Print
Category: Յօդուածագրութիւն

Մ.Ա.Կ.ի Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին ճա­ռեր խօ­սո­ւե­ցան եւ կը խօսուին: Ա­հա­բեկ­չու­թեան եւ կրօ­նա­կան ծայ­րա­յե­ղա­կա­նու­թեան դէմ ճա­կատ յար­դա­րո­ւած է եւ մի­տում կայ հզօր միա­ցեալ ու­ժե­րով պայ­քա­րե­լու: Այդ պայ­քա­րը կը բաղ­դա­տեն Հիթ­լե­րի դէմ հա­կա­դիր ու­ժե­րու հա­մա­խո­հու­թեամբ միա­ցեալ ու­ժե­րով շղթա­յա­զեր­ ծո­ւած պա­տե­րազ­մին:
­Միա­ցեալ ճա­կա­տը կ’են­թադ­րէ փո­խա­դարձ վստա­հու­թիւն:

Ուս­տի, նախ պէտք է հարց տալ աշ­խար­հի մե­ծե­րուն եւ պզտիկ­նե­րուն, Մ.Ա.Կ.ի Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վին մաս­նա­կից հան­գա­մա­նա­ւոր­նե­րուն, որ այդ փո­խա­դարձ վստա­հու­թիւ­նը գո­յու­թիւն ու­նի՞ թեր­թե­րու եւ հե­ռա­տե­սի­լի պատ­կեր­նե­րէն ան­դին: Կամ ե՞րբ պի­տի դադ­րին քա­ղա­քա­կան գոր­ծը պատ­կե­րի եւ ե­թե­րի ա­լիք­նե­րուն վրայ վա­ճա­ռե­լի ապ­րանք հա­մա­րե­լէ:

ՀԱՍՏԱՏՈՒՄ ԱՌԱՋԻՆ

Ցարդ ո՞վ օգ­նած է Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան հզօ­րաց­ման, տրա­մադ­րե­լով զէնք եւ այլ դիւ­րու­թիւն­ներ: Ի վեր­ջոյ, ա­նոնց զէն­քե­րը մա­նա­նա­յի պէս եր­կին­քէն չի­ջան:

­Թուր­քիոյ կա­րե­ւոր թեր­թե­րէն «­Ճում­հու­րի­յէթ» հրա­պա­րա­կեց թրքա­կան գաղտ­նի սպա­սար­կու­թեան կող­մէ դէ­պի «Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թիւն» բեռ­նա­տա­րով փո­խադ­րո­ւող զէնք-զի­նամ­թեր­քի մեղ­սակ­ցու­թեան հար­ցը:

Մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լը հա­զիւ թէ անդ­րա­դար­ձաւ:

Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը «Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան» դէմ պայ­քա­րե­լու յանձ­նա­ռու­թիւ­նը ծխա­ծած­կոյ­թի վե­րա­ծե­լով, պա­տե­րազմ յայ­տա­րա­րած են քրտա­կան ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման դէմ: Մի­ջազ­գա­յին լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րը կը խօ­սին, բայց քա­ղա­քա­կան վե­րա­բե­րում չի ճշդո­ւիր:

Ա­մե­րի­կան, Անգ­լիան, Ֆ­րան­սան եւ միւս­նե­րը, ո­րոնց հե­տա­խու­զա­կան մի­ջոց­նե­րը են­թադ­րու­թիւն­նե­րու վրայ չեն հիմ­նո­ւիր, չե՞ն հասկ­ցած, որ Թուր­քիա «Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան» դիր­քե­րուն դէմ նոյ­նիսկ փամ­փուշտ չ’ար­ձա­կեր, չէ ար­ձա­կած, այլ օգ­տո­ւե­լով կա­ցու­թե­նէն, ընտ­րած է քրտա­կան շար­ժու­մե­րու դիր­քե­րը որ­պէս բնաջնջ­ման թի­րախ: Հա­րո­ւա­ծա՞ծ է «Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան» նոյ­նիսկ մէկ թի­րախ: Յի­շեալ պե­տու­թիւն­նե­րու հե­տա­խու­զա­կան սպա­սար­կու­թիւն­նե­րը ին­չո՞ւ չեն հրա­պա­րա­կեր այս ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը:

Յի­շեալ պե­տու­թիւն­նե­րը ին­չո՞ւ թրքա­կան «­Ճում­հու­րի­յէթ» թեր­թի հար­ցը Մ.Ա.Կ.ի Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վի բե­մէն ի­րենց խօ­սած ճա­ռե­րուն մէջ չեն յի­շեր: «­Ճում­հու­րի­յէթ»ի հար­ցը խօս­քի ա­զա­տու­թեան եւ մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց կը վե­րա­բե­րի:

Սկզ­բունք­ներ՝ ո­րոնց հա­մար շատ կը սի­րեն խօ­սիլ, երբ ի­րաւ յանձ­նա­ռու­թեան կա­րիք չկայ, կամ երբ ա­նոնք կը ծա­ռա­յեն ի­րենց քա­ղա­քա­կան շա­հե­րուն:
Ընդ­հա­կա­ռակն, փնտռո­ւող միա­ցեալ ճա­կա­տին մէջ կ’ու­զեն տես­նել Թուր­քիան: Ի՞նչ պի­տի խոս­տա­նան, որ­պէս­զի Թուր­քիան ի­րենց կող­քին գտնո­ւի: Եւ­րո­միու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թի՞ւ­նը:

Եր­բեմն պէտք է յի­շել եւ յի­շեց­նել Ա­ռա­ջին Հա­մաշ­խար­հա­յին Պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին ա­մե­րի­կեան դես­պան Հան­րի Մոր­կան­թաո­ւի խօս­քը. «­Թուր­քիան քա­ղա­քա­կան ա­ւա­զակ մըն է», bandit politique: Միշտ ը­սած եմ, որ մե­ծե­րու դպրո­ցը ի­մաս­տու­թեան դուռն է: Բայց քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ ի­մաս­տու­թեան տեղ չկայ: Ինչ­պէ՞ս տեղ պի­տի գտնէ ի­մաս­տու­թիւ­նը, երբ շա­հեր կան:

ՀԱՍՏԱՏՈՒՄ ԵՐԿՐՈՐԴ

Ըն­դու­նո­ւած ճշմար­տու­թիւն-ի­մաս­տու­թիւն է, որ պա­տե­րազ­մի ջի­ղը դրամն է: «Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թիւն»ը,- ո­րուն դէմ զա­նա­զան ձե­ւե­րով պայ­քա­րե­լու ճա­ռեր կը խօ­սո­ւին,- ուր­կէ՞ կը ստա­նայ իր ու­ժը: Կ­’ը­սո­ւի, թէ «Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թիւն»ը հաս­տա­տո­ւած է նաւ­թա­հո­րե­րու շրջան­նե­րուն մէջ եւ ար­տա­հա­նո­ւած նաւ­թը կը վա­ճա­ռէ: Այդ ար­տա­հա­նո­ւած նաւ­թը տեղ­ւոյն վրայ չի սպա­ռիր, այն­քան շու­կայ չու­նի տեղ­ւոյն վրայ:

Ռու­սիան, Ա­մե­րի­կան, Ֆ­րան­սան, Անգ­լիան, Գեր­մա­նիան եւ բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք պայ­քա­րե­լու բա­րի կա­մե­ցո­ղու­թիւն ու­նին, բա­նիւ եւ գոր­ծով, մի՞­թէ չեն գի­տեր, թէ ո՞ր ճա­նա­պարհ­նե­րով կ’անց­նի «Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան» ար­տա­հա­նած նաւ­թը, ո­րոնք են այդ վա­ճառ­քի միջ­նորդ­նե­րը, ո­րոնք են գնող­նե­րը: Բո­լոր ա­նոնք ո­րոնք մարդ­կայ­նու­թիւն-ար­դա­րու­թիւն կար­գա­խօս­նե­րով քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն կ’ա­ռաջ­նոր­դեն, կը մաք­րե՞ն ի­րենց դրան շե­մը, յի­շո­ւած հար­ցում­նե­րուն պա­տաս­խա­նե­լով:

Ին­չո՞ւ պայ­քա­րիլ, զո­հո­ղու­թիւն­ներ պա­հան­ջել, երբ սե­փա­կան ճամ­բա­րէն անց­նող եւ հոն վա­ճա­ռո­ւող նաւ­թը կը հայ­թայ­թէ այն ու­ժը՝ ո­րուն դէմ կ’ու­զեն ճա­կատ յար­դա­րել:

Ա­ւե­լի պարզ. ո՞ւր կը գտնո­ւին «Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան» ի­րենց ա­նուն­նե­րը չբա­ցա­յայ­տող դաշ­նա­կից­նե­րը:

­Մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­կա­նու­թեան եւ ընդ­հան­րա­պէս քա­ղա­քակր­թու­թեան առ­ջեւ դրո­ւած հար­ցը, ճիշդ է, աշ­խար­հագ­րա­կան եւ ժա­մա­նա­կի ան­մի­ջա­կա­նու­թիւն ու­նի, բայց նաեւ կը վե­րա­բե­րի մարդ­կու­թեան ան­ցած եւ գա­լիք ճա­նա­պար­հին, բա­րո­յա­կան եւ մարդ­կայ­նա­կան ձեռք­բե­րում­նե­րուն: Հե­տե­ւա­բար, ըմբռ­նու­մի ծան­րակ­շիռ սխալ է այս հար­ցը դի­տել-ծա­ռա­յեց­նել այս կամ այն երկ­րին մէջ առ­կայ մրցակ­ցու­թիւն­նե­րուն, նա­խա­գա­հա­կան կամ ե­րես­փո­խա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն: Այլ խօս­քով, ար­տա­կարգ կա­ցու­թեան մէջ, քա­ղա­քա­կան ի­րաւ ղե­կա­վա­րը պի­տի գիտ­նայ գե­րան­ցում կա­տա­րել եւ ա­ռաջ­նոր­դել, փո­խա­նակ ա­ռի­թը օգ­տա­գոր­ծե­լու սե­փա­կան պատ­կե­րը գե­ղեց­կաց­նե­լու, մրցա­կի­ցը քննա­դա­տե­լու, դիր­քեր նո­ւա­ճե­լու եւ ամ­րաց­նե­լու:

Դիր­քեր՝ նոյն երկ­րին մէջ: Դիր­քեր՝ մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մա­կար­դա­կին:

Մի­ջազ­գա­յին այս տագ­նա­պի ա­ռի­թով, Մ.Ա.Կ.ի Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վը չի՞ կրնար ա­ւե­լի մեծ ի­մաս­տու­թիւն ցու­ցա­բե­րել, կառ­չե­լով իր ՈՒԽՏԱԳԻ­Րի հիմ­նա­րար սկզբուն­քին, ուր կ’ը­սո­ւի, «մենք աշ­խար­հի ժո­ղո­վուրդ­ներս եւ ազ­գերս»…­ ոչ պե­տու­թիւն­ներս եւ ոչ ալ կայս­րու­թիւն­ներս: Ին­չո՞ւ այդ ժո­ղո­վէն բա­ցա­կայ են քիւր­տե­րը, ո­րոնք այ­սօր «Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան» դէմ պայ­քա­րող գլխա­ւոր ուժն են, գետ­նի վրայ եւ ոչ օ­դի մէջ: Թե­րեւս յա­ւե­լեալ ճշմար­տու­թիւն կը բե­րեն կա­ցու­թիւ­նը ըմբռ­նե­լու եւ ա­սոր կամ ա­նոր կող­մէ ստեղ­ծո­ւած ծխա­ծած­կոյ­թը վե­րց­նե­լու:

Տագ­նա­պը ըն­թա­ցիկ նկա­րա­գիր չու­նի: Ուս­տի ա­ւան­դա­կան լու­ծում­նե­րը կը նմա­նին բութ դա­նակ­նե­րու:

ՀԱՍՏԱՏՈՒՄ ԵՐՐՈՐԴ

Մար­դա­սի­րա­կան, աշ­խա­տող ձեռ­քե­րու պա­հանջ լրաց­նե­լու եւ տե­սա­կան-տե­սա­բա­նա­կան մար­զանք­նե­րու խա­ղով քա­ղա­քակր­թա­կան ծան­րակ­շիռ տագ­նա­պը չտես­նել եւ ըստ այնմ չգոր­ծել քա­ղա­քա­կան եւ բա­րո­յա­կան յան­ցանք է:

Գեր­մա­նիոյ ցու­ցա­բե­րած մար­դա­սի­րա­կան վե­րա­բե­րու­մը,- նաեւ ընդ­հան­րա­պէս Եւ­րո­միու­թեան,- ստեղ­ծո­ւած տագ­նա­պի հե­տե­ւան­քով յա­ռա­ջա­ցած գաղ­թա­կա­նա­կան ա­լի­քին դի­մաց, որ բա­ցատ­րո­ւե­ցաւ ի­րեն հա­մար անհ­րա­ժեշտ ե­րի­տա­սարդ աշ­խա­տող ու­ժով բա­ւա­րա­րո­ւե­լու իր պա­հան­ջով, մի­ջազ­գա­յին տագ­նա­պի լու­ծում չէ:

Ընդ­հա­կա­ռակն. «Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան» ջա­ղաց­քին ջուր կը բե­րո­ւի հա­ւա­նա­կան ընդ­դի­մու­թեան մը հե­ռա­ցու­մով, աս­պա­րէ­զը բաց ձգե­լով ա­հա­բեկ­չու­թեան, ծայ­րա­յե­ղու­թեան եւ կրօ­նա­կան խա­ւա­րամ­տու­թեան առ­ջեւ: Մա­նա­ւանդ պէտք է գիտ­նալ, որ ստեղ­ծո­ւած եւ գոր­ծող շար­ժու­մը աշ­խար­հագ­րա­կան սահ­մա­նա­փա­կում չու­նի, չ’ու­զեր ու­նե­նալ, ա­նոր հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման մի­տու­մը ճիշդ պէտք է հասկ­նալ եւ ըստ այնմ գոր­ծել:

Գոր­ծել՝ ոչ միայն մտա­ծե­լով զէն­քի ու­ժով յաղ­թա­նա­կի մա­սին, այլ մա­նա­ւանդ գոր­ծել լու­սա­բա­նու­թեան, կրթու­թեան, կեն­սա­մա­կար­դա­կի բարձ­րաց­ման ուղ­ղու­թեամբ, որ­պէս­զի մար­դիկ տէր ըլ­լան ի­րենց ճա­կա­տագ­րին, պատ­մու­թեան, մշա­կոյ­թին, եւ չեն­թար­կո­ւին ստրկաց­նող ու­ժե­րու:

Մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց յայ­տա­րա­րու­թիւն եւ բա­րո­յա­կան այլ սկզբունք­ներ շատ գե­ղե­ցիկ կրնան ըլ­լալ: Բայց եր­կու շրջա­նակ­ներ յա­րա­բե­րե­լու հա­մար, անհ­րա­ժեշտ է, որ գտնո­ւին նոյն ա­լիք­նե­րու վրայ, ու­զեն լսել եւ լսո­ւիլ:

Դա­սա­կան ո­ճով, ժա­մա­նա­կավ­րէպ քա­ղա­քա­կան ո­ճով եւ շա­հախնդ­րու­թիւն­նե­րով չենք կրնար յա­ռաջ­դի­մել: Նոր ըմբռ­նում­ներ, նոր եւ չմա­շած դէմ­քեր պէտք են, ո­րոնք նոյ­նը եւ հա­կա­ռա­կը ը­սած եւ քա­րո­զած չըլ­լան, ի­րենք ի­րենց բա­ւա­րա­րու­թիւն տա­լով դրա­մի հզօ­րու­թեամբ կամ պատ­կե­րի գի­նո­վու­թեամբ: Մ.Ա.Կ.ի Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վին ին­չո՞ւ պի­տի չհրա­ւի­րո­ւին ա­նի­րա­ւո­ւած ժո­ղո­վուրդ­նե­րը եւ հա­լա­ծան­քի են­թա­կայ հա­մայնք­նե­րը:

­Քիւր­տե­րը ոչ ո­քի ի­րա­ւունք տո­ւած են զի­րենք ներ­կա­յաց­նե­լու Մ.Ա.Կ.ի Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վին:

­Հա­րիւր-­հա­զա­րա­ւոր փախս­տա­կան­նե­րը եւ ա­պաս­տան փնտռող­նե­րը ինչ­պէ՞ս պի­տի լսո­ւին: ­Բայց այդ ժո­ղո­վին ներ­կայ են ա­նոնք, ո­րոնք «Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան» զէնք մա­տա­կա­րող­նե­րն­ են եւ ա­նոնց նաւ­թը գնե­լով ա­հա­բեկ­չու­թեան զօ­րա­վիգ կանգ­նող­նե­րը:

ԵՐԿՈՒ ԽՕՍՔ՝ ՉԵԶՐԱԿԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Խար­դա­խո­ւած խա­ղա­քար­տե­րով քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ո՛ւր կրնայ ա­ռաջ­նոր­դել: Մ.Ա.Կ.ի եօ­թա­նա­սու­նա­մեակն է եւ ա­նոր տա­րե­կան ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը կը շա­րու­նա­կո­ւի:

­Հան­դի­սա­տես­նե­րուս կը մնայ դի­տել, յու­սալ եւ սպա­սել…

Եր­ջա­նիկ են լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րը եւ հե­ռա­տե­սի­լա­յին պատ­կեր­նե­րու ծա­րաւ ու­նե­ցող­նե­րը եւ վա­ճա­ռա­կան­նե­րը, ո­րոնց հա­մար նպա­տակ դար­ձած է… օ­տի­մա­թը:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ