Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altԱյն­ճա­րի մէջ այ­ցե­լու­թեան գա­ցած էի մեր ե­լեկտ­րա­կան գոր­ծե­րուն մէջ շրջան մը ծա­ռա­յած ­­Կա­րօ ­­Պուր­սա­լեա­նին, բա­կին ան­կիւ­նը տե­սայ ճեր­մակ մա­զե­րով կին մը, որ ա­սեղ­նա­գոր­ծով կը զբա­ղէր, մօ­տե­ցայ ի­րեն, տե­սայ, թէ տախ­տա­կի վրայ ամ­րա­ցո­ւած կտա­ւի վրայ գոյնզ­գոյն գե­ղե­ցիկ ծա­ղիկ­ներ կը հիւ­սէր: ­­Կի­նը` հե­տաքրք­րու­թիւնս տես­նե­լով` սե­նեա­կին ներ­սէն չորս կտոր ամ­բող­ջա­ցած ձե­ռա­գործ­ներ բե­րաւ ու սկսաւ բա­ցատ­րել, որ սա Այն­թա­պի գործ է, միւ­սը` ­­Մա­րա­շի, եր­րորդ մը` Ուր­ֆա­յի, ու­րիշ մը` Ս­վա­զի: Ես բան մը չէի հասկ­նար Այն­թա­պի, ­­Մա­րա­շի, Ուր­ֆա­յի գործ ը­սե­լով, բայց կը հիա­նա­յի ձե­ռա­գործ­նե­րու նրբու­թեան եւ գե­ղեց­կու­թեան վրայ:  Ան ցոյց տո­ւաւ գոյնզ­գոյն մե­տաք­սէ դեր­ձա­նով հիւ­սո­ւած գե­ղե­ցիկ թռչու­նի մը նկա­րը` յայտ­նե­լով, որ այս ձե­ռա­գոր­ծը ­­Փա­րիզ պի­տի ղրկո­ւի հոն ձե­ռա­գործ­նե­րու ցու­ցա­հան­դէ­սի մէջ ցու­ցադ­րո­ւե­լու հա­մար: ­­Հե­տաքրք­րո­ւե­լով այս բա­ցա­ռիկ կա­րո­ղու­թեամբ կնոջ կեն­սագ­րա­կա­նով` սկսայ հար­ցում­նե­րու. ի՞նչ է ա­նու­նը, ո՞ւր ծնած է, ինչ­պէ՞ս Այն­ճար հա­սած է եւ մին­չեւ այ­սօր ի՞նչ ձե­ռա­գործ­ներ աշ­խա­տած է:

«Ա­նունս ­­Ժիւ­լիեթ է,- սկ­­սաւ պատ­մել ձե­ռա­գոր­ծի վար­պե­տու­հին,- թէ ին­չո՞ւ ­­Ժիւ­լիեթ այդ ալ ու­րիշ պատ­մու­թիւն: Երբ ես կը ծնիմ, ծնողքս դժո­ւա­րու­թիւն կ­­՛ու­նե­նան ա­նուն մը տա­լու ին­ծի, կ­­՛ո­րո­շեն փո­ղո­ցէն անց­նող ա­ռա­ջին ան­ձին հարց­նել ու ան կ­­՛ը­սէ` ­­Ժիւ­լիեթ:

Ծ­նած եմ ­­Պէյ­րութ, ­­Քա­րան­թի­նա, 1936ին, մու­սա­լեռ­ցի ­­Գա­պա­գեան ըն­տա­նի­քին մէջ: ­­Ման­կու­թեան յա­ճա­խած եմ ­­Քա­րան­թի­նա­յի ­­Մես­րո­պեան վար­ժա­րա­նը: 12 տա­րե­կան էի, երբ ձեռքս ա­ռի ա­սեղ եւ դեր­ձան ու ա­ռանց ու­րի­շի օգ­նու­թեան, հե­տե­ւե­լով նկար­նե­րու, սկսայ կտա­ւի վրայ աշ­խա­տիլ ու նկա­րա­զար­դել: 14 տա­րե­կա­նիս ար­դէն սկսայ մե­տաք­սի վրայ աշ­խա­տիլ:

­­Տա­րո­ւէ տա­րի զար­գաց­նե­լով ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թեան ա­րո­ւես­տը` հե­տա­գա­յին նո­րա­նոր նո­ւա­ճում­ներ ար­ձա­նագ­րե­ցի: ­­Գոր­ծերս այ­սօր հա­սած են զա­նա­զան քա­ղաք­ներ ու եր­կիր­ներ, ­­Պէյ­րութ, ­­Զահ­լէ, Այն­ճար, ­­Մու­սա ­­Լեռ, Էջ­միա­ծին, Ֆ­րան­սա, Ա­մե­րի­կա, ­­Քա­նա­տա: Ընդ­հան­րա­պէս աշ­խա­տած գոր­ծերս ե­կե­ղե­ցիի խո­րա­նի սե­ղա­նի ծած­կոց­ներ էին, սկի­հի եւ խա­չի թաշ­կի­նակ­ներ, եւ ու­րիշ կա­րիք­ներ, ո­րոնք բո­լորն ալ նո­ւէր տուած եմ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու, իսկ ան­հատ­նե­րու հա­մար` մահ­ճա­կա­լի, սե­ղա­նի, ափ­սէ­նե­րու ծած­կոց­ներ, պա­տի զար­դեր, հար­սի քող:

1954ին ա­մուս­նա­ցայ մու­սա­լեռ­ցի ­­Վա­րու­ժան ­­Պուր­սա­լեա­նին հետ եւ վերջ­նա­կա­նա­պէս հաս­տա­տո­ւե­ցայ Այն­ճար գիւ­ղա­ւան: Ու­նե­ցայ չորս զա­ւակ­ներ` եր­կու աղ­ջիկ` ­­Շո­ղիկ եւ ­­Սո­նա եւ եր­կու մանչ` ­­Կա­րօ եւ ­­Յո­վիկ: 1990ին ­­Լի­բա­նա­նի ներ­քին պա­տե­րազ­մի վեր­ջին օ­րե­րուն բա­նա­կի զի­նո­ւոր ­­Յո­վիկս, որ ­­Պաապ­տա­յի պա­լա­տի պաշտ­պա­նու­թեան գի­ծին վրայ էր, ու­րիշ քա­ռա­սուն զի­նո­ւոր­նե­րու հետ նա­հա­տա­կո­ւե­ցա­ւ 22 տա­րե­կա­նին: Այս ա­մառ, երբ Այն­ճա­րի մէջ բա­ցու­մը կը կա­տա­րո­ւէր քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի «­­Դա­լար» հան­րա­յին պար­տէ­զին, ո­րուն մէջ կայ նաեւ ա­ւան­դա­կան թո­նի­րի մը կա­ռոյ­ցը, ­­Ժիւ­լիեթ իր զաւ­կին նա­հա­տա­կու­թեան 25ա­մեայ յի­շա­տա­կին ա­ռի­թով, իր ձեռ­քով շի­նո­ւած թո­նի­րի հա­մեղ հա­ցէն բո­լոր ներ­կա­նե­րուն բաժ­նեց:

­­altԺիւ­լիեթ 1982-1986 ­­Լի­բա­նա­նա­հայ Օգ­նու­թեան ­Խա­չի Այն­ճա­րի կեդ­րո­նին մէջ, կի­նե­րուն եւ օ­րիորդ­նե­րուն կը սոր­վեց­նէ ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թեան ա­րո­ւես­տը: ­­Հե­տա­գա­յին, 1988էն սկսեալ, 14 տա­րի­ներ նոյ­նը կ­­՛ը­նէ Այն­ճա­րի «­­Գա­րա­կէօ­զեան» հաս­տա­տու­թե­նէն ներս, եր­կու պա­րա­գա­յին ալ ձե­ռա­գոր­ծի ա­րո­ւես­տին հե­տե­ւող­նե­րու թի­ւը կը հաս­նի քսա­նի:

­­Թէ ինչ­պէս ­­Ժիւ­լիե­թին պէս մէ­կը, նուա­զա­գոյն ու­սու­մով եւ ա­ռանց ար­տա­քին օգ­նու­թեան, կա­տա­րե­լու­թեան կը հասց­նէ պատ­րաս­տած ա­սեղ­նա­գոր­ծե­րը, զիս մե­ծա­պէս զար­մա­ցուց: Ա­ռա­ջին են­թադ­րու­թիւնս այն է, որ ­­Ժիւ­լիեթ շատ հա­ւա­նա­բար ձեռ­քին տակ ու­նե­ցած է ու­րիշ­նե­րու կող­մէ պատ­րաս­տուած ձե­ռա­գործ­ներ եւ կամ ձե­ռա­գոր­ծի պատ­կեր­ներ ու զա­նոնք ըն­դօ­րի­նա­կած է` հե­տա­գա­յին ա­նոնց վրայ ա­ւելց­նե­լով իր յղա­ցում­նե­րը, շնոր­հիւ ի­րեն տրո­ւած աս­տո­ւա­ծա­տուր ձիր­քին: ­­Գիր­քե­րու մէջ երբ կը դի­տեմ հայ կնոջ ձեռ­քով պատ­րաս­տո­ւած հրա­շա­լի ձե­ռա­գոր­ծի պատ­կեր­նե­րը, ես ին­ծի հարց կու տամ` ո՞ւր է գաղտ­նի­քը այս ա­նըմբռ­նե­լի յա­ջո­ղու­թեան:

­­Պատ­մու­թեան հետ­քե­րը մե­զի ցոյց կու տան, որ ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը ­­Հա­յաս­տա­նի մէջ զար­գա­ցած է շատ հին ժա­մա­նակ­նե­րէ ի վեր: Ն. Ք. 1000 տա­րո­ւան հնու­թիւն ու­նի: ­­Վա­նի եւ ­­Կար­միր Բ­լու­րի շրջան­նե­րէն վեր­ջերս յայտ­նա­բե­րո­ւած ոս­կի, ար­ծաթ, պղինձ մե­տաղ­նե­րու վրայ կ’ե­րե­ւին կնոջ պատ­կեր­ներ` ձե­ռա­գոր­ծով հիւ­սո­ւած հա­գուստ­նե­րով: Այդ օ­րե­րէն մին­չեւ օրս հայ ժո­ղո­վուր­դը չէ դադ­րած ձե­ռա­գոր­ծի ա­րո­ւես­տը զար­գաց­նե­լէ եւ նո­րա­նոր հրաշք գոր­ծեր ար­տադ­րե­լէ` հա­կա­ռակ դա­րե­րու ըն­թաց­քին իր կրած բազ­մա­տե­սակ հա­լա­ծանք­նե­րուն եւ տան­ջանք­նե­րուն:

Ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թեան ա­րո­ւես­տը Ա­րեւ­մուտք` Եւ­րո­պա մուտք գոր­ծած է ­­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն, ­Խա­չա­կիր­նե­րուն դէ­պի ­­Փոքր Ա­սիա ար­շա­ւանք­նե­րուն ժա­մա­նա­կաշրջա­նին (1090-1270): ­­Կի­լի­կիոյ հայ­կա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը ըն­կե­րա­յին, ա­ռեւտ­րա­կան եւ զի­նո­ւո­րա­կան սերտ կա­պեր հաս­տա­տած էր ­Խա­չա­կիր­նե­րուն հետ: Ա­մուս­նու­թիւն­ներ տե­ղի կ’ու­նե­նա­յին ­Խա­չա­կիր իշ­խան­նե­րու եւ հա­յոց թա­գա­ւո­րա­կան եւ ազ­նո­ւա­կան ըն­տա­նիք­նե­րու դուստ­րե­րու հետ, ո­րոնք հե­տա­գա­յին ի­րենց հետ Եւ­րո­պա կը տա­նէին ձե­ռա­գործ­ներ եւ ձե­ռա­գոր­ծի ա­րո­ւես­տը: ­­Կը պա­տա­հէր, որ կի­ներ փախ­չե­լու հա­մար մեմ­լուք­նե­րու հա­լա­ծանք­նե­րէն, կ­­՛ա­պաս­տա­նէին Եւ­րո­պա­յի ա­ւե­լի ա­պա­հով եր­կիր­ներ` ի­րենց հետ տա­նե­լով ա­սեղ­նա­գոր­ծի ա­րո­ւես­տը: ­­Կա­րե­ւոր է յի­շել, որ մե­տա­ղեայ ա­սե­ղը Եւ­րո­պա մուտք գոր­ծած է 1300ա­կան թուա­կան­նե­րուն: ­­Մին­չեւ 1700ա­կան թուա­կան­ներ ա­սեղ­նա­գոր­ծի զար­դա­րանք­նե­րը մե­նաշ­նորհն էին Եւ­րո­պա­յի թա­գա­ւո­րա­կան եւ ազ­նո­ւա­կան ըն­տա­նիք­նե­րուն, մինչ­դեռ  ա­մէն հայ ըն­տա­նի­քէ ներս ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը հին ժա­մա­նակ­նե­րէն ի վեր կա­րե­ւոր զբա­ղում մըն էր: ­­Հար­սը իր օ­ժի­տին մէջ ան­պայ­ման պի­տի տա­նէր ձե­ռա­գործ զգեստ­ներ, ան­կող­նի, սե­ղա­նի, ծած­կոց­ներ: ­­Հե­տա­գա­յին, ե­րե­խա­յի կնուն­քի հա­գուստ: ­­Պէյ­րու­թի մէջ 1920ա­կան թուա­կան­նե­րուն որ­բա­նոց­նե­րու մէջ հայ որ­բու­հի­նե­րուն ուս­ման հետ կը ստի­պէին, որ ձե­ռա­գործ ալ սոր­վին, որ­պէս­զի ա­րաբ­նե­րուն մօտ ծա­ռայ չեր­թան: ­­Նոյն թո­ւա­կան­նե­րուն ­­Հա­լէ­պի մէջ մի ոմն այն­թապ­ցի ձեռ­նե­րէց գոր­ծա­րար` Եա­գուպ ­­Հո­ճա Ուս­թա­գա­րա­յեան, 400 հայ գաղ­թա­կան կի­նե­րու ի­րենց տու­նե­րուն մէջ ա­սեղ­նա­գործ կ­­՛աշ­խատց­նէր ու այդ ձե­ւով հայ ըն­տա­նի­քը իր ապ­րուս­տը կ­­՛ա­պա­հո­վէր:

­­Թէ ին­չո՛ւ ­­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ սկսած էր զար­գա­նալ ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը, պատ­ճառ­նե­րը եր­կուք էին, ա­ռա­ջին` անհ­րա­ժեշտ նիւ­թին գո­յու­թիւ­նը, երկ­րորդ` ստեղ­ծա­գործ միտքն ու ա­նոր ե­տին կե­ցող աշ­խա­տող ձեռ­քը:

Անհ­րա­ժեշտ նիւ­թե­րը չորս տե­սակ էին.

Ա.- ­­Հում նիւթ, կա­նեփ, վուշ, բուրդ, բամ­պակ, մե­տաքս.

­­Վա­նի մէջ օգ­տա­գոր­ծած են ժու­թը եւ վու­շը` շատ հին ժա­մա­նակ­նե­րէ սկսեալ: Ա­նոնց­մէ պատ­րաս­տած են չո­ւան­ներ` ծանր քա­րեր տե­ղա­փո­խե­լու, ձկնոր­սա­կան ուռ­կան­ներ, ինչ­պէս նաեւ` ձե­ռա­գոր­ծի հա­մար ա­մե­նա­նուրբ դեր­ձան­ներ: ­­Բուրդն ու բամ­պա­կը ա­ռա­տօ­րէն գո­յու­թիւն ու­նէին ­­Հա­յաս­տա­նի մէջ: ­­Մե­տաք­սին հա­մար կ­­՛ը­սո­ւի, թէ ա­սո­րես­տան­ցի­նե­րը, երբ ­­Հա­յաս­տա­նի վրայ կը յար­ձա­կէին, վե­րա­դար­ձին ի­րենց հետ որ­պէս ա­ւար կը տա­նէին ոս­կի, ար­ծաթ, եր­կաթ ու մե­տաք­սեայ հա­գուստ­ներ: Ար­դեօ՞ք այն ա­տե­նէն ի վեր ­­Չի­նաս­տա­նէն ­­Հա­յաս­տան կը նե­րա­ծէին մե­տաք­սը: ­­Պատ­մու­թիւ­նը յստակ պա­տաս­խան չու­նի: Չ­մոռ­նանք, որ ­­Հա­յաս­տա­նի ա­մէն կողմ կա­յին թթե­նի­ներ, ո­րոնց­մէ կը ստա­ցո­ւէր մե­տաք­սը:

Բ.- ­­Ներ­կեր

­­Յու­նա­կան, հռո­մէա­կան եւ ա­րա­բա­կան աղ­բիւր­ներ կը յայտ­նեն, որ ­­Հա­յաս­տա­նը նշա­նա­ւոր էր ներ­կի ար­տադ­րու­թեամբ: ­­Ներ­կը կը ստա­ցո­ւէր բոյ­սե­րէ (ծա­ղիկ, պտուղ), ա­նա­սուն­նե­րու իւ­ղե­րէ եւ հան­քա­յին նիւ­թե­րէ:

Գ.- ­­Գոր­ծիք­ներ, ա­սեղ, մկրատ, կարթ եւ այլ մե­տա­ղեայ գոր­ծիք­ներ.

­­Հա­յաս­տան հա­րուստ էր եր­կա­թի հան­քե­րով, եւ հա­յե­րը գի­տէին եր­կա­թէն պող­պատ պատ­րաս­տել: Ա­ռա­ջին ա­սեղ­նե­րը կը պատ­րաս­տո­ւէին թռչու­նի ու ձու­կի ոս­կոր­նե­րէ: Ք­րիս­տո­սէ 1000 տա­րի ա­ռաջ, պող­պա­տի գիւ­տէն ետք, հա­յե­րը երբ սկսան մե­տա­ղէ ա­սեղ­ներ պատ­րաս­տել, ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թեան ա­րո­ւես­տը շատ ա­րագ սկսաւ զար­գա­նալ:

Դ.- Ո­րա­կա­ւոր փայտ (կաղ­նի, ըն­կու­զե­նի)

Ո­րա­կա­ւոր փայ­տը շատ անհ­րա­ժեշտ էր ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թեան հա­մար, զա­նա­զան գոր­ծիք­ներ եւ կազ­մած­ներ փայ­տէ կը պատ­րաս­տո­ւէին` ճա­խա­րակ, ա­նիւ, ձող, շրջա­նակ: ­­Հա­յաս­տան հա­րուստ էր կաղ­նիի եւ ըն­կու­զե­նիի ծա­ռե­րով:

Ինչ կը վե­րա­բե­րի ստեղ­ծա­գործ հայ մտքի եւ հայ մար­դու աշ­խա­տա­սի­րու­թեան, վկայ են աշ­խար­հի զա­նա­զան թան­գա­րան­նե­րուն մէջ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող, դա­րե­րու հնու­թեամբ ա­սեղ­նա­գործ­ներ, կար­պետ­ներ ու գոր­գեր` հայ ձեռ­քով պատ­րաս­տո­ւած: Ա­նոնք զար­մանք եւ հիա­ցում կը պատ­ճա­ռեն թան­գա­րան այ­ցե­լո­ւին:

Այ­սօր Այն­ճա­րի ­­Ժիւ­լիե­թը մէկ օ­րի­նակն է ստեղ­ծա­գործ մտքին ու աշ­խա­տան­քին: 2015ի սկիզբ­նե­րը ­Լի­բա­նա­նա­հայ Օգ­նու­թեան ­Խա­չի ձե­ռա­գոր­ծի ցու­ցա­հան­դէ­սին ներ­կայ ե­ղող «Ա­նա­տո­լու փրես»ի թուրք թղթա­կից Այ­շէն հիա­ցու­մով կը դի­տէր Այն­թա­պի, ­­Մա­րա­շի, Ուր­ֆա­յի եւ Ս­վա­զի նոր աշ­խատ­ցո­ւած գոր­ծե­րը ու հա­ւա­նա­բար միտ­քէն կ­­՛ը­սէր.- «Ա­հա­ւա­սիկ ժո­ղո­վուրդ մը, որ մեռ­նիլ չի գի­տեր, որ­քան ալ փոր­ձեն զայն աշ­խար­հի քար­տէ­սին վրա­յէն ջնջել»:

ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ