Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Ո­րո­շած էի Ա­րա­րա­տեան դաշ­տի Այ­գե­ւան գիւ­ղը այ­ցե­լել ­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թեան ­Հա­յաս­տա­նի ըն­կե­րու­հի­նե­րուն հետ, հան­դի­պե­լու 13 զա­ւակ­նե­րով բախ­տա­ւո­րո­ւած ­Մել­քո­նեան­նե­րուն, ա­նոնց փո­խան­ցե­լու հա­մար ­Լոս Ան­ճե­լը­սէն ­Վա­րանդ եւ ­Հու­րի ­Մել­քո­նեան­նե­րուն նո­ւի­րած 1300 տո­լա­րը:

Առ ի յի­շե­ցում, այ­գե­ւան­ցի ­Մել­քո­նեան­նե­րը մա­մու­լով յայ­տա­րա­րած էին, թէ ի­րենց զա­ւակ­նե­րէն վե­ցը ան­կա­րող պի­տի ըլ­լա­յին դպրոց յա­ճա­խե­լու՝ պատ­շաճ հա­գուստ գնե­լու ի­րենց ան­կա­րո­ղու­թեան պատ­ճա­ռով:

Այ­գե­ւան հա­սայ չնա­խա­տե­սո­ւած ձե­ւով: ­Պէտք է այս­տեղ յայտ­նեմ, որ ­Հա­յաս­տան ճամ­բոր­դու­թիւնս այս ան­գամ ի­րա­կա­նա­ցած էր Ե­րե­ւա­նի «Ա­րա­րատ» քո­նեա­կի գոր­ծա­րա­նին հրա­ւէ­րով, շնոր­հիւ գոր­ծա­րա­նի ար­տադ­րան­քի շու­կա­յաց­ման ա­մե­րի­կեան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան եւ ա­նոր ղե­կա­վար ­Կա­րէն ­Մեհ­րա­պեա­նին:

Այլ հրա­ւի­րեալ­նե­րու հետ, ա­ռի­թը ու­նե­ցանք նախ պտը­տե­լու ­Քո­նեա­կի գոր­ծա­րա­նի ցու­ցաս­րահ­նե­րը, ծա­նօ­թա­նա­լու գոր­ծա­րա­նի պատ­մու­թեան, ա­նոր աշ­խար­հահռ­չակ ար­տադ­րանք­նե­րուն եւ համ­տե­սե­ցինք քո­նեա­կի տար­բեր տա­րի­քի տե­սա­կա­նիէն նմոյշ­ներ:

­Հիւ­րըն­կա­լող­նե­րը նաեւ ու­զե­ցին մեզ ծա­նօ­թաց­նել ի­րենց մթեր­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն, եւ այս նպա­տա­կով, հան­րա­կառ­քե­րով մեզ տա­րին Ա­րա­րա­տեան դաշտ, ուր բեր­քա­հա­ւաք տե­ղի կ­՛ու­նե­նար։

Այդ օ­րո­ւան վեր­ջին հանգ­րո­ւա­նը դուրս ե­կաւ զիս հե­տաքրք­րող Այ­գե­ւան գիւ­ղը, ­Մել­քո­նեան­նե­րու բնա­կա­վայ­րը:

­Մինչ այդ, այս հիւ­րըն­կա­լու­թեան ըն­թաց­քին բա­րե­բախտ ա­ռի­թը ու­նե­ցայ մօ­տէն ծա­նօ­թա­նա­լու ­Զա­րեհ Ի­սա­խա­նեա­նին՝ ազ­նո­ւա­գոյն հա­յոր­դի մը ­Լոս Ան­ճե­լը­սէն եւ «­Ռե­մը­տի ­Լի­քիըր» ա­ռեւտ­րա­կան հաս­տա­տու­թեան սե­փա­կա­նա­տէ­րը:

­Մեր ճա­նա­պար­հոր­դու­թեան ամ­բողջ ըն­թաց­քին ­Զա­րե­հին հետ կի­սո­ւե­ցանք ­Հա­յաս­տա­նի ու մեր ժո­ղո­վուր­դին հան­դէպ մեր հպար­տու­թիւ­նը, մեր սէրն ու ցա­ւե­րը: Զ­գա­ցա­կա­նօ­րէն եւ գա­ղա­փա­րա­կա­նօ­րէն (ինք դաշ­նակ­ցա­կան չէ, բայց ամ­բող­ջա­պէս կը բաժ­նէ ար­ժէ­քա­յին այն հա­մա­կար­գը, զոր ի՛մն է՝ իբ­րեւ դաշ­նակ­ցա­կա­նի), շատ ա­րագ ու հա­րա­զատ ե­րանգ­ներ գտանք ի­րա­րու մէջ:

Երբ հա­սանք Այ­գե­ւան, ­Զա­րե­հին յայտ­նե­ցի ­Մել­քո­նեան­նե­րուն այ­ցե­լե­լու իմ նախ­նա­կան ծրա­գի­րիս մա­սին: Ինք եւս հե­տաքրք­րո­ւե­ցաւ եւ փա­փա­քե­ցաւ ըն­կե­րա­նալ ին­ծի: «Ա­րա­րատ» գոր­ծա­րա­նի աշ­խա­տող­նե­րը, երբ ի­մա­ցան մեր ծրա­գի­րին մա­սին, խան­դա­վա­ռո­ւած՝ ա­մէն ինչ ը­րին օգ­տա­կար հան­դի­սա­նա­լու. մե­քե­նայ ճա­րո­ւե­ցաւ ու ե­րի­տա­սարդ մը մեզ ա­ռաջ­նոր­դեց ­Մել­քո­նեան­նե­րու բնա­կա­րա­նը:

­Ճամ­բեզ­րին կանգ­նած բնա­կա­րա­նի մը մէջ հան­դի­պե­ցանք ­Մել­քո­նեան­նե­րու ըն­տա­նի­քի մէկ մա­սին: ­Մեծ տղան բա­նակ էր, աղ­ջիկ­նե­րէն ե­րե­քը ջուր բե­րե­լու գա­ցած էին: Բ­նա­կա­րա­նը կար­ծէք նոր պի­տի կա­ռու­ցո­ւէր: ­Սե­նեակ­նե­րուն յա­տա­կը հող էր, պա­տու­հան գրե­թէ չկար: ­Շու­տով ցուրտ օ­րե­րը պի­տի գա­յին ու այս մեծ ըն­տա­նի­քը տա­քուկ ան­կիւն մը կրնար չու­նե­նալ իր տան մէջ:

­Պէտք է ը­սել, որ հա­մա­գիւ­ղա­ցի­նե­րը ան­տար­բեր չեն ե­ղած այս ըն­տա­նի­քին նկատ­մամբ: Ա­մէն մարդ իր կա­րե­լին ը­րած է՝ օգ­նե­լու: Ո­րոշ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցող անձ մը, օ­րի­նակ, բա­նո­ւոր­ներ բե­րած եւ ցան­կա­պատ մը կա­ռու­ցած է, որ­պէս­զի ըն­տա­նի­քի փոք­րիկ­նե­րը ճամ­բայ դուրս չգա­յին: ­Մար­տի­կը՝ ըն­տա­նի­քի հայ­րը, գոր­ծու­նեայ մար­դու ա­նուն ու­նէր, աշ­խա­տա­սէ՛ր, բայց որ­քա՛ն ալ աշ­խա­տէր, ինչ­պէ՞ս պի­տի կրնար այս մեծ ըն­տա­նի­քին ար­ժա­նա­պա­տիւ կեանք ա­պա­հո­վել:

­Հե­տաքր­քա­կան էր, որ ­Մար­տի­կը «­Ֆէյս­պուք»ի (Martik Melkonyan) իր է­ջը ու­նէր. հա­ւա­նա­բար, բա­րի կամք ու­նե­ցող անձ մը այդ է­ջը բա­ցած էր ի­րեն հա­մար, որ­պէս­զի մար­դիկ տե­ղեակ ըլ­լա­յին իր կա­րիք­նե­րուն, իր վի­ճա­կին մա­սին:

Ն­կա­րո­ւե­լու փա­փաք երբ յայտ­նե­ցինք, ի­րա­րան­ցում մը սկսաւ տան մէջ: ­Փոք­րիկ­նե­րը այս­տե­ղէն-այն­տե­ղէն կօ­շիկ կամ հո­ղա­թափ կը փնտռէին: ­Յայտ­նի էր, որ ի­րենց չա­փով զոյգ կօ­շի­կը ա­նի­րա­կա­նա­նա­լի շռայ­լու­թիւն մըն էր ի­րենց հա­մար:

­Զա­րե­հը յայտ­նա­բար յու­զո­ւած էր: ­Գաղտ­նօ­րէն ե­րեք հա­րիւր տո­լար դրաւ ձեռքս, որ ա­ւելց­նեմ ­Մել­քո­նեան­նե­րու գու­մա­րին: ­Յանձ­նե­ցի 1600 տո­լա­րը՝ յա­նուն նո­ւի­րա­տու­նե­րուն ստա­նա­լով ­Մար­տի­կի մօր օրհ­նան­քը:

­Հե­ռա­ցանք՝ իւ­րա­քան­չիւրս իր միտ­քե­րով տա­րո­ւած: ­Զա­րե­հին աչ­քե­րը բա­ւա­կան խօ­սուն կ­՛ար­տա­յայ­տէին իր զգա­ցում­նե­րը: ­Մեր յա­ջորդ հան­դի­պու­մին, ­Զա­րե­հը հինգ հա­րիւր տո­լար յանձ­նեց ին­ծի՝ փո­խաց­նե­լու հա­մար նա­հա­տակ զի­նո­ւոր ­Հայկ ­Դե­ւո­յեա­նի ըն­տա­նի­քին:

Ու­րախ եմ յայտ­նե­լու, որ այս եր­կու ըն­տա­նիք­նե­րուն յա­ւե­լեալ օգ­նու­թիւն կը հաս­նի: ­Մեր շրջա­նէն ­Պետ­րոս Ա­բէ­լեան, իր նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ 1200 տո­լար հա­ւա­քած է, եւ այս Ուր­բաթ օր, Ար­մի­նէ ­Գուն­տաք­ճեա­նի հետ միա­սին պի­տի այ­ցե­լէ թէ՛ ­Դե­ւո­յեա­նի ըն­տա­նի­քին եւ թէ ­Մել­քո­նեան­նե­րուն, իւ­րա­քան­չիւ­րին՝ 600ա­կան տո­լար փո­խան­ցե­լու հա­մար:

Ֆ­րեզ­նո­յէն եր­կու հո­գի ի­րենց հա­րիւ­րա­կան տո­լա­րի նո­ւէր­նե­րը (­Ղա­զա­րոս Ք­լը­նեան եւ մի ոմն) փո­խան­ցած էին խմբագ­րու­թեան: Այս գու­մար­ներն ալ փո­խան­ցե­ցինք:

«Ազ­դակ»ի խմբա­գիր ­Շա­հան ­Գան­տա­հա­րեան մեր ըն­կե­րոջ՝ ­Րաֆ­ֆի ­Տու­տագ­լեա­նի յիս­նա­մեա­կին առ­թիւ, իր նո­ւէ­րին մէկ մա­սը (հա­րիւր տո­լար) յատ­կա­ցուց ­Դե­ւո­յեա­նի ըն­տա­նի­քին:

Այս գու­մա­րը Հ.Օ.Մ.ի Ե­րե­ւա­նի գրա­սե­նեակ փո­խան­ցե­լու ժա­մա­նակ ի­մա­ցայ, թէ ­Դե­ւո­յեա­նի այ­րին ե­կած է Ե­րե­ւան եւ իր զա­ւակ­նե­րուն ա­նուն­նե­րը փո­խան­ցած է Հ.Օ.Մ.ին, որ իր ու­շադ­րու­թեան տակ պի­տի պա­հէ նա­հա­տակ զի­նո­ւո­րի ե­րե­խա­նե­րը:

­Լոս Ան­ճե­լըս վե­րա­դար­ձիս, նո­րա­նոր ան­ձեր ի­րենց պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը կը յայտ­նեն օգ­նու­թիւն հասց­նե­լու այս ըն­տա­նիք­նե­րուն: ­Վա­հագն ­Սա­ւու­լեա­նը մէկն է ա­նոնց­մէ: ­Վա­հագ­նը նաեւ կ­՛ա­ռա­ջար­կէ մշտա­կան հիմ­նադ­րամ մը ստեղ­ծել՝ ամ­սա­կան դրու­թեամբ գու­մար­ներ հան­գա­նա­կե­լու հա­մար: ­Հա­մա­ձա՛յն եմ: ­Դար­ձեալ կ­՛ա­ռա­ջար­կեմ, որ Հ.Օ.Մ.ը հաս­տա­տէ նման հիմ­նադ­րամ մը:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ