Print
Category: Յօդուածագրութիւն

­100 lives.comի վրայ տե­ղադ­րո­ւած յօ­դո­ւած մը՝ անդ­րա­դառ­նա­լով ­Չի­լիի մէջ ապ­րող հայ հա­մայն­քին, կը գրէ.-
«­Լա­տին Ա­մե­րի­կեան շրջապ­տոյտ մը մեզ Ան­տեան լեռ­նաշղ­թա­յին վրա­յէն կը տա­նի ­Չի­լի, որ 19րդ ­դա­րէն սկսեալ դար­ձաւ հաս­տատ­ման վայ­րը բազ­մա­թիւ

օ­տար գաղ­թա­կան­նե­րու, եւ հա­յե­րը այս ա­ռու­մով բա­ցա­ռու­թիւն մը չէին։

«1915-1923 Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան կող­մէ գոր­ծադ­րո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն փա­խուստ տա­լու ըն­թաց­քին, բազ­մա­թիւ հա­յեր բարձ­րա­ցան նա­ւեր, ո­րոնք զի­րենք պի­տի տա­նէին Ա­մե­րի­կա՝ «խա­ղա­ղու­թեան եր­կի­րը»։ ­Սա­կայն ա­նոնց­մէ շա­տեր չէին գի­տեր, թէ նա­ւը Ա­մե­րի­կեան ցա­մա­քա­մա­սի ճիշդ ո՞ր եր­կի­րը պի­տի տա­նէր զի­րենք։ Ա­նոնք ի­րենք զի­րենք գտան Ար­ժան­թի­նի, Ու­րու­կո­ւէ­յի, Պ­րա­զի­լի եւ ­Չի­լիի մէջ։

­Կը կար­ծո­ւի, թէ ա­ռա­ջին հա­յե­րը ­Չի­լիի մէջ հաս­տա­տո­ւած են Լ­լայ-Լ­լայ փոքր քա­ղա­քին մէջ, ո­րով­հե­տեւ ա­նի­կա շատ մօտ էր ­Վալ­փա­րա­յի­զօ նա­ւա­հան­գիս­տին։ Ինչ­պէս ա­մէն մայ­րա­քա­ղաք՝ ­Սան­թիա­կոն քիչ առ քիչ զար­գա­ցաւ, եւ շա­տեր այդ­տեղ եւս հաս­տա­տո­ւե­ցան։ «­Հա­յե­րը այս­տեղ ե­կան հաս­տա­տո­ւե­լու եւ հայ­կա­կան հռչա­կա­ւոր ո­գին այս հո­ղե­րուն վրայ աննշ­մար չմնաց, թէ՛ բա­նաս­տեղծ ­Փապ­լօ ­Նե­րու­տան, թէ՛ նախ­կին նա­խա­գահ ­Սալ­վա­տոր Ալ­լեն­տէն հայ­կա­կան կո­նեա­կի մեծ հա­մա­կիր­ներ էին»։

«ՀԱՅ ՏՈՒՆ»ը

«Այս հա­մայն­քի հաս­տատ­ման հա­մար կա­րե­ւոր դեր ու­նե­ցած մէկ այլ անձ­նա­ւո­րու­թիւն մըն է ­Լո­րիս ­Պեր­կա­մա­լին՝ հայ գաղ­թա­կան մը, որ ­Չի­լի հա­սած է 1935ին։ «­Հայ ­Տուն»ը ու­նէր երգ­չա­խումբ մը, թա­տե­րա­կան խա­ղեր եւ հա­յե­րէ­նի դա­սըն­թացք­ներ։ ­Հե­տա­գա­յին, ա­նի­կա վե­րա­ծո­ւե­ցաւ ըն­կե­րա­յին ա­կում­բի մը, ո­րուն ժա­ռան­գու­թիւ­նը տա­կա­ւին կեն­դա­նի կը մնայ։ Է­մի­լիա Ալ­մար­զա ­Նա­զար եւ ­Ֆե­տե­րի­քօ ­Ֆոլչ ­Գո­յում­ճեան - հա­մայն­քի վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը - կ’ը­սեն, թէ «ներ­կա­յիս ­Հայ ­Տու­նը բազ­մա­թիւ գոր­ծու­նէու­թիւն­ներ ու­նի, ինչ­պէս հայ­կա­կան ­Պա­տա­րա­գի մա­տու­ցում, մարմ­նա­մար­զու­թեան եւ մշա­կու­թա­յին աշ­խա­տանք­ներ, հա­յե­րէն լե­զո­ւի դա­սըն­թացք­ներ, հայ­կա­կան շա­րա­կան­նե­րու երգ­չա­խումբ մը ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ա­ւան­դա­կան նո­ւա­գա­րան­նե­րու եւ ա­րեւմ­տեան նո­ւա­գա­րան­նե­րու, հայ­կա­կան խո­հա­նո­ցի դա­սըն­թացք­ներ եւ հայ­կա­կան տօ­նե­րու նշում­ներ»։

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ԿԸ ՍՏԱՆՁՆԵՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

­Հա­մայն­քի հաս­տա­տու­մէն ան­ցած են բազ­մա­թիւ տա­րի­ներ, սա­կայն մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը կը յա­մե­նեան։ 2006-2008ին հա­մայն­քի նա­խա­գահ, հանգըս­տեան կո­չո­ւած փոխ-ծո­վա­կալ ­Հեռ­նան ­Պեր­կա­մա­լի ­Գո­յում­ճեան կը յայտ­նէ.- «­Պէտք է ա­պա­հո­վենք, որ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը այս­տեղ լաւ ժա­մա­նակ անց­նեն, այս միու­թիւնն ու հայ­կա­կան ինք­նու­թիւ­նը պա­հե­լը կա­րե­ւոր են։ ­Գաղտ­նի­քը ընտ­րելն է լաւ ղե­կա­վար­ներ՝ ե­րի­տա­սարդ­ներ, ո­րոնք պատ­րաս­տա­կամ են ի­րենց ժա­մա­նա­կը տրա­մադ­րե­լու դա­տին»։ Եւ ճիշդ այս է, որ կը պա­տա­հի. ­Վար­չու­թիւ­նը կազ­մո­ւած է հա­յե­րու ժա­ռան­գորդ­նե­րէ, ո­րոնք աշ­խա­տանք կը տա­նին հայ­կա­կան ո­գին կեն­դա­նի պա­հե­լու։ «­Հա­մայն­քի ներ­կայ նա­խա­գա­հը ­Կա­րօ ­Քոնս­թան­թի­նի­տիս ­Լո­թի­քեանն է։ «­Մե­զի հա­մար, հայ ըլ­լալ կը նշա­նա­կէ պատ­մու­թեան տար­բեր հանգ­րո­ւան­նե­րուն մե­ծա­պէս ազ­դե­ցիկ, սա­կայն 1915էն ետք բնաջն­ջու­մի եզ­րին հա­սած հա­զա­րա­մեայ մշա­կոյ­թի մը «կեն­դա­նի վկայ» ըլ­լալ։ ­Թէեւ հայ­րե­նի­քէն մղոն­ներ հե­ռու կը գտնո­ւինք, սա­կայն յա­ջո­ղե­ցանք մեր ինք­նու­թիւնն ու մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը կեն­դա­նի պա­հե­լով հա­մարկուիլ մեզ ըն­դու­նած եր­կիր­նե­րուն հետ»,- կ’ը­սէ ան։ Այս վե­րած­նուն­դին նպաս­տող դէմ­քե­րէն է հայր ­Սի­փան ­Գէոր­գեան, որ եր­կու տա­րի ա­ռաջ ­Հա­յաս­տա­նէն ե­կած է ­Սան­թիա­կօ եւ ­Չի­լիի մէջ ­Հայ ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­ջին հո­գե­ւոր հո­վիւն է։ Ան կի­րա­կի օր հայ­կա­կան պա­տա­րագ կը մա­տու­ցէ եւ «­Հայ ­Տուն»ի մէջ հա­յե­րէն կը դա­սա­ւան­դէ։

ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԱՆՔԸ ԻԲՐԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹ

«­Տեղ­ւոյն հա­մայն­քը ու­նի իր ֆութ­պո­լի խում­բը, որ կը կո­չո­ւի «­Տե­փոր­թի­ւօ Ար­մե­նիօ», գնդա­կի թա­ւա­լու­մով կեն­դա­նի պա­հե­լով «հայ­կա­կա­նու­թեան» ո­գին։ ­Խում­բը ար­դէն քա­նի մը տա­րիէ ի վեր կը մաս­նակ­ցի ա­ւան­դա­կան ­Նա­ւա­սար­դեան խա­ղե­րուն։ «Այս բե­մա­հար­թա­կը մեզ հա­մար­կած է ըն­կե­րա­յին ցան­ցին հետ, մե­զի տա­լով ա­ռիթ մը գտնո­ւե­լու ամ­բող­ջո­վին հայ­կա­կան մթնո­լոր­տի մէջ՝ ի­տէալ մի­ջա­վայր մը ստեղ­ծե­լու եւ կա­պեր ու բա­րե­կա­մու­թիւն­ներ հաս­տա­տե­լու, ո­րոնք յա­րա­տե­ւած են եւ հզօ­րա­ցած»,- կ’ը­սէ ­Նա­չօ։ «­Մենք բո­լորս կը սի­րենք սփիւռ­քի մէջ շփում­ներ հաս­տա­տել։ Ա­տի­կա կ’ար­տօ­նէ աշ­խար­հագ­րա­կան պա­տո­ւար­նե­րը փլել եւ ա­ւե­լի բազ­մազ­գեան զգալ։ ­Մեր նպա­տակն է շա­րու­նա­կել ամ­րապն­դել մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը եւ, ո­րոշ պա­հու մը, կազ­մա­կեր­պել տօ­նախմ­բու­թիւն մը, որ ի մի պի­տի խմբէ շրջա­նի հա­յե­րը, որ­պէս­զի գիտ­նան, թէ աշ­խար­հի այս կող­մը փոք­րիկ ­Հա­յաս­տան մը գո­յու­թիւն ու­նի»։

ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

­Թէեւ ա­նոնց թի­ւը փոքր է, ա­նոնք հո­յա­կապ հա­մայնք մըն են. բազ­մա­թիւ ծրա­գիր­ներ ու­նին եւ օ­րա­կան դրու­թեամբ ա­նոնց վրայ կ’աշ­խա­տին։ ­Մօտ օ­րէն ­Չի­լիի մէջ նոր թեմ պի­տի հիմ­նո­ւի եւ հայ­կա­կան ա­ռա­ջին ե­կե­ղե­ցին պի­տի կա­ռու­ցո­ւի։

ԵՒԳԵՆԻԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
100 LIVESի խմբագիր