Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Ե­թէ հայ-ատր­պէյ­ճա­նա­կան սահ­մա­նին լա­րո­ւա­ծու­թիւ­նը կտրուկ մագըլ­ցում չար­ձա­նագ­րէ ընդ­հուպ մին­չեւ հա­մընդ­հա­նուր պա­տե­րազմ եւ Կով­կա­սը չվե­րա­ծո­ւի 2016ի հա­մաշ­խար­հա­յին բե­մա­հար­թա­կի թէժ կէ­տե­րէն մէ­կուն, նե­րազ­գա­յին ո­լոր­տի մէջ եր­կու կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ, ո­րոնց գոր­ծըն­թա­ցին սկիզ­բը դրո­ւած է

կամ այդ մա­սին ազ­դան­շան տրո­ւած է, կրնան հա­մա­հայ­կա­կան ի­րա­կա­նու­թիւ­նը դնել դրա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու մար­տահ­րա­ւէ­րին ա­ռաջ եւ նոր լիցք տալ ե՛ւ հայ­րե­նի, ե՛ւ սփիւռ­քեան զոյգ ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րուն:

Ա­նոնց­մէ ա­ռա­ջի­նը սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւնն ու նա­խա­գա­հա­կան կա­ռա­վար­ման կար­գէն խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­կար­գի անց­ման գոր­ծըն­թացն է: Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վը՝ Հոկ­տեմ­բեր 5ին, 103 թեր, 10 դէմ եւ 3 ձեռն­պահ քո­ւէ­նե­րով՝ ո­րո­շու­մը ան­ցուց: Ո­րո­շու­մը պի­տի դրո­ւի հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան հան­րա­քո­ւէի, որ­մէ յե­տոյ - եւ ե­թէ ան­շուշտ հան­րա­քո­ւէն դրա­կան ար­դիւնք ու­նե­նայ - Հա­յաս­տան պի­տի ու­նե­նայ խորհր­դա­րա­նա­կան վար­չա­կարգ: Ծ­րա­գի­րը կը նա­խա­տե­սէ հա­րիւր տո­կո­սով հա­մա­մաս­նա­կան ընտ­րա­կարգ, Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վը պի­տի բաղ­կա­նայ 101 պատ­գա­մա­ւոր­նե­րէ, իսկ երկ­րին նա­խա­գա­հը պի­տի ընտ­րո­ւի եօթ տա­րի­նե­րու վրայ եր­կա­րող միակ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը հա­մար:

Երկ­րոր­դը՝ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Հա­րիւ­րե­րորդ Տա­րե­լի­ցի Պե­տա­կան Յանձ­նա­ժո­ղո­վի վեր­ջին նիս­տին - Սեպ­տեմ­բեր 26ին - հնչած ա­ռա­ջարկն է՝ յանձ­նա­ժո­ղո­վը վե­րա­ծե­լու Հա­մա­հայ­կա­կան Խոր­հուր­դի: Ա­ռա­ջար­կը, ո­րուն մա­սին ար­դէն տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը հան­րա­յին բնոյթ ու­նէին ա­տե­նէ մը ի վեր, սփի­ւռ­քեան տար­բեր հա­մայնք­նե­րու Հա­րիւ­րե­րորդ Տա­րե­լի­ցի յանձ­նա­ժո­ղո­վնե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն զօ­րակ­ցու­թիւ­նը ստա­ցաւ: Ն­պա­տա­կի ի­րա­կա­նաց­ման հե­ռան­կա­րով ա­ռա­ջա­ցած է ար­դէն տաս­ներ­կու հո­գի­նե­րէ բաղ­կա­ցած յանձ­նա­ժո­ղով մը՝ պատ­րաս­տե­լու հա­մար Հա­մա­հայ­կա­կան Խոր­հուր­դի ծրագ­րի բնորդ մը, որ նա­խա­տե­սո­ւած հանգ­րո­ւան­նե­րով պի­տի դրո­ւի հան­րա­յին քննար­կու­մի մին­չեւ Սեպ­տեմ­բեր 20, 2016, երբ պատ­րաստ պի­տի ըլ­լայ վերջ­նա­կան տե­ղե­կա­գի­րը:

Այս­պէս, Հա­յաս­տա­նի եր­րորդ Հան­րա­պե­տու­թեան քսան­հին­գա­մեա­կը կրնայ ա­ռիթ ըլ­լալ նո­րա­գոյն ար­ժե­ւո­րում մը տա­լու գե­րիշ­խան պե­տու­թեան կա­րո­ղա­կա­նու­թեան եւ ան­կա­խու­թեան ստեղ­ծած ո­լոր­տին, ուր նե­րազ­գա­յին յա­ռա­ջըն­թա­ցը ե՛ւ հայ­րե­նի հա­յու­թեան, ե՛ւ Ս­փիւռ­քի հա­մար կա­րե­լի է կոնկ­րետ (ո­րո­շա­կի) կեր­պով գնա­հա­տել: Այս հե­ռան­կա­րը որ­պէս տե­սու­թիւն ընդ­հան­րա­պէս խան­դա­վա­ռիչ կրնայ ըլ­լալ նոյ­նիսկ ե­թէ սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թեան ո­րո­շու­մը քա­ղա­քա­կան եւ հան­րա­յին քա­ղա­քա­ցիա­կան փոք­րա­մաս­նա­կան, բայց հաս­տա­տա­կամ ընդ­դի­մու­թեան տե­ղի տո­ւած է: Գործ­նա­կա­նօ­րէն, սա­կայն, եր­կու ծրա­գիր­ներն ալ խոստմ­նա­լից կրնան ըլ­լալ՝ միայն ե­թէ ե­կող տա­րո­ւայ ըն­թաց­քին կա­րե­լի ըլ­լայ ա­նոնց շուրջ հան­րա­յին բա­նա­վէճ եւ մաս­նակ­ցո­ղա­կան զօ­րա­շարժ ա­ռա­ջաց­նել: Միայն այդ ձե­ւով ար­դէն փոր­ձարկ­ման կը դրո­ւի հա­մա­հայ­կա­կան կեան­քը լայն ի­մաս­տով ժո­ղովր­դա­վա­րաց­նե­լու գրա­ւը, որ նոյն այդ ծրա­գիր­նե­րուն հե­տապն­դած նպա­տակ­նե­րէն թե­րեւս ա­մէ­նէն ի­մաս­տա­լիցն է:

Սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին այդ բա­նա­վէճն ու մաս­նակ­ցո­ղա­կան զօ­րա­շար­ժը ար­դէն ի­րո­ղու­թիւն է: Կ­՚ար­տա­յայ­տո­ւի ե՛ւ քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու դիր­քո­րո­շում­նե­րով ու դա­շինք­նե­րու հա­ւա­նա­կան վե­րա­նա­յում­նե­րու հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ, ե՛ւ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան հրա­պա­րա­կա­յին ե­լոյթ­նե­րով: Ի տար­բե­րու­թիւն դրա­ցի Ատր­պէյ­ճա­նին եւ նախ­կին խորհր­դա­յին այլ հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու, Հա­յաս­տա­նի մէջ կայ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան աշ­խու­ժու­թիւն եւ քա­ղա­քա­կան տի­նա­մի­քը (ու­ժա­կա­նու­թիւ­նը) չի սահ­մա­նա­փա­կո­ւիր ա­զատ խօս­քի բռնի ճնշման դէմ պայ­քա­րե­լու միակ այ­լընտ­րան­քով: Այս ի­մաս­տով ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը մեծ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն ու­նին խիստ զգոյշ ըլ­լա­լու՝ չկրկնե­լու հա­մար տա­կա­ւին մօ­տիկ ան­ցեա­լի ի­րենց բաց­թո­ղում­նե­րը՝ ոս­տի­կա­նա­կան ու­ժե­րով ցոյ­ցե­րը զսպե­լու ամ­բող­ջա­տի­րա­կան վար­քա­գի­ծի ա­մէն փոր­ձու­թե­նէ: Որ­քան ալ որ սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն «ոչ» ը­սող քա­ղա­քա­ցի­նե­րու հա­տո­ւա­ծը հան­րա­յին նստա­ցոյ­ցե­րու մի­ջո­ցաւ ու­զէ ար­տա­յայ­տել իր ընդ­դի­մու­թիւ­նը, այդ փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն ե­տին կանգ­նող ու­ժե­րը, ո­րոնց կար­գին իշ­խա­նու­թեան վրայ գտնո­ւող կու­սա­կա­ցու­թիւ­նը, միայն նոյն ձե­ւով կրնայ հա­կազ­դել եւ փոր­ձել իր տե­սա­կէ­տը բա­ցատ­րել: Ո՛չ մէկ պա­րա­գա­յի ըն­դու­նե­լի է պե­տա­կան մե­քե­նան ո­րե­ւէ ձե­ւով իբ­րեւ ճնշա­մի­ջո­ցի օգ­տա­գոր­ծել: Ըն­դու­նե­լի չէ մա­նա­ւանդ ոս­տի­կա­նական ու­ժի մի­ջամ­տու­թիւ­նը հա­սա­րա­կա­կան կար­գի պահ­պան­ման պատ­րո­ւա­կով: Ի վեր­ջոյ ժո­ղովր­դա­յին հան­րա­քո­ւէն է, որ սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու ճա­կա­տա­գի­րը պի­տի ո­րո­շէ, եւ որ­պէս­զի քա­ղա­քա­ցին կա­րե­նայ ա­զա­տօ­րէն դիր­քո­րո­շո­ւիլ՝ լա­ւա­տե­ղեակ պէտք է ըլ­լայ խնդրին մա­սին:

Սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թեանց ընդ­դի­մա­ցող­նե­րուն կե­ցո­ւած­քը եւ ա­նոր տուն տո­ւող հիմ­նա­ւո­րում­նե­րը կա­րե­ւոր են, նաեւ ու մա­նա­ւա՛նդ, ան­կա­խու­թեան ա­ռա­ջին օ­րէն իսկ խորհր­դա­րա­նա­կան վար­չա­կար­գի դրօ­շա­կիր Հ. Յ. Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­մար: Ա­ւե­լի քան սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու դրա­կան քո­ւէի գրե­թէ մե­նաշ­նոր­հը ու­նե­ցող Հան­րա­պե­տա­կան­նե­րը՝ Հ. Յ. Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ա­կան­ջա­լուր պի­տի ըլ­լայ ոչ թէ այս հար­ցով նոյն դիր­քե­րուն վրայ գտնո­ւող Լե­ւոն Տէր-­Պետ­րո­սեա­նի ու Ռո­պերթ Քո­չա­րեա­նի հրա­պա­րա­կա­յին դիր­քո­րոշ­ման ընդ­դէմ սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն, այլ՝ փո­ղո­ցէն հնչող, եւ ա­ռա­ւե­լ՝ լուռ մնա­ցող, ժո­ղովր­դա­յին հա­տո­ւած­նե­րու մտա­հո­գու­թեան: Եւ պարզ ու մե­կին պէտք է ը­սել. սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու ընդ­դի­մա­ցող­նե­րուն բա­ցա­յայտ մտա­հո­գու­թիւ­նը՝ որ այս քայ­լը խոր­քին մէջ Սերժ Սարգ­սեա­նի, Հան­րա­պե­տա­կան­նե­րու եւ ընդ­հան­րա­պէս իշ­խա­նա­կար­գի շա­րու­նա­կու­մը կը հե­տապն­դէ՝ չէ՛ այն մտա­հո­գու­թիւ­նը, ո­րուն Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ա­կան­ջա­լուր պէտք է ըլ­լայ: Ճիշդ է, որ այդ նպա­տա­կաուղղուա­ծու­թիւ­նը պէտք չէ բա­ցա­ռել որ­պէս շա­հախն­դիր դրդա­պատ­ճառ, որ­մէ մեկ­նե­լով իշ­խա­նու­թեան կեդ­րո­նաց­ման հե­տա­մուտ Հան­րա­պե­տա­կան­նե­րը ի վեր­ջոյ հա­մա­ձայ­նե­ցան սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու: Դ­րա­ցի Վ­րաս­տա­նի օ­րի­նա­կը խօ­սուն է. Սա­հա­կաշ­վի­լիի նպա­տա­կը նոյնն էր, երբ Կով­կա­սի մէջ ա­ռա­ջի­նը ե­ղաւ նա­խա­գա­հա­կան հա­մա­կար­գէն ան­ցում կա­տա­րե­լու դէ­պի խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­կարգ: Նոյն այդ Սա­հա­կաշ­վի­լին, ո­րուն Վար­դե­րու Յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը այն­քան խան­դա­վա­ռած էր Հա­յաս­տա­նի գու­նա­ւոր յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րուն... Բայց Սա­հա­կաշ­վի­լին ձա­խո­ղե­ցաւ: Չի նշա­նա­կեր, որ Հան­րա­պե­տա­կան­ներն ալ ան­պայ­մա­նօ­րէն պի­տի ձա­խո­ղին: Իշ­խա­նու­թեան հաս­նե­լու, Խորհր­դա­րա­նէն ներս մե­ծա­մաս­նու­թիւն ըլ­լա­լու ձգտու­մը, կամ՝ իշ­խա­նու­թիւ­նը պա­հե­լու շա­հախնդ­րու­թիւ­նը ո՛չ թա­պու, ոչ ալ դա­տա­պար­տե­լի վար­քա­գիծ է, այլ՝ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան էու­թիւնն իսկ է: Այն­քան ա­տեն, ան­շուշտ, որ իշ­խա­նու­թեան հաս­նե­լու եւ իշ­խա­նու­թիւ­նը պա­հե­լու սահ­մա­նադ­րա­կան մի­ջոց­նե­րը կը յար­գո­ւին եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան գոր­ծըն­թա­ցը կը բա­ցա­ռէ ո­րե­ւէ փտտա­ծու­թիւն: Հե­տե­ւա­բար, որ­քան ալ որ Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­մար քա­ղա­քա­կան ինք­նու­թեան եւ սկզբուն­քի հարց ըլ­լայ խորհր­դա­րա­նա­կան վար­չա­կար­գի ան­ցու­մը, որ­պէս ո­րե­ւէ քա­ղա­քա­կան ուժ՝ Դաշ­նակ­ցու­թիւնն ալ պի­տի ձգտի իշ­խա­նու­թեան հաս­նիլ, մե­ծա­մաս­նու­թիւն ըլ­լալ եւ իշ­խա­նու­թիւ­նը պա­հել:

Հե­տե­ւա­բար, փո­ղո­ցի մէջ ար­տա­յա­տո­ւած «ոչ»ն­ ու բազ­մա­հա­զար քա­ղա­քա­ցի­նե­րու լռու­թիւ­նը Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­մար այլ ըն­թերց­ման պէտք է ար­ժա­նա­նան. սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­ներն ու խորհր­դա­րա­նա­կան վար­չա­կար­գը քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն հա­մար պի­տի ար­դա­րա­ցո­ւին միայն այն պա­րա­գա­յին, երբ ա­նոնց հետ գան իր կեն­սա­մա­կար­դա­կի բա­րե­լաւ­ման եւ լա­ւա­գոյն ա­պա­գա­յի մը յոյ­սե­րը: Մէկ օ­րէն միւ­սը պի­տի չըլ­լայ այդ մէ­կը, բայց Դաշ­նակ­ցու­թեան կող­մէ սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան հիմ­նա­ւո­րում­նե­րը, ան­կախ ի­րենց սկզբուն­քայ­նու­թե­նէն թէ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան մա­կար­դա­կի բարձ­րա­ցու­մէն, պար­տին նաեւ հա­մո­զե­լու, որ միայն այդ ձե­ւով կա­րե­լի է տե­ղա­շարժ կա­տա­րել դէ­պի ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թիւն, հարըս­տու­թեանց կեդ­րո­նաց­ման բա­ցա­ռում, հար­կա­յին նոր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն, աշ­խա­տող եւ ստեղ­ծա­գործ քա­ղա­քա­ցիին ե­րաշ­խիք ընդ­դէմ մե­նաշ­նոր­հա­յին դրա­մագ­լու­խին: Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը պի­տի կա­րե­նայ բա­ցատ­րել, որ խորհր­դա­րա­նա­կան վար­չա­կար­գը ե­թէ մէկ կող­մէ, ճիշդ է, չի բա­ցա­ռեր իշ­խա­նու­թեան մե­նաշ­նորհ­ման ռիս­կը (վտան­գը), միւս կող­մէ, սա­կայն, կը ստեղ­ծէ քա­ղա­քա­կան նոր մե­խա­նիզմ­ներ (աշ­խա­տա­կար­գեր)՝ ըն­կե­րանտն­տե­սա­կան հա­մա­կար­գը բա­րե­փո­խե­լու ի խնդիր ըն­կե­րա­յին ա­ւե­լի ար­դար կար­գե­րու:

Ն­ման քա­րոզ­չա­կան ար­շաւ ի խնդիր սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու, ան­շուշտ, կրկնա­կի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան առ­ջեւ կը դնէ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը՝ ոչ միայն ջա­տա­գո­վը ըլ­լա­լու խորհր­դա­րա­նա­կան վար­չա­կար­գին, այ­լեւ վե­րա­հաս­տա­տե­լու աշ­խա­տան­քի դա­տի պաշտ­պան կու­սակ­ցու­թեան իր էա­կան յանձ­նա­ռու­թիւ­նը, որ գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կա­նօ­րէն խորթ է ա­զատ-շուկա­յա­կա­նու­թեան դի­մա­գի­ծով մե­նաշ­նոր­հա­յին դրա­մագ­լու­խի կու­սակ­ցու­թիւ­նը հան­դի­սա­ցող Հան­րա­պե­տա­կա­նին: Գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան այս յստակ տար­բե­րու­թեան յստա­կա­ցումն է, որ Դաշ­նակ­ցու­թեան ա­ռիթ պի­տի տայ հա­սա­րա­կա­կան վստա­հու­թեան վրայ կա­ռու­ցե­լու քա­ղա­քա­կան իր դրա­մագ­լու­խը, ա­պա­հո­վե­լու անհ­րա­ժեշտ քո­ւէ­նե­րը եւ իշ­խա­նու­թեան հաս­նե­լով ար­դա­րաց­նե­լու ե՛ւ ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ իր վրայ դրո­ւած վստա­հու­թիւ­նը, ե՛ւ սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու խոս­տու­մը՝ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ո­րա­կա­կան բարձ­րաց­ման մի­ջո­ցաւ ա­ւե­լի ա­զատ, ա­ւե­լի մաս­նակ­ցո­ղա­կան եւ ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան վրայ հիմ­նո­ւած հա­սա­րա­կար­գի մը կա­ռուց­ման:

Խ. ՏԷՐ-ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ