Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­Ե­րե­ւա­նի «Ա­րա­րատ» գոր­ծա­րա­նի կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին ո­րոշ գա­ղա­փար ու­նէի: ­Ժա­մա­նա­կին, երբ ­Հա­յաս­տան ապ­րե­լու եւ գոր­ծե­լու բախ­տա­ւո­րու­թիւնն ու­նէի, Ա­րա­րա­տեան դաշ­տի ­Սու­րէ­նա­ւան գիւ­ղին մէջ, սփիւռ­քա­հայ խումբ մը ըն­կեր­նե­րու եւ նոյն գիւ­ղի բնա­կիչ Ար­մէն ­Շահ­վէր­տեա­նի հետ խա­ղո­ղի այ­գի հիմ­նե­լու ծրա­գիր մը սկսանք ի­րա­կա­նաց­նե­լու:

Աշ­խա­տան­քի սկիզ­բը, «Ա­րա­րատ» քո­նիա­քի գոր­ծա­րա­նին հետ պայ­մա­նա­գիր կնքե­ցինք, վար­կով խա­ղո­ղի տուն­կեր գնե­ցինք ի­րենց­մէ, փո­խա­րէ­նը՝ գոր­ծա­րա­նը պար­տա­ւո­րու­թիւն վեր­ցուց գնե­լու մեր բեր­քը: ­Գոր­ծա­րա­նին հետ մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը միշտ ե­ղած են մաս­նա­գի­տա­կան ու սա­հուն:

Հի­մա ար­դէն իսկ այդ այ­գին ու­րի­շինն է:

Այս տա­րի խա­ղո­ղի ա­ռատ բերք կար ու գիւ­ղա­ցի­նե­րու գլխա­ւոր խնդի­րը այդ բեր­քը վա­ճա­ռելն էր: ­Գի­նիի ու քո­նիա­քի գոր­ծա­րան­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց ար­տադ­րան­քին մէկ կա­րե­ւոր մա­սը ռու­սա­կան շու­կայ կ­՛ու­ղար­կէին, այդ երկ­րի տնտե­սա­կան տագ­նա­պին պատ­ճա­ռով վա­ճա­ռե­լու դժո­ւա­րու­թեան առ­ջեւ կանգ­նած են, հե­տե­ւա­բար՝ պար­տա­ւո­րո­ւած են սահ­մա­նա­փա­կե­լու խա­ղո­ղի մթե­րում­նե­րու ծա­ւա­լը: ­Գիւ­ղա­ցի­նե­րը, ան­շուշտ, դժգոհ են ու ցու­ցա­կան ա­րարք­նե­րով կ­՛ար­տա­յայ­տեն ի­րենց բո­ղո­քը:

«Ա­րա­րատ» քո­նիա­քի գոր­ծա­րա­նին նշա­նա­կու­թիւ­նը ա­ռա­ւել խոր գնա­հա­տե­ցի, երբ այ­ցե­լե­ցի սահ­մա­նա­մերձ ­Տա­ւու­շի շրջա­նի գիւ­ղե­րը:

Ատր­պէյ­ճա­նա­կան վեր­ջին յար­ձա­կում­նե­րուն թի­րախ դար­ձած ­Պա­ռա­ւա­քար գիւղ եր­թա­լու ճա­նա­պար­հին, Ի­ջե­ւա­նէն ան­դին, նկա­տե­լի էր խա­ղո­ղի այ­գի­նե­րու գե­րակշ­ռու­թիւ­նը: ­Շար­ժում կար այ­գի­նե­րուն մէջ, բեր­քա­հա­ւա­քը լայն թա­փով կ­՛ըն­թա­նար: Թշ­նա­միի հրե­տա­կո­ծու­թեանց վտան­գը չէր խան­գա­րեր, որ մար­դիկ հա­ւա­քեն ի­րենց խա­ղո­ղի բեր­քը: Այս շրջա­նի խա­ղո­ղի գլխա­ւոր գնոր­դը Ե­րե­ւա­նի «Ա­րա­րատ» քո­նիա­քի գոր­ծա­րանն է, որ յա­տուկ մթեր­ման կէտ ստեղ­ծած է ­Բերդ քա­ղա­քին մէջ, ինչ որ հսկա­յա­կան դիւ­րու­թիւն կ­՛ըն­ծա­յէ այ­լա­պէս հա­զար ու մէկ դժո­ւա­րու­թիւն­ներ դի­մագ­րա­ւող սահ­մա­նա­մերձ շրջան­նե­րու բնա­կիչ­նե­րուն: Ուղ­ղա­կի կեն­սա­տու, լու­սա­ւոր կեդ­րոն մըն է ա­նի­կա, այդ լեռ­նաշ­խար­հի կող­մե­րուն:

­Հե­տաքրք­րա­կան է ­Պա­ռա­ւա­քա­րի զօ­րա­նո­ցի հրա­մա­նա­տա­րին վկա­յու­թիւ­նը՝ գիւ­ղա­ցի­նե­րու հո­գե­բա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ: Ես գիւղ հա­սած էի ­Պա­ռա­ւա­քա­րի ռմբա­կո­ծու­մէն եր­կու օր ետք: ­Մեզ ըն­դու­նող սպան պատ­մեց, որ ինք շրջա­նի գիւ­ղա­պետ­նե­րուն խոր­հուրդ տո­ւած է, որ գո­նէ մէկ օր զգոյշ ըլ­լան ու դաշ­տե­րը դուրս չել­լեն: ­Սա­կայն, յա­ջորդ ա­ռա­ւօտ, հրա­մա­նա­տա­րի զար­մա­ցած թէ հիա­ցած հա­յեաց­քին տակ, գիւ­ղա­ցի­նե­րը անխ­ռով ի­ջած էին դաշ­տե­րը՝ հա­ւա­քե­լու հա­մար ի­րենց աշ­խա­տան­քի պտուղ­նե­րը, ի­րենց ապ­րուս­տի կա­րե­ւո­րա­գոյն մի­ջո­ցը:

­Սահ­մա­նա­մերձ գիւ­ղե­րու բնա­կիչ­նե­րուն, ա­նոնց խի­զա­խու­թեան ու դի­մաց­կու­նու­թեան մա­սին յա­ճախ կը գրո­ւի մա­մու­լին մէջ: ­Յա­ւե­լեալ վկա­յու­թեան կա­րիք չկայ: ­Սա­կայն եւ իւ­րա­քան­չիւր շփում այդ շրջան­նե­րու բնակ­չու­թեան հետ, մեզ ա­ւե­լի՛ զգա­յուն կը դարձ­նէ ա­նոնց կա­րիք­նե­րուն, ա­նոնց խնդիր­նե­րուն, ո­րոնք պե­տա­կան ու­շադ­րու­թիւն կը պա­հան­ջեն, իսկ մեր պա­րա­գա­յին՝ սփիւռ­քեան յա­ւե­լեալ ներդ­րու­մը կրնայ լրաց­նել պիւտ­ճէա­կան սղու­թեան պատ­ճա­ռով առ­կայ բա­ցե­րը:

Այս այ­ցե­լու­թեանս, ­Պա­ռա­ւա­քար եւ ­Ծաղ­կա­ւան գիւ­ղե­րը մտայ: Հ­զօր զի­նո­ւոր­նե­րու հետ հան­դի­պում, ­Ծաղ­կա­ւա­նի դպրո­ցին ծա­նօ­թա­ցում եւ ամ­բողջ օր մը ծաղ­կա­ւան­ցի նոր ըն­կեր­նե­րու հետ, բնու­թեան գիր­կը, հայ­րե­նա­սի­րու­թեան եւ ազ­գա­սի­րու­թեան նե­րար­կում: Դպ­րո­ցի գրա­դա­րա­նը ման­կա­կան հէ­քիաթ­նե­րու կա­րիք ու­նէր: «Աս­պա­րէզ»ի խմբագ­րու­թեան նո­ւէ­րը ե­ղաւ այդ. յա­ջորդ օ­րը Ե­րե­ւա­նէն գնո­ւած գու­նա­ւոր գիր­քե­րը ու­ղար­կո­ւե­ցան գիւղ:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ