Print
Category: Յօդուածագրութիւն

(Անձնական յիշատակներ գերմանական գրաւումի ժամանակաշրջանէն)

Սուրբ Մինասի տօնը կը տօնուի յունական եւ հայկական եկեղեցիներէն ներս՝ մեծ շուքով եւ յատուկ յարգանքով.- Նոյեմբեր 11ին՝ յունական եւ Դեկտեմբեր 7ին՝ հայկական եկեղեցիներէն ներս։

Մեծ ցնծութիւն ունեցայ, երբ 1998ին այցելեցի Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի Քառասուն Մանկանց Եկեղեցին եւ տեսայ Սուրբ Մինասի փառաւոր մեծ նկարը՝ ճերմակ ձիու վրայ, Սուրբ Գէորգի նկարին քով։
Սուրբ Մինասը ապրեցաւ երրորդ դարուն, Եգիպտոսի կռապաշտ ծնողներու ընտանիքին մէջ։
Ընդունեց քրիստոնեայ ըլլալ, երբ հեծեալ սպայ էր հռոմէական զօրքին մէջ։ Ան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն, որովհետեւ չուզեց քրիստոնեաներուն հալածել։ Դարձաւ ճգնաւոր։ 58 տարեկանին, երբ քաղաք վերադարձաւ, տաժանելի չարչարանքներով գլխատուեցաւ։
Կրետէի մէջ, գերմանական գրաւման ժամանակաշրջանին, տեղի ունեցաւ խռովիչ դէպք մը, հրաշք մը՝ Սուրբ Մինասի կապուած։ Այդ հրաշքին կը հաւատան Իրաքլիոնի քաղաքացիները, ես ալ կը հաւատամ, առաւել՝ կայ նաեւ անձնական վկայութիւնը յարգարժան քաղաքացիի մը, որ Սուրբ Մինաս եկեղեցւոյ թաղական էր։
Մայիս 24ին, 1941 թուականին, Ուրբաթ օր մը, սարսափելի ռմբակոծումէ ետք, Իրաքլիոնի քաղաքի կէսը աւերակ դարձաւ։ Մեր կերպասի խանութն ալ կործանեցաւ եւ մնացորդ շէնքերն ալ մեծ վնաս ունեցան։ Մի միայն անվնաս մնաց փառաւոր՝ քաղաքին կեդրոնը կանգնած՝ Սուրբ Մինաս եկեղեցին։
40 տարեկան թաղական¬հոգաբարձուն, գրեթէ անձնական ծանօթս՝ Քսենոֆոն Սփիթաքիս, որ ճաշարանի տէր էր, գերմանացիներու մեկնումէն ետք, Հոկտեմբեր 1944ին, տեղական օրաթերթերուն մէջ հրատարակեց հետեւեալը.-
«Գերմանացիներու գրաւման առաջին շաբաթէն ետք, եկեղեցի կը գտնուէի ծառայութեան, երբ տեսայ խումբ մը օդանաւորդ գերմանացիներ, որոնք այցելեցին եկեղեցին՝ յարգանքով դիտելով տաճարը։
«Մօտեցայ՝ արդեօք տեղեկութիւն կը փափաքէի՞ն։ Այն ատեն ինծի ըսին հետեւեալը, որ կը հաւաստիացնեմ «երդուեալ վկայագիրով».- «Թիրախ ու նպատակ ունէինք մայր տաճարը՝ Սուրբ Մինաս եկեղեցին ռմբակոծել, մեծագոյն ռումբով մը, գրեթէ մէկ թոն։ Յանկարծ ամպ մը, մշուշ մը արգելք եղաւ մեր թիրախին եւ ռումբը ինկաւ 200 մեթր հեռու՝ կործանելով ամբողջ քառակուսի մը. ճիշդ դիմացը՝ «Ֆոթօ Կարապետ» Աղապատեանի պատկերահան խանութը, որ փրկուեցաւ պատահաբար։ Գերմանացի օդանաւորդները բաւական ուսումնասիրեցին եկեղեցին, բարեւեցին ու մեկնեցան... Ռումբը հսկայ էր, որովհետեւ նման ռումբ մը ինկած էր մօտի հողամասը եւ չէր պայթած։ Քալելով, սարսափահար կը տեսնէինք աւերակները»։
Ես 15 տարեկան էի այս ամբողջ շրջանին եւ տեսայ ուրիշ ռումբ մըն ալ, ինկած ու խրած՝ Սուրբ Մինաս եկեղեցիի ճակատը, թէեւ մխրճուած էր խորունկ, այդուհանդերձ չէր պայթած։ Ռումբին թեւակները մակերեսի վրայ էին։
1943ին եկեղեցին դարձեալ գործածելի եղաւ, որպէս միջնակարգ դպրոց՝ կանանց կողմը։ Ես չորորդ դասարանը կը հետեւէի։ Գերմանացիները գրաւած էին դպրոցական շէնքերը, իրենց զօրքերուն սպասարկելու նպատակով։
Այս բոլորը պատմական ճշմարտութիւն են։


Եփրեմ Գասպարեան
Նոյեմբեր 2015