Print
Category: Յօդուածագրութիւն

4 Հոկ­տեմ­բեր 2015ին, Հա­յաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղաք Ե­րե­ւա­նի «­Տապլ Թ­րի-­Հիլ­թըն» պան­դո­կին մէջ, ե­ռու­զեռ մը կար: Սո­վո­րա­կան ե­ռու­զեռ մը չէր ա­նի­կա, այլ` պատ­մա­կան հան­դի­պում մը:

Ա­յո՛, պատ­մա­կան հան­դի­պում մը: Այդ պան­դո­կը իր յար­կե­րուն ներ­քեւ կը հա­մախմ­բէր Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեան կա­մա­ւոր բա­նա­կի փա­ղան­գին մէկ մաս­նի­կը:

1910ին Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րի Նիւ Եորք քա­ղա­քին մէջ հիմ­նո­ւած Հայ Օգ­նու­թեան Խա­չը (ներ­կա­յիս` Հ.Օ.Մ.), իր հիմ­նադ­րու­թե­նէն քա­նի մը տա­րի­ներ յե­տոյ, 1915ի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք, հա­յու­թեան ա­պա­գան ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան հրա­մա­յա­կա­նէն մեկ­նե­լով` կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քի ո­գիով իր լայն թե­ւե­րը բա­ցաւ եւ հո­վա­նիին տակ հա­մախմ­բեց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ար­հա­ւիր­քէն ճո­ղոպ­րած ծնո­ղա­զուրկ հայ մա­նուկ­նե­րը եւ մայ­րա­կան գուր­գու­րանք ցու­ցա­բե­րեց հա­յազ­գի բո­լոր կա­րի­քա­ւոր զա­ւակ­նե­րուն նկատ­մամբ:

Այդ­պի­սով՝ ար­հա­ւիր­քի տա­րի­նե­րուն, հոն ուր հարկ էր, հի­մը դրո­ւե­ցաւ Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեան միա­ւոր­նե­րուն: Մայ­րա­կան անս­պառ շուն­չով, օ­րի­նա­կե­լի կե­ցո­ւած­քով, ծա­ռա­յու­թեան ան­շա­հախն­դիր նո­ւի­րու­մով հա­յու­հի­ներ ծրագ­րե­ցին ու կազ­մա­կեր­պե­ցին մեծ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ, ո­րոնք կա­րե­լի ե­ղան ի­րա­գոր­ծել շնոր­հիւ հա­ւա­տա­րիմ բա­րե­րար­նե­րու թէ նո­ւի­րա­տու­նե­րու նե­ցու­կին:

«­Ժո­ղո­վուր­դիս հետ՝ ժո­ղո­վուր­դիս հա­մար» կար­գա­խօ­սը հա­յազ­գի զա­ւակ­նե­րուն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ ի­րա­րու հան­դէպ ու­նե­ցած վստա­հու­թեան լա­ւա­գոյն ա­պա­ցոյ­ցը դար­ձաւ: Ազ­գին ծա­ռա­յե­լու, ա­նոր բա­րօ­րու­թեան ի խնդիր ծա­ռա­յող Հ.Օ.Մ.ու­հի­նե­րուն եւ բա­րե­րար­նե­րուն ան­բա­ցատ­րե­լի ճի­գե­րուն ար­դիւն­քը պի­տի գնա­հա­տո­ւէր Հ.Օ.Մ.ի 71րդ Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին:

Հ.Օ.Մ.ու­հի­ներ, աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րէն, հոն, ուր Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թիւ­նը կը գոր­ծէ` Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, Քա­նա­տա, Յու­նաս­տան, Սու­րիա, Լի­բա­նան, Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­ներ, Կիպ­րոս, Հա­յաս­տան, Ար­ցախ, Ջա­ւախք, Քո­ւէյթ, Ֆ­րան­սա, Պուլ­կա­րիա, Մեծն Բ­րի­տա­նիա, Զո­ւի­ցե­րիա, Գեր­մա­նիա, Պել­ճի­քա եւ Շո­ւէտ, մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ հա­մախմ­բո­ւած էին` ներ­կայ գտնո­ւե­լու մայ­րա­քա­ղաք Ե­րե­ւա­նի մէջ կա­յա­նա­լիք ժո­ղո­վին:

Հայ­րե­նի հո­ղին վրայ գու­մա­րո­ւող ժո­ղո­վը աշ­խար­հաս­փիւռ Հ.Օ.Մ.ու­հի­նե­րուն ըն­ձե­ռեց ի­րա­րու մօտ ըլ­լա­լու, ի­րար­մով ո­գե­ւո­րո­ւե­լու եւ մա­նա­ւանդ հայ­րե­նի­քի մէջ ծրագ­րե­լու յա­ռա­ջի­կայ տա­րի­նե­րու գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րը: Կ­նո­ջա­կան այս կազ­մա­կեր­պու­թեան հան­դէպ վստա­հու­թեան եւ գոր­ծու­նէու­թեան ծա­ւալ­ման զօ­րակ­ցու­թեան ա­պա­ցոյ­ցը կը կա­յա­նար Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րար Հ­րա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի ներ­կա­յու­թեան ու Հ.Օ.Մ.ի հետ հա­մա­ձայ­նագ­րի ստո­րագ­րու­թեան ող­ջու­նե­լի եւ իւ­րա­յա­տուկ քայ­լին մէջ:

Կա­մա­ւոր ծա­ռա­յու­թեան 105 տա­րի­նե­րը թե­ւա­կո­խած Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեան գե­րա­գոյն ժո­ղո­վը քննեց անց­նող քա­նի մը տա­րի­նե­րու ի­րա­գոր­ծում­նե­րը` Հ.Օ.Մ.ի որ­բախ­նամ, որ­բե­րու ուս­ման, կրթա­թո­շա­կի ֆոնտ, ա­մա­նոր, լա­ւա­գոյն ու­սա­նող, «­Սօ­սէ» ման­կա­պար­տէզ­ներ, պա­տա­նի­նե­րու փո­խա­նա­կում, հիմ­նադ­րամ, նա­ւապ­տոյտ, Մ.Ա.Կ.ի ան­դա­մակ­ցու­թիւն, Մօր ու Ման­կան Կեդ­րոն, սու­րիա­հա­յու­թիւն, Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի եւ Ջա­ւախ­քի Ծ­րա­գիր­ներ, հայ­րե­նի­քի թէ սփիւռ­քա­հա­յու­թեան դի­մագ­րա­ւած ճգնա­ժա­մա­յին ըն­կե­րա­յին, տնտե­սա­կան կա­ցու­թիւն­նե­րը եւ հա­յու­հիի խի­զախ կամ­քով կա­տա­րեց ա­ռա­ջարկ­ներ ու յա­ռա­ջա­ցուց ո­րո­շում­ներ:

Բ­նա­կա­նա­բար տար­բեր մի­ջա­վայ­րե­րէ ե­կած ըլ­լա­լով` ակն­յայտ էր Հ.Օ.Մ.ու­հի­նե­րու մտա­ծե­լա­կեր­պի զա­նա­զա­նու­թիւ­նը, սա­կայն ան­հեր­քե­լի էր այն ի­րո­ղու­թիւ­նը, որ բո­լորն ալ ու­նէին հայ­րե­նա­բաղձ հո­գի, հայ լե­զո­ւին ու մշա­կոյ­թին հան­դէպ ան­սահ­ման հա­ւատք, հա­յու­հիի ան­կոտ­րում կամք, պայ­քա­րե­լու ո­գի եւ կա­րե­ւո­րա­գոյ­նը` ազ­գին ծա­ռա­յե­լու կա­մա­ւոր պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն:

Կա­մա­ւոր ծա­ռա­յու­թեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը կ’ար­տա­ցո­լար փոր­ձա­ռու թէ ե­րի­տա­սարդ, ա­ւան­դա­պահ թէ ար­հես­տա­վարժ ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն մօտ անխ­տի՛ր:

9 Հոկ­տեմ­բեր 2015ին Հ.Օ.Մ.ի 71րդ Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան Ժո­ղո­վը ա­ւար­տե­ցաւ: Գե­րա­գոյն ժո­ղո­վը նո­րըն­տիր Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ու­սե­րուն պարտք դրաւ ի­րա­գոր­ծե­լու ա­ռաջ­նա­հերթ եւ ըն­թա­ցիկ ծրա­գիր­ներ:

Եր­թը շա­րու­նա­կե­լու, նո­րա­նոր գա­ղա­փար­ներ ըն­դու­նե­լու, շար­քե­րը ե­րի­տա­սար­դաց­նե­լու, աշ­խար­հի վրայ ստեղ­ծո­ւած քա­ղա­քա­կան, ըն­կե­րա­յին եւ տնտե­սա­կան ի­րա­վի­ճակ­նե­րէն նո­ւա­զա­գոյն վնաս­նե­րով դուրս գա­լու ձգտու­մը մեծ յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րու տակ կը դնէր կնո­ջա­կան այս կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը:

105 տա­րի­ներ ա­ռաջ հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­զա­տագ­րու­թեան հայ­դու­կա­յին կռիւ­նե­րուն վի­րա­ւո­րո­ւած ֆե­տա­յի­նե­րուն, 1915ի Մեծ Ե­ղեռ­նէն փրկո­ւած հա­յոր­դի­նե­րուն, Ար­ցա­խեան պայ­քա­րի նա­հա­տակ­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րուն զօ­րա­կից կի­նե­րու այս փա­ղան­գը ճշմա­րիտ օ­րի­նակն էր անձ­նո­ւէր հայ կնոջ, մօր, դաս­տիա­րա­կին, բոյժ-քոյ­րին: Ա­ռանց ա­նոր` կա­րե­լի պի­տի չըլ­լար հա­յա­պահ­պան­ման սրբա­զան ա­ռա­քե­լու­թիւն կա­տա­րե­լը, ա­պա­գա­յի նո­ւա­ճում­ներ կազ­մա­կեր­պե­լը եւ յատ­կա­պէս` հա­յեացք­նե­րը դէ­պի հայ­րե­նիք ուղ­ղե­լը:

Ն­ման փա­ղանգ մը ու­նե­նա­լը հպար­տանք է ազ­գին, իսկ նման փա­ղան­գի մը ան­դա­մակ­ցի­լը պա­տիւ է հա­յու­հիին:

Հ.Օ.Մ.ու­հի­ներ 71րդ Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան Ժո­ղո­վին վե­րա­նո­րո­գե­ցին ի­րենց ուխ­տը:

Հ.Օ.Մ.ի պայ­ծառ դրօ­շը պի­տի շա­րու­նա­կէ ծա­ծա­նիլ` մեծ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն ստանձ­նած ան­դա­մու­հիէն մին­չեւ հա­մեստ ան­դա­մու­հին, հա­ւա­տա­րիմ բա­րե­րարն ու նո­ւի­րա­տուն միշտ պի­տի մնան կնո­ջա­կան այս կազ­մա­կեր­պու­թեան ար­թուն պա­հակ­նե­րը, հե­տապն­դեն ա­նոր շա­հե­րը, բա­րեն­պաստ պայ­ման­ներ ստեղ­ծեն հայ կնոջ, ե­րե­խա­յին, կա­րի­քա­ւո­րին, ան­տէ­րին:

Ե­կէք` այ­սօր միաս­նա­բար խո­նար­հի՛նք այս փա­ղան­գին առ­ջեւ, յար­գե՛նք յի­շա­տա­կը մեզ­մէ առ­յա­ւէտ հե­ռա­ցած կա­մա­ւոր բո­լոր ըն­կե­րու­հի­նե­րուն, ձեռք եր­կա­րենք նո­րա­հաս ե­րի­տա­սար­դու­թեան, հինն ու նո­րը շա­ղա­խե՛նք ի­րա­րու եւ լա­ւա­տե­սու­թեամբ յա­ռա­ջա­նանք դէ­պի ա­պա­գայ:

Ն. ԱՒԱԳԵԱՆ