Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Մի­նա­սը ո՞վ է՝ չեմ գի­տեր, բայց գի­տեմ, որ մեր հո­գե­բա­նու­թեան վրայ ծանր կեր­պով նստած ա­նե­րե­ւոյթ կեր­պար մըն է, որ­մէ անհ­րա­ժեշտ է ձեր­բա­զա­տո­ւիլ:

Ինչ­քան շուտ, այն­քան լա՛ւ:

Քա­նի մը օր ա­ռաջ, Եւ­րո­պա­յի Խորհըր­դա­րա­նա­կան Վե­հա­ժո­ղո­վի (Ե.Խ.Խ.Վ.) Քա­ղա­քա­կան Յանձ­նա­ժո­ղո­վի սե­ղա­նին դրո­ւած ու որ­դեգ­րո­ւած էր զե­կու­ցում մը՝ «Բռ­նու­թեան մագլ­ցու­մը Լ.Ղ.Հ.ի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի գրա­ւեալ այլ տա­րածք­նե­րուն մէջ» խո­րա­գի­րով:

Զե­կու­ցու­մը պատ­րաս­տո­ւած է Ե.Խ.Խ.Վ.ի բրի­տա­նա­ցի ան­դամ Ռա­պըրթ Ո­ւոլ­թը­րի կող­մէ:

Ա­րա­բե­րէն ա­ռա­ծը կ­՛ը­սէ՝ «նա­մա­կին բո­վան­դա­կու­թիւ­նը իր հաս­ցէով կը ճանչ­ցո­ւի»: Հի­մա այս զե­կու­ցումն է. բո­վան­դա­կու­թիւ­նը յայտ­նի է... խո­րա­գի­րէն: Երբ կ­՛ը­սո­ւի՝ «Լ.Ղ.Հ.ի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի գրա­ւեալ այլ տա­րածք­նե­րուն», սա կը նշա­նա­կէ եր­կու բան՝

Ա.) Ըստ զե­կու­ցա­բե­րին (եւ յանձ­նա­ժո­ղո­վին), Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը ատր­պե­ճա­նա­կան հող է, որ «գրա­ւո­ւած» է։

Եւ

Բ.) Կան նաեւ «այլ» գրա­ւեալ տա­րածք­ներ ու այս շրջան­նե­րուն մէջ (Լ.Ղ.Հ. եւ «այլ») լա­րո­ւա­ծու­թիւն կայ, որ հետզ­հե­տէ կը սրի (­Լա­րո­ւա­ծու­թիւն ը­սո­ւածն ալ ինք­նի­րեն չի սրիր. մէ­կը պէտք է սրէ: Բայց այդ ալ ու­րիշ խնդիր է):

Ա­ւե­լորդ է ը­սե­լը, որ մե­զի հա­մար կան միայն ու միայն ա­զա­տագ­րո­ւած հայ­կա­կան տա­րածք­ներ:

Վե՛րջ:

Բայց մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կան կա­ռոյց­նե­րը այս տրա­մա­բա­նու­թեամբ չեն շար­ժիր,- մե­ղա՜յ, կարգ կայ, կա­նոն կայ, օ­րէնք կայ... Եւ ու­րեմն, մի­ջազ­գա­յին միա­կա­նի օ­րէն­քով, քա­նի որ նախ­կին Լ.Ղ.Ի.Մ.ը մաս կը կազ­մէր Ատր­պէյ­ճա­նին եւ քա­նի որ ա­նոր ի­րա­ւա­յա­ջորդ Լ.Ղ.Հ.ն չէ ճանչ­ցո­ւած իբ­րեւ ան­կախ պե­տա­կան միա­ւոր, հե­տե­ւա­բար կը շա­րու­նա­կէ մնալ «ատր­պե­ճա­նա­կան տա­րածք», որ սա­կայն, ներ­կայ դրու­թեամբ, կը մնայ «գրա­ւո­ւած»:

Միա­կա­նի ը­սինք, ո­րով­հե­տեւ այդ օ­րէն­քին կառ­չող­նե­րը չեն ու­զեր տես­նել, որ Լ.Ղ.Ի.Մ.ը իր ան­կա­խու­թիւ­նը հռչա­կած է Խ. Միու­թեան օ­րէնսդ­րու­թեան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րուն հի­ման վրայ եւ ա­նօ­րի­նա­կան ո­չինչ կար այդ քայ­լին մէջ: Վ­սիօ՛...

Իսկ մեծ ու­ժե­րը մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քը ա­ռաջ կը քա­շեն միայն ա՛յն ա­տեն, երբ ի­րենց հա­մար նպաս­տա­ւոր է. իսկ աղ­բա­նոց կը նե­տեն այն ա­տեն, երբ ի­րենց հա­մար անն­պաստ է:

Նո­րու­թիւն չկայ մեր այս միտ­քին մէջ. պար­զա­պէս վեր­յի­շե­ցում է: Աշ­խար­հի կար­գը այս­պէս է, սի­րենք կամ չսի­րենք: Սա ի­րա­կա­նու­թիւն է եւ ինչ­պէս այս յօ­դո­ւա­ծա­գի­րը յա­ճախ կրկնած է՝ պէտք է հա­շո­ւի առ­նել միայն չոր ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը:

Ու­րեմն, հար­ցին էու­թիւ­նը, կամ տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը, պէտք է դի­տել քա­ղա­քա­կան բնա­գա­ւա­ռէն ներս:

Եր­կու օր ա­ռաջ, Ե.Խ.Խ.Վ.ի Քա­ղա­քա­կան Յանձ­նա­ժո­ղո­վին կող­մէ այս զե­կու­ցու­մի որ­դեգ­րու­մին մա­սին ար­տա­յայ­տո­ւած է Հ.Հ. ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Շա­ւարշ Քո­չա­րեան: Ան յի­շե­ցու­ցած է, թէ Ռա­պըրթ Ո­ւոլ­թըր նոյն այն անձն է, որ 2013ին ղե­կա­վա­րած է եւ­րո­պա­ցի դէ­տե­րու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը Ատր­պէյ­ճա­նի խայ­տա­ռակ նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք նոյն այդ ա­ռա­քե­լու­թեան զե­կու­ցու­մին մէջ ո­րա­կո­ւած էին «փայ­լուն»:

Այս զե­կու­ցու­մէն ետք, շա­րու­նա­կած է Քո­չա­րեան, բրի­տա­նա­կան «­Տը Կար­տիըն» թեր­թը հա­ղոր­դած է, թէ Ո­ւոլ­թըր եւ իր ըն­կեր­նե­րը նախ ար­քա­յա­վա­յել ըն­դու­նե­լու­թեան ար­ժա­նա­ցած են Պա­քո­ւի մէջ, ուր­կէ վե­րա­դար­ձած են ար­ժէ­քա­ւոր նո­ւէր­նե­րով՝ «խմիչք­ներ, խա­ւիար, մե­տաք­սեայ գոր­գեր ու գու­մար­ներ»:

Շա­ւարշ Քո­չա­րեան ա­պա յայ­տա­րա­րած է.- «Եւ ստաց­ւում է, որ Եւ­րո­պա­յի Խոր­հուր­դը հա­սել է այն աս­տի­ճա­նի, որ Ատր­պէյ­ճա­նի պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ղե­կա­վա­րը կա­րող է հրա­պա­րա­կա­յին յայ­տա­րա­րել.- «Եւ­րո­պա­յի Խոր­հուր­դը մերն է»: Պատ­կե­րաց­նո՞ւմ էք՝ բռնա­տի­րա­կան Ատր­պէյ­ճա­նի ձեռ­քում է գտնւում Եւ­րո­պա­յի Խոր­հուր­դը», որ սկզբուն­քով պէտք է յա­ռաջ մղէ մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րը, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը, խօս­քի ա­զա­տու­թիւ­նը, այ­լա­կար­ծու­թիւ­նը եւ նման ի­տէա­լա­կան ար­ժէ­քա­յին հա­մա­կարգ մը ամ­բողջ:

Պարզ է, որ Ատր­պէյ­ճան եւ­րո­պա­կան կա­ռոյց­նե­րուն մէջ ա­ռա­տօ­րէն կը գոր­ծա­ծէ իր քա­րիւ­ղա­տո­լար­նե­րը:

Ծուռ նստինք, շի­տակ խօ­սինք՝ իսկ ին­չո՞ւ չգոր­ծա­ծէ:

Կա­շառ­քը զէնք է, որ ա­մէ­նու­րեք կա­րե­լի է գոր­ծա­ծել քա­ղա­քա­կան դաշ­տէն ներս: Տ­կա­րու­թեան նշան է, երբ ա­մէն պա­տեհ ա­ռի­թի հրա­պա­րա­կաւ կը դժգո­հինք, որ Պա­քո­ւի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը կա­շա­ռեն եւ­րո­պա­ցի դի­ւա­նա­գէտ­նե­րը:

Ե­թէ կրնանք Պա­քո­ւի կա­շա­ռա­տո­ւու­թիւ­նը եւ եւ­րո­պա­ցի պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու կա­շա­ռա­կե­րու­թիւ­նը քա­րոզ­չա­կան ա­մէն մի­ջոց­նե­րով բա­ցա­յայ­տել ու զա­նոնք խայ­տա­ռա­կել հա­մաշ­խար­հա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քին մօտ՝ ը­նենք:

Ե­թէ մենք եւս կրնանք գտնել ու շա­հա­գոր­ծել այս կամ այն օ­տար պաշ­տօ­նա­տա­րին թոյլ կող­մե­րը՝ այդ ալ ը­նե՛նք:

Բայց ի սէր աս­տու­ծոյ, լալ­կան Մի­նաս չըլ­լանք:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ