Թուրքիոյ սահմանադրութեան 103րդ ենթագլուխին մէջ յստակօրէն նշուած է երկրի նախագահին երդման եւ անոր գործելաձեւին մասին: Այդ յօդուածին մէջ մանրամասնօրէն կը բացատրուի, թէ Թուրքիոյ նախագահը երբեք չի կրնար, իր պաշտօնը օգտագործելով, «լծակներ» գործի լծել, թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ բարոյական բնագաւառներէն ներս, եւ ի շահ իր հաշիւներուն քարոզչական աշխատանքներ, հաւաքներ եւ լոպիինկ կատարել:
Դժբախտաբար այս է որ պատահեցաւ Կիրակի՝ 4 Հոկտեմբեր 2015ին Սթրազպուրկի Քլեպըր հրապարակին վրայ, ներկայութեամբ աւելի քան 12 հազար «Էրտողանական» համակիրներու: Իր «Սուլթանամէտ» ոճով, նախագահ Էրտողան եւ իր քարոզչական մեքենան խորամանկ քայլերով գործի լծուած են, ոտնակոխ ընելով վերոյիշեալ սահմանադրութեան ենթագլուխին հաստատումները: «Միակամ ձայն՝ ահաբեկչութեան դէմ» նիւթն է, զոր կ՛արծարծէ Էրտողան, շրջելով Եւրոպական զանազան քաղաքներ: Սակայն, իրականութեան մէջ, իր ընտրական մեքենան է, որ կը գործէ՝ համագործակցելով իր մօտիկ գործակից ու «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» Կուսակցութեան գործընկեր վարչապետ Ահմետ Տաւութողլուի հետ:
Այդ նիւթը արծարծող հաւաք մը կատարուած էր Սեպտեմբեր 22ին Պոլսոյ մէջ եւ այդ «ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու» նիւթին ընդմէջէն ան շեղած էր նիւթէն եւ յայտարարած էր, թէ իրեն համար Թուրքիոյ խորհրդարանը պէտք է որ բաղկանայ միայն ու միայն «տեղացի» երեսփոխաններէ: Էրտողանի թիրախն էր քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը, որ խորհրդարանէն ներս ունի ութսուն աթոռ եւ կը հանդիսանայ լուրջ խոչընդոտ մը՝ իր ապագայի մութ հաշիւներուն:
Միեւնոյն յանկերգն է, որ կրկնուեցաւ Սթրազպուրկի մէջ: Սակայն հոս տեղին է նշել վայրին եւ պայմաններուն կարեւորութիւնը: Այդ հաւաքը դիպուկ ձեւով կազմակերպուած էր Ալզասի մայրաքաղաքին մէջ, ուր կը գտնուին Եւրոխորհրդարանի ենթայանձնախումբերու կարեւոր գրասենեակներ: «Ահաբեկչութեան դէմ պայքար»ի ետին պահուըտելով՝ Էրտողան ժամանած էր իր մտահոգութիւնները դրսեւորելու:
Տեղւոյն փոքրամասնութիւները՝ քիւրտ, ալաուի, այլախոհ թուրք թէ հայ չմնացին ձեռնածաւալ: Այլ՝ անոնք ալ դիմեցին բողոք-ցոյցի, յստակօրէն արտայայտուելով, թէ էրտողան Սթրազպուրկ ժամանած է իր սուլթանական մտայղացումները բացայայտելու եւ պարզապէս քուէ մուրալու՝ փոխանակ «ահաբեկչութեան դէմ պայքար»ելու:
Ֆրանսայի եւ Ֆրանսացիին համար յստակ էր Էրտողանի միտք բանին:
Այսպէս, Էրտողան շարունակելով իր սահմանադրական երդման խախտումը, գումարներ կը մսխէ կազմակերպելով ընտրարշաւներ: Հետաքրքրական է մօտէն հետեւիլ այդ հազարաւոր համակիրներու շարժումներուն, թէ անոնք ինչպէ՞ս ժամանակ կը տրամադրեն եւ երբեմն հեռաւոր վայրերէ կը ժամանեն:
Անշուշտ նմանօրինակ գործելաձեւ կարելի չէ պարտադրել ամէնուրեք: Հետեւաբար անակնկալ մը չեղաւ, երբ քանի մը օր առաջ Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսէլի (այլ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող քաղաք մը) քաղաքապետութիւնը մերժեց Էրտողանի ընտրարշաւի քարոզչական մեքենային առաջարկը, հաւաքի մը համար վարձելու քաղաքի վիթխարի սրահներէն մէկը, որ կ՛ընդունի 18 հազար հանդիսատես:
Քաղաքապետութեան համար յստակ էր չընդառաջելու պատճառը: Առ հասարակ, այդ սրահը կը տրամադրուի միայն գեղարուեստական եւ մշակութային բնոյթ ունեցող ձեռնարկներու եւ ո՛չ ընտրարշաւի: …Այսինքն կարելի է այդ սրահին մէջ ցուցադրել այլախոհ Ֆաթիհ Աքինի «Տը Քաթ»ը, կամ - աւելի ծայրայեղ առճակատում չառաջացնելու համար - բեմադրիչ Նուրի Պիլկը Չեյլանի «Թուրքիան եւ իր լուրջ ցաւերը» ամենայն հարազատութեամբ ներկայացնող ժապաւէններէն փունջ մը:
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»