Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Այս խա­ղին մէջ հմուտ չէի,

հի­մա քիչ մը սոր­վե­ցայ.

 

ետ սկիզ­բէն խա­ղանք.

պա­տե­րազ­մի խաղն է այս.

ե­րազ­նե­րուս մէջ նոյ­նիսկ բո­լո­րը ի­րար ան­ցան,

մա­հա­ցող­ներն ու ապ­րող­նե­րը, գաղ­թող­ներն ու մնա­ցող­նե­րը.

ի՞նչ գործ ու­նէինք շու­նին սատ­կած տե­ղը...

բայց շու­նին ու­րախ ապ­րած տե­ղը ո՞ւր է.

ետ սկիզ­բէն խա­ղանք.

ա­մուր պի­տի բռնեմ հա­րա­զատ­նե­րուս՝ ըն­կեր­նե­րուս,
բա­րե­կամ­նե­րուս օ­ձի­քը,

այդ­քան ա­մուր որ, երբ եր­թան...

գո­նէ ի­րենց­մէ կա­խո­ւած հե­տեր­նին եր­թամ.

ա­մէն ինչ կէս մնաց.

ըն­կե­րու­հիս մէկ շաբ­թո­ւայ հա­մար Հա­յաս­տան գնաց...
ե­րեք տա­րի է դեռ չե­կաւ.

հայրս խնդրեց ինձ­մէ, որ մա­ծու­նով քուֆ­թէ պատ­րաս­տեմ,
սե­ղա­նը շտկած եմ... մա­հա­ցաւ.

Գօ­գօն ը­սաւ. «Նս­տիր, հե­տեր­նիս սուրճ մը խմէ՛» պար­տէ­զը,
ը­սի՝ «­Գալ ան­գամ». յա­ջորդ օ­րը հրթի­ռի հա­րո­ւա­ծով նա­հա­տա­կո­ւե­ցաւ.

սկիզ­բէն կ’ու­զեմ խա­ղալ,

գո­նէ ա­փիս մէջ որ­քան որ մարդ բա­ւէր՝ ա­մուր բռնէի.

մատ­նե­րուս մէ­ջէն սա­հե­ցան գա­ցին:

«­Սուրճս կէս մնաց»

Նս­տա­սե­նեա­կը չորս հո­գիով նստած էինք. ի­նը ա­մի­սէ ի վեր,
օ­րո­ւան ըն­թաց­քին չորս նա­խա­դա­սու­թե­նէ ա­ւե­լի չէինք խօ­սեր.

յան­կարծ ոտ­քի ե­լայ՝ ը­սե­լով.- «­Հայ­տէ մնաք բա­րով, ես գա­ցի».

ե­րե­քը մէկ ապ­շա­հար նա­յե­ցան. «Ո՞ւրրր».

ը­սի. «­Տուն, այս­քան հիւ­րու­թիւն բա­ւա­րար է».

հա­նե­ցի տանս բա­նա­լին, որ ի­նը ա­միս է ձեռ­քի պա­յու­սա­կիս մէջն էր.

տղաս ոտ­քի ել­լե­լով փաթ­թո­ւե­ցաւ ին­ծի ու ը­սաւ.- «մամ, հայ­տէ, ես ալ կու գամ».

պէտք է եր­թամ, վեր­ջին ան­գամ երբ հապ­ճե­պով ե­լայ տու­նէս՝ սուրճս կի­սատ ձգե­ցի,

պա­ղե­ցաւ սուրճս.

ար­դեօք պա­տու­հան­նե­րը լաւ գո­ցե­ցի՞, դու­ռը կղպե­ցի՞...

պէտք է եր­թամ մէյ մը:

ԾՈՎԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ