Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­altԱմ­բողջ հա­լէ­պա­հա­յու­թիւ­նը՝ ներ­սի եւ դուր­սի, կը սպա­սէ: ­Հա­լէ­պա­հա­յու­թեան հետ կը սպա­սէ նաեւ ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ մենք հա­յու­թե­նէն մաս մըն ենք եւ մեր խնդիր­նե­րը կը յու­զեն բո­լորս անխ­տիր:

­Կը սպա­սենք՝ յու­սա­լով, թէ օր մը խա­ղա­ղու­թիւ­նը պի­տի վե­րա­դառ­նայ ­Սու­րիա, թէեւ գրե­թէ հա­մո­զո­ւած ենք, որ այ­լեւս մե­զի հա­մար տեղ չմնաց այս երկ­րին մէջ, բայց գո­նէ ա­մէն մէկս իր հար­ցը կը լու­ծէ՝ կու գայ հոս, ու­նե­ցա­ծը կը ծա­խէ ետ կ’եր­թայ, գա­լիք խա­ղա­ղու­թեան ա­տեն տա­կա­ւին հոս ե­ղողն ալ կը հա­ւա­քո­ւի ու ան­դարձ կը հե­ռա­նայ:

Ազ­գը ի՞նչ պի­տի ը­նէ իր կա­լո­ւած­նե­րը: Հնդ­կա­հա­յե­րը ի՞նչ ը­րին ազ­գա­յին կալուած­նե­րը:

­Մինչ այդ սա­կայն կ’ակն­կա­լենք, որ ոչ միայն շա­րու­նա­կո­ւին ներ­սի եւ դուր­սի սու­րիա­հա­յե­րուն յատ­կա­ցո­ւող նպաստ­նե­րը, այլ կը սպա­սենք, որ բազ­մա­պատ­կո­ւին այդ նպաստ­նե­րը, չէ՞ որ օ­րէ օր ա­ւե­լի կը վատ­թա­րա­նայ մեր ընդ­հա­նուր կա­ցու­թիւ­նը, չէ՞ որ ե­թէ ­Հա­լէ­պի մէջ մնա­ցո­ղին վի­ճա­կը ամ­սա­կան յի­սուն տո­լա­րով կա­րե­լի է տա­նե­լի դարձ­նել, ա­պա դուր­սը գտնո­ւո­ղին հա­մար քա­ռա­կի գու­մար անհ­րա­ժեշտ է, եւ դուր­սը գտնո­ւող­նե­րը կ’ա­ւել­նան, իսկ ա­նոնց վի­ճա­կի լա­ւա­ցում տա­կա­ւին չի նա­խա­տե­սո­ւիր, իսկ նո­ւի­րա­տու­նե­րը մին­չեւ ե՞րբ պի­տի կա­րե­նան ձեռք եր­կա­րել մե­զի: ­Հա­պա մեր մի՞ւս խնդիր­նե­րը:

­Հա­յաս­տան գա­ցող­նե­րուն վի­ճա­կը մեր գիտ­ցա­ծին հա­մե­մատ այդ­քան ալ լաւ չէ: Ան­շուշտ չի ալ կրնար լաւ ըլ­լալ, բո­լո­րը կը դժգո­հին որ գործ չկայ, ե­թէ ըլ­լայ ալ աշ­խա­տա­վար­ձե­րը շատ ցած են, թէեւ կը կար­ծեմ, թէ աշ­խա­տա­սէր եւ ճար­պիկ հա­լէ­պա­հա­յը, վա­յե­լե­լով տե­ղա­ցի հա­յուն եւ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն բա­րեա­ցա­կա­մու­թիւ­նը, թե­րեւս ա­ւե­լի լաւ կ’ապ­րի հայ­րե­նի­քին մէջ քան բուն հա­յաս­տան­ցին: ­Բայց ցա­ւօք կան ա­ռար­կա­յա­կան պատ­ճառ­ներ, ո­րոնք ապ­րի­լը կը դժո­ւա­րաց­նեն ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, հա­ւա­սա­րա­պէս տե­ղա­ցիին եւ գաղ­թա­կան սու­րիա­հա­յուն հա­մար, ուս­տի շա­տե­րուն աչ­քե­րը դուրս կ’ուղ­ղո­ւին եւ կրցո­ղը կ’եր­թայ, կը հե­ռա­նայ ­Հա­յաս­տա­նէն:

­Բա­րե­կամ­նե­րէս մէ­կը ան­ցեալ տա­րի ­Հա­յաս­տան այ­ցե­լած էր, հի­մա դար­ձեալ հոն է: Ի­րեն հարց տո­ւի. Ինչ­պէ՞ս է ՄԵՐ Ե­րե­ւա­նը:

­Շատ տխուր եւ մտա­հո­գիչ էր պա­տաս­խա­նը. ան ը­սաւ. Ազ­գա­կան­ներս կը փնտռեմ: ­Տե­ղե­կա­ցայ, որ ի­նը ամ­սո­ւան ըն­թաց­քին ա­նոնց­մէ տաս­ներ­կու­քը Ա­մե­րի­կա գա­ցած են: Այս հա­շո­ւով ա­մէն տա­րի հա­լէ­պա­հա­յե­րուն քա­նա­կու­թեամբ հա­յեր կը հե­ռա­նան ­Հա­յաս­տա­նէն:

­Ցաւ զգա­ցի, խո­րունկ ցաւ, թէեւ բա­րե­կա­միս ը­սա­ծը նո­րու­թիւն մը չէր, սա­կայն ին­ծի յի­շե­ցուց ան­ցեալ դա­րի ինն­սու­նա­կան­նե­րու հա­յաս­տա­նեան դառն ա­նեկ­դո­տը: ­Վեր­ջին ել­լո­ղը թող չմոռ­նայ լոյ­սե­րը մա­րե­լու: (­Թէեւ ինն­սու­նա­կան­նե­րու ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն լոյս չկար ­Հա­յաս­տա­նի մէջ):

­Ճիշդ է կան ա­ռար­կա­յա­կան պատ­ճառ­ներ, ճիշդ է նաեւ որ ես ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի չեմ եւ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ չեմ ապ­րիր, բայց կը կար­ծեմ որ ոե­ւէ մէ­կը ի­րա­ւունք չու­նի ար­գելք հան­դի­սա­նա­լու ին­ծի հարց տա­լու, թէ չկա՞ն ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կեան­քը դժո­ւա­րաց­նող են­թա­կա­յա­կան պատ­ճառ­ներ, եւ թէ ա­նոնց լու­ծու­մը ա­ւե­լի տա­նե­լի չի՞ դարձ­ներ կեան­քը մեր հայ­րե­նի­քին մէջ:

Այս հար­ցու­մը ինք­զին­քիս կ’ար­տօ­նեմ տալ, ո­րով­հե­տեւ հա­ւա­տա­ցէք (չհա­ւա­տաք ալ) ես ի­րա­պէս կը սի­րեմ ­Հա­յաս­տա­նը, որ ինչ­պէս բո­լորս քաջ գի­տենք, մեր միակ հայ­րե­նիքն է, միակ ե­րաշ­խի­քը մեր գո­յու­թեան եւ միակ գրա­ւա­կա­նը մեր ազ­գա­յին իղ­ձե­րու ի­րա­կա­նաց­ման:

­Բա­րե­կա­միս 12 ազ­գա­կան­նե­րը գաղ­թած են ­Հա­յաս­տա­նէն ի­նը ամ­սո­ւան ըն­թաց­քին: ­Հոս մնա­ցող հա­լէ­պա­հա­յե­րը մեծ յոյ­սով կը սպա­սեն «­Հայ ­Տուն»ի ա­ւե­լի լաւ պայ­ման­նե­րուն, որ­պէս­զի միա­նան ­Գա­նա­տա գաղ­թած ի­րենց հա­մա­քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն: ­Գա­ցող­նե­րը եւ եր­թալ սպա­սող­նե­րը տխուր են. Ա­նոնք կ’ը­սեն.

- Ի՞նչ ը­նենք, ի՞նչ կրնանք ը­նել: ­Գի­տենք, որ միակ եր­թա­լիք տե­ղեր­նիս ­Հա­յաս­տա­նը պէտք է ըլ­լայ. գի­տենք, որ մեր զա­ւակ­նե­րը մե­րը պի­տի չըլ­լան, հայ պի­տի չմնան, բայց ի՞նչ կրնանք ը­նել. ­Հա­յաս­տա­նի մէջ մեր ապ­րուս­տը պի­տի չկա­րե­նանք հո­գալ… Կ­’ը­սեն ­Հա­յաս­տա­նը աշ­խար­հի լաւ տեղն է ե­թէ դրամ ու­նիս, իսկ մենք դրամ չու­նինք:

«­Մեր զա­ւակ­նե­րը պի­տի չըլ­լան»ը ին­ծի կը յի­շեց­նէ 85 տա­րի­ներ ա­ռաջ ­Շահ­նու­րի ը­սա­ծը.- « …կը վճա­րենք, իբ­րեւ վեր­ջին փրկա­գին, այն որ պի­տի գայ: Իբ­րեւ վեր­ջին փրկա­գին՝ մա­նուկ­ներ, ո­րոնք պի­տի գա­յին: Ո­րով­հե­տեւ այն որ պի­տի գայ՝ պի­տի ըլ­լայ օ­տար….»:

­Չը­սենք, որ ­Շահ­նուր սխալ էր: ­Տես­նենք Ֆ­րան­սա­յի կոր­սո­ւած սե­րունդ­նե­րը, ո­րոնց մե­զի բան մը չը­սող շար­քե­րուն պի­տի միա­նան ­Հա­լէ­պէն ոչ-­Հա­յաս­տան գաղ­թող­նե­րը, ո­րոնց պի­տի միա­նան նաեւ ­Հա­յաս­տա­նէն հե­ռա­ցող­նե­րը, որ­քան ալ մե­զի թո­ւի, թէ ա­սոնք նոր ա­ւիշ կը նե­րար­կեն ձու­լո­ւող գա­ղութ­նե­րուն: ­Ժա­մա­նա­կա­ւո­րը՝ պատ­րանք թէ ի­րա­կա­նու­թիւն՝ թող չխա­բէ մեզ:

­Հա­յու­թեան հա­տո­ւած­նե­րուն հար­ցե­րը կը պատ­կա­նին ամ­բողջ հա­յու­թեան, նախ եւ ա­ռաջ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ղե­կա­վա­րու­թեան:

­Նոր սահ­մա­նադ­րու­թեան ըն­դուն­ման այս օ­րե­րուն, պէտք է մտա­ծել նախ եւ ա­ռաջ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կեան­քը ա­ւե­լի տա­նե­լի դարձ­նե­լու մա­սին: ­Լու­ծե­լու մօ­տե­ցում ցու­ցա­բե­րե­լով են­թա­կա­յա­կան խնդիր­նե­րու. օ­րի­նա­կի հա­մար կա­րե­լի չէ՞ ստի­պել գոր­ծա­տէ­րե­րուն քիչ մը նո­ւա­զեց­նել ի­րենց սե­փա­կան շա­հե­րը եւ բա­րե­լա­ւել աշ­խա­տա­վար­ձե­րը, կամ կա­րե­լի չէ՞ ո­րոշ սահ­մա­նա­փա­կում­ներ մտցնել ա­ռեւտ­րա­կան դրա­մագ­լուխ­նե­րու սան­ձար­ձա­կու­թեան մէջ հեշ­տաց­նե­լով եւ քա­ջա­լե­րե­լով տե­ղա­կան ար­դիւ­նա­բե­րու­թիւ­նը: Ես տնտե­սա­գէտ չեմ, քիթս ալ չհասկ­ցածս խնդիր­նե­րու մէջ չեմ մտցներ: ­Բայց ար­տօ­նե­ցէք, որ միտ­քէս ան­ցած հար­ցում­նե­րը ուղ­ղեմ մաս­նա­գէտ­նե­րու…

ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ ­- «­Սի­վիլ­նեթ»