Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Բա­րե­միտ չըլ­լանք: Մեր հայ­րե­նի­քը եւ ժո­ղո­վուր­դը, Հա­յաս­տան եւ Ս­փիւռք­ներ, են­թա­կայ ե­ղած են, եւ են, ան­դադ­րում նա­խա­յար­ձա­կում­նե­րու, ո­րոնք միայն զի­նո­ւո­րա­կան չեն:

Ճիշդ է, սահ­մա­նին վրայ ատր­պէ­ճա­նա­կան-թրքա­կան նա­խա­յար­ձա­կում­ներ կան: Այդ մա­սին կը խօ­սինք, պէտք է խօ­սիլ, ու­ժե­րը պէտք է լա­րել: Բայց մեր ինք­նու­թեան դէմ նա­խա­յար­ձա­կում­ներ ե­ղած են եւ կան, տի­րող ու­ժե­րու կող­մէ, նաեւ մեր ան­պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեամբ, ազ­գա­յին հե­ռան­կա­րի պա­կա­սով, նոյն­քան ա­ւե­րող, մեր ինք­նու­թեան հի­մե­րը խախ­տող:

Եր­բեմն նի­զակ պէտք է ճօ­ճենք մենք մե­զի դէմ:

ԱԶԳԻ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Նախ թող նե­րո­ւի ը­սե­լու, որ հայ­րե­նի­քի տի­րու­թիւ­նը եւ սահ­մա­նի պաշտ­պա­նու­թիւ­նը միայն ար­ցախ­ցիին եւ հա­յաս­տան­ցիին պա­տաս­խա­նատուու­թիւ­նը չէ: Ազ­գա­յին միաս­նու­թիւն կը ստեղ­ծենք այն օ­րը, երբ սփիւռք­նե­րը ներ­կա­յու­թիւն կ’ըլ­լան սահ­ման­նե­րուն վրայ, երբ հա­յը չ’ար­տա­գաղ­թեր՝ զի­նո­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թե­նէ խու­սա­փե­լու հա­մար, հա­յը կը դադ­րի սոսկ զբօ­սաշր­ջիկ կամ բա­րե­սէր հայ­րե­նա­սէր ըլ­լա­լէ: Ի­րաւ հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը հա­զո­ւա­դէպ պա­րա­գա­նե­րու ե­րե­ւան ե­կած է, օ­րի­նակ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ըն­թաց­քին, երբ կա­մա­ւո­րա­կան խում­բեր ստեղ­ծո­ւե­ցան, նաեւ Հայ­կա­կան Լե­գէո­նը՝ դաշ­նա­կից­նե­րու կող­քին: Հա­յեր Ա­մե­րի­կա­յէն վե­րա­դար­ձան՝ ժո­ղո­վուրդ եւ հայ­րե­նիք պաշտ­պա­նե­լու հա­մար: Նաեւ՝ Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տին մաս­նակ­ցե­ցան սփիւռ­քէն հա­ւա­տա­ւոր ե­րի­տա­սարդ­ներ, բայց այդ շար­ժու­մը խիստ մաս­նա­կի էր, զան­գո­ւա­ծա­յին բնոյթ չու­նե­ցաւ:

Հայ­րե­նի­քը զբօ­սաշր­ջու­թիւն, խրախ­ճանք, երգ, պար, ճառ եւ յու­զող-յու­զիչ ժա­պա­ւէն չէ:

Ան կը բնո­րո­շո­ւի հիմ­նա­կան ստո­րո­գե­լի­նե­րով, ո­րոնց մա­սին չենք խօ­սիր, մար­դոր­սա­կան (proselytisme) եւ շա­հախնդրա­կան-դիր­քա­պաշ­տա­կան ցած­րո­րակ պատ­ճառ­նե­րով: Այս հիմ­նա­կան ստո­րո­գե­լի­նե­րու գծով լռու­թիւ­նը դաւ է ազ­գի տո­կա­լու, տե­ւե­լու եւ ինք­նի­րա­կա­նաց­ման ճամ­բուն վրայ:

Մաս­նա­ւո­րա­բար «սփիւռք­ներ»ը ա­ւե­րը վա­րա­գու­րե­լու հա­մար կը խօ­սին զո­հո­ղու­թեան, զգա­ցու­մով հայ ըլ­լա­լու եւ հա­յը ճանչ­նալ-ճանչց­նե­լու մա­սին, յա­ճախ մոռ­նա­լով, որ ազ­գա­յին լե­զուն գո­յա­տեւ­ման եւ ինք­նու­թեան հիմ­նա­կան եւ հիմ­նա­րար ազ­դակ է, ա­ռանց ո­րուն հայ­րե­նիք եւ ազգ կ’ըլ­լան տար­բեր, այ­սինքն կ’այ­լա­սե­րին: Երբ ազ­գա­յին լե­զուն կը փո­խա­րի­նո­ւի տար­բեր լե­զու­նե­րով, ըմբռ­նում­ներ եւ ար­ժէք­ներ չեն ժա­ռան­գո­ւիր, «կ’ըլ­լայ նոր սկիզբ, բայց ոչ նախ­կի­նի շա­րու­նա­կու­թիւն»: Ժա­մա­նակ մըն ալ կը խօ­սո­ւի «ծա­գու­մով հայ» ըլ­լա­լու մա­սին… Նո­րոյթ է այս­պէս խօ­սիլ եւ կար­ծել քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն խա­ղալ:

Եր­բեմն պէտք է յի­շել կա­թո­ղի­կէ ծի­րա­նա­ւո­րին (կար­տի­նալ) խօս­քը, երբ դի­տած է վան­դա­կի մէջ ե­ղած կա­պի­կը եւ ը­սած.- «­Խօ­սի՛ր եւ քեզ մկրտեմ» (in Georges Gusdorf, Memoire et Personne»:

Այս էա­կան խնդրին մա­սին խօ­սո­ւած է զա­նա­զան ձե­ւե­րով, ա­ռանց միա­ժա­մա­նակ շեշ­տե­լու լե­զո­ւի ինք­նու­թեան եւ ո­րա­կի հար­ցը: Ար­դա­րօ­րէն, բնա­կա­նօ­րէն, սկզբուն­քա­յին կե­ցո­ւած­քով, Սահ­մա­նադ­րու­թեամբ՝ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան լե­զուն հա­յե­րէնն է: Ինչ­պի­սի օ­րէն­քով կրնա՞նք յայ­տա­րա­րել, որ հայ­կա­կան սփիւռ­քի լե­զուն հա­յե­րէնն է:

Ս­փիւռ­քը պե­տու­թիւն չէ, ոչ մէկ գե­րիշ­խա­նու­թիւն ու­նի, որ կա­րե­նայ յայ­տա­րա­րել, թէ հայ­կա­կան սփիւռք­նե­րու ազ­գա­յին լե­զուն հա­յե­րէնն է:

Այս անբ­նա­կան կա­ցու­թիւ­նը կը շեշ­տուի նաեւ պատ­մու­թե­նէն ժա­ռան­գո­ւած ան­հե­թեթ դրոշմ ու­նե­ցող զոյգ աշ­խար­հա­բար­նե­րու գո­յու­թեամբ, ո­րուն վրայ բար­դե­ցինք զոյգ ուղ­ղագ­րու­թիւն ու­նե­նա­լու մե­րօ­րեայ ան­հե­թե­թու­թիւ­նը:

 ԱԶԳԱՅԻՆ ԼԵԶՈՒՆ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԻԱՑՄԱՆ ԱԶԴԱԿ

Մեր ազ­գա­յին միու­թիւ­նը պի­տի կեր­տո­ւի, երբ ազ­գա­յին լե­զո­ւի տար­բե­րու­թեամբ յա­ռա­ջած հե­ռա­ւո­րու­թիւն­նե­րը վե­րա­նան: Յա­ջո­ղինք վե­րաց­նել:

Այս ազ­գա­յին հե­ռան­կա­րը ի­րա­կանց­նե­լու հա­մար,- ե­թէ դեռ ա­նոր հա­ւա­տա­ցող­ներ եւ զայն հե­տապն­դող­ներ կան,- ռազ­մա­վա­րա­կան իր իս­կա­կան ի­մաս­տը պէտք է տալ լե­զո­ւին, որ ազ­գի շէն­քը կրող ա­մուր պա­տը պէտք է ըլ­լայ, ըլ­լա՛ր: Իսկ պարզ է, որ ճեղ­քո­ւած եւ աս­դիէն-ան­դիէն փլած-փլփլած պա­տե­րը շէն­քը չեն կրնար կրել: Այդ­պէս է այ­սօր հա­յե­րէ­նը, տեղ մը շատ, տեղ մը նո­ւազ:

Այլ խօս­քով՝ ա­ղա­ղա­ղո­ւած եւ ձե­ւա­զեղ­ծո­ւած լե­զո­ւով ազգ չի պա­հո­ւիր, ազ­գը կ’այ­լա­սե­րի:

Այս այլ­սեր­ման նշու­մը ո՛չ բա­րո­յա­խօ­սու­թիւն է, ոչ ալ ճառ: Պէտք է մտա­ծել հա­րիւր կամ եր­կու հա­րիւր տա­րի ետք գա­լի­քի մա­սին:

Ի՞նչ է պատ­կե­րը այ­սօր՝ Հա­յաս­տան եւ սփիւռք­ներ: Հար­ցու­մին պէտք է պա­տաս­խա­նել ա­ռանց հա­ճո­յա­խօ­սու­թեան եւ ա­ռանց մար­դոր­սա­կան ճապ­կում­նե­րու, կամ հե­տե­ւե­լու ո­չինչ նշա­նա­կող «ե­ղա­ծը փրկել»ու մի­տող սրճա­րա­նա­յին (չ­)ի­մաս­տու­թեան, որ ան­հե­ռան­կար դիր­քա­պաշ­տու­թեան կը ծա­ռա­յէ:

Ա­ւա­ղել ոչ մէկ բա­նի օգ­տա­կար է:

Ի՞նչ պէտք է ը­նել:

Այս հար­ցու­մին տրո­ւած պա­տաս­խա­նով պէտք է չա­փել ա­մէն տե­սա­կի ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը, ա­նոնք ըլ­լան քա­ղա­քա­կան, մշա­կու­թա­յին, կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու, բա­րե­սի­րա­կան, մար­զա­կան, թա­տե­րա­կան, մա­մու­լի, լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու:

Կարգ մը խօ­սա­կից­ներ Հա­յաս­տան ը­սին, թէ լե­զուն «սո­ցիա­լա­կան ե­րե­ւոյթ» է եւ «կը յա­ռաջ­դի­մէ»: Այս եր­կու յղացք­նե­րով կը բա­ցատ­րո­ւի լե­զո­ւի անմ­խի­թար վի­ճա­կը՝ Հա­յաս­տան եւ սփիւռք­ներ: Ինչ­պէ՞ս հասկ­նալ «սո­ցիա­լա­կան»ը՝ ազ­գին բաղ­դա­տած, ինչ­պէ՞ս սահ­մա­նել «կը յա­ռաջ­դի­մէ»ն, ո՛ւր­կէ մեկ­նե­լով ո՛ւր հաս­նե­լու հա­մար:

Ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նը, ցա­ւով պէտք է ը­սել, սո­վե­տա­հա­յե­րէն դար­ձած է, զինք գրաւ­ման են­թար­կած օ­տար բա­ռե­րով ան­հատ­նում կու­տա­կու­մով, օ­տա­րա­բա­նու­թիւն­նե­րով, նե­րա­ծո­ւած շա­րա­հիւ­սու­թիւն­նե­րով, ե­րէկ ռու­սե­րէն եւ թրքե­րէն (բար­բառ­նե­րէն փո­խադ­րո­ւած գրա­կան լե­զո­ւին մէջ), այ­սօր ա­մե­րի­կե­րէն եւ ֆրան­սե­րէն:

Ս­փիւռք­նե­րու պա­րա­գա­յին լե­զուն ա­ռա­ւել կամ նո­ւազ հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րով, իր գտնո­ւած ա­մա­նին ձե­ւը կ’առ­նէ, ան­խու­սա­փե­լի ա­մե­րի­կե­րէն, ա­րա­բե­րէն, ժա­ռան­գո­ւած եւ ա­ճող թրքե­րէն, ֆրան­սե­րէն, սպա­նե­րէն, ընդ­հան­րա­պէս կեան­քի լե­զու չըլ­լա­լով, կը խեղ­ճա­նայ:

Լե­զո­ւա­կան այս տե­սա­կա­ւոր խոր­թա­ցում­նե­րը ազ­գի միու­թեան շա­ղա­խը կը խա­թա­րեն:

Լի­բա­նա­նի հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նի տղան ի՞նչ պի­տի հասկ­նայ երբ կար­դայ՝ «դե­մոգ­րա­ֆիկ, ռե­սուրս­նե­րը, ռեալ, մի­ջազ­գա­յին ի­րա­վա­սուբ­յեկ­տութիւն, դե­մա­գո­գիա­յին, սպե­կուլ­յա­ցիա­նե­րին, լյուստ­րա­ցիա, ֆա­կուլ­տետ­նե­րի, կո­ռեկտ, կո­մե­րի­տա­կան, կոմ­սո­մո­լաց­ման-բոլ­շե­ւի­կաց­ման, է­վոլ­յու­ցիա­յի, քա­ղա­քա­կան ա­նար­խիա­յի»… Ն­մոյշ: Բո­լո­րը՝ նոյն է­ջին վրայ: Ոչ միայն տղան, այլ նաեւ չա­փա­հա­սը պի­տի չհասկ­նան այս հա­յե­րէ­նը:

ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ՀԱՐԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ԳՈՅՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԵՐԱՇԽԻՔ Է

Ի՞նչ ը­նել եւ ինչ­պէ՞ս:

Ա­ռանց ըն­կե­րատն­տե­սա­կան նա­հան­ջա­կան վեր­լու­ծում­նե­րու մէջ խեղ­դե­լու եւ խեղ­դո­ւե­լու, մենք մեզ լքե­լու հո­սան­քի եւ յոր­ձան­քի թա­փին, հայ­կա­կան ըն­կե­րու­թեան բարձ­րա­գոյն մա­կար­դա­կին ՈՐՈՇՈՒՄ պէտք է կա­յացնել, ԼԵԶՈՒՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼՈՒ ԻՐ ՀԱՐԱԶԱՏՈՒԹԵԱՄԲ, քա­ղա­քա­կան ո­րո­շում, եւ կա­տա­րել անհ­րա­ժեշտ նիւ­թա­կան եւ մարդ­կա­յին ներդ­րում­նե­րը, Հա­յաս­տան եւ սփիւռք­ներ, միաս­նա­բար, նե­րառ­նե­լով կրթու­թիւ­նը, մա­մու­լը, հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րը:

Նախ՝ ԶՏՄԱՆ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն:

Ա­պա՝ ժա­մա­նա­կա­կից նոր հնա­րո­ւած բա­ռե­րու հա­յա­ցում:

Իր ա­կունք­նե­րուն պատ­շաճ ըլ­լա­լու ուղ­ղագ­րա­կան բա­րե­փո­խում:

Ու­սու­ցում:

Այս նպա­տա­կի ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար, քա­ղա­քա­կան ո­րոշ­ման եւ նիւ­թա­կան ներդ­րում­նե­րու զու­գա­հեռ, նե­րազ­գա­յին հա­մա­ձայ­նու­թեամբ, ինք­նու­թեան պահ­պան­ման եւ կեր­տու­մի գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւն հարկ է ներշն­չել հա­յե­րուն, ա­նոնք գտնո­ւին Հա­յաս­տան, Եա­գու­թիա, Պո­լիս, Մի­ջին Ա­րե­ւելք, Ա­մե­րի­կա­ներ, Նոր Զե­լան­տա կամ Ա­լաս­քա, հաս­նե­լով իւ­րա­քան­չիւ­րին: Կը յա­ջո­ղինք, ե­թէ ներդ­րում­նե­րը նպա­տա­կաս­լաց ըլ­լան, պատ­գամ­նե­րը՝ ոչ-կողմ­նա­պաշ­տա­կան, ոչ-դիր­քա­պաշ­տա­կան, ոչ-շա­հախնդ­րա­կան:

Կ­’ու­նե­նանք ան­մի­ջա­կա­նէն եւ ե­սա­կա­նէն ան­դին նա­յող ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆ-CHARISME, մար­դիկ՝ ո­րոնք ի­րենց ան­ձին օ­րի­նա­կով, ո՛չ ա­պա­րան­քով եւ ոչ դրա­մա­տան հա­շի­ւով, ԱՌԱՋՆՈՐԴԵՆ: Պատ­մու­թիւ­նը միայն զա­նոնք պի­տի յի­շէ: Ա­նոնք ա­ռաջ­նոր­դած պի­տի ըլ­լան ո­գե­կան յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը:

Ժո­ղո­վուր­դը իր կար­գին պա­հան­ջել պէտք է գիտ­նայ, քա­նի որ ինք պէտք է ըլ­լայ իր ճա­կա­տագ­րին տէ­րը՝ իր տո­ւած վստա­հու­թեամբ, զոր կը կո­չենք քո­ւէ:

Լե­զուն ազ­գա­պահ­պան հզօ­րու­թիւն է, որ կը կրէ շա­րու­նա­կու­թիւն ըլ­լա­լու կո­չո­ւած բեր­դը, որ չի կա­ռու­ցո­ւիր ըն­դու­նե­լու­թիւն­նե­րով, ճա­ռե­րով, ա­թոռ-ա­թո­ռակ­նե­րով, հե­ռա­տե­սի­լի պա­տու­հա­նի կրկնե­րե­ւոյ­թի նմա­նող պատ­կե­րով կամ բարձ­րա­խօ­սի թա­տե­րա­կան աղ­մու­կով:

Այ­սօ՛ր:

Վա­ղո­ւան կը մնայ ե­ղած ըլ­լա­լու դա­տարկ մխի­թա­րու­թիւ­նը, ո­րուն հա­մար շռնդա­լից ա­մեակ­ներ պի­տի տօ­նո­ւին, պի­տի չտօ­նո­ւին:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ