Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Այս օ­րե­րուն, երբ յար­գանքն ու գի­տակ­ցու­թիւ­նը սկսած են ընկր­կիլ   հա­ւատ­քին առ­ջեւ, Ռու­զան Սալ­խա­նեան թարգ­մա­նա­բար՝ «­Մայր Թե­րե­զա - անձ­նա­կան դի­ման­կար մը» խո­րագ­րով, Լէօ Մաաս­պուր­կի գրի­չով, Մայր Թե­րե­զա­յի մա­սին յի­սուն պատ­մո­ւածք­նե­րու ընտ­րա­նի մը կը ներ­կա­յաց­նէ հայ ըն­թեր­ցո­ղին: Գեր­մա­նե­րէն բնագ­րով գիր­քը լոյս տե­ սած է Մայր Թե­րե­զա­յի ծննդեան հա­րիւ­րա­մեա­կին ա­ռի­թով: Ե­րե­ւա­նի պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի գեր­մա­նե­րէն լե­զո­ւի եւ գրա­կա­նու­թեան բաժ­նէն վկա­յեալ   Ռու­զան Սալ­խա­նեան գիր­քը հա­յե­րէ­նի թարգ­մա­նած է գեր­մա­նե­րէ­նէ:

Իս­կա­կան ա­նու­նով Ակ­նէս Գոնտ­ժա՝ Մայր Թե­րե­զա ծնած է Մա­կե­դո­նիոյ   Ս­քո­փիա քա­ղա­քին մէջ, 27 Օ­գոս­տոս 1910ին: Տա­կա­ւին պա­տա­նի՝ Մայր Թե­րե­զա կը մեկ­նի Իր­լան­տա, միա­նա­լու «Իր­լան­տա­յի Լո­րե­թա Քոյ­րեր» վա­նա­կան­նե­րու միա­բա­նու­թեան: 1931ին կ’ըն­դու­նի կու­սակ­րօ­նու­թիւն եւ կը ստա­նայ Թե­րե­զա ա­նու­նը: 1948ին Հնդ­կաս­տա­նի Կալ­կա­թա քա­ղա­քին մէջ կը հիմ­նէ բա­րե­սի­րա­կան խմբա­ւո­րում մը, ո­րուն գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կը մի­տէր   հիմ­նե­լու ման­կա­տու­ներ, դպրոց­ներ, հի­ւան­դա­նոց­ներ: 1979ին Մայր Թե­րե­զա ար­ժա­նա­ցաւ Նո­պէ­լեան Խա­ղա­ղու­թեան մրցա­նա­կին՝ «կա­րի­քա­ւոր մար­դոց օգ­նե­լու գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար»: Մայր Թե­րե­զա մա­հա­ցաւ 5 Սեպ­տեմ­բեր 1997ին, 87 տա­րե­կան հա­սա­կին:

Մայր Թե­րե­զա կը նկա­տո­ւի աշ­խար­հի ա­մե­նա­հե­ղի­նա­կա­ւոր կի­նե­րէն մէ­կը: Ա­նոր կեանքն ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը մեծ հետք ձգած են մարդ­կու­թեան պատ­մու­թեան վրայ: «Ար­մատ­նե­րով եւ ա­րիւ­նով ալ­պա­նա­ցի եմ: Քա­ղա­քա­ցիու­թեամբ՝ հնդիկ: Կա­թո­ղի­կէ միանձ­նու­հի եմ: Կո­չու­մով՝ հա­մայն աշ­խար­հին կը պատ­կա­նիմ: Սր­տով կը պատ­կա­նիմ Յի­սու­սի սրտին»: Ա­հա­ւա­սիկ , քա­նի մը տո­ղե­րու մէջ, Մայր Թե­րե­զա­յի հա­ւա­տոյ հան­գա­նա­կը՝ իր իսկ ար­տա­յայ­տու­թեամբ:

Լէօ Մաաս­պուր­կի գիր­քը այ­լա­զան փու­լե­րու դրուագ­ներ կը նկա­րագ­րէ Մայր Թե­րե­զա­յի կեան­քէն՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ հե­ղի­նա­կը եր­կար տա­րի­ներ Մայր Թե­րե­զա­յին ըն­կե­րակ­ցած էր տար­բեր եր­կիր­ներ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն:   Պատ­մո­ւածք­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն՝ ըն­թեր­ցո­ղը կը ծա­նօ­թա­նայ սրբու­հիի նե­րաշ­խար­հին, ա­նոր մար­դա­սի­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն: Որ­քա՜ն ե­րա­նե­լի պի­տի ըլ­լար, ե­թէ մարդ ա­րա­րա­ծը բա­նիւ եւ գոր­ծով հե­տե­ւէր Մեծ բա­րե­սէ­րի խօս­քե­րուն:

Ա­հա­ւա­սի՛կ քա­նի մը պատ­գամ­ներ Մայր Թե­րե­զա­յէն.

- Մար­դիկ կ’ըլ­լան ան­հասկ­ցող, ան­հե­թեթ եւ ե­սա­սէր, միեւ­նոյնն է, նե­րե­ցէ՛ք ա­նոնց:

- Այն բա­րի­քը, որ կ’ը­նէք այ­սօր, վա­ղը կրնայ մո­ռա­ցու­թեան մատ­նո­ւիլ, շա­րու­նա­կե­ցէք Ձեր բա­րի գոր­ծը…:

- Անհ­րա­ժեշտ չէ, թէ ով ի՛նչ կը խօ­սի Ձեր մա­սին, ժպի­տով ըն­դու­նե­ցէք այդ բո­լո­րը եւ շա­րու­նա­կե­ցէք Ձեր գոր­ծը: Ին՞չ կրնաք ը­նել աշ­խար­հի մէջ խա­ղա­ղու­թիւ­նը ամ­րապն­դե­լու հա­մար, գա­ցէք տուն եւ Ձեր ըն­տա­նի­քը սի­րե­ցէք:

- Մե­ծա­գոյն աղ­քա­տու­թիւ­նը սրտի եւ հո­գիի աղ­քա­տու­թիւնն է: Բա­ռե­րը ա­ւե­լորդ են, երբ չեն բխիր մար­դու սրտէն:

Որ­քա՜ն ճշմար­տու­թիւն եւ ի­մաս­տու­թիւն կը բո­վան­դա­կեն Մայր Թե­րե­զա­յի մար­գա­րէա­շունչ այս տո­ղե­րը։

Մայր Թե­րե­զա շատ մը ի­մաս­տուն մտքե­րու հե­ղի­նակ է միա­ժա­մա­նակ՝

Կեան­քը հնա­րա­ւո­րու­թիւն է, օգ­տա­գոր­ծէ՛:

Կեան­քը գե­ղեց­կու­թիւն է, հիա­ցի՛ր:

Կեան­քը ե­րա­նու­թիւն է, ճա­շա­կէ՛:

Կեան­քը ե­րազ է, ի­րա­գոր­ծէ՛:

Կեան­քը մար­տահ­րա­ւէր է, դի­մագ­րա­ւէ՛:

Կեան­քը պար­տա­կա­նու­թիւն է, կա­տա­րէ՛:

Կեան­քը խաղ է, խա­ղա՛յ:

Կեան­քը սուղ է, գուր­գու­րա՛յ:

Կեան­քը հարս­տու­թիւն է, պահ­պա­նէ՛:

Կեան­քը սէր է, վա­յե­լէ՛:

Կեան­քը խոր­հուրդ է, ի­մա­ցի՛ր:

Կեան­քը խոս­տում է, յար­գէ՛:

Կ­եան­քը վիշտ է, յաղ­թա­հա­րէ՛:

Կեան­քը երգ է, եր­գէ՛:

Կեան­քը պայ­քար է, ըն­դու­նի՛ր:

Կեան­քը ող­բեր­գու­թիւն է, սրտապն­դո­ւէ՛:

Կեան­քը ար­կա­ծախնդ­րու­թիւն է, խի­զա­խէ՛

Կեան­քը կեանք է, կեր­տէ՛:

Կեան­քը շա՜տ սուղ է, մի՛ քան­դեր…

Շատ-շատ մար­դոց հա­մար Մայր Թե­րե­զան սուրբ կը նկա­տո­ւէր տա­կա­ւին կեն­դա­նու­թեան օ­րօք: Ա­նոնց­մէ մէ­կը Լէօ Մաաս­պուրկն էր՝ աւստ­րիա­ցի կու­սակ­րօն քա­հա­նայ եւ ի­րա­ւա­բան մը: Ան եր­կար տա­րի­ներ «Աղ­քատ­նե­րու Հ­րեշ­տակ»ի կող­քին ծա­ռա­յած է իբ­րեւ ա­նոր խորհր­դա­տուն, ու­ղեկ­ցած է ա­նոր ճամ­բոր­դու­թիւն­նե­րուն: Ան­ձամբ ապ­րած է՝ թուղ­թին յանձ­նած իր պատ­մու­թիւն­նե­րը:

Գիր­քին մէջ յատ­կան­շա­կան տեղ կը գրա­ւեն «­Սո­վե­տա­կան Սուրբ Ծնն­դեան տօն» եւ «­Հա­յաս­տա­նեան ար­կա­ծախնդ­րու­թիւն­ներ» բա­ժին­նե­րը: Այս­տեղ Լէօ Մաաս­պուրկ կը նկա­րագ­րէ Մոս­կո­ւա­յէն Ե­րե­ւան ճա­նա­պար­հոր­դու­թեան ընդ­մէ­ջէն սո­վե­տա­կան դի­ւա­նա­կա­լա­կան բար­քե­րը, Հա­յաս­տան կե­ցու­թեան ըն­թաց­քին Մայր Թե­րե­զա­յի դի­մա­կա­լած ծանր պայ­ման­նե­րը: Այ­սու­հան­դերձ՝ Մայր Թե­րե­զա կը մնայ լա­ւա­տես, յանձ­նա­ռու՝ իր ա­ռա­քե­լու­թեան: Խօս­քը տանք հե­ղի­նա­կին.- «­Հա­կա­ռակ որ նիւ­թա­կան մեծ դժո­ւա­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցանք, հո­գե­պէս շատ դժո­ւար օ­րեր ան­ցու­ցինք, սա­կայն երբ կը մեկ­նէի Հա­յաս­տա­նէն, ին­ծի թո­ւե­ցաւ, թէ զիս դրախ­տէն դուրս կը վտա­րէին»:

Լէօ Մաաս­պուրկ իր պատ­մո­ւածք­նե­րուն մէջ կ’անդ­րա­դառ­նայ 1988ի մեծ երկ­րա­շար­ժէն ետք Մայր Թե­րե­զա­յի Հա­յաս­տան կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան, հան­դի­պում­նե­րուն, բա­րե­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն:

Այ­սօր աշ­խար­հի ա­ւե­լի քան 120 երկ­րի­նե­րու մէջ կը գոր­ծեն Մայր Թե­րե­զա­յի 584 կեդ­րոն­ներ, ուր ա­նօ­թե­ւան մար­դիկ կը գտնեն պատս­պա­րան:

«­Մայր Թե­րե­զա - Անձ­նա­կան դի­ման­կար մը» գիր­քին թարգ­մա­նի­չը՝ Ռու­զան Սալ­խա­նեան հայ ըն­թեր­ցո­ղին առ­ջեւ կը դնէ ժա­մա­նա­կա­կից   սուր­բի մը կեան­քին տար­բեր ե­րես­նե­րը: Կեանք, որ­մէ միայն դա­սեր կա­րե­լի է քա­ղել, սի­րել բա­րին, ան­տե­սել չա­րը, ապ­րիլ բա­րի­քի հա­մար, կա­րեկ­ցիլ տկա­րին …:

Գիր­քին յա­ռա­ջա­բա­նը գրած է Գէորգ Ծ. Վար­դա­պետ Ե­ղիա­յեան: «­Խո­կա­լով կար­դա՛յ այս է­ջե­րը եւ ո­րո­շէ կեան­քիդ ճամ­բան…» խո­րագ­րով իր յա­ռա­ջա­բա­նին մէջ Հայր Ե­ղիա­յեան դի­տել կու տայ, թէ Մայր Թե­րե­զա­յի կեն­սագ­րա­կա­նը հա­յե­րէն թարգ­մա­նու­թեամբ յանձ­նել հայ հա­սա­րա­կու­թեան՝ կը նշա­նա­կէ յանձ­նել ա­նոր գան­ձա­րան մը… «Այս պատ­ճա­ռով, սի­րե­լի՛ ըն­թեր­ցող, թա­խան­ձախն­դիր կը հրա­ւի­րեմ քեզ, որ կար­դաս այս հա­տո­րը, որ­պէս­զի ձեռ­քե­րովդ շօ­շա­փես սի­րոյ հրա­շա­լիք­նե­րը եւ նկա­տես, թէ Աս­տո­ւած որ­քա՛ն հզօր է իր ծա­ռա­նե­րուն կեան­քին մէջ, երբ այդ ծա­ռա­նե­րը ըն­կա­լեն ա­նոր խօս­քը եւ հե­տե­ւին ա­նոր խօս­քին, ինչ­պէս հե­տե­ւե­ցան ա­ռա­քեալ­ներն ու սուր­բե­րը, ո­րոնք ի­րենց կեն­ցա­ղով եւ գոր­ծե­րով դար­ձան մարդ­կու­թեան իս­կա­կան կո­թող­նե­րը, տի­տան­ներն ու օ­րի­նակ­նե­րը: Այդ տի­տան­նե­րէն մին էր աշ­խար­հահռ­չակ Մայր Թե­րե­զա: …Ուս­տի կար­դա՛յ այս է­ջե­րը, խո­կա՛յ ա­նոնց բո­վան­դա­կու­թեան վրայ եւ ո­րո­շէ՝ կեան­քիդ ճամ­բան»,- յա­ռա­ջա­բա­նը կ’ա­ւար­տէ Հայր Ե­ղիա­յեան:

Գեր­մա­նա­ցի հե­ղի­նակ Լէօ Մաաս­պուրկ իր նա­խա­բա­նին մէջ յոյս կը յայտ­նէ, որ ճշգրիտ ձե­ւով ներ­կա­յաց­նէ Մայր Թե­րե­զա­յի ան­ձը՝ մաղ­թե­լով, որ գիր­քը մար­դոց ա­ռաջ­նոր­դէ դէ­պի Յի­սուս այն­պէս, ինչ­պէս որ պի­տի փա­փա­քէր Մայր Թե­րե­զա:

Հա­յե­րէն հրա­տա­րա­կու­թեան ա­ռի­թով Ռու­զան Սալ­խա­նեան յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նէ ազ­նիւ մե­կե­նաս մա­գիստ­րոս Գ­րի­գոր, Ք­րիս­թին եւ Քե­րոփ Ճա­պու­րեան­նե­րուն: «­Լու­սա­ւոր­չի կան­թեղ» հրա­տա­րա­կու­թեան։ Մատ­չե­լի եւ դիւ­րա­սահ հա­յե­րէ­նով ըն­թեր­ցա­սէր­նե­րու լայն հա­սա­րա­կու­թեան հրամ­ցո­ւած այս գիր­քը ու­ղե­ցոյց մըն է իւ­րա­քան­չիւր հայ   ըն­տա­նի­քի հա­մար:

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ - «­Զար­թօնք» օ­րա­թերթ