Print
Category: Յօդուածագրութիւն

altՍ­տո­րեւ Թա­նէր Աք­չա­մի խօս­քը, զոր ծա­նօթ պատ­մա­բա­նը ար­տա­սա­նած է Սեպ­տեմ­բեր 15ին Պոլ­սոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած «Հ­րանդ Տինք» մրցա­նակ­նե­րու բաշ­խու­մի հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան ընթացքին։ Բ­նա­գի­րը թրքե­րէ­նէ թարգ­մա­նած է «Ա­կօս» եւ լոյս ըն­ծա­յած՝ Սեպ­տեմ­բեր 29ի իր թի­ւին մէջ։ 

Նախ կ­՚ու­զեմ Հ­րանդ Տինք Հիմ­նար­կին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նել այս յա­տուկ հրա­ւէ­րին հա­մար։

Ինչ­պէս գի­տէք, այս տա­րի Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեակն է եւ ինձ­մէ պա­հան­ջո­ւե­ցաւ այս մա­սին ե­լոյթ ու­նե­նալ։

Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը մարդ­կու­թեան դէմ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն մըն է, որ բնու­թագ­րո­ւե­ցաւ 1948ին։ Այ­սօր Թուր­քիոյ մէջ հրա­տապ նիւթ մըն է 1915ին պա­տա­հած­նե­րուն որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն յի­շա­տա­կու­մը։ Մինչ­դեռ այս տա­րա­կար­ծու­թիւ­նը մէջ­տե­ղէն վերց­նո­ղը նոյ­նինքն ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռի հե­ղի­նակ Ռա­ֆա­յէլ Լէմ­քի­նը ե­ղած է։ Մ­նաց որ նա­խա­պէս ալ նման բնոյ­թի ո­ճիր­նե­րը դա­տա­պար­տող 1899 եւ 1907ի Լա Հէ­յի հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը, որ կը կո­չո­ւի ռուս ի­րա­ւա­գէ­տին ա­նու­նով՝ «­Մար­թէն­սի Վ­ճիռ», ծա­գած է Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան կող­մէ իր քրիս­տո­նեայ հպա­տակ­նե­րուն դէմ գոր­ծադ­րո­ւած կո­տո­րած­նե­րէն։

Կայ հա­մաշ­խար­հա­յին սահ­մա­նում մը եւս, որ կը կո­չո­ւի «­Մարդ­կու­թեան Դէմ Յան­ցանք­ներ», որ ա­ռա­ջին ան­գամ գոր­ծա­ծո­ւած է հա­յե­րու զան­գո­ւա­ծա­յին սպա­նու­թեան վերաբերեալ, Անգ­լիոյ, Ֆ­րան­սա­յի եւ Ռու­սաս­տա­նի միա­ցեալ յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ։

Լէմ­քին իր «­Բո­լո­րո­վին ան­պաշ­տօն» խո­րագ­րեալ կեն­սագ­րու­թեան մէջ կը յայտ­նէ այս նիւ­թին նկատ­մամբ իր հե­տաքրքրու­թիւ­նը եւ կը բա­ցատ­րէ, թէ որ­քա՜ն տպա­ւո­րո­ւած է Սո­ղո­մոն Թէհ­լի­րեա­նի դա­տա­վա­րու­թեամբ։ «­Դա­տա­վա­րու­թիւ­նը վե­րա­ծո­ւե­ցաւ յան­ցա­գործ թուր­քե­րու հա­շո­ւետ­ուու­թեան։ Հա­մաշ­խար­հա­յին հան­րու­թիւ­նը այս­պէ­սով տե­սաւ Թուր­քիոյ մէջ պա­տա­հած ող­բեր­գու­թեան ի­րո­ղու­թիւ­նը։ Ի­րենց շա­հե­րու հե­ռան­կա­րով հա­յոց սպա­նու­թիւ­նը ան­տե­սող եւ թուրք յան­ցա­գործ­նե­րը ա­զատ ար­ձա­կող ա­րեւմ­տեան աշ­խար­հը այս դա­տա­վա­րու­թեամբ կը հար­կադ­րո­ւէր սար­սա­փե­լի ի­րո­ղու­թիւ­նը լսե­լու։ Սա­կայն ո­րե­ւէ ան­հատ ի­րա­ւունք ու­նի՞ ար­դա­րու­թեան գոր­ծադ­րու­մը ստանձ­նե­լու։ Այս հար­ցու­մին պա­տաս­խա­նը չէի գի­տեր, բայց հա­մո­զո­ւե­ցայ որ ցե­ղի կամ կրօ­նա­կան խմբա­կի մը ուղ­ղեալ ո­ճիր­նե­րուն դա­տա­պարտ­ման հա­մար անհ­րա­ժեշտ է հա­մաշ­խար­հա­յին օ­րի­նա­գիծ մը ստեղ­ծել»։

Այս դա­տա­վա­րու­թե­նէն ազ­դո­ւած Լէմ­քին կը թո­ղու գրա­կա­նու­թեան իր ու­սու­մը եւ կը թե­քի դէ­պի ի­րա­ւա­գի­տու­թիւն։ Իր յու­շե­րուն մէջ կը փո­խան­ցէ ու­սու­ցի­չին հետ ու­նե­ցած վէ­ճը։ Կը հարց­նէ, թէ Թա­լէաթ ին­չո՞ւ հա­մար չէ ձեր­բա­կա­լո­ւած եւ դատուած։ Ու­սու­ցի­չը կը պա­տաս­խա­նէ՝ «դա­տա­րան­նե­րը այս մա­սին ոչ օ­րէն­քի յօ­դո­ւած մը եւ ոչ ալ ի­րա­ւա­սու­թիւն ու­նին»։ Ա­պա իր տե­սու­թիւ­նը պար­զե­լու հա­մար օ­րի­նակ մը կը ներ­կա­յաց­նէ։ «­Հա­ւեր ու­նե­ցող ա­գա­րա­կա­տէր մը են­թադ­րէ։ Ան ե­թէ ո­րո­շէ իր հա­ւե­րը սպան­նել, այս իր գիտ­նա­լիք գործն է։ Ե­թէ մի­ջամ­տես, ա­նոր ի­րա­ւուն­քը ոտ­նա­կո­խած կ­՚ըլ­լաս»։ Ա­ռար­կած էի ը­սե­լով որ «մար­դիկ հաւ չեն»։

Լէմ­քին կը դժո­ւա­րա­նայ ըն­կա­լե­լու Թէհ­լի­րեա­նի կող­մէ Թա­լէա­թի սպա­նու­թիւնը որ­պէս ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն, բայց Թա­լէա­թի կող­մէ մի­լիոն­նե­րու սպա­նու­թիւնը որ­պէս յան­ցանք չհա­մա­րո­ւե­լու տա­րօ­րի­նակ հա­կա­սու­թիւ­նը։

Այս բո­լո­րը մեր երկ­րին մէջ այն­քան ալ ծա­նօթ չեն, քա­նի որ չենք ա­ռե­րե­սուած մեր պատ­մու­թեան հետ։ Այդ պատ­ճա­ռաւ ալ մեր պե­տու­թիւ­նը տա­կա­ւին իր քա­ղա­քա­ցի­նե­րը կը տես­նէ իբ­րեւ հա­ւեր։