Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Անոնք որոնք մինչեւ օրս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 125 տարի հերոսաբար կատարած հայանուէր գործունէութեան ու յատկապէս Սարդարապատի փրկարար հերոսամարտի ու Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան դէմ կը խօսին ու կը վարկաբեկեն պատմական իրողութիւնները, յստակ կերպով պատմական ճշմարտութիւններէն անտեղեակ են ու արժանի չեն իրենց վարած պաշտօններուն, ըլլան անոնք չակերտեալ քաղաքագէտ, պատմագէտ թէ հասարակական գործիչ:    

Ու կան մարդիկ մեր ներկային
պատմաբանի սին տիտղոսով,
որոնք յաճախ կը բարբանջեն
Դաշնակցութեան հասցէով:

Ստրուկներն այդ սնաբան
թող իմանան յաւիտեան,
որ Հ.Յ.Դ. կայ պիտ՛ մնայ
ժողովուրդին պահապան:

Այդպէս գործեց ան ամէն տեղ,
զի միշտ եղաւ միաբան: 
Հայրենիքին ազատութեան
հերոս տուաւ առնական:

Հարիւր տարի ու աւելի
պատնէշին վրայ դեռ կ՛ապրի,
զի նպատակ ունի անմար 
կերտել Երկիր միատարր:

Այսպէս սնունդ ան ստացաւ
տարիներ ժիր գործելով,
հիմա դարձեալ ան կ՛աշխատի 
ժողովուրդին ուժ տալով:

Իր դէմ խօսող բոլոր անոնք,
թող լաւ գիտնան, իմանան,
որ աննահանջ ան պիտ՛ գործէ 
կողքին կանգնած հայութեան:

Մարգար Շարապխանեան - Ուշի                                                                                  

­