան մէջ։
Մասնագէտ չեմ, բայց ինծի կը թուի, որ Զահրատ այն քիչերէն է եւ թերեւս միակը, որ յաջողեցաւ բանաստեղծական նոր շարժումները անցընել իր հոգիի եւ հայկական աւանդութեանց ու լեզուի բովէն եւ ստեղծեց ուրոյն վաստակ եւ աշխարհ։ Հետեւաբար, ան հետեւորդ չէ այլ առաջնորդ՝ իր ընտրած ձեւին եւ բովանդակութեան մէջ։ Այս առիթով կրկին կը հաղորդուինք իր բանաստեղծութիւններուն եւ իր խորունկ միտք բանիին հետ։ Համացանցին վրայ կը գտնենք ասմունքողներու ամբողջ հոյլ մը, որ փորձած է մեկնաբանել զինք։
Էլիզ Շարապխանեան