Print
Category: Յօդուածագրութիւն

(Հ.Օ.Մ.ի 71րդ Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան Ժո­ղո­վի ա­ռի­թով)

 

Ժո­ղո­վի մը ըն­թա­ցիկ օ­րա­կար­գե­րու քննու­թիւ­նը ան­շուշտ խիստ անհ­րա­ժեշտ է, քա­նի այդ օ­րա­կար­գե­րուն մէ­ջէն կը բխի ան­մի­ջա­կան ը­նե­լիք­նե­րու յստակ տա­րա­զու­մը: Տաղտ­կա­լի սո­վո­րու­թիւն կը դառ­նայ այդ­պի­սի խնդիր­նե­րու շուրջ յա­ճախ նոյն՝ քա­ռա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին կրկնո­ւող ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը ու­նե­նալն ու լսե­լը, եր­բեմն նոյ­

նիսկ ան­ցեա­լին առ­նո­ւած, բայց՝ այս կամ այն պատ­ճա­ռով չգոր­ծադ­րուած ո­րո­շում­նե­րու յու­սա­հա­տեց­նող յա­ճա­խա­կա­նու­թեամբ վե­րար­տադ­րու­թիւ­նը: Այդ­պի­սի ե­րե­ւոյթ­ներ ան­խու­սա­փե­լի են հո­սող հա­ւա­քա­կան կեան­քին մէջ եւ մտա­հո­գիչ չեն: Վ­տանգ կը կա­յա­նայ սա­կայն, երբ ըն­թա­ցիկ հար­ցե­րու լուծ­ման ո­րո­նու­մին մէջ մշու­շի խա­ւի մը տակ կը ծած­կո­ւին հա­ւա­քա­կա­նու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան հիմ­նա­կան եւ հիմ­նա­րար սկզբունք­ներ. պարզ խօս­քով՝ երբ ուղ­ղու­թիւն ցոյց տո­ւող ու տե­ւա­պէս մղում բա­նեց­նող գա­ղա­փա­րը կը նսե­մա­նայ ա­ռօ­րեա­յի պար­տադ­րած ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն բազ­մու­թեան ու ծան­րու­թեան դի­մաց: Դ­ժո­ւար չէ եզ­րա­կաց­նե­լը, որ այս պա­րա­գա­յին գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կը դադ­րի նպա­տա­կաս­լաց ըլ­լա­լէ եւ թա­փուած ճի­գը շատ բան կը կորսնց­նէ իր ազ­դե­ցի­կու­թե­նէն. հսկա­յա­կան ճիգ թա­փո­ւած կ­՚ըլ­լայ հաս­նե­լու հա­մար ստո­րա­դաս աս­տի­ճա­նի ար­դիւն­քի: Իսկ մեր միու­թիւն­նե­րուն նմա­նող կա­ռոյց­նե­րու թա­փած ճի­գը չա­փա­զանց յար­գի տե­սա­կէն է, քա­նի ան հիմ­նո­ւած է ա­ռողջ կա­մա­ւո­րա­կա­նու­թեան վրայ: Ս­խալ չհասկ­ցո­ւինք. մեր յանձ­նա­ռու ազ­գա­յին­նե­րու թա­փած ճի­գը ան­հա­տի ա­զատ ժա­մա­նա­կը լեց­նե­լու եւ այդ մի­ջո­ցով բնա­զան­ցա­կան ձանձ­րոյ­թէն ա­զա­տագ­րո­ւե­լու չի ծա­ռա­յեր. այլ՝ նո­ւի­րու­մի, ան­հա­տա­կան եւ ըն­տա­նե­կան կեան­քի մար­զե­րէն պո­կե­լով հա­ւա­քա­կա՛ն կեան­քին մէջ յա­ճախ նիւ­թա­կան եւ այլ՝ բազ­մա­տե­սակ ներդ­րում­նե­րու, բա­զում զո­հո­ղու­թիւն­նե­րո՛ւ գի­նով հա­ւա­քա­կան ար­դիւն­քի մը հաս­նե­լու կը նպաս­տէ: Իս­կա­պէս մեղք է, երբ այդ­պի­սի բա­րո­յա­կան բարձ­րո­րակ յատ­կա­նիշ­նե­րով օժ­տո­ւած ճի­գը կը զրկո­ւի հա­մա­պա­տաս­խան ար­դիւն­քի ա­ռաջ­նոր­դե­լու կա­րե­լիու­թե­նէն:

Ո­րո՞նք պէտք է ըլ­լան ներ­կա­յիս մեր ազ­գա­յին միու­թիւն­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան ղե­կա­վար ուղ­ղու­թիւն­նե­րը: Ան­շուշտ իւ­րա­քան­չիւր միու­թեան նպա­տակ­նե­րը, գոր­ծու­նէու­թեան դաշ­տերն ու աշ­խա­տե­լա­ձե­ւը սահ­մա­նո­ւած են ա­նոնց ծրագ­րե­րով եւ կա­նո­նագ­րե­րով: Խօսքս ա­տոնց մա­սին չէ, այլ՝ ներ­կայ պայ­ման­նե­րուն մէջ ապ­րո­ւող կեան­քի պար­տադ­րա՛ծ ուղ­ղու­թիւն­նե­րուն մա­սին:

Հա­մաշ­խար­հա­յին քա­ղա­քա­կան ու քա­ղա­քակր­թա­կան ներ­կայ դրո­ւած­քին մէջ մենք բնազ­դա­բար կը զգանք, որ հա­ւա­քա­բար մեծ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րու առ­ջեւ կը գտնո­ւինք. ա­նոնց­մէ հիմ­նա­կա­նը այն է, թէ հին սե­րունդ­նե­րը բնա­կան ըն­թաց­քով կը սկսին թո­ւա­կան նո­ւա­զում կրել, իսկ նոր սե­րունդ­նե­րը առ­հա­սա­րակ կը զլա­նան ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ընդ­հան­րա­կան ճի­գին: Ա­սի­կա հե­տե­ւանքն է եր­կու-ե­րեք դա­րե­րէ ի վեր յաղ­թա­կան ու տա­կա­ւին իր եր­թը շա­րու­նա­կող ա­րեւմ­տեան քա­ղա­քակր­թու­թեան պար­տադ­րած տար­րա­կան սկզբունք­նե­րուն վրայ. ամ­փոփ ներ­կա­յա­ցո­ւած՝ ան­հա­տա­պաշ­տու­թիւն, տնտե­սա­կա­նու­թիւն, ան­հա­տա­կան ա­զա­տու­թեան պաշ­տա­մունք, նիւ­թա­կան կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու ան­նա­խըն­թաց աճ, սպա­ռո­ղա­կա­նու­թեան չա­փա­զան­ցեալ տա­րա­ծում, ան­կա­րե­ւո­րը կա­րե­ւո­րի վե­րա­ծե­լու նպա­տա­կով հո­գե­բա­նա­կան մի­ջոց­նե­րու չա­րա­չար գոր­ծադ­րու­թիւն: Մաս­նա­ւո­րա­բար վեր­ջին քա­նի մը տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին նա­խորդ դա­րու վաթ­սու­նա­կան ու եօ­թա­նա­սու­նա­կան տա­րի­նե­րու ըմ­բոստ սե­րուն­դին ար­դի տա­րե­կի­ցը վե­րա­ծո­ւած է հա­մա­կեր­պող, միայն իր ան­հա­տա­կան շա­հե­րը հե­տապն­դող սե­րուն­դի. այն­քան՝ որ ե­րի­տա­սար­դա­կան բնա­կա­նօ­րէն ա­ռողջ եւ ան­շա­հախն­դիր նկա­րա­գի­րը կորսն­ցու­ցած է ա­նար­դա­րու­թիւն­նե­րու դէմ բո­ղո­քի յա­րա­տե­ւու­թիւ­նը: Միւս կող­մէ՝ կո­տո­րա­կու­մի են­թար­կո­ւած է քա­ղա­քա­կան դաշ­տը, որ փո­խա­րի­նո­ւած է քա­ղա­քա­ցիա­կան կո­չո­ւող հա­սա­րա­կու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով, ո­րոնց սա­կայն կը պակ­սի քա­ղա­քա­կան կամ­քի ան­ցեա­լի վճռա­կա­մու­թիւ­նը: Եր­բեմ­նի ու­ժա­կան ամ­բող­ջու­թիւ­նը վե­րա­ծո­ւած է խայ­տաբ­ղէտ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ան­զօր գու­մա­րի մը. կեան­քի ամ­բողջ քա­ղա­քա­կան դաշ­տը աչ­քի առ­ջեւ ու­նե­նա­լու փո­խա­րէն՝ բազ­մու­թիւն­ներ կը զբա­ղին ի­րենց «մաս­նա­գի­տու­թեամբ». բա­ցա­ռա­բար կեն­սո­լոր­տի հար­ցե­րով, բա­ցա­ռա­բար մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րով, բա­ցա­ռա­բար ցե­ղա­յին ու սե­ռա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ա­զա­տու­թեան խնդիր­նե­րով եւ այս ու այն հար­ցե­րով: Հա­մադ­րում փոր­ձող­նե­րը ժխտա­կան մակ­դիր­նե­րով կը պի­տա­կա­ւո­րո­ւին. ծայ­րա­հեղ, ա­հա­բե­կիչ, ան­մե­ղօ­րէն՝ ե­րա­զա­պաշտ:

Ինք­նին հասկ­նա­լի է, որ մենք հա­մաշ­խար­հա­յին չա­փա­նիշ­նե­րով շա­րու­նա­կո­ւող այս ըն­թաց­քին վրայ նո­ւա­զա­գոյն ազ­դե­ցու­թիւնն իսկ չենք կրնար ու­նե­նալ: Մենք տկար ենք, ծա­նօթ ենք մեր տկա­րու­թիւն­նե­րուն եւ ա­նոնց պատ­ճառ­նե­րուն: Նո­րան­կախ, շրջա­փա­կո­ւած ու ծո­վա­յին ելք չու­նե­ցող եր­կիր, Ար­ցա­խի հար­ցի քա­ղա­քա­կան լու­ծու­մի բա­ցա­կա­յու­թիւն, հետզ­հե­տէ տար­բե­րու­թիւն­նե­րու շա­րու­նա­կա­կան շեշ­տու­մով աշ­խար­հաց­րիւ գա­ղութ­նե­րու գո­յու­թիւն, թրքա­հա­յու­թեան նո­րա­գոյն զար­թօնք՝ գլխապ­տոյտ յա­ռա­ջաց­նող գե­րի­րա­պաշտ իր ե­րե­ւոյթ­նե­րով: Են­թադ­րե­լով նոյ­նիսկ, որ իւ­րա­քան­չիւր մաս­նիկ ինք­նին ու­ժեղ է, ինչ որ ան­շուշտ ա­մէ­նու­րեք ի­րա­կա­նու­թեան չի հա­մա­պա­տաս­խա­ներ, ա­պա այդ ու­ժե­րու ի­րա­կան գու­մա­րը շատ ա­ւե­լի նուազ է, քան հա­մա­հայ­կա­կան հզօ­րու­թեան թուա­բա­նա­կան օ­րէնք­նե­րով հա­շո­ւը­ւած կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը: Ա­հա­ւա­սիկ ներ­կայ ճա­կա­տագ­րա­կան հանգրուա­նին հա­յու­թեան ղե­կա­վար ուղ­ղու­թիւ­նը, այն է՝ հայ­կա­կան ու­ժի եւ կա­րո­ղա­կա­նու­թեան հա­մախմ­բու­մը՝ հայ­կա­կան բռունց­քը ա­ւե­լի ազ­դե­ցիկ դարձ­նելու նպա­տա­կով: Ու­ժի աղ­բիւր է հա­մա­հայկա­կան հա­սա­րա­կու­թեան կազ­մու­թիւ­նը:

Այս եւ նոյ­նան­ման այլ ղե­կա­վար ուղ­ղու­թիւն­նե­րու գի­տակ­ցու­թեան առ­կա­յու­թիւ­նը հա­սա­րա­կու­թիւ­նը կը պա­հէ ա­ռողջ մթնո­լոր­տի մէջ, կը չէ­զո­քաց­նէ ա­նի­մաստ ու ան­հե­թեթ վէ­ճե­րը՝ ստեղ­ծե­լով ու­ժե­րու մէկ­տեղ­ման ու նպա­տա­կաս­լաց գոր­ծա­ծու­թեան են­թա­հո­ղը եւ միա­ժա­մա­նակ ան­կէ խնա­յե­լով թան­կա­գին ժա­մա­նակ: Իսկ ա­մէ­նէն կա­րե­ւո­րը՝ ա­մէ­նէն դժո­ւար ու բարդ աշ­խա­տան­քը կը վե­րա­ծո­ւի հա­ճոյ­քի, ինչ որ նա­խա­պայ­ման է կա­մա­ւոր ու ան­շա­հախն­դիր աշ­խա­տան­քի ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան բարձ­րաց­ման եւ վախ­ճա­նա­կան յա­ջո­ղու­թեան հա­մար:

Այս ի­մաս­տով ու­սա­նե­լի հիմ­նա­կան օ­րի­նա­կը Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման վեր­նա­գիրն է, ուր հա­մա­հայ­կա­կան ճի­գե­րու հա­մախմ­բու­մին շնոր­հիւ հա­մե­մա­տա­բար կարճ ժա­մա­նա­կի մէջ կա­րե­լի ե­ղաւ հաս­նիլ շօ­շա­փե­լի ար­դիւն­քի:

Վեր­նա­գիր­նե­րը սա­կայն բազ­մա­թիւ են:

Մկր­տիչ Մկր­տի­չեան - «Դ­րօ­շակ»