Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Պարզ, հա­մեստ, բայց եւ խօ­սուն յայ­տա­րա­րու­թիւն մը. «2015 թո­ւա­կա­նի Մա­յիս 6ին մեր սկսած պայ­քա­րը, դի­մադ­րու­թեան 175րդ­ օ­րը՝ 2015ի Հոկ­տեմ­բեր 27ին, պսա­կո­ւե­ցաւ յա­ջո­ղու­թեամբ: Ճամ­բա­րը վե­րա­դար­ձո­ւե­ցաւ Կե­տիկ­փա­շա­յի հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մին: Մեր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը կը յայտ­նենք պայ­քա­րի բո­լոր ա­ջա­կից­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ՝ «­Նոր Զար­թօնք» նա­խա­ձեռ­նու­թեան»:

Ա­նար­դա­րու­թիւն մը սրբագ­րե­լու հա­մար 175 օր պայ­քա­րե­լու, չյու­սա­հա­տե­լու, չվհա­տե­լու, չվախ­նա­լու ո­դի­սա­կա­նին յա­ջող ա­ւար­տի ա­ւե­տիսն էր, որ կը տրո­ւէր:

Չէ՞ որ ա­տե­լու­թեան թի­րախ ըլ­լա­լու սպառ­նա­լի­քին տակ էին այդ 175օ­րեայ պայ­քա­րի իւ­րա­քան­չիւր վայր­կեան:

Այս ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ար­դեօք գի­տէի՞ն, թէ ի­րենց վրայ կեդ­րո­նա­ցած էր հա­զա­րա­ւոր սրտա­կից­նե­րու հա­յեացք­նե­րը, որ ի­րենց խի­զա­խու­թեան վրայ հիա­ցած հա­զա­րա­ւոր­ներ կը հե­տե­ւէին ի­րենց դժո­ւա­րին, սա­կայն ի­մաս­տա­լից ա­ռօ­րեա­յին, եւ որ ի­րենց քա­ջու­թե­նէն կը ներշնչո­ւէին բազ­մա­թիւ ե­րի­տա­սարդ­ներ…

Հա­ւա­նա­բար գի­տէին, կամ՝ կը զգա­յին: Յա­մե­նայն­դէպս, ա­նոնք կա­րիք իսկ չու­նէին ո­րե­ւէ հրա­պա­րա­կա­յին զօ­րակ­ցա­կան ար­տա­յայ­տու­թեան: Ա­նոնք ի­րենց գոր­ծը ը­րին հա­ւատ­քով, ար­դա­րու­թեան եւ ի­րա­ւուն­քի տի­րա­նա­լու իւ­րօ­րի­նակ հա­մո­զու­մով: Ի­րենց գոր­ծը ը­րին՝ յա­նուն ի­րա­ւազր­կուած հա­մայն­քին, որ վստա­հա­բար ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ պի­տի գնա­հա­տէ ի­րենց յանդգ­նու­թիւ­նը:

Երկ­րի մը մէջ, ուր ա­մէ­նէն դա­ժան հա­շո­ւե­յար­դա­րի յի­շո­ղու­թիւն­նե­րը ա­մէն օր թար­մա­նա­լու, նո­րո­վի դրսե­ւորո­ւե­լու օ­րի­նա­կան ու ա­նօ­րի­նա­կան ճա­նա­պարհ­ներ կը գտնէին, կա­րե­լի չէր պատ­կե­րաց­նել, որ ծնունդ պի­տի առ­նէին նման «խեն­թեր», ո­րոնք նոր զար­թօն­քի մը ռահ­վի­րա­նե­րը պի­տի ըլ­լա­յին ոչ միայն ի­րենց բնա­կա­վայ­րին մէջ, այ­լեւ՝ ամ­բողջ հա­յաշ­խար­հի տա­րած­քին:

Ուր­կէ՞ կու գայ ի­րենց այս ու­ժը, այս խի­զա­խու­թիւ­նը, այս քա­ջու­թիւ­նը: Հա­ւա­նա­բար՝ առ­հա­ւա­կան ա­կունք­նե­րէ կը սնո­ւին ա­նոնք:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ