Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Ռու­սա­կան զի­նո­ւո­րա­կան գոր­ծօ­նի աշ­խու­ժա­ցու­մը սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մին լայ­նա­ծա­ւալ եւ տա­րա­տե­սակ մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րու տե­ղի տո­ւած է. պա­տե­րազ­մին սեր­տօ­րէն զու­գոր­դո­ւած է տե­ղե­կա­տո­ւա­կա­նը նաեւ: ­­Միեւ­նոյն լայ­նա­ծա­ւա­լու­թեամբ հա­րո­ւա­ծո­ւող թի­րախ­նե­րու մա­սին կան հա­կա­սա­կան լրա­տո­ւու­թիւն­ներ, տե­ղե­կու­թիւն­ներ, վեր­լու­ծում­ներ: Ոչ միայն բա­ցար­ձակ, այլ ընդ­հան­րա­պէս հանգ­րո­ւա­նա­յին եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րու յան­գի­լը նոյ­նիսկ կրնայ թէա­կան ըլ­լալ, եւ ան­հա­մա­պա­տաս­խան ի­րո­ղա­կան ի­րա­վի­ճակ­նե­րուն:

­­Հա­ւա­նա­բար ան­տե­ղի չ­­՛ըլ­լար սա­կայն տե­սա­նե­լի ե­րե­ւոյթ­նե­րու առն­չու­թեամբ ո­րոշ դի­տար­կում­ներ կա­տա­րե­լը: Բ­նա­կա­նա­բար ա­ռա­ջին մտա­ծու­մը կ­­՛եր­թայ ընտ­րո­ւած ժա­մա­նա­կին: Ին­չո՞ւ հի­մա է, որ ­­Ռու­սիան կ­­՛անց­նի զի­նո­ւո­րա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նի: ­­Պարզ է, որ ռու­սա­կան օ­դու­ժը մի­ջազ­գա­յին կա­նաչ լոյ­սեր ստա­ցած է գոր­ծի անց­նե­լու: Ն­ման ինք­նու­րոյն նա­խա­ձեռ­նո­ղա­կա­նու­թիւն կրնար ան­կան­խա­տե­սե­լի հե­տե­ւանք­ներ ու­նե­նալ, նկա­տո­ւիլ ար­կա­ծախնդրու­թիւն եւ ա­ռիթ տալ ի­րադ­րու­թիւն­նե­րու ան­վե­րահս­կե­լի ա­հագ­նա­ցու­մի: Ո­ւա­շինկ­թը­նի եւ ­­Մոս­կո­ւա­յի ժա­մա­նա­կի ա­ռու­մով ի­րար խա­չո­ւող յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը մի­ջազ­գա­յին կա­նաչ լոյ­սին մա­սին մտա­ծել կու տան: Ո­ւա­շինկ­թըն կը յայ­տա­րա­րէր, որ նա­խա­գահ Ա­սա­տի հրա­ժա­րա­կա­նը ան­մի­ջա­կան պա­հանջ ու ա­ռա­ջադ­րանք չէ այ­սօր, մինչ ­­Մոս­կո­ւան կը խօ­սէր նոյն անձ­նա­ւո­րու­թեան իշ­խա­նու­թեան ան­ցու­մի հանգ­րո­ւա­նին հա­մա­ձայն ըլ­լա­լուն մա­սին:

­­Գեր­տէ­րու­թիւն­նե­րու այս յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը ի­րար լրաց­նող են. մէկ կող­մէ կը խօ­սին իշ­խա­նա­փո­խու­թեան ոչ ան­մի­ջա­կա­նու­թեան, միւս կող­մէ նաեւ ոչ եր­կա­րա­տե­ւու­թեան մա­սին` ա­նուղ­ղա­կիօ­րէն ընդգ­ծե­լով, որ ա­ռա­ջին գերխն­դի­րը այ­սօր ՏԱՀԵՇի չէ­զո­քա­ցումն է:

ՏԱՀԵՇի չէ­զո­քա­ցու­մը սա­կայն պէտք է ըն­կա­լել մաս­նա­կի հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ եւ ոչ ամ­բող­ջա­կան: ՏԱՀԵՇի ամ­բող­ջա­կան չէ­զո­քա­ցու­մը ե­թէ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին հա­մար ա­ռաջ­նա­յին օ­րա­կարգ է, ա­պա գետ­նի վրայ ար­ձա­նագ­րո­ւող դէպ­քե­րը կը ստա­նան կտրուկ, յան­կար­ծա­կի եւ հա­մա­լիր բնոյթ: ­­Նախ­քան ռու­սա­կան կոր­ծա­նիչ­նե­րու հան­դէս գա­լը, աշ­խար­հը ա­կա­նա­տես ե­ղաւ ա­մե­րի­կեան օ­դա­յին սահ­մա­նա­փակ յար­ձա­կում­նե­րու, ո­րոնք նաեւ չու­նե­ցան հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թիւն:

­­Ռու­սա­կան հա­րո­ւած­նե­րը թէ՛ օ­դա­յին եւ թէ՛ ռազ­մա­նա­ւա­յին հե­ռա­հար` ճիշդ է, որ ա­մե­րի­կեան հա­րո­ւած­նե­րու սահ­մա­նա­փա­կո­ւա­ծու­թեամբ չեն, բայց նաեւ ամ­բող­ջա­կան չէ­զո­քա­ցու­մի մի­տող հա­րո­ւած­ներ չեն. գէթ այս հանգ­րո­ւա­նին: Ան­շուշտ անհ­րա­ժեշտ է ի­րա­զե­կու­մը խփո­ւող թի­րախ­նե­րուն, հա­րո­ւա­ծո­ւող գօ­տի­նե­րուն, մարդ­կա­յին եւ նիւ­թա­կան վնաս­նե­րուն, բայց մա­նա­ւանդ գետ­նի վրայ ար­ձա­նագ­րո­ւող կամ չար­ձա­նագրո­ւող տե­ղա­շար­ժե­րուն:

­­Ռազ­մա­փոր­ձա­գէտ­նե­րուն տե­սա­կէ­տով օ­դա­յին եւ հե­ռա­հար հրթի­ռա­կո­ծում­նե­րը մի­տո­ւած են ու­ղի բա­նա­լու ­­Սու­րիոյ կա­ռա­վա­րա­կան ցա­մա­քա­յին ու­ժե­րուն  տե­ղա­շար­ժո­ւե­լուն: Առ այս պա­հը նկա­տո­ւած են  զի­նո­ւո­րա­կան շա­րա­սիւ­նե­րու աշ­խուժ եր­թե­ւեկ­ներ, այ­սու­հան­դերձ տա­կա­ւին թէա­կան են նոր շրջան­նե­րու վե­րագ­րա­ւում­նե­րը կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժե­րուն կող­մէ: Ի­րադ­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քը կը յու­շէ ո­րո­շա­կի մի­տում ծո­վե­զե­րեայ ­­Սու­րիան եւ զայն դար­պա­սող տա­րածք­նե­րը մաք­րազ­տե­լու եւ կա­յու­նաց­նե­լու ընդ­հա­նուր ծրա­գի­րի մը գո­յու­թեան:

­­Կը նկա­տո­ւի նաեւ մէկ կող­մէ քրտա­կան զի­նեալ ու­ժե­րու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն` ող­ջու­նե­լու ռու­սա­կան ներգ­րա­ւումն ու ա­ջակ­ցու­թիւն ցոյց տա­լու կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժե­րուն, ամ­րա­կա­յո­ւող Ա­լաո­ւիս­տա­նին ա­ռըն­թեր պա­հե­լու ի­րո­ղա­պէս ինք­նա­վար սու­րիա­կան ­­Քիւր­տիս­տան մը:

­­Ռու­սա­կան զի­նո­ւո­րա­կան մի­ջամ­տու­թե­նէն ետք, յայտ­նա­պէս երկ­րորդ կարգ ան­ցած է ի­րա­նեա­նը, որ հա­կա­ռակ յայ­տա­րա­րո­ղա­կան մա­կար­դա­կի վրայ ­­Միա­ցեալ ­­Նա­հանգ­նե­րու հետ իր ու­նե­ցած ե­լե­ւէ­ջա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան բնոյ­թի օ­րա­կար­գե­րով բա­նակ­ցա­յին փու­լի ան­ցած է Ա­րեւ­մուտ­քի հետ:

Ան­գա­րա­յի պա­հան­ջով գու­մա­րո­ւած ՕԹԱՆի պրիւք­սէ­լեան ժո­ղո­վը կ­­՛ո­րո­շէր քննար­կել ռու­սա­կան մի­ջամ­տու­թեան լոյ­սին տակ սու­րիա­կան զար­գա­ցում­նե­րը: Այս ա­ռի­թով նաեւ ՕԹԱՆը կը վե­րա­հաս­տա­տէր ­­Թուր­քիան պաշտ­պա­նե­լու եւ ի պա­հան­ջեալ հար­կին ­­Թուր­քիա զօրք ու­ղար­կե­լու իր պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը: ՕԹԱՆի այս յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը հա­կազ­դե­ցու­թիւն են ռու­սա­կան օ­դու­ժի ­­Թուր­քիոյ նկատ­մամբ կա­տա­րած կրկնա­կի սահ­մա­նա­խախ­տում­նե­րուն: ­­Տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ ռու­սա­կան ռազ­մա­կան գոր­ծօ­նի յայտ­նո­ւի­լը ի վնաս գլխա­ւոր այլ խա­ղա­ցո­ղի` ­­Թուր­քիոյ է: Առ այս պա­հը, այն ինչ որ կ­­՛ե­րե­ւի` ա­մե­րի­կեան կա­նաչ լոյս ստա­ցած ­­Ռու­սիան օ­դա­յին եւ հե­ռա­հար յար­ձա­կում­նե­րով նախ կը բարձ­րաց­նէ կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժե­րուն բա­րո­յա­հո­գե­բա­նա­կան ի­րա­վի­ճա­կը, ցա­մա­քա­յին տե­ղա­շար­ժե­րու ճամ­բայ հար­թող գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լով կը մի­տի ամ­րա­կա­յել ծո­վե­զե­րեայ սու­րիա­կան Ա­լաո­ւիս­տա­նը: ­­Մինչ ­­Թուր­քիան կը փոր­ձէ յե­նիլ ՕԹԱՆի վրայ, մեր­ժո­ւած անվ­տան­գու­թեան գօ­տի յա­ռա­ջաց­նե­լու իր ա­ռա­ջար­կով, առ­նո­ւազն կը ջա­նայ սու­րիա­կան ­­Քիւր­տիս­տա­նի վրայ վե­րահս­կո­ղու­թեան լծակ­ներ պահ­պա­նել:

­­Տե­ղի ու­նե­ցա­ծը պար­զա­պէս հա­մաշ­խար­հա­յին  պա­տե­րազ­մի տար­բե­րակ է. սահ­մա­նա­փակ, հա­մա­ձայ­նե­ցո­ւած եւ վե­րահս­կե­լի բնոյ­թով:

«Ա.»