Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Աս­լը­հան Օլ­կար Պոլ­սոյ, Աս­լը­հան Քի­րէ­միթ­ճեան ալ Զ­միւռ­նիոյ մէջ նոյն շաբ­թու ըն­թաց­քին մա­հա­ցան։ Մէ­կը քրիս­տո­նեայ էր, միւ­սը իս­լամ։ Թա­ղու­մներն ալ այդ­պէս ե­ղաւ։ Մէ­կը Հա­յոց գե­րեզ­մա­նա­տու­նը թա­ղո­ւե­ցաւ, միւ­սը իս­լամ­նե­րու։ Ես եր­կու­քին ալ թա­ղու­մին ներ­կայ գտնո­ւե­ցայ։ Նախ 7 Սեպ­տեմ­բե­րին Պո­լիս Պա­քըր­գիւ­ղի Ծ­նունդ Սուրբ Աս­տո­ւա­ծած­նի ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Աս­լը­հան Օլ­կա­րը, ա­պա 11 Սեպ­տեմ­բե­րին Զ­միւռ­նիա, Կիւ­զէ­լեա­լը թա­ղի Հա­քիմ Է­ֆէն­տի մզկի­թէն ալ Աս­լը­հան Քի­րէ­միթ­ճեա­նը յու­ղար­կա­ւո­րե­ցինք։

1937-38ի Տէր­սի­մի կո­տո­րած­նե­րուն ի­րենց ար­մատ­նե­րէն պո­կո­ւե­լէ ա­ռաջ եր­կուքն ալ հայ ու քրիս­տո­նեայ էին։

Այդ թո­ւա­կան­նե­րուն Աս­լը­հան Քի­րէ­միթ­ճեան հինգ կամ վեց, Աս­լը­հան Օլ­կար ալ եօ­թը տա­րե­կան էին։ Ողջ մնա­ցած էին, բայց չեմ կրնար «փրկո­ւած» էին ը­սել։ Կո­տո­րա­ծի բո­լոր տա­ռա­պան­քը ամ­բողջ կեան­քի մը տե­ւո­ղու­թեամբ ապ­րե­ցան։ Աք­սո­րո­ւե­ցան Թուր­քիոյ տար­բեր քա­ղաք­նե­րը։ Աս­լը­հան Քի­րէ­միթ­ճեան Քո­նեա­յի մէջ թրքա­ցո­ւե­ցաւ եւ ա­նու­նը Ֆաթ­մա կո­չե­ցին։ Հո­գե­զա­ւակ ա­նո­ւա­նու­մին տակ ա­ղա­խին մըն էր։ 13 տա­րե­կա­նին պար­տադ­րա­բար իս­լա­մա­ցո­ւե­ցաւ եւ ա­մուս­նա­ցու­ցին 35 տա­րե­կան իս­լամ մար­դու մը հետ։

Աս­լը­հան Օլ­կար Տէր­սի­մի ջար­դե­րուն կորսըն­ցուց իր ազ­գա­կան­նե­րը։ Եօ­թը տա­րե­կան էր, երբ ըն­տա­նի­քէն վե­րապ­րող­նե­րու հետ բռնեց տա­րագ­րու­թեան ճամ­բան։ Ըն­տա­նի­քը դի­մադ­րեց հայ ինք­նու­թիւ­նը պա­հե­լու հա­մար։ 12 տա­րե­կա­նին իս­լա­մի մը հետ ա­մուս­նա­ցո­ւե­լու վտան­գը կան­խե­լու հա­մար ա­մուս­նա­ցու­ցին իր հօ­րը տա­րի­քով հա­յու մը հետ։ 12 զա­ւակ ու­նե­ցաւ, ո­րոնց­մէ վե­ցը ապ­րե­ցան։ Դա­ժան կեանք մը ապ­րե­ցաւ։ Վիշ­տե­րը ի­րար հետ բաղ­դա­տե­լը սխալ է թէեւ, բայց ան բաղ­դատ­մամբ իր ա­նո­ւա­նակ­ցին ա­ւե­լի բախ­տա­ւոր է։ Վեր­ջա­պէս ապ­րած է իր հա­ւատ­քով ու մշա­կոյ­թով եւ այդ­պէս ալ պատ­րաս­տած զա­ւակ­նե­րը։

Վեր­ջին ճամ­բոր­դու­թեան զա­ւակ­նե­րը զինք յու­ղար­կա­ւո­րե­ցին հայ­կա­կան ծէ­սով ու ա­ւան­դու­թեամբ։

Մինչ Աս­լը­հան Քի­րէ­միթ­ճեան ա­նար­մատ էր եւ ան­տէր։ Շատ ա­ւե­լի ծանր էր այս։ Աղ­ջի­կը, Զէյ­նէ­պը, կ­՚ար­տա­սո­ւէր հե­ռա­խօ­սի միւս կող­մը։ «­Քա­զըմ Պէյ մայրս գնաց, ալ չկայ, թեւ ա­ռաւ հե­ռա­ցաւ մեզ­մէ»։ Նոյն գի­շեր ճամ­բայ ե­լայ դէ­պի Զ­միւռ­նիա։ Նն­ջե­ցեա­լի տան մէջ մա­հո­ւան վիշտն ու թա­խի­ծը կը տի­րէր։ Աս­լը­հա­նի բա­ցատ­րու­թեամբ «այդ լրագ­րող տղան» ըլ­լա­լով ծա­նօ­թա­ցու­ցին զիս։ Ե­րախ­տի­քով պատ­մեր է շուր­ջին­նե­րուն՝ «այդ լրագ­րող տղան ե­թէ չ’ըլ­լար, ես ուր­կէ՞ կը գտնէի հա­րա­զատ­նե­րս»։ Միշտ կ­՚ա­ղօ­թէ ե­ղեր ին­ծի հա­մար։

Տան մէջ ար­մա­տա­խիլ ըլ­լա­լու, ան­տէ­րու­թեան ծանր մթնո­լոր­տը կար։ Կամ ալ ին­ծի այդ­պէս կը թո­ւէր։

Աս­լը­հան Քի­րէ­միթ­ճեան կեն­դա­նի վկան էր Տէր­սի­մի հա­յե­րուն 1937-38ի ցե­ղաս­պա­նու­թեան օ­րե­րուն ինչ­պէս ար­մա­տա­խիլ ըլ­լալ­նուն, ինչ­պէս թրքա­ցո­ւե­լուն եւ կրօ­նա­փոխ դառ­նալ­նուն։

Ան այժմ Ֆաթ­մա Եա­վուզ ա­նու­նով կը հանգ­չի Զ­միւռ­նիա, Նար­լը­տէ­րէի գե­րեզ­մա­նա­տու­նը։

Թաղ­ման, երբ բո­լո­րը ա­ղօթք կը մրմնջէին, ես ներ­քուստ կ­՚ա­նի­ծէի այս վիշ­տին ու ա­մօ­թին հե­ղի­նակ­նե­րը։ Կը մխի­թա­րո­ւիմ, որ քա­հա­նա­յի թոռ Աս­լը­հա­նի պատ­մա­կան ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող կեն­սագ­րու­թիւ­նը «­Վան­քին Ե­րա­խա­նե­րը» ա­նուն վա­ւե­րագ­րա­կան շար­ժան­կա­րի ժա­պա­ւէ­նին եւ «­Քա­հա­նա­յին Թոռ­նե­րը» ա­նուն գիր­քին նիւթ պի­տի դառ­նայ։

Քա­զըմ Կիւն­տօ­ղան - «Ա­կօս»